ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Տեղահանութեան Վերջնագիր
Հայ Գիւղացիներուն
Արցախի եւ շրջակայ գօտիին վիճակը կը մնար մտահոգիչ. ազերի ՕՄՈՆականներու, խուժանին եւ խորհրդային բանակին գործակցութեամբ, հայ գիւղացիներ բռնի կերպով տեղահան կ՛ըլլային եւ կը փոխադրուէին Հայաստանի սահմանը:
Հատրութի շրջանի գիւղերէն հարիւրաւոր հայեր 1991 մայիսի կէսէն ետք բռնի կերպով տեղահանուեցան եւ փոխադրուեցան Գորիսի շրջանը: Հետագային տեղահանուածներէն փոքր թիւ մը վերադարձաւ իր բնակավայրերը, սակայն Բերդաձորի եւ Հատրութ աւանի բնակիչներուն արտօնութիւն չտրուեցաւ վերադառնալու:
Միւս կողմէ, Նոյեմբերեանի, Տաւուշի եւ Իջեւանի շրջաններուն մէջ տեղի կ՛ունենային բռնարարքներ:
***
«Ազդակ», 28 մայիս 1991-ի թիւով եւ «Հակահայ դաւերուն դէմ` Սարդարապատի ոգիով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ 1918-ին ժողովուրդ մը ամբողջ «ո՛չ» ըսաւ զինք պատմութեան բեմէն ու աշխարհի քարտէսէն ջնջելու միտող դաւադիր ծրագիրի մը: Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները` զինուոր ու հրամանատար, գեղջուկ ու ֆետայի, կին, պատանի ու ծերունի միասնաբար բռունցք դարձան եւ ուժգին հակահարուած տուին թրքական բանակին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ հայը կամեցաւ եւ կրցա՛ւ վիժեցնել թուրք պետութեան դաւը: Հայը ո՛չ միայն շահեցաւ ապրելու եւ անկախ պետականութիւն կերտելու տարրական իրաւունքները, այլ նաեւ` անկախութեան աքթով, նոր ուղղութիւն եւ հորիզոններ բացաւ ի՛ր իսկ քաղաքական մտածողութեան մէջ, կռանեց հիմերը այն պետութեան, որ այսօր կանգուն կը մնայ պատմական Հայաստանի մէկ բաժինին` Արեւելեան Հայաստանի սահմաններուն մէջ: 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած եւ միայն երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցած հայկական անկախ պետականութեան փոխանցած պատգամին վրայ էր, որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները 1990 օգոստոսին հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը, իբրեւ առաջին քայլ` մեր «անկատար տենչերու» կենսագործման ճամբուն վրայ:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, աշխարհի մեծ ու փոքր ժողովուրդներուն վիճակուած տաք եւ պաղ պատերազմներուն էջը փակելու եւ լաւագոյն աշխարհ մը կերտելու յանձնառութեամբ միջազգային բեմին ղեկը իրենց ձեռքերուն պահող ուժերը չեն անդրադառնար, կամ` չեն ուզեր իրազեկ ըլլալ, որ նոյնինքն այդ փոքր ժողովուրդներուն անտեսուած իրաւունքներուն լուսանցքին վրայ ձգուիլը ո՛չ միայն չի ծառայեր յայտարարուած նպատակներուն եւ յանձնառութեանց, այլ առիթ կ՛ընծայէ նորանոր անարդարութեանց եւ բռնադատութեանց:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ Խորհրդային Միութեան համակարգը բարեկարգելու կոչուած փերեսթրոյքան, որ խոր գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ եւ ողջունուեցաւ թէ՛ արեւելեան կայսրութեան ժողովուրդներուն եւ թէ միջազգային ընտանիքին կողմէ, զգեցաւ սխալ կիրարկման ընթացք, շահագործուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, որ ստեղծուած փոթորկալի եւ քաոսային մթնոլորտէն օգտուելով` վերականգնեց հայկական հողեր խլելու եւ զանոնք իր բազմադարեան սեփականատէրերէն պարպելու հին բայց չմոռցուած ծրագիրները: Սումկայիթը, Պաքուն եւ Գանձակը միայն նախերգանք էին նոյնինքն Արցախի եւ նաեւ Հայաստանի հողերուն նկատմամբ թրքական եւ ազերիական դարաւոր դաւին: Անգամ մը եւս փորձ կը կատարուէր ճամբայ հանելու Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը պատմութեան ու քարտէսէն միանգամընդմիշտ ջնջելու պետական այն դաւը, որ ձախողութեան մատնուեցաւ սարդարապատեան խոյանքով ու 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութեամբ:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Սարդարապատը երկնած սերունդներուն, եւ 1918-ի հայութեան ուղիղ շառաւիղն ու անոնց պատգամին ժառանգորդը եղող հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուի ան, նո՛յնքան վճռական ոչ կ՛ըսէ բոլոր դաւերուն, ինչ դիմագիծով ալ ներկայանան անոնք: Այդ ոչը կը հանդիսանայ ամէնէն հիմնական խարիսխն ու ուղեցոյցը` հայ ժողովուրդին որդեգրած մարտավարութեան ու ռազմավարութեան, ժամանակակից մեր քաղաքականութեան, որ իր լինելութեան պիտի հասցնէ հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ ազատ ու գերիշխան պետութիւն ստեղծելու մեր տեսլականը:
***
Շահումեանի շրջանը 1991 մայիսի վերջաւորութեան կը գտնուէր յարձակման ենթարկուելու, իսկ բնակչութիւնը` բռնագաղթի ենթարկուելու վտանգին դէմ յանդիման:
Մայիս 24-ին Հայ Բորիս գիւղին վրայ ՕՄՈՆականներու եւ խորհրդային բանակին կողմէ կատարուած յարձակումին պահուն, հերոսական եւ անհաւասար կռիւի մէջ նահատակ ինկան հինգ հայորդիներ:
Մայիս 29-ին ինը ուղղաթիռներ զանազան շրջաններու մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող կեդրոններու մէջ մասնայատուկ ուժեր իջեցուցին: Այդ ուժերը շրջան ղրկուած էին Շահումեանի շրջանի հայութիւնը բռնագաղթի մղելու յատուկ առաքելութեամբ:
Մասնայատուկ ուժերը առաջին հերթին շրջանին մէջ հետախուզական գործողութիւններ կատարեցին:
Յունիսի առաջին օրերուն խորհրդային ուժերը սկսան բռնի կերպով գաղթի հանել Շահումեանի շրջանի հայերը:
***
«Ազդակ», 5 յունիս 1991-ի թիւով եւ «Մեր նահատակ հերոսներն են մեր փարոսները» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ «կարմիր լուրեր» կու գան հայրենիքէն:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ Խորհրդային Միութեան ապրած ներքին վերիվայրումները, փոթորկալի ալեկոծումները, իսկ անոնց դիմաց` միջազգային բեմին վրայ, «պաղ պատերազմ»-ին յաջորդած պաղ սակարկութիւնները անգամ մը եւս պատմական խաչմերուկի մը վրայ դրած են հայ ժողովուրդը: Հայութիւնը վերցուցած էր պայքարի դրօշը եւ Կարմիր Վարդանէն մինչեւ սարդարապատեան հերոսներուն «վասն հայրենեաց» կոչին արձագանգ կ՛ըլլար ազգովին: Հայրենիքէն մինչեւ արտերկիր, հայութիւնը կ՛ապրէր խարխափումներ, հիասթափութիւն, մեծ ու փոքր ակնկալութիւններ, անոնց չհամապատասխանող, զանոնք չգոհացնող իրադարձութիւններ: Ժողովուրդը պատճառներ կ՛ունենար մինչեւ իսկ յուսալքուելու, երբ պայքարը տակաւին նոր էր ու սաղմնային: Հայութիւնը կողմնացոյց մը, փարոս մը կը փնտռէր, որպէսզի մշուշապատ ու մթագնած հորիզոններուն ներքեւ, գտնէր ճիշդ ուղին:
«Ազդակ» կը մատնանշէր ըսելով որ կողմնացոյցն ու փարոսը կը պարզուին մեր աչքերուն առջեւ: Մերօրեայ նահատակները` նոր հերոսները, իբրեւ մէկ մէկ փարոսներ` կը կանգնին մեր մթագնած երկնակամարին տակ եւ իրենց մատները կողմնացոյց դարձուցած` բոլորիս ցոյց կու տան հայրենի հողին վրայ կեա՛նքն իսկ չսակարկելու պատգամը:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով որ մեր նահատակ հերոսներն են մեր կողմնացոյցն ու փարոսները: Ով կրցած է պահել ամբողջական անուանացանկը «երկաթէ շերեփ»-ի պատգամին ընդառաջելով` «յարատեւ կռիւ»-ի դաշտը նետուած մեր անուանի ու անանուն հերոսներուն, որոնք բուռ-բուռ եկան իրենց արիւնով շաղախելու աննահանջ պայքարի ուղին, որոնց անցան Արամներն ու հայ ժողովուրդը ամբողջ` կերտելու համար անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ մեծ դաւերուն դէմ կուրծք պարզելու մեր նահատակներուն պատգամն է, որ կը վերապրի Արցախէն մինչեւ Գետաշէն, Նոյեմբերեան ու Զանգեզուր: Անցեալը լոկ գիրքերու կամ ֆետայական յուշագրութիւններու մէջ ձգուած պատմութիւն չէ, այլ անիկա կ՛ապրի այսօր, բոլորս կ՛ապրինք զայն` մեր սիրտերուն իւրաքանչիւր բաբախումին հետ:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ մեր նահատակ հերոսներն են մեր հին ու նոր փարոսները: Անոնք իրենց անմահ օրինակովն իսկ կը պատգամեն, որ իւրաքանչիւր հայ հրաւիրուած է անհաշիւ ու անսակարկ զոհաբերումի, որովհետեւ միայն այդ ճամբով կարելի է հող ու հայրենիք պահպանել, արժանի ըլլալ անոնց: Հայրենի հողին վրայ գործող մեր հերոսները ընդառաջեցին իրենց ուղղուած մարտահրաւէրին. անոնք ունէին միայն «երկաթէ շերեփ»-ի ընտրանքը: Պայքարի այդ ուղին պիտի ամրապնդուի եւ պիտի արդիւնաւորուի բոլոր գետիններուն եւ մակարդակներուն վրայ անսակարկ ու միացեալ պայքարով: Բոլոր ճակատներուն եւ մակարդակներուն վրայ, միացեալ պայքարի պատգամն է որ կը փոխանցեն մեր նահատակ հերոսները եւ այդ պատգամը կը ստորագրեն իրենց արիւնով:
***
Ազերիներ թափ տուած էին Արցախէն հայերու բռնագաղթի գործողութեանց: Ազրպէյճանական ուղղաթիռներ յաճախակիօրէն կը ռմբակոծէին տեղահանութենէ ետք վերաբնակեցուող Առաքիւլ, Բանազուր, Խծաբերդ, Քարագլուխ, Միւլքիդարա եւ այլ գիւղեր: Տոլանլար եւ Քարագլուխ գիւղերուն ազերիներով բնակեցումը սկսած էր:
Ստեփանակերտ եւս ճնշումի տակ էր եւ մօտակայ ազերիաբնակ Կրկժան գիւղէն յաճախակիօրէն կրակ կը բացուէր դէպի Ստեփանակերտ:
***
Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով 4 յուլիս 1991-ին հրահանգեց վերցնել պաշարման վիճակի դրութիւնը` երկու շրջաններու մէջ. անոնցմէ մէկն էր Շահումեանի շրջանը:
Ստիպողական վիճակի դրութեան ջնջումէն ետք խորհրդային ուժերը քաշուեցան Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային գօտիէն:
Խորհրդային ուժերու հեռացումէն անմիջապէս ետք բուռն բախումներ ծայր առին սահմանային գօտիին վրայ, հայերու եւ ազերիներու միջեւ:
«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Արցախի եւ շրջակայ հայկական գօտիին դէմ Պաքուի դաւադիր ծրագիրներուն եւ անոնց Մոսկուայի մեղսակցութեան մէկ նոր ապացոյցը դրսեւորուեցաւ:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով որ Ազրպէյճանի նախագահ Այազ Մութալիպով «համոզած» է Մոսկուան, թէ Արցախի շրջանէն հայեր տեղահան պիտի չըլլան… առանց պատճառի եւ Մոսկուա, հաւատալով այդ հաւաստիքին ու շրջանը «խաղաղած» նկատելով, հեռացուցած է իր ուժերը, որոնք յամենայնդէպս, պարզապէս կը ծառայէին ազերիական ծրագիրներուն:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ Մոսկուայի կողմնակալ «իրաւարարութեամբ» հայ-ազերի հակամարտութիւնը հասած է ուղղակի եւ առանց «իրաւարար»-ի ճակատումի հանգրուանին:
***
Շահումեանի շրջանը հայ-ազերի արիւնալի բախումներու ռազմադաշտ դարձած էր: «Անցագրային ստուգում» անուան տակ, ազերի ՕՄՈՆականներ ամէն միջոցի կը դիմէին, բռնի կերպով պարպելու համար շրջանը: Գլխաւոր թիրախներն էին յատկապէս Էրքէջ, Մանաշիթ եւ Բուզլուխ գիւղերը:
Հայկական գիւղերուն դէմ զինուորական գործողութեանց կը մասնակցէին ուղղաթիռներ, հրասայլեր եւ զրահապատներ:
Խորհրդային ուժերու եւ ազերի ՕՄՈՆականներու միացեալ ջոկատները զանգուածային յարձակում գործեցին Էրքէջի վրայ. գիւղի բնակիչներուն տեղահանութեան վերջնագիր տրուեցաւ մահուան սպառնալիքով: Գիւղը սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուեցաւ եւ ծանրօրէն վնասուեցաւ: Գիւղացիք մօտակայ անտառները ապաստանած էին:
Մանաշիթ եւ Բուզլուխ գիւղերը կը մնային անհակակշիռ կողոպուտի թիրախ: ՕՄՈՆականներ կեդրոնացած էին Հայ Բորիս, Կարաչինար եւ Վերիշէն գիւղերուն շուրջ: ՕՄՈՆականներ զրահապատներու վրայ հաստատուած բարձրախօսներէն կը պահանջէին, որ գիւղացիները հեռանան իրենց բնակավայրերէն: Գիւղացիք սակայն կը մերժէին հեռանալ: Ծերերը, կիներն ու մանուկները մօտակայ գիւղեր ապաստանած էին, իսկ տղամարդիկը` անտառներու մէջ ապաստանած` հակայարձակումներ կը կազմակերպէին:
Ազերի զինեալ ՕՄՈՆականներ յարձակում գործեցին նաեւ Գանձասարի պատմական վանքին վրայ, ահաբեկեցին եկեղեցւոյ աշխատողները եւ տապալեցին վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Արցախի հայ իշխաններու հնադարեան գերեզմանաքարերը` զէնք փնտռելու պատրուակով: Կատարուած անօրէն սրբապղծութեան մասին Վազգէն Ա. կաթողիկոս բողոքագիր ուղարկեց Մոսկուա, պետական բարձրագոյն մարմիններուն եւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին:
***
Ազերի ՕՄՈՆականներու հակահայ խժդժութեանց եւ խորհրդային ուժերու հանդիսատեսի դերին ակնարկելով «Ազդակ» կը գրէր, որ ազերիներու կողմէ հայաթափումի եւ հայերու դէմ հալածանքի քաղաքականութիւնը կը շարունակուէր հետեւողական կերպով, իսկ խորհրդային ուժերը, որոնք շրջան առաքուած էին նման արարքներ զսպելու համար, կը մնային լուռ հանդիսատեսի դիրքին վրայ: Իսկ անոնց «առժամեայ առաքելութիւն»-ը վերածուած էր գրաւումի:
Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի օդակայանէն դէպի Երեւան թռիչք առնող օդանաւերը գեր-խճողուած էին հարկադրաբար. ազերի ուժերը կը ստիպէին, որ իւրաքանչիւր օդանաւի մէջ 50-60 հոգի աւելի տեղ գրաւէր, ինչ որ կը վտանգէր օդանաւին անվտանգ թռիչքը: Օդակայանին մէջ հայերը անմարդկային վերաբերմունքի եւ խժդժութեանց ենթակայ կ՛ըլլային: Իսկ այդ բոլորը տեղի կ՛ունենային խորհրդային ուժերու աչքերուն առջեւ, որովհետեւ այդ ուժերը կը մնային լուռ հանդիսատես:
Գետաշէնի եւ Շահումեանի մէջ, «օղակ» գործողութենէն ետք, սկսած էր ամբողջ Արցախի հայութիւնը տեղահան ընելու գործողութիւն մը, որուն կը տրուէր «բնակավայրերու կամաւոր փոխանակում» անունը: Հազարաւոր հայեր հեռացուած էին իրենց հարազատ օճախներէն. կային մեծաթիւ կորսուածներ: