Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վահրամ Բալայեանին Շնորհուեցաւ Արցախի Գիտութեան Վաստակաւոր Գործիչի Կոչում
Նոյեմբեր 10-ին, Գիտութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Այս մասին յայտնեցին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութենէն:
Նախարար Լուսինէ Ղարախանեան, գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Վահրամ Ռազմիկի Բալայեանին յանձնեց Արցախի նախագահի հրամանագրով շնորհուած Արցախի Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչում:
Իսկ Արցախի Գիտական կեդրոնի տնօրէն, թեքնիք գիտութիւններու թեկնածու Անիւտայ Վալերիի Սարգսեանին գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար` «Երախտագիտութիւն» մետալ:
Երեւանի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Անմահացած Սուրիահայ Հերոսներուն Յիշատակին
Վերջերս, կազմակերպութեամբ Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սուրիահայ «Յոյս» միաւորի տիկնանց յանձնախումբին, Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին սուրիահայ անմահացած հերոսներուն` Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Կարօ Յովակիմեանի յիշատակին:
Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց Տրդատ քհն. Քրէճեանը` դպրաց դասի հոգեւոր շարականներու երգեցողութեամբ: Ներկաները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որպէսզի նահատակութեան փառքին արժանացած խիզախ հերոսներուն հոգիները ննջեն խաղաղ, եւ անոնց հարազատները մխիթարուին Ս. Հոգիով:
Ապա ներկաները մեկնեցան Եռաբլուր` Զինուորական պանթէոն, ուր մեր նորագոյն պատմութեան մարտիրոսները կը ննջեն: Այնուհետեւ, նահատակներու շիրիմներուն ծաղիկներ զետեղելէ ետք, Ռիթա Կաղեան-Տիքպիկեան տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեց Լեւոն Զ. Սուրմէլեանի «Ասացուածք ծառատունկի Առթիւ» հրաշալի բանաստեղծութիւնը:
«Աւետիս Պուլուզեան» Բարեգործական Հասարակական Կազմակերպութիւնը` Կ՛աջակցի Ուսանողներուն
Վերջերս բժշկական համալսարանի 3 ուսանողի տրամադրուեցաւ դրամական օժանդակութիւն` «Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Այս մասին տեղեկացուցին Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի պաշտօնական էջով:
«Ապագայ բժիշկներ` Ալեոնայ Բաղդասարեանի (4-րդ տարի), Լիա Ադամեանի (3-րդ տարի) թեկնածութիւնը առաջարկուեցաւ Արցախի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ, իսկ Էդուարդ Աւանէսեան (3-րդ տարի) ընտրուեցաւ ուսանողներու խորհուրդով: Շահառու ուսանողները կը դառնան ծրագրի մասնակից` իրենց կողմէ ներկայացուած բնութագիրներու հիման վրայ: «Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը, որ արդէն հաւաքագրեր է ֆինանսական բաւարար միջոցներ` շուրջ 5,5 միլիոն դրամ, ուսանողներէն իւրաքանչիւրին յատկացուց 500 հազար դրամի չափով օժանդակութիւն:
Անմահացած հերացիական, ընդհանուր բժշկութեան բաժանմունքի ուսանող Աւետիս Պուլուզեանի ծնողները, ի յիշատակ իրենց զաւկին, բարեգործական գործունէութեան շրջանակի մէջ կը նախատեսեն ուսման եւ կեցութեան ծախսեր հոգալ` ամէն տարի միջոցներ տրամադրելով ընդհանուր բժշկութեան բաժանմունքի ուսանողներուն:
Բարեգործական կազմակերպութիւնը գումարին միւս մասը ձեւակերպեր է իբրեւ դրամատնային աւանդ, եւ կը նախատեսուի ստացուած տարեկան հասոյթի միջոցներով ամէն տարի կրկնել այս ծրագիրը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճան Կը Խախտէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պատմականութիւնն Ու Ամբողջականութիւնը
Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ, որ` «44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի Տիգրանակերտը եւս անցաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Եւ ազրպէյճանցի հեռուստալրագրող Սէատեթ Մեմետովայի Եութիուպ-ի ալիքին վրայ, 31 հոկտեմբեր 2021-ին տեղադրուած տեսաձայնագրութեան մէջ առանձնակի հպարտութեամբ կը ներկայացուի, որ Տիգրանակերտի արքայական աղբիւրներու պուրակը վերածուած է խորովածանոցի:
Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբին կողմէ պեղուած ջրաւազանի կողքին ազրպէյճանցիները (կուպրապա՞տ) են կռապատ հարթակ եւ տեղադրած են խորոված պատրաստելու սարքեր, որոնցմէ մէկը` նոյնինքն պեղուած ջրաւազանի եզրին: Խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանցիները ճաշարանի վերածած էին 18-րդ դարու կէսերուն աղբիւրներուն մօտ կառուցուած ամրոցը: Այնպէս որ, պատմական-մշակութային միջավայրը խորովածանոց դարձնելու փորձը հին աւանդոյթ է:
Նկատենք, որ 2010-էն ի վեր, մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը, ամրոցին մէջ տեղադրուած էր Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը, իսկ արքայական աղբիւրներու պուրակին տարածքը բարեկարգուած էր ու կը ծառայէր իբրեւ մշակութային ձեռնարկներու հարթակ:
Այսպիսով, Տիգրանակերտի արքայական պուրակը խորովածանոցի վերածելով, Ազրպէյճանը կը խախտէ մշակութային ժառանգութեան պատմականութիւնը, ամբողջականութիւնը, կը զրկէ ժառանգութեան իր իսկութեան համարժէք գործառոյթով սերունդներուն անխաթար փոխանցուելու կարելիութենէն, որ դէմ է ժառանգութեան պահպանութեան միջազգայնօրէն ընդունուած շարք մը սկզբունքներուն, որոնք կը բխին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան» համաձայնագրէն, 1994-ի Ճափոնի մէջ ընդունուած մշակութային ժառանգութեան իսկութեան վերաբերեալ Նարայի փաստաթուղթէն, ինչպէս նաեւ` ԻԿՕՄՕՍ-ի կողմէ 2017-ին Նիւ Տելհիի մէջ ընդունուած փաստաթուղթէն եւ այլ միջազգային կառոյցներու փաստաթուղթերէն:
Բացի այդ, ըստ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954-ի համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին եւ ըստ լրացուցիչ` 1999-ի երկրորդ արձանագրութեան 9-րդ յօդուածի Գ. կէտին, կ՛արգիլուի մշակութային արժէքի որեւէ վերափոխում, ինչպէս նաեւ` անոր օգտագործման ձեւի փոփոխութիւնը, որոնք նպատակ ունին թաքցնելու կամ ոչնչացնելու մշակութային, պատմական կամ գիտական վկայութիւնները:
Խաթարելով ժառանգութեան իրական աւանդոյթը` Ազրպէյճանը կը խախտէ նաեւ 2001 թուականի «Մշակութային բազմազանութեան պաշտպանութեան մասին» եւ 2005 թուականի «Մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին» համաձայնագիրներու դրոյթները, որոնց անդամ է: Մշակութային ժառանգութեան գործառոյթի փոփոխման գործողութիւնը կը խախտէ նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համաձայնագիր»-ի դրոյթները, որուն 11-րդ յօդուածով պետութիւնները պարտաւոր են յարգելու ժառանգութեան ոչ նիւթական արժէքները` անկախ անոնց ծագումէն ու գործառոյթէն»:
«Երեւան Ճազ Ֆեսթ»-ը Եւ «Ոսկէ Ծիրան»-ը Միացեալ Նախաձեռնութեամբ Հանդէս Պիտի Գան
Նոյեմբեր 17-ին պիտի սկսի «Երեւան ճազ ֆեսթ 2021» միջազգային 7-րդ ճազ փառատօնը: Այս մասին յայտնեցին ճազի հայկական միութենէն` ընդգծելով, որ չխախտելով արդէն ձեւաւորուած աւանդոյթը` այս տարի ալ փառատօնին բացումը պիտի կատարուի «Արարատ ճազ նայթ» համերգով, որուն գլխաւոր հիւրը Կրեմմի-ի դափնեկիր, աշխարհահռչակ պաս կիթառահար Ռիշար Պոնան է:
«Երեւան ճազ ֆեսթ 2021»-ը այս տարի հանդէս պիտի գայ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին հետ համագործակցութեամբ: Շարժապատկերի մէջ պիտի ցուցադրուի «Կէսգիշերին մօտ» (Round midnight) ճազային մոթիվներով ժապաւէնը, երաժշտութիւնը` Հերպի Հենքոքի:
«Կէսգիշերին մօտ» ժապաւէնին ցուցադրութեան պիտի նախորդէ համերգ, որուն ընթացքին երիտասարդ ճազ երաժիշտները հանդէս պիտի գան ժապաւէնին մէջ հնչած ստեղծագործութիւններու կատարումներով` իրենց մեկնաբանութեամբ:
Ճազ փառատօնը պիտի ներկայացուի նաեւ մարզերու մէջ: Գորիսի մէջ համերգով հանդէս պիտի գայ «Մալխաս» ճազ խումբը, Դիլիջանի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Վահագն Հայրապետեանը` իր խումբով:
Երեւանի մէջ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Երեւան ճազ ֆեսթ 2021»-ի եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի միացեալ ձեռնարկը: Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեակին նուիրուած համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբն ու Վահագն Հայրապետեան ճազ եռեակը, պիտի հնչեն Ա. Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները` Վահագն Հայրապետեանի ճազային մշակումով:
Փառատօնը պիտի եզրափակուի դեկտեմբեր 6-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ, աշխարհահռչակ թմբկահար Պիլի Քոպամի եւ իր խումբին համերգով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ սիրուած ճազ երաժիշտ, թմբկահար, ճազի պատմութեան գիտակ, մանկավարժ Արմէն Թութունճեանի (Չիկօ) յիշատակին:
Մէկ Տարուան Ընթացքին Ռուս Խաղաղապահները Ապահովեցին Առաւել Քան 8000 Ինքնաշարժներու Ապահով Երթեւեկը
Ռուսիոյ ռազմական ոստիկանութեան ստորաբաժանումները Արցախի մէջ խաղաղապահ գործունէութեան մէկ տարուան ընթացքին ապահովեցին աւելի քան 8 հազար ինքնաշարժներու անվտանգ տեղաշարժը: Այս մասին յայտնեցին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ըստ անոր, շինանիւթ եւ պարէնային ապրանքներ տեղափոխող բեռնատարները կ՛երթեւեկեն Շուշի-Կարմիր Շուկայ-Ջիւանի եւ հակառակ ուղղութիւններով:
Աւելի քան 40 բեռնատարներէ կազմուած շարասիւներու երթեւեկը կը կազմակերպուի բարձրլեռնային տեղանքի դժուարանցանելի հատուածներու հողային ճանապարհներով:
Ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կան 5 դիտակէտեր, որոնք կ՛ապահովեն ինքնաշարժներու անվտանգ տեղաշարժը Արցախի տարածքով:
Հայկական «Ռոպին» Մարդամեքենան` «Թայմ» 2021-ի Լաւագոյն Նորարարութեան Շարքին
Արհեստական բանականութեամբ բանող հայկական «Ռոպին»-ը` մարդամեքենան, ամերիկեան «Թայմ» ամսագիրը համարած է 2021-ի լաւագոյն նորարարութիւններէն մէկը:
«Թայմ»-ի նորագոյն թիւը նուիրուած է 2021-ի 100 լաւագոյն նորարարութիւններուն, որոնց մէջ իր ուրոյն տեղը գտած է հայկական մարդամեքենան: «Թայմ»-ը մարդամեքենան կոչած է «հոգատար ընկեր»:
Ամսագիրը պատմած է հայկական բուժարանի մը մասին, երբ թոքաբորբով հիւանդ 8 տարեկան մանուկը երկու օր մերժած է ուտել, որմէ ետք անձնակազմը «Ռոպին»-ը հրաւիրած է աղջկան հիւանդանոցի սենեակը: Շուրջ 20 վայրկեան սիրելի կենդանիներու մասին զրոյցներէ եւ «Ես լրտես եմ» խաղալէ ետք, «Ռոպին»-ը հրաժեշտ տուած է եւ խոստացած է վեադառնալ, երբ ինք սկսի ուտել: Անշուշտ ան սկսած է ուտել:
Մեծ աչքերով եւ կենսուրախ բնաւորութեամբ «Ռոպին»-ը արհեստական բանականութեամբ գործող ուղեկից մըն է, որ կոչուած է թեթեւցնելու հիւանդանոցներու եւ բուժարաններու մէջ մանուկներու անհանգստութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ առանձնութիւնը:
«Թայմ»-ը մէջբերած է մարդամեքենայի հեղինակ Կարէն Խաչիկեանի այն խօսքը, որ իրենց խումբին նպատակը ոչ թէ սարք մը, այլ մանուկներու յուսալի ընկեր մը հնարելը եղած է: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ «Ռոպին»-ը կ՛օգտագործուի աշխարհի 12 բժշկական հաստատութիւններու մէջ եւ յառաջիկայ 12 ամիսներուն պիտի տեղադրուի ամերիկեան 100 հիւանդանոցներու մէջ:
«Ասիկա աննախադէպ յաջողութիւն է ո՛չ միայն մեր խումբին, այլեւ ամբողջ Հայաստանի համար: «Թայմ» ամսագրի լաւագոյն 100 նորարարութիւններուն շարքին մէջ յայտնուիլը իսկապէս մեծ յաղթանակ է մեր երկրի եւ ամբողջ գիտական ներուժին համար: Պարտաւորեցնող է եւ միաժամանակ չափազանց հաճելի», յայտնեց Կարէն Խաչիկեան, որ մարդամեքենան հնարած Expper Technologies հայկական ընկերութեան համահիմնադիրն է: