Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Փորձեց Շուքի Մէջ Ձգել Պապին Այցելութիւնը

Յուլիս 1, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

pope-pigeon_10716

Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին կրկին անդրադարձան միջազգային հեղինակաւոր լրատու միջոցներ, ինչպէս նաեւ` թրքական իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր լրատու գործակալութիւններ, կայքեր ու թերթեր: Յստակ է, որ Ֆրանչիսկոս պապը այս քարոզչութենէն հեռու եւ շատ աւելի բարձր հոգեւորական է, որուն արժանիքներն ու պատգամները նշելէ աւելի`  համաշխարհային տեղեկատուական մարզը զբաղեցաւ այլ հաշիւներով, որոնց մէկ կարեւոր մասը` ի նպաստ մեզի: Կը ներկայացնենք քաղուածք մը:

 Ն.

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի հայերէն էջի խմբագիր Բագրատ Էստուկեան հայաստանեան «Թերթ» կայքին ըսաւ, որ  թրքական մամուլին մէջ Հռոմի պապին Հայաստան այցելութիւնը առաջին էջին վրայ չէ հրապարակուած: «Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու լուրը թրքական մամուլին համար շատ աւելի կարեւոր էր, քան` Հռոմի պապին այցելութիւնը, որ շուքի տակ մնաց»: Բագրատ Էստուկեան աւելցուց. «Ինչպէս կը սպասուէր, հակազդեցութիւններ եղան միայն թրքական իշխանութիւններուն, մասնաւորապէս վարչապետի օգնականին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Պապին  այցելութիւնը շատ քիչ, կամ ալ ընդհանրապէս տեղ չգտաւ թրքական մամուլին մէջ, որուն ուշադրութիւնը միայն գրաւեց Հռոմի պապին «ցեղասպանութիւն» բառը շեշտելու պահը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենց աւանդական մերժողականութիւնը դրսեւորեցին: Անոնք մեղադրեցին Հռոմի պապը` ըսելով, որ թող իրենց պատմութեան նայի եւ յիշեցուցին խաչակիրներու արշաւանքներու մասին: Թուրքիոյ իշխանութիւններու այս յայտարարութիւնները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին միջազգային բեմերու վրայ, ատոնք միայն իրենց երկրի ժողովուրդին համար են»:

ՀԱՊԵՐԼԵՐ. «Հռոմի պապին` հայաստանեան ելոյթի ժամանակ «ցեղասպանութիւն» եզրի կրկին օգտագործման պատճառը Սերժ Սարգսեանի ելոյթը եղած է: Պապը Հայաստանէն Վատիկան վերադառնալու ատեն օդանաւին մէջ  լրագրողներու հետ հարցազրոյցին ընթացքին ընդունած է, որ ելոյթի բնագիրին մէջ չէ եղած  ցեղասպանութիւն բառը, աւելցնելով. «Հայաստանի նախագահի ելոյթի շեշտադրումներէն ետք տարօրինակ կ՛ըլլար, որ չօգտագործէի անցեալ տարի իմ օգտագործած բառս», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը, որ նաեւ աւելցուցած է, թէ այն ժամանակ, երբ ինքը Պուէնոս Այրեսի մայր տաճարի հոգեւոր հովիւն  էր, Հայոց ցեղասպանութեան մասին ցեղասպանութիւն եզրէն բացի այլ բառ չէր գիտեր եւ միայն Հռոմ գալէ ետք տեղեկացած է «Մեծ եղեռն» արտայայտութեան մասին»:

ՍՈԶՃԻՒ. «Հռոմի պապը Հայաստանի մէջ ալ ըսաւ «ցեղասպանութիւն»: Կաթոլիկ առաջնորդ Ֆրանչիսկոս շեղեցաւ նախապէս պատրաստուած ելոյթի բնագիրէն, որուն մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը բացակայած է»:

ՍԱՊԱՀ. «Հռոմի պապի խօսքերը խայտառակութիւն էին: Անցեալ տարի Հռոմի պապի ելոյթին պատճառով Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը ետ կանչուած եւ պաշտօնին վերադարձած էր միայն այս տարուան փետրուարին»:

ԿԱՐՏԻԸՆ. «Ֆրանչիսկոս պապը շաբաթավերջին խորհրդանշական այցելութեամբ Երեւան հասնելով` դատապարտեց, իր խօսքով`  գաղափարապէս մշակուած եւ ծրագրուած հայերու «ցեղասպանութիւն»-ը  Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի թուրքերու կողմէ: Եռօրեայ այցելութեան առաւել զգուշաւոր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս իր պատրաստած գրաւոր ուղերձին մէջ բերանացի աւելցուց քաղաքականապէս լիցքաւորուած «ցեղասպանութիւն» բառը, որ ակներեւ  դուրս ձգած էր: Եւ ոչ` փոխանակ պարզապէս կրկնելու այն, որ ըսած էր անցեալ տարի, որ այդ սպանդը կը նկատուի առաջին ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու, Ֆրանչիսկոս յայտարարեց, որ ատիկա ցեղասպանութիւն է` գետին պատրաստելով  այլ բողոքի մը Թուրքիոյ կողմէ, որ իր դեսպանը Վատիկանէն անցեալ տարի տուն կանչած էր եւ պապը մեղադրած` սուտերու տարածման համար:

ՌՈՅԹԸՐԶ. «Վատիկան պատասխանեց Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարին այն յայտարարութեան, թէ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը  «խաչակիրի մտածելակերպ» ունի, երբ ան Հայաստան այցելութեան ատեն 1,5 միլիոն հայերու  կոտորածը ցեղասպանութիւն անուանեց: «Պապը խաչակիր չէ: Ան չի ցանկար պատերազմներ կազմակերպել կամ պատեր շարել, ան կը ցանկայ միայն կամուրջներ կառուցել», յայտարարեց բանբեր Ֆրետերիքօ Լոմպարտի»:

Պի.Պի.Սի. «Ֆրանչիսկոս պապը Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կրկին նկարագրեց իբրեւ ցեղասպանութիւն: Ան անցեալ տարի եւս ըրած էր նման յայտարարութիւն, որ  յառաջացուցած էր թրքական կողմի զայրոյթը»:

ՔՐՈՒՔՍ. «Հռոմի պապը նշեց, որ այդ ողբերգութիւնը` ցեղասպանութիւնը, ցաւօք, գլխաւորեց անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու տխուր ցուցակը: Պապը Հայաստանի մէջ արտասանեց մոգական ցեղասպանութիւն բառը»:

ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ. «Ֆրանչիսկոս պապը անգամ մը  եւս  նաւարկեց  ալեկոծ  աշխարհաքաղաքական ջուրերուն վրայէն, Հայաստան իր առաջին այցելութեան ընթացքին, երբ ան չգրուած նշում մը ըրաւ` Ա.  Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն 1,5 միլիոն հայերու օսմանեան թուրքերու կողմէ կոտորածը իբրեւ  ցեղասպանութիւն անուանելով: Պապին խօսքին բնագիրին մէջ չէր ներառուած  քաղաքականապէս վիճելի բառը, որ ընդհանրապէս  բուռն, զայրացկոտ արձագանգը կը հրահրէ Թուրքիոյ: Փոխարէնը, բովանդակութեան մէջ ընտրուած էր աւելի քողարկուած հայկական արտայայտութիւնը` «Մեծ  եղեռն», որ կը թարգմանուի իբրեւ «մեծ չարիք»: Բայց պահելով համարձակ խօսքի իր հակումը` պապը  ուրբաթ օր ըսաւ, որ «ողբերգութիւնը» եղած է «ցեղասպանութիւն»: Պապին խօսքերուն յոտնկայս ծափահարութիւններով արձագանգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, բարձրաստիճան  պաշտօնատարները եւ դիւանագէտները, որոնք հաւաքուած էին նախագահական պալատին մէջ (Երեւան):

ՏԷՕՉԷ ՎԵԼԼ. «Ֆրանչիսկոսը Հռոմի երկրորդ պապն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան` աշխարհի ամէնէն հին քրիստոնեայ երկիր: Հռոմի պապը չվախցաւ շարժելու Անգարայի զայրոյթը: Պապը հաստատեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ջարդերու մասին անցեալ տարի յայտնած իր դիրքորոշումը եւ կրկին դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը: Պապը որոշեց աւելցնել այդ բառը իր խօսքին մէջ` հակառակ  Անգարայի բողոքին: Ատով պապը անտեսեց «սպառնալիքները» Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի, ով 2015-ի ապրիլին յարգարժան պապին սպառնալից ըսած էր, թէ ինք յոյս ունի, որ «նման սխալներ այլեւս երբեք չեն կրկնուիր»:

ՏԱՅ ՍԱԼԶՊՈՒՐԿՐ ՆԱՉՐԻՉՏԵՆ. «Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի տօնականօրէն զարդարուած գեղեցիկ կեդրոնին մէջ` իր շուրջը հաւաքելով Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն ու այլ երկիրներէն ժամանած բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ պարզապէս զբօսաշրջիկներ, որոնց բախտ վիճակուած էր այդ օրերուն գտնուելու Հայաստան»:

ՊԻԼՏ.Տէ. «Պապը միշտ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան տեսանկիւնէն կը խօսի: Պապին ուղերձը միայն խաղաղասիրական բնոյթ կը կրէ եւ կողմերուն հաշտութեան կոչ կ՛ընէ», կը մէջբերէ կայքը Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի խօսքերը»:

ՏԷՕՉԼԱՆՏՖՈՒՆԿ. «Այցելութիւնը Վատիկանի համար դիւանագիտական վտանգաւոր քայլ է, որովհետեւ  պապը կը ծրագրէ սեպտեմբերին այցելել Հայաստանի հետ թշնամական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող իսլամ Ազրպէյճան, այնուհետեւ` Վրաստան»:

ՏՈՄՐԱՏԻՕ.ՏԷ. «Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն եւ խաղաղութեան աղօթք: Պապին  հայաստանեան այցելութիւնը աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ միացեալ յայտարարութեան ստորագրումով եւ Խոր Վիրապ վանքին մէջ առ Աստուած աղօթք հնչեցնելով»:

 ՏԱՅ ԶԷՅԹ. «Բոլորը լարուած կը սպասէին, թէ Հռոմի պապը հայերուն հալածանքներուն անդրադառնալու ատեն ի՞նչ բառ կ՛օգտագործէ: Ան օգտագործեց ցեղասպանութիւն բառը եւ միաժամանակ հայ-թրքական հաշտեցման կոչ ըրաւ»:

ԹԱԿԵՇՓԻԿԸԼ. «Մինչեւ վերջին պահը պարզ չէր` պապը կ՛արտասանէ՞ ցեղասպանութիւն բառը, թէ՞ ոչ: Անոր ելոյթի բնագիրին մէջ բառը կը բացակայէր, բայց պապը իր այցելութեան առաջին օրը ըսաւ այդ բառը եւ աշխարհը զգուշացուց երբեք չմոռնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գիւմրիի մէջ պապին մատուցած պատարագը յատկապէս մեծ իրադարձութիւն էր Հայաստանի հաւատացեալներուն համար: Պապը իր աղօթքին մէջ յիշատակեց 1988-ի քանդիչ երկրաշարժը եւ քաղաքը, որ վերակենդանացած է»:

ՏԷՕՉԼԱՏՖՈՒՆՔ. «Ֆրանչիսկոս պապին այցելութիւնը  առանձնացուց քրիստոնէութեան դերը հայոց ինքնութեան համար: Պապին այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ խաղաղութեան այցելութիւն էր: Ան ոչ մէկ բառ ըսաւ, միայն աղօթեց: Մեծ եղեռնի մասին իր կարծիքը ան յայտնած էր ատոր նախօրէին` յիշատակելով մեծաքանակ զոհերու մասին»:

ՖՈՔՈՒՍ.ՏԷ. «Հռոմի պապը իր այցելութեան հիմնական նպատակներէն կը համարէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու հաշտեցման հոլովոյթներուն աջակցիլը եւ կը ներկայանայ իբրեւ խաղաղութեան պատգամաբեր` հաշտեցման բոլոր ջանքերուն աջակցելու ցանկութեամբ»:

ՇՓԻԿԼ. «Հռոմի պապին` «ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելը կնայ վէճի առիթ տալ Թուրքիոյ հետ: Ֆրանչիսկոս պապը Երեւան այցելութեան ժամանակ հայերու հալածանքները ցեղասպանութիւն բառով նկարագրեց»:

ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ. «Հայաստան այցելութեան վերջին օրը Հռոմի պապը յատկապէս կեդրոնացաւ կրօնական բնոյթի ձեռնարկներու վրայ: Պապը Սուրբ Էջմիածինի մէջ մասնակցեցաւ բացօթեայ պատարագին: Յատուկ այս պատարագին ներկայ ըլլալու համար բազմաթիւ հայեր, անտեսելով տաք եղանակը, հաւաքուած  էին` իրենց ձեռքերուն մէջ աղաւնիներ բռնած: Ոմանք եկած էին արտերկրէն: Պապը այցելեց հայ-թրքական փակ սահմանին մօտ գտնուող Խոր Վիրապ վանքն ու ատոր  մօտ խաղաղութեան աղաւնի արձակեց»:

ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ. Թերթին կայքը ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով անդրադարձած է պապին Հայաստան այցելութեան` յիշեցնելով. «Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստանի մէջ, շեղելով նախապէս պատրաստուած բնագիրէն, արտասանեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ հայերը անուանեց «20-րդ դարուն մէջ առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը»: Պապը նաեւ այցելեց Խոր Վիրապ վանքը, որ  Հայաստանի ամենասրբազան վայրերէն մէկն է եւ կը գտնուի հայ-թրքական փակ սահմանին մօտ»:

ՊՈՍԹՈՆՀԵՐԸԼՏ.ՔՈՄ. «Պապական այցելութեան վերջին` երրորդ օրը,  Ֆրանչիսկոս կ՛այցելէ հայ-թրքական փակ սահման` տեսնելու Խոր Վիրապը, ուր սահմանին մօտ պապը ի նշան խաղաղութեան աղաւնի կ՛արձակէ: Կաթոլիկներու  առաջնորդը ցանկութիւն յայտնած է հայ-թրքական սահմանը վերաբացուած տեսնել: Պապը երկու երկիրներուն  կոչ ըրած է  իրենց առջեւ պատերու փոխարէն` կամուրջներ կառուցելու»:

ՔՈԼՈՆԻՍՏ. «Ֆրանչիսկոս պապը աղաւնի կ՛արձակէ  հայ-թրքական սահմանին մօտ կառուցուած Խոր Վիրապ վանքին մօտ, որ Հայաստանի ամէնէն սրբազան վայրերէն մէկն է եւ կը գտնուի Արարատ լերան մօտ, ուր, ըստ առասպելի, ջրհեղեղէն ետք հանգրուանած է Նոյան տապանը»:

Էյ.Պի.Սի. «Ֆրանչիսկոս պապը Երեւանի մէջ այցելելով Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` պնդած է, որ յիշողութիւնը կարելի չէ պղտորել: Այս այցելութիւնը վստահաբար լարուածութիւն պիտի հրահրէ Թուրքիոյ հետ: Ֆրանչիսկոս պապը, ընկերակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ծաղկեպսակ զետեղեց եւ աղօթեց Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր 12 հսկայ սիւները կը ներկայացնեն այն նահանգները, ուր, ըստ հայերուն, օսմանեան ուժերը սպաննած են 1,5 միլիոն հայեր, 1915-1917 թուականներուն:

Էն.Փի.Ար. «Պապը կ՛այցելէ Հայաստան, շրջան մը, որ սիրելի է իրեն, եւ երեք օր կը մնայ փոքր երկրի մը մէջ, որուն աշխարհագրութիւնը զայն վերածած է հզօր կայսրութիւններու կողմէ նուաճման երկրի մը, եւ որուն ժողովուրդը մեծապէս տուժած է  իր քրիստոնէական կրօնին համար: Պապը իր ծննդավայր Արժանթինի մէջ սերտ յարաբերութիւններ ունէր հայկական գաղութին հետ, որուն անդամները խոյս տուած էին կոտորածներէ եւ ջարդերէ: Անցեալ տարի Ֆրանչիսկոս հայերու օսմանեան կոտորածներու հարիւրամեակը հանդիսաւոր արարողութեամբ մը նշեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ուր արձագանգեցին հայկական պատարագի, ծիսակատարութեան սգոյ հնչիւնները: «Չարիքը ծածկելը կամ ուրանալը կը նմանի վէրքը առանց դարմանելու ձգելուն: Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ձեր դէմն էր, հա՛յ ժողովուրդ», ըսած էր Ֆրանչիսկոս պապը»:

ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՌՆԸԼ. «Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ հաշտուելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ: … Պապը կ՛այցելէ սահմանամերձ վանք, աղաւնիներ կ՛արձակէ խաղաղութեան կոչով, սակայն Անգարայի զայրոյթը կը հրահրէ 1915-ի սպանութիւնները ցեղասպանութիւն անուանելու համար: Պապը 1915-ի զանգուածային սպանութիւնները նկարագրելու համար նոյն բառը կ՛օգտագործէ, որուն պատճառով անցեալ տարի Թուրքիոյ հետ ճեղք յառաջացած էր:

ԺԱԶԻՐԱ. «Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս, իր իսկ բնորոշումով, աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկրին` Հայաստանի մէջ կոչ ըրաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, մէկ կողմ դնելու տարակարծութիւնները եւ ջանքեր գործադրելու խաղաղութեան հասնելու համար:  «Թող Աստուած օրհնէ ձեր ապագան եւ  Հայաստանի ու Թուրքիոյ ժողովուրդները հաշտութեան ուղիին վրայ կանգնեցնէ: Եւ թող խաղաղութիւն հաստատուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ  պապը: Դիմելով երիտասարդ սերունդին` ան ըսաւ. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը  պատկանի. ձեր մեծերու իմաստութիւնը ամբարելով` խաղաղարարներ դառնալու կարելիութիւնը կ՛ունենաք, ոչ թէ սթաթիւս-քուոներու նօտարներ, այլ` հանդիպման եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ»: Հռոմի սրբազան քահանայապետին այս խօսքերէն ետք բոլոր հաւաքուածները բարձր ծափահարեցին: Նախապէս պապը ի լուր աշխարհին յայտարարած է, որ հայերը 20-րդ դարուն մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած առաջին ժողովուրդն են»:

ԱՍՈՇԻԷՅԹՏ ՓՐԵՍ. «Հայաստան այցելութեան ընթացքին պապը դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ  հայերու ծրագրուած կոտորածները, որոնք ցեղասպանութիւն անուանեց: Պապը յանպատրաստից ցեղասպանութիւն բառը ըսաւ` ատիկա աւելցնելով նախապէս պատրաստուած բնագիրին: Պապը, որ երբեք չ՛ամչնար իր կարծիքը արտայայտելէ, նախագահական պալատին մէջ  խօսք առնելով,  վերջին պահուն աւելցուց այդ բառը` դիմելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին, քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ` դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց անդամներուն: Անոնք պապին պատասխանեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով»:

Հռոմի պապի Հայաստան այցելութիւնը  իւրայատուկ նշանակութիւն ունի պատերազմէն փախած սուրիահայերու համար: Խաղաղութեան մասին խօսքերը կարեւոր են 35-ամեայ Անժելա Աղեմեանի եւ անոր երեք երեխաներուն համար: «Մեզի համար խաղաղութիւնը ամէնէն կարեւոր բանն է: Մեր ընտանիքին մէջ տիրող խաղաղութիւնը կորսուած է», ըսաւ Անժելան: «Իսլամական պետութեան» զինեալները Անժելայի ամուսինը սպաննած են այն բանին համար, որ չէ հրաժարած քրիստոնէական հաւատքէն: Երեք երեխաներու մայրը մտադիր չէ Սուրիա վերադառնալ` հակառակ Հալէպի մէջ տուն ունենալուն, նաեւ ծնողները մինչեւ հիմա Հալէպ կ՛ապրին: Հայաստան բազմաթիւ տնտեսական մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է, բայց սուրիացի ներգաղթեալները կը վստահեցնեն, որ ամէնէն շատը կը գնահատեն այն ջերմ ընդունելութիւնը, որուն արժանացած են: Հակառակ երկրին մէջ տիրող գործազրկութեան բարձր մակարդակին` Սուրիան լքած հայերը կրցած են աշխատանք գտնել` իբրեւ բժիշկ, ոսկերիչ, ինքնաշարժ նորոգող, խոհարար: Անժելան կ՛ըսէ` կարկանդակներ կը պատրաստէ եւ շատ ապահով կը զգայ Հայաստանի մէջ:

 

Նախորդը

Թուրքին Բարեւը

Յաջորդը

«Ճարտարապետութիւնը Քարէ Համանուագ Է»

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?