Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստագիտութիւնը Մարդո՞ւն Կը Ծառայէ, Թէ՞…

Յունիս 3, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անշուշտ բոլոր տեսակի նորարարութիւններու խճանկարին եւ քաոսին մէջ շատ ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կ՛աճին ու կը տարածուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնց լաւ եւ տեղին օգտագործումը բնականաբար մեր յարատեւ պայքարին նոր եւ ազդու թափ կու տայ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները սրընթաց կ՛աճին գլխու պտոյտ պատճառող կշռոյթով: Նոյն ալիքին վրայ կրնա՞նք դրական մնալ:  

Ն.

«Ուաթսափփ»-ի
Ժողովրդականութիւնը

What_60316

Նորագոյն ուսումնասիրութիւն մը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհի 109 երկիրներու մէջ Անտրոյտ  բջիջային գործողութեան համակարգի հիմքին վրայ աշխատող ամէնէն ժողովրդական լրաբերը (messenger) ՈւաթսԱփփ-ն է:

Ընդհանուր առմամբ վերլուծուած են 187 երկրի օգտատէրերու նախընտրութիւնները: Առաջին եռեակին մէջն են նաեւ  Ֆէյսպուք Մեսենճըրը եւ Վայպըրը:

ՈւաթսԱփփը իւրայատուկ ժողովրդականութիւն կը վայելէ այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են` Ռուսիա, Գերմանիա, Իտալիա, Հնդկաստան: Բացի ատկէ, յաւելուածը հետաքրքրական է Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրներուն մէջ ապրող օգտատէրերուն համար:

Ֆէյսպուք Մեսենճըր կը նախընտրեն բնակիչները 49 երկիրներու, որոնց շարքին են` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Նորվեկիա:

Վայպըր աշխուժօրէն կ՛օգտագործուի 15 պետութիւններու, որոնց շարքին` Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ:

Ըստ ուսումնասիրութեան, Թելեկրամը ժողովրդականութիւն կը վայելէ Իրանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ ապրող Անտրոյտ օգտագործողներուն մօտ:

Այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Չինաստանը եւ Ճափոնը, կը նախընտրեն սեփական մշակումները: Չինաստան` ՈւիՉաթ եւ Ճափոն` Լայըն:

WeChat_60316

Համակարգչային Խանգարումի
Հետեւանքներէն… Եւ Օգուտներէն

NewYork_60316

Նիւ Եորքի «Ճոն Քենետի» օդակայանին մէջ համակարգչային խանգարման պատճառով երկուշաբթի բազմաթիւ թռիչքներ յետաձգուեցան: Օդակայանի պատասխանատուները յայտնեցին, որ սըրվըրներէն  մէկը խանգարուելով` դադրեցուցած է Ուայ-Ֆայի աշխատանքը բրիտանական օդանաւային ընկերութեան կեդրոնին մէջ: Խանգարումին պատճառով օդակայանի պաշտօնեաները ստիպուած ձեռքով ամբողջացուցած են ճամբորդներուն կտրօնները:

Երկուշաբթի գիշեր օդակայանին մէջ կուտակուած են շուրջ 1200 ճամբորդներ, որոնք կը սպասէին ստուգման:

Family_60316

Համակարգչային խանգարումը նաեւ կրնայ օգուտներ ունենալ: Այս առնչութեամբ` տարածուած քանի մը մանրապատումներ.

Մարդու մը կը հարցնեն, թէ ընտանիքին անդամները ինչպէ՞ս կը յաջողի քով-քովի բերել, երբ բոլորն ալ զբաղած են իրենց համակարգիչներով, բջիջայիններով եւ այլն: Մարդը կ՛ըսէ.

– Տան Ուայ-Ֆայը կ՛անջատեմ, բոլորն ալ ուր որ են, վազելով կու գան:

Ամուսնացած մարդ մը իր ընկերոջ կ՛ըսէ.

– Երէկ գիշեր մեր տան Ուայ-Ֆայը խանգարուեցաւ, ընտանեօք նստանք, միասին զրուցեցինք. գէշ մարդիկ չէին:

Հիւսիսային Քորէա Կը Գործարկէ
Ֆէյսպուքի Նմանակը

Հիւսիսային Քորէայի սըրվըրին վրայ յայտնուած է Ֆէյսպուքի նմանող ընկերային ցանց մը, որ ըստ երեւոյթի, տեղադրած է այդ երկրի համացանցի պետական ընկերութիւնը: Սթարքոն ընկերային ցանցին ուրուագիծը նման է Ֆէյսպուքի ձեւաւորման:

Համացանցային վերլուծութեան «Տին ռիսըրչ» կեդրոնի  տնօրէն Տակ Մէյտոր, որ առաջին նշմարողը եղած է այս ցանցը, իր Թուիթըրին մէջ կը նշէ, թէ  Սթարքոնը Ֆէյսպուքին նման է ոչ միայն գունային ընտրութեամբ, այլեւ` որոնման տողի ձեւաւորումով, ինչպէս նաեւ` նորութիւններու ժապաւէնի ձեւաւորման սկզբունքով:

Սթարքոնի ստեղծման համար օգտագործած են  ՓՀՓ Տոլֆին հարթակը, որուն միջոցով կայք կը ստեղծուի Ֆէյսպուքի կաղապարով: Ընդունուած դրութեամբ պաշտօնական անհրաժեշտ արձանագրութիւնները չեն եղած, այնպէս որ, թէ ինչո՛ւ ատիկա յայտնուեցաւ, եւ ի՞նչ է ատիկա, կը մնայ առեղծուած: Ատիկա կրնայ նոյնիսկ փորձարկում մը ըլլալ, որ պատահաբար հրապարակային եղած է: Ընկերային ցանցը կ՛աշխատի ստուգման դրութեամբ: Մասնագէտները առայժմ վստահ չեն, թէ Հիւսիսային Քորէայի պաշտօնական իշխանութիւնները կապ ունի՞ն այդ նախագիծին հետ:

Kim-jong_60316

Ընկերութեան տնօրէնը տարօրինակ կը գտնէ, որ ընկերային ցանցը կրնան  մտնել այլ երկիրներու օգտատէրեր: Կայքը արդէն իսկ գրաւած է համացանց յաճախակի օգտագործող հետաքրքրասէրներ, բայց տեսնելիք շատ բան չկայ: Ցանցը զուրկ է բովանդակութենէ, բացի Հիւսիսային Քորէայէն դուրս գտնուողներու հաղորդագրութիւններէն:

Հիւսիսային Քորէա աշխարհի ամէնէն խիստ համացանցային գրաքննութիւնը ունեցողներէն է, եւ բնակչութեան մեծամասնութեան արտօնուած չէ համացանցէն օգտուիլ: Իսկ անոնք, որոնք  միջոցը ունին համացանցէն օգտուելու, խիստ հսկողութեան ենթակայ են:

գրքննչ_60316

Ուրեմն  գաղափարը, որ Հիւսիսային Քորէայի համացանցին մէջ ընկերային այս ցանցը կրնայ ներքին օգտագործման համար գոյութիւն ունենալ, դժուար է պատկերացնել:

Հետաքրքրական նշում մը. իւրաքանչիւր արձանագրութիւն կամ հաղորդագրութիւն անմիջապէս ցոյց կու  տայ, որ տեղադրուած է 30 վայրկեան առաջ: Հաւանաբար այն պատճառով, որ Տոլֆին համակարգչային ծրագիրը չի ճանչնար Հիւսիսային Քորէայի կողմէ վերջերս ստեղծուած ժամային գօտին, որ աշխարհի մեծ մասէն 30 վայրկեան ետ է: Օգտագործողներուն կը թելադրուի վայելել, որքան որ կրնան, որովհետեւ Հիւսիսային Քորէայի գրաքննիչները անմիջապէս պիտի խափանեն ընկերային այս ցանցը, երբ անդրադառնան, որ ատիկա հանրային ուշադրութիւն կը գրաւէ…

 

Տեղեկատուական
Արհեստագիտութիւններու Աճ
Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի մէջ  տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզի շրջանառութիւնը 2015 թուականին կազմած է 550 միլիոն տոլար, որ 17 առ հարիւր աւելի է 2014-էն:

ArdzvigM_60316

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 2015-ի պիւտճէի հաշուետուութիւնը ներկայացնելու ատեն Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար  Արծուիկ Մինասեան այս մասին խօսելով` ըսաւ. «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ կան աւելի քան 400 ընկերութիւններ, որոնց մէջ կ՛աշխատին 15 հազար մասնագէտներ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու սկսնակ ընկերութիւններուն  հարկային արտօնութիւններու մասին օրէնքի շնորհիւ 2015-ին ստեղծուած են 79 նոր կեդրոններ, ուր 329 պաշտօնեաներ կ՛աշխատին:

microsoft_60316

Նախարար Արծուիկ Մինասեան նաեւ տեղեկացուց, որ Մայքրոսոֆթի եւ Այ.Պի.Էմ.-ի վարժանքներուն, Հայաստանի մէջ աւելի քան 1200 մարդ մասնակցած է: Ըստ նախարարին, Մայքրոսոֆթի վարժանքներուն մասնակցած է 623 մարդ, իսկ Այ.Պի.Էմ.-ը սկսնակ 30 խումբերու խորհրդատուութիւններ ներկայացուցած է, կայացնելով 40 դասընթացք` 600 անձերու համար: 1072 անձեր մասնակցած են հայ-հնդկական տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ուսումնական կեդրոնին մէջ  կազմակերպուած համաժողովին:

Hack_60316

Հայկական ազգային արհեստագիտական գիտաշխատանոցներուն մէջ վարժանքներու հետեւած են 450 ուսանողներ:

 

Օգտակործուած աղբիւրներ՝
«Սի. Էն. Էն. Մանի», Միմիլըր Ուէպ»,
«Նիուզ. Էյ. Էմ» եւ «Պի. Պի. Սի.»

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?