Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակումը

Յունիս 29, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շահումեանի Գիւղերու
Ինքնապաշտպանութեան Կռիւները

_MG_0965

Շահումեանի շրջանին մէջ ազերիներու բռնութիւնները եւ հայկական գիւղերու վրայ յարձակումները 1991-ի յուլիսի կէսերուն սաստկացած էին, նպատակ ունենալով բռնագաղթի մղել հայ գիւղացիները:

Էրքէջի, Բուզլուխի եւ Մանաշիթի բնակիչները հեռացած էին իրենց տուներէն եւ անտառները ապաստանած` բուռն դիմադրութիւն ցոյց կու տային:

Միւս կողմէ, խորհրդային ուժերը, որոնք պարտականութիւն ունէին ժողովուրդը պաշտպանելու եւ կարգ ու կանոնը պահպանելու, կը մնային լուռ հանդիսատես ՕՄՈՆ-ականներու հակահայ խժդժութիւններուն:

***

«Ազդակ», 25 յուլիս 1991-ի թիւով եւ «Անկրկնելի Խանասորի դարաւոր պատգամը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայ ժողովուրդին համար, այսօրուան եւ վաղուան հորիզոնները վարդագոյն չեն, այլ անոնք մութ են ու մտահոգիչ: Անոնք կը ներկայացնեն այնպիսի պատկեր մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ հազուագիւտ նախընթացներ ունեցած է: Արցախի, Շահումեանի եւ Հայաստանի սահմանային գօտիներու հայութիւնը դէմ յանդիման է ուղղակի թշնամիին` Ազրպէյճանի կազմակերպ ուժերուն եւ ՕՄՈՆ-ի հովանոցին տակ համախմբուած անիշխանական զինեալներուն: Անոնց ստեղծած պատուհասն ու սպառնալիքը չեն սահմանափակուիր աշխարհագրական փոքր տարածութեան մը մէջ, այլ ուղղուած են մեր ամբողջ հայրենիքին, ամբողջ հայ ժողովուրդին: Հալածանքներու եւ հայկական հողերու պարպումի հին խաղը կը խաղցուի նոր խաղաքարտերով, արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով եւ մանրամասնօրէն ծրագրուած դաւի մը գործադրութեան ճամբով: Անհաւասար կռիւ պարտադրուած է Արցախի եւ սահմանային գօտիներու մեր ժողովուրդին, որ ձեռնոցը վերցուցած է եւ իր սահմանափակ միջոցներով կը մղէ ինքնապաշտպանութեան կռիւ, սակայն մի՛շտ հաւատարիմ մնալով հայ ֆետայիին դարաւոր պատգամին:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ինքնապաշտպանութիւնը` սեփական կեանքի եւ հողի պաշտպանութիւնը ամէնէն տարրական մէկ իրաւունքն է ոեւէ անհատի եւ ժողովուրդի. իսկ այդ իրաւունքին հետապնդման մէջ, ընտրովի հակահարուածը մարտավարական քայլ է:

***

Պաքուի հայաթափումի քաղաքականութիւնը ընտրած էր նոր թիրախ մը` Շահումեանի շրջանի Վերիշէն գիւղը:

Վերիշէնի շուրջ զինուորական արտակարգ կեդրոնացումներ տեղի ունեցան եւ գիւղն ու անոր շրջակայքը բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցան:

Վերիշէնի դէմ զինեալ գործողութիւններ սկսան 24 յուլիս 1991-ի գիշերը:

Ռմբակոծման թիրախ ընտրուած էր յատկապէս գիւղին ջրաբաշխումի կեդրոնը: Այդ ամբարէն ջուր կը հասնէր նաեւ Հայ Բորիս գիւղը:

Վերիշէնի դէմ յարձակումներուն կը մասնակցէին նաեւ խորհրդային ուժերը, մինչդեռ անոնց առաքելութիւնն էր պաշտպանել շրջանի հայ բնակչութիւնը:

Հայերու դէմ հալածանքներն ու բռնագաղթի համար ճնշումները կը կատարուէին «անցագրային ստուգման» օրէնքի դիմակին տակ:

Վերիշէնի երիտասարդները պարտութիւն տեսած էին ամէն գնով պաշտպանելու գիւղը եւ ետ մղելու որեւէ յարձակողական: Անոնք կը նախընտրէին կռիւի մէջ մեռնիլ, քան թէ իյնալ Ազրպէյճանի բանտերը:

***

Էրքէջի մէջ կռիւները կը շարունակուէին եւ 1991 յուլիսի վերջաւորութեան ազերի քոմանտոներու խմբակ մը բնաջնջուեցաւ գիւղի հայ պաշտպաններուն կողմէ:

Բռնի կերպով գաղթի հանուած հայերէն ոմանք եւ իրենց կարգին ֆետայական յարձակումներ կը գործէին ազերի քոմանտոներուն վրայ:

Ֆետայական յարձակում մը գործուեցաւ նաեւ Հատրուդի շրջանի Ծամձոր գիւղին վրայ, որ բոլորովին պարպուած էր իր հայ բնակիչներէն եւս բնակեցուած` ազերիներով:

Միւս կողմէ, խորհրդային բանակէն զինուորականներ, որոնք մաս կը կազմէին ճարտարագէտներու զօրաբաժինին, խոյս տուին Ազրպէյճանէն եւ Հայաստան ապաստան գտան, յայտարարելով որ չեն կրնար հանդուրժել ազերիներու ծաղրանքին եւ ի գործ դրուած խժդժութեանց:

Օգոստոսի առաջին օրերէն սկսեալ արցախցիք հակայարձակողականի անցան այն գիւղերուն ուղղութեամբ, որոնք պարպուած էին իրենց հայ բնակիչներէն եւ բնակուած` ազերիներով: Խուճապահար ազերիները սկսան հեռանալ հայկական գիւղերէն:

Հատրուդի շրջանէն ազերիներու հեռացումը զսպելու համար ՕՄՈՆ-ականները սկսան ուժ կեդրոնացնել այդ շրջանին մէջ: Անոնք կը փորձէին արգելակել գաղթական հանուած հայերուն տունդարձը:

***

Խորհրդային բանակը 18-էն 19 օգոստոս լուսցող առաւօտուն փոխ նախագահ Կենատի Եանաեւի, պաշտպանութեան նախարար Տմիթրի Եազովի, ներքին գործոց նախարար Պորիս Փուկոյի, Քա. Կէ. Պէ.ի պետ Վլատիմիր Քրիուչքովի, վարչապետ Վալենթին Փաւլովի եւ անոնց գործակիցներուն հրահանգով, հրասայլերով եւ զրահապատներու շարասիւներով տարածուեցաւ Մոսկուայի փողոցներուն մէջ: Խրիմ գտնուող Միխայիլ Գորբաչով հեռացուեցաւ իշխանութենէն եւ կազմուեցաւ ստիպողական կոմիտէ մը:

Առաջին ժամերու խառնաշփոթ եւ անորոշ վիճակէն ետք, Ռուսիոյ նախագահ Պորիս Ելցին խորհրդարանին առջեւ, հրասայլի մը վրայ բարձրանալով քաղաքային ըմբոստութեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին:

Օգոստոս 21-ին ստիպողական կոմիտէն լուծուեցաւ եւ Գորբաչով Մոսկուա վերադարձաւ:  Յեղաշրջման ղեկավարները ձերբակալուեցան, իսկ Պորիս Փուկօ անձնասպան եղաւ: Ելցին Գորբաչովի ստիպեց բաժնեկցիլ իշխանութիւնը: Օգոստոս 24-ին Գորբաչով հրաժարեցաւ համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն: Օգոստոս 29-ին համայնավար կուսակցութիւնը լուծուեցաւ:

***

Բուզլուխի, էրքէջի եւ Մանաշիթի ուղղութեամբ ինքնապաշտպանութեան կռիւները սաստկացած էին: Խորհրդային ուժերը քաշուած էին եւ չէին մասնակցեր կռիւներուն:

Իսկ Վերիշէն գիւղը ճգնաժամային պահեր կ՛ապրէր: Խորհրդային չորրորդ բանակէն միաւորներ գիւղին դէմ լայնածիր յարձակում մը շղթայազերծեցին: Ինկան բազմաթիւ վիրաւորներ: Վերիշէնցիք երեխաները, կիներն ու ծերունիները հեռացուցին գիւղէն:

Օգոստոս 30-ին Ազրպէյճան ինքզինք անկախ հռչակեց Խորհրդային Միութենէն:

Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային խորհուրդը եւ Շահումեանի խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի հայկական հանրապետութիւն անուան տակ, ինքնավար մարզն ու Շահումեանի շրջանը անկախ հռչակեցին Ազրպէյճանէն:

Սեպտեմբեր 4-ին Խորհրդային Միութեան խորհրդարանը վաւերացուց հանրապետութեանց անջատումի իրաւունքը:

***

«Ազդակ» 14 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Հերոսամարտեր կերտող հերոսներուն պատգամը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հերոսամարտերը չեն նախապատրաստուիր ժողովուրդներու կամ մինչեւ իսկ հերոսներու կողմէ, այլ կը ծնին պարտադրուած անհանդուրժելի վիճակէ մը կամ` կենաց-մահու կռիւէ, սակայն անպայմանօրէն ծնունդ կու տան հերոսներու: Եւ այնուհետեւ, հերոսամարտին ու անկէ ծնած հերոսներուն անունները կը միաձուլուին իրարու, մէկը կ՛ըլլայ միւսին հոմանիշը, միասնաբար կը կերտեն պատմութիւն եւ կը դառնան պատմութեան նորանոր փուլերու ուղեցոյց-փարոս:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ հերոսամարտ մը կերտող անհատները,  հաւաքականութիւն մը կամ` անոր ընթացքին ինկող նահատակները հաւասարապէս կ՛ըլլան նուիրական ու պանծալի, այնպէս` ինչպէս որ նուիրական ու պանծալի են ժողովուրդին ու նահատակներուն արիւնով ստորագրուած անոնց պատգամը: Իրերայաջորդ տարիները չեն կրնար նսեմացնել այդ պատգամը, այլ տուեալ ժողովուրդին վիճակուած լաւ ու վատ պայմաններուն մէջ, անոնք հետզհետէ կը զգենուն նոր խորք, յաւելեալ իմաստ, անժամանցելի արժէք ու մնայուն թելադրանքի տարողութիւն:

«Ազդակ» կը նշէր, որ հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ապրի հերոսամարտերու փուլ մը` Արցախի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ: Ազրպէյճանի կողմէ մեկուսացուած այդ շրջանները կը գտնուէին առօրեայ սպառնալիքներու տակ:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ Արցախի ու Շահումեան-Գետաշէն շրջաններու ժողովուրդին մղած հերոսամարտը երկարաշունչ է ու բազմահանգրուան: Առաջին ակնարկով, զայն կարելի չէր համեմատել այլ հերոսամարտերու: Արցախի եւ Շահումեանի մղած պայքարը կապ ունէր հայ ժողովուրդի ու անոր հայրենիքի գոյութեան «կարմիր գիծեր»-ուն հետ, որոնցմէ անդին, մարդավարական կամ այլ նահանջներ ճակատագրական նշանակութիւն կ՛ունենան մեր ժողովուրդին ու մեր դատին համար:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հերոսամարտերը մեծ կամ փոքր չեն ըլլար, կ՛ըլլան հերոսամարտ` իրաւունքներու պահպանման եւ յաղթանակի համար մղուող կռիւ:

***

Շահումեանի շրջանի ինքնապաշտպանութեան ջոկատները սեպտեմբեր 16-ին ազատագրեցին Վերիշէն, Բուզլուխ եւ Մանաշիթ գիւղերը:

Իսկ սեպտեմբեր 17-էն 18 լուսցող գիշերը հայ ազատամարտիկները յարձակման անցան Էրքէջի վրայ եւ քանի մը ժամուան մէջ յաջողեցան գիւղէն վանել ազերի ՕՄՈՆականները:

Բախումներ տեղի կ՛ունենային նաեւ Շահումեանի շրջանի Կարաչինար, Հախթութ եւ Նորաշէն գիւղերուն մէջ:

***

_MG_1018

«Ազդակ», 21 սեպտեմբեր 1991-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէին առիթով, եւ «Հանրաքուէին պատասխանը չի կրնար ոչ ըլլալ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ապրող հայորդիները վճռականօրէն «Այո» պիտի պատասխանեն այն հարցումին, թէ արդեօք կ՛ուզե՞ն, որ մեր հայրենիքը ըլլայ գերիշխան եւ անկախ երկիր մը, ազատ` ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ կապանքէ եւ կաշկանդումէ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ հանրաքուէին արդիւնքին սպասելու պէտք չունինք գիտնալու համար, թէ հայրենի մեր ժողովուրդը, թարգմանն ու արտայայտիչը ամբողջ հայութեան կամքին ու տեսլականներուն` հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ թեր պիտի քուէարկէ իրեն ուղղուած ծանօթ հարցումին:

«Ազդակ» կ՛ընդգրկէր ըսելով, որ հանրաքուէին արդիւնքը ծանօթ է. անիկա յստակ էր երէկ, անցեալին, աւելի քան դար մը առաջ, սկսեալ` այն օրէն, երբ օտարի լուծին տակ կքած ու արիւնաքամութեան վիճակին հասած հայը օր մը բարձրացուց իր գլուխը եւ հայ ֆետայիին հետ բազագանչեց` «ազատութիւն կամ մահ»: 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէէն բազմաթիւ տարիներ առաջ, իր առաջին հանրապետութեան ծնունդ տուող սարդարապատեան հերոսամարտէն առաջ ու անկէ ետք, հայը բազմիցս իր արիւնո՛վը «Այո» քուէարկեց ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի տեսլականին: Այդ քուէն կրկնուեցաւ խորհրդային համայնավար իշխանութիւններու ամէնէն դաժան հալածանքի օրերուն ալ, սփիւռքի տարածքին, թէ հայրենի հողին վրայ, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով, ի գին բազմահազար զոհերու եւ բազում զոհողութիւններու, չարենցներու եւ ճակատագրակիցներու կեանքերուն:

***

Շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէն, Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 95 առ հարիւրը. անոնցմէ 99.3 առ հարիւրը «այո» քուէարկեց:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարան) երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 1991-ի յետմիջօրէին անկախ հռչակեց Հայաստանը:

Անկախութեան յայտարարութեան նիստը անցաւ տօնական եւ ցնծութեան մթնոլորտի մը մէջ: Երեսփոխանները միաձայնութեամբ հաստատեցին հանրաքուէին արդիւնքը, ծափահարութեամբ ողջունեցին յայտարարութիւնը եւ յոտնկայս երգեցին Հայաստանի քայլերգը:

Ներկայ էր Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Խորհրդարանի շէնքին մէջ, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, ան օրհնեց անկախութեան հռչակման աքթը:

***

Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներ Պորիս Ելցին եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Արցախի հարցով հաշտարար միջամտութեամբ մը, սեպտեմբեր 20-էն 22  Պաքու, Ստեփանակերտ եւ Երեւան այցելեցին, որմէ ետք հարաւային Ռուսիոյ Ժելեզնովոտսք քաղաքին մէջ սեպտեմբեր 23-ին բանակցութիւններ տեղի ունեցան, մասնակցութեամբ` Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Այազ Մութալիպովի եւ Արցախի հայ եւ ազերի բնակիչներու ներկայացուցիչներուն:

Բանակցութիւնները ամփոփուեցան համաձայնագիրի մը մէջ, որ կը խոստանար վերահաստատել Արցախի «նախկին վիճակը» եւ վերջակէտ մը դնել հայ-ազերի բախումներուն, իսկ գաղթականները փուլ առ փուլ պիտի վերադառնային իրենց տուները:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 26 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Ի՞նչ շահեցանք Ժելենովոտսքի մէջ» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ Քրեմլինի ղեկավարութեան դէմ իր պայքարը նոր հունի մէջ դրած եւ գործակից-համախոհ մը (Նազարպայեւը) գտած Ելցին բանակցութիւններուն կը մօտենար քաղաքական-դիւանագիտական յաղթանակ մը տանելու մտահոգութեամբ. եթէ հայերն ու ազերիները համաձայնէին զինադուլ հաստատել, ինք մեծ յաղթանակ մը տարած պիտի ըլլար, որովհետեւ Խորհրդային Միութիւնը յուզող «ամէնէն արիւնալի եւ բարդ տագնապը» լուծած ըլլալու դրօշը պիտի պարզէր ընդդէմ նախագահ Գորբաչովի, որ չէր կրցած դադրեցնել արիւնահեղութիւնը եւ դարմանել տագնապը:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ Ելցին յաջողեցաւ իր երազը իրականացնել եւ «պատմական համաձայնագիր» մը ստորագրել տալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու Այազ Մութալիպովի: Ելցինի համար կարեւորը լուծում բերելն էր, սակայն թէ ի՛նչ գնով եւ որո՛ւն հաշուոյն` ատիկա իր հոգն անգամ չէր, որովհետեւ «Լեռնային Ղարաբաղը իր նախկին վիճակին վերադարձնող եւ զինադուլ ու գաղթականներու տունդարձ ապահովող» համաձայնագիրը կը համապատասխանէր իր յայտարարուած նպատակին:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ «նախկին վիճակի վերադարձ»-ը Ազրպէյճանի ուզածն է. մնացեալը` գաղթականներու տունդարձ, զինեալներու հեռացում եւ այլն, չէին մտահոգեր Ազրպէյճանը: Ան շատ լաւ գիտէր, որ սումկայիթներու եւ պաքուներու արհաւիրքներուն յիշատակը կրնար շուտով ճօճել վերադարձող հայերու դէմ, իսկ արդէն ներքին գործոց նախարարութեան եւ խորհրդային բանակին այն միաւորները, որոնք կը գտնուէին Արցախի շրջանը, մեծ մասամբ ազերիներէ կը բաղկանային, մինչդեռ համապատասխան չէր պարագան Հայաստան գտնուող նոյն ուժերուն, այսինքն` անոնց շարքերուն մէջ հայեր չկային:

Իսկ ի՞նչ շահեցաւ հայ ժողովուրդը, որուն շահերը պաշտպանելու համար Ժելեզնովոտսք գացած էր Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, հարց կու տար Մահսէրէճեան եւ կ՛աւելցնէր. ան փաստօրէն Արցախը «նուիրեց» Մութալիպովի, ըստ էութեան` ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղած էր 1923-ին, Ստալին-Պաքու սիրաբանութեան օրերուն:

Ինչպէս որ Ելցինի համար անկարեւոր էր լուծումին «ինչպէս»-ը, յայտնապէս Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահին համար ալ անկարեւոր էր նոյն «ինչպէս»-ին պատասխանը, կ՛ըսէր Մահսէրէճեան եւ կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Ժելենովոտսքի համաձայնագիրը ստորագրող Հայաստանի ներկայացուցիչը թեկնածու է հանրապետութեան նախագահի աթոռին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?