«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խոջալուի Ազատագրումը Եւ Ազերիական Լայնածիր Յարձակում Արցախի Արեւելեան Սահմանի Երկայնքին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հայաստան` ՄԱԿ-ի Անդամ Հայաստանի անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին, Նիւ Եորք, 2 մարտ 1992 Արցախի ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ հայ ազատամարտիկները մեծ յաղթանակ մը արձանագրեցին 1992-ի փետրուարի վերջաւորութեան: Արդարեւ, 26 փետրուարին հայ ազատամարտիկները հատու հարուած մը տուին Ստեփանակերտի հիւսիսը գտնուող հայկական գիւղերը ահաբեկող աւազաբոյնի մը` Խոջալուի եւ զայն ազատագրեցին երկար ատենէ ի վեր հոն ամրացած ազերիական ուժերէն: Ազերիական այս զօրակայանը...

















