Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Հայաստան` Գերիշխան Հանրապետութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բացայայտումը Հայրենիքի Մէջ

Յունիս 8, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խորհրդային ուժերը 1990-ին գարնան խստացուցած էին արցախցիներու դէմ իրենց «պատժամիջոցները»: Շրջանէ շրջան երթեւեկը չափազանց սահմանափակուած էր, իսկ կրակմարի ժամերը երկարած էին: Կրճատուած էին նաեւ համագործակցականներու եւ ճաշարաններու աշխատանքի ժամերը:

Արցախ իրարմէ մեկուսացած քանի մը գօտիներու բաժնուած էր: Հայ զինեալները կը յաջողէին մէկ գօտիէն միւսը անցնիլ, սակայն ժողովուրդը չէր կրնար մէկ շրջանէն միւսը անցնիլ:

Ամբողջութեամբ մեկուսացած Արցախի մէջ հայկական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի հաղորդումները յարատեւ կերպով կը խանգարուէին, օրաթերթերը լոյս չէին տեսներ, իսկ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը հետեւողական կերպով կը կտրուէին:

Խորհրդային զինուորական իշխանութիւններու որոշումով Ստեփանակերտի եւ շրջակայ գօտիին մէջ բնակող քաղաքացիներու հեռաձայնի սեփական գիծերը անջատուեցան, այն հիմնաւորումով որ անոնք «անջատողականներու եւ ազգային գժտութիւն յառաջացնող անձերու կողմէ» կը գործածուէին:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ անդամալուծուած էր, իսկ Երեւանի ելեկտրակայանը կը գտնուէր անգործութեան մատնուելու սպառնալիքին տակ:

Հայաստանի պարենաւորման, եւ այդ ալ` սահմնափակ, միակ ճամբան կը մնար Վրաստանը:

***

«Ազդակ» 25 յուլիս 1990-ի թիւով եւ «Պիտի վերականգնի կռիւը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հորիզոնին վրայ դարձեալ կը կուտակուին մութ ամպեր: Մեր ոսոխը կը սրէր իր ճիրանները եւ Արցախը հայութենէ պարպելու եւ ամբողջովին իւրացնելու քաղաքականութեան կողքին կը ճնշէր հայութեան հոգիներուն եւ միտքերուն վրայ ու կը վարուէր իբրեւ իրաւատէր ջարդարար: Սումկայիթէն մինչեւ Պաքու եւ Գանձակէն մինչեւ բերդաձոր, թրքութիւնը ցոյց կու տար իր վայրագ դիմագիծը:

ceb769551df9662a308fb78fa820776e

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ ամէնէն արդար դատը կը յաջողի ուժին զօրակցութեամբ. անցան ջարդեր եւ տեղահանութիւն եւ մենք սորվեցանք, որ առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն:

«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ առանց գաղափարական ուղղութեան եւ բարոյական չափանիշներու, առանց յեղափոխական իւրայատուկ տրամաբանութեան, կարելի չէ մարտունակ եւ լարուած պահել ժողովուրդը եւ գալիք սերունդները:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ անհրաժեշտ է թօթափել սովորական մտածելակերպը եւ լծուիլ ստեղծագործ կռիւի. անհրաժեշտ է վերադառնալ գաղափարական-բարոյական այն չափանիշներուն, որոնք ծնունդ տուին Խանասորներուն եւ կերտեցին Սարդարապատ:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ պիտի չքանան բոլոր անոնք, որոնք հայ ժողովուրդը կը շեղեն իր գոյակռիւէն` Արցախի վերամիացման ազատագրական պայքարի ուղիէն: Պիտի անհետին բոլոր չարաշահները եւ բախտախնդիրները եւ պիտի վերականգնի զէնքի եւ կռիւի սրբութիւնը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ պէտք է մէջտեղ գան անկեղծ զինուորները, մաքուր միտքերը եւ նուիրեալ ղեկավարութիւնը: Եւ կասկածէ վեր է, որ պիտի գայ այդ սերունդը, պիտի ստանձնէ դրօշը եւ անվհատ կերպով պիտի ընթանայ յարատեւ կռիւի ճանապարհէն` դէպի միացեալ Հայաստան, դէպի հոգիի եւ բազուկի անկախացում եւ ազատ ու անկախ հայրենիք:

***

images-(1)_60816

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 8 օգոստոս 1990-ին բացայայտեց հայրենիքին մէջ իր կազմակերպական ներկայութիւնը: Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի հրապարակած յայտարարագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ առաջնորդուելով ազգային պահանջատիրական պայքարի միասնութեան հրամայականով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերն ու կարողականութիւնը այսուհետեւ եւս ի սպաս կը դնէ հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հայրենիքի քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, գիտաթեքնիքական եւ մշակութային հզօրացման:

***

«Ազդակ», 15 օգոստոս 1990-ի թիւով եւ «հարիւրամեայ պայքարի եւ զոհաբերումի նոյն կամքով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ եւ գործեց հետզհետէ սաստկացող փոթորիկներու մէջ: Ան մարմնաւորեց օտար բռնագրաւողին եւ ստրկացնողին դէմ ժողովրդային արդար ընդվզումը, կերտեց հունը` ստրկութեան շղթաները կոտրելու ձգտող պայքարին, առանց սակարկելու վերցուց մեր ժողովուրդին ուղղուած ճակատագրական մարտահրաւէրներու ձեռնոցները, յաջորդական սերունդներ վարակեց ազգային ազատագրական պայքարի ոգիով եւ զանոնք նետեց յաճախ անհաւասար կռիւի դաշտ, գործնապէս ցոյց տալով բոլորին` հայո՛ւն եւ ճնշող օտարին, թէ բազմահազար տարիներու կեանք ունեցող հայ ժողովուրդը, սեփական հողի, մշակոյթի եւ ազգ-քաղաքական ժառանգութեանց տէր այս ժողովուրդը վճռած է չհեռանալ պատմութեան բեմէն, այլ ապրիլ ու գոյատեւել իբրեւ ինքնուրոյն ազգ-պետութիւն վերատիրանալ այդ ժառանգութեանց եւ վերականգնել ու կերտել իր հաւաքական կեանքը` իր սեփական հողին վրայ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ հայրենի հողին վրայ, հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու նպատակով: Ան չծնաւ իշխանութիւն դառնալու այլապէս ինքնանպատակ փառատենչութեամբ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը պայքարի դաշտ մուտք գործեց նախ եւ առաջ ժողովուրդին համար տանելի պայմաններ ապահովելու, հայուն արդար քրտինքով շահուած հացը անոր ընտանիքին ու զաւակներուն բաժին պահելու նպատակով: Մարդկային ամէնէն տարրական այս իրաւունքին պաշտպանութիւնն իսկ, տուեալ պայմաններուն մէջ, կը կարօտէր հսկայական ճիգի եւ մարտունակ սերունդներու, որոնք եկան բուռ-բուռ իրենց կեանքերը նուիրաբերելու ժողովրդային պայքարին: Սեփական հողի վրայ մղուած այդ պայքարին հանգրուանները եղան ֆետայական մեծ ու փոքր կռիւները, ինքնապաշտպանութեան ճակատագրական մարտերը եւ հայկական պետականութեան վերկանգնումով, 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի հանրապետութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւեց մէկ իտէալով` իրեն ծնունդ տուող ժողովուրդին անսակարկ ծառայելու կամքով:

«Ազդակ» կը նշէր, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդէն քառորդ դար ետք, հայ ժողովուրդին վիճակուեցան իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ծանրակշիռ եւ ճակատագրական փոթորիկները, թուրքին կազմակերպած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին յաջորդեցին մի՛շտ ի վնաս փոքր ժողովուրդներու եւ պետութեանց հաշուոյն խաղցուող մեծապետական խաղերը: Մէկ ու կէս միլիոն զաւակ եւ ընդարձակ հողեր կորսնցուցած հայ ժողովուրդին պարտադրուեցաւ նա՛եւ նորածին անկախ պետականութեան կորուստ եւ, նոր ուժով գաղթատիրութիւն մը, զոր մարմնաւորեց նախկին ռուսական կայսրութիւնը ժառանգած համայնավար ամբողջատիրութիւնը: Հայաստանի Խորհրդայնացումը եւ քաղաքական բազմազանութեան դրութիւնը չհանդուրժող համայնավար վարչակարգը ստեղծեցին այնպիսի փոթորիկներ, որոնք ՀՅ Դաշնակցութեան պարտադրեցին դառնալ սփիւռքեան կազմակերպութիւն: Իր ծնունդէն երեք տասնամեակ ետք, եթէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւն եւ կառոյց` պարտադրաբար դարձաւ սփիւռքեան կուսակցութիւն ու անոր վիճակուեցաւ գլխաւորաբար աշխարհացրիւ հայութեան վերականգնումը, կազմակերպումը եւ հայրենիք վերադառնալու ու անոր ծառայելու քաղաքական կամքին պահպանումը, հայրենի հողին վրայ ապրող ժողովուրդին ու անոր հարազատ ծնունդը եղող ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ պորտակապը չխզուեցաւ երբեք, հակառակ անոր դէմ կազմակերպուած բազմապիսի բուռն պայքարներուն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնաց իր ծննդեան օրն իսկ յայտարարուած արդար ու ճիշդ պայքարի  ուղիին մէջ, անկէ շեղում չարձանագրեց ամէնէն ահաւոր ճնշումներուն կամ հակադրութիւններու օրերուն իսկ, հետեւաբար, մնաց ու այսօր ալ կը մնայ հայուն արդար իրաւունքներուն ամէնէն բիւրեղացած պայքարը մարմնաւորող կուսակցութիւնը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ արտաքին հոսանքներուն հետեւանքները չէզոքացնելու, հայութեան պայքարը իր ճիշդ հունին բերելու եւ զայն միահամուռ դարձնելու նպատակով է, որ կը վերսկսի ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպ աշխատանքը` հայրենիքի մէջ, ծառայութեան ու նուիրաբերումի ճիշդ այն ոգիով, կամքով եւ քաղաքական նպատակներով, որոնք իրն են եղած հարիւր տարիէ ի վեր:

***

Խորհրդային Հայաստան 23 օգոստոս 1990-ին ինքզինք գերիշխան հանրապետութիւն յայտարարեց, որուն հիմամբ հանրապետութեան օրէնքները այնուհետեւ խորհրդային օրէնքներէն գերադաս կը նկատուէին:

Գերիշխան պետութիւն մը իրաւունք ունէր դեսպանատուներ ունենալու այլ երկիրներու, ներառեալ` խորհրդային այլ հանրապետութեանց մէջ. կրնար ունենալ սեփական բանակ եւ դրամ:

Այս հիմամբ, կ՛առաջադրուէր յառաջացնել հայկական բանակ, դրամանիշ, ինչպէս նաեւ հայկական դեսպանատուներ` զանազան երկիրներու մէջ:

Միւս կողմէ, Խորհրդային սոցիալիստական հայկական հանրապետութիւն անունը փոխարինուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն անունով: Եռագոյնը` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, դարձաւ հանրապետութեան դրօշը, իսկ 1918-1920-ի Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը որդեգրուեցաւ իբրեւ Հանրապետութեան զինանշան:

***

560060_310829395686341_1776426149_n

Ստեփանակերտի, Գետաշէնի եւ Շահումեանի սէջ օրհասական վիճակ ստեղծուած էր 1990-ի սեպտեմբերի առաջին օրերուն: Ծայր առին կամայական ձերբակալութիւններ եւ սանձարձակ բռնադատութիւններ, սկիզբ առաւ Գետաշէնը եւ Շահումեանը հայութենէ պարպելու սարսափի քաղաքականութիւն:

Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 1990-ին ազերի երկու հազար ոստիկան զինուորներ խուժեցին Ստեփանակերտ եւ սկսան հալածանքներու, բռնարարքներու եւ տուն առ տուն խուզարկութեանց: Անոնք իրենց հետ ունէին անուանացանկեր, որոնց հիման վրայ սկսան հետապնդումներ եւ ձերբակալութիւններ կատարել:

Գետաշէնի պարագան ամէնէն ծանրակշիռն էր: Խորհրդային զօրքերու մեղսակցութեամբ ազերի մեծաթիւ զինեալներ խուժեցին Գէտաշէն եւ ահ ու սարսափի մատնեցին ժողովուրդը:

Գետաշէնցիները դրուած էին երկընտրանքի մը յանդիման. լքել իրենց բնակավայրը կամ ճակատիլ ներխուժող ազերի զինեալներուն դէմ: Անոնք զէնք չունէին եւ սննդանիւթի տագնապի մատնուած էին: Գետաշէնցիներուն վերջնագիր ուղղուեցաւ որպէսզի իրենց տուներէն եւ աւանէն հեռանան:

Շահումեանի շրջանին մէջ ահ ու սարսափ ստեղծողները խորհրդային ուժերն էին: Շրջանի ժողովուրդին կ՛ուզէին պարտադրել Պաքուի կողմէ նշանակուած կազմկոմիտէ մը: Բնակիչները դրուած էին ահաւոր երկընտրանքի մը դիմաց. ենթարկուիլ կազմկոմիտէին կամ հեռանալ շրջանէն:

Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հատրութի մէջ, Պաքուի կողմէ նշանակուած կազմկոմիտէները փորձեցին ձեռք առնել իշխանութիւնը, սակայն ժողովուրդը զանոնք վտարեց ու գրաւեց վարչական շէնքերը, որոնք կը պահպանուէին հերթափոխութեամբ: Ասկերանի բոլոր շրջանները կը մնային փակ:

***

«Ազդակ», 1991-ի նոր տարուան բացառիկին մէջ, «Հին կաթսան եւ նոր զէնքերը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ աշխարհի քարտէսը իրողապէս վերագծելու քայլերը բացայայտ էին յատկապէս Եւրոպայի եւ Խորհրդային Միութեան մէջ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ աշխարհի նոր քարտէսին, ազդեցութեանց գօտիներու վերադասաւորումը տեղի կ՛ունենար «երկաթէ շերեփ»-ով, թէեւ շերեփը այլեւս միայն զէնք ու սուր չէր, այլ նաեւ` տնտեսական ուժ, արհեստագիտութիւն, շահերու զուգորդում, դիւանագիտութիւն, քարոզչութիւն եւ անոր ծիրին մէջ ինկող բոլոր մեծ ու փոքր զէնքերը:

«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ Խորհրդային Միութիւնը բարեկարգելու եւ անցեալի սխալները սրբագրելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած գորբաչովեան փերեսթրոյքան մէկ կողմէ առիթը ստեղծեց արցախեան արդար եւ անվիճելի դատին վերընձիւղման, Հայաստանի պետական կառոյցին վերանորոգման եւ համայնավար սնանկացած դրութեան տեսականօրէն ջնջման, ու տակաւին` հայրենիքի տնտեսական ու ընկերային վիճակներու դարմանումին համար ստեղծեց համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններ, այս բոլորին դիմաց, սակայն, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին վիճակուեցան ազերիական բռնադատութիւնները, անմիջականօրէն` Արցախի ժողովուրդին դէմ, եւ ոչ-նուազ աղիտալի հետեւանքներով` նոյնինքն Հայաստանի դէմ, սահմանային բախումներով եւ յաճախակի ու երկարատեւ պաշարումներով: Պաքուի ոճրային արարքներն ու Մոսկուայի մեղսակից անտարբերութիւնը Հայաստանն ու անոր իշխանութիւնները առին աքցանի մը մէջ, որուն ճնշումին դէմ դնելու համար, անհրաժեշտ եղան ողջ հայութեան ճիգերուն եւ կարողութիւններուն լարումը:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ Արցախի ժողովուրդը ամուր է իր լեռներուն պէս. անոր դատին զօրակցութիւնը առաջին ու անյետաձգելի հրամայական է հայրենի իշխանութեանց եւ ողջ հայութեան համար: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի անոր մօտենալու իբրեւ քաղաքական խաղաքարտ, այլ զայն պէտք է դիմագրաւել իբրեւ Հայ դատի այժմու անմիջական մակարդակը:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ համահայկական շահերու ծառայութեան առաքելութեամբ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պարզ զուգադիպութեամբ մը, իր ծննդեան հարիւրերորդ տարեդարձին բացայայտեց Հայաստանի մէջ կազմակերպական իր ներկայութիւնը: Սխալ է ըսել ՀՅ Դաշնակցութիւնը  Հայաստան վերադարձաւ, որովհետեւ ան սոսկ սփիւռքեան կուսակցութիւն չէր համայնավար մենատիրութեան տարիներուն, այլ ներկայ էր թէ՛ արտերկրի գաղութներուն մէջ, թէ՛ հայրենի ժողովուրդին հոգիին ու քաղաքական տեսլականներուն մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան կորուստէն ետք, անոր յաջորդած հալածանքի ծանօթ տարիներուն եւ մինչեւ բարեկարգումի օրերը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ինչպէս իր ծնունդի առաջին օրերուն, նոյնպէս ալ այսօր, ՀՅ Դաշնակցութիւնը վճռած է գործել ու պայքարիլ իբրեւ յառաջնապահ զինուորը` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անվտանգութեան պահպանումին, Հայ դատի բոլոր թղթածրարներուն աննահանջ հետապնդման, հայրենի հողերուն ամբողջականացման եւ անոնց վրայ լիիրաւ ու գերիշխան արդի հանրապետութեան կերտումին:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?