«Ռազմիկ Դաւոյեանն Ու Իր Նմանները Չեն Հանգիր. Չեն Վերջանար». Մկրտիչ Մկրտիչեան
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան հետեւեալ յիշատակի խօսքը յղեց մեծանուն գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանի մահուան առիթով: Հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին խօսքը կարդաց ՀՅԴ-ի անդամ Արտաշէս Շահբազեան: Իննսունական թուականներու սկիզբը, հայրենիքի պետական անկախութիւնը հազիւ հռչակուած, խումբ մը մտաւորականներ Երեւանի մէջ դիմաւորեցին Համազգայինը. անոնք փաստօրէն դարձան Հայաստանի Համազգայինի մէջ առաջին վարչականները: Անոնցմէ էին Սօս Սարգսեանը,...




















