Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հրատարակուած Բարսեղ Կանաչեանի Երաժշտական Երկերու Շնորհահանդէս՝ Երեւանի Մէջ

October 5, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» երկհատորեակին շնորհահանդէսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին եւ Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկին միատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական երկերուն շքեղ հրատարակութեան լոյս ընծայումով եւ նոյն տարուան՝ 19   Դեկտեմբեր 2019-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ շնորհահանդէսի իրականացումով, Կանաչեանական հայ երգը նոր աշխուժութեամբ վերսկսաւ, հասնելու քաղաքամայր Երեւան, ուր փաստօրէն Կանաչեանի «Հայրենիք դարձը» յաջողութեամբ ձեռնարկուեցաւ սոյն հատորներուն ներկայացումով:

Այսպէս, Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կանաչեանի արուեստը վերարժեւորող յատուկ ձեռնարկ մը սկիզբ առաւ՝ գեղարուեստական վայելչութեամբ եւ Կանաչեանական մատուցումով մը: Նախ, «Բարսեղ Կանաչեան»ի անուան արուեստի դպրոցի սաները ելոյթ ունեցան հետեւեալ հերթականութեամբ՝ Շահէ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ անոնք երգեցին մանկական երգչախումբի համար մշակուած «Ճախարակ»ը եւ «Մենք կը սիրենք»ը, դաշնամուրի վրայ՝ Տիգրան Մեսրոպեան: Յետոյ, շնորհալի երգեցողութեամբ հնչեց «Օրօր»ը, մեներգուած՝ Արծուիկ Դեմուրչեանի կողմէ, դաշնամուր՝ Արգինա Յարութիւնեան: Ի վերջոյ, նոյն դպրոցէն Նարինէ Թովմասեանի սաներ երգեցին «Խաղաղ գիշեր» եւ մեներգուեցաւ «Ծով աչեր»ը:

Երեկոյի երկրորդ բաժինը վերլուծական ներկայացումն էր, ուր բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ «Կոմիտաս»ի անուան նոյն կեդրոնի գիտական բաժինի վարիչը՝ Տաթեւիկ Շախկուլեանը, որ հաղորդական ու մասնագիտաբար ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանը՝ երաժշտական կենսագրութիւնը, անցած ճանապարհը, վաստակը, եւ լայնօրէն համեմատելով Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան ու գործունէութեան հետ, ընդգծելով Կանաչեան մեծանուն երաժիշտին առանձնայտուկ գիծերը եւ որուն երազը՝ հայրենիք վերադարձը հոգեւորապէս իրականութիւն դարձաւ սոյն հատորներու լոյս ընծայումով եւ հայրենի երաժիշտներուն տրամադրումով: Աւարտին, տիկին Շախկուլեան գործնապէս Կանաչեանի երաժշտութիւնը ճաշակել տալու նպատակով, իր եւ տիար Քէշիշեանի ցուցմունքներով, ներկաները միասնաբար երգեցին «Սիրերգ»ը:

Կանաչեանական երեկոյթի աւարտին երախտագիտական խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որուն օրհնութեամբ ժողովածուն հրատարակուեցաւ, նաեւ շնորհակալութիւնը՝ երկհատորեակը պատրաստող մասնագէտներուն` Պետրոս Ալահայտոյեանին եւ դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանին, մեկենասին, Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի տնօրէնութեան, յանձինս Նիկոլա Կոստանդեանին, մասնակիցներուն եւ շնորհահանդէսի ներկաներուն:

Աւարտին, երաժշտական հիմնարկներու եւ գրադարաններու ներկայացուցիչները Բարսեղ Կանաչեանի հատորներէն ստացան, ձեռամբ Շահան սրբազանին:

 

Նախորդը

Կռփամարտ. Տեղի Ունեցաւ Մեխակ Ղազարեանի Անուան Մրցաշարքը

Յաջորդը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.