Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Օգնութեան Միութեան Մարդասիրական Ծրագիրները` Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 1, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ազգովին կը նշենք Ազրպէյճանի վարչակարգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմական գործողութիւններու առաջին տարելիցը: Ինչպէս միշտ, այսօր ե՛ւս յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան մարտնչած մեր բոլո՛ր հայ զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն կողքին ենք: Ինչպէս նաեւ կողքին ենք բոլոր անոնց, որոնք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով կորսնցուցին իրենց սիրելի զաւակը, հայրը, ամուսինը, զոհաբերեցին իրենց առողջութիւնը, լքեցին իրենց պապենական տունն ու հողը եւ տակաւին կը դիմագրաւեն պատերազմի պատճառով իրենց առաջ դրուած բազմազան խոչընդոտներ: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն: Աւելի ե՛ւս կը շարունակենք սատարել մեր սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին ազգովին ապրեցանք մեծ վիշտ, ցաւ ու կորուստներ, որոնք այսօր եւս զգալի են, երբ համայն հայութեան գոյութեան սպառնացող դարաւոր թշնամիին հետ նոր համաձայնագիրներ ստորագրելու փորձերը կը շարունակուին:

Կառչած մնալով Հայ օգնութեան միութեան առաքելութեան եւ յատկապէս անոր գործունէութեան` «Յատուկ յատկացումներ կատարել` սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթելու պատերազմներու, համաճարակներու եւ  բնական աղէտներու ժամանակ եւ օգնել հաշմանդամներու, հիւանդներու, կարօտեալներու, ռազմագերիներու եւ տեղահանուածներու» կէտին, 27 սեպտեմբեր 2020-ին սկիզբ առած Արցախի պատերազմի առաջին իսկ օրէն ՀՕՄ-ը  իր ամբողջ ներուժը օգտագործեց, որպէսզի անմիջական օժանդակութեան աշխատանքները ի գործ դնելով` ձեռք երկարէ վիրաւոր Արցախին ու մեր հայրենակիցներուն:

ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր իրագործած ծրագիրները զանազան ոլորտներու մէջ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին կու գան փաստելու ՀՕՄ-ի հաւատքն ու սէրը հայրենիքի բարօրութեան նկատմամբ: Այսօր կը գտնուինք տխուր իրականութեան դէմ յանդիման, սակայն հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն` ՀՕՄ-ի աշխատանքը յամառօրէն կը  շարունակուի Արցախի մէջ: 44-օրեայ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդած ամիսներուն ՀՕՄ-ը շարունակեց թիկունք կանգնիլ հայ զինուորին, ազատամարտիկին, մանուկին, ընտանիքին եւ բոլոր կարօտեալներուն, որոնք ակնթարթի մը մէջ տեղահան եղան եւ կարօտ մնացին իրենց հայրենեաց տան:

Կեդրոնական վարչութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւններուն եւ մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ի միաւորներուն ու համակիրներուն ճիգերով կարելի եղաւ օժանդակութիւն տրամադրել հազարաւոր կարօտեալներու: Վերջին ժամանակաշրջանին իրագործուած ծրագիրներուն կողքին, այսօր Կեդրոնական վարչութիւնը կը մշակէ նոր ծրագիր` օժանդակելու համար հայ գերիներու եւ անհետ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 27 սեպտեմբեր 2020-էն սկսեալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի կողմէ իրագործուած մարդասիրական աշխատանքներու պատկերը.

– ՀՕՄ-ի Քանատայի, Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերու, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Յունաստանի հայ համայնքներուն եւ ՀՕՄ-ի միաւորներուն գործակցութեամբ, դէպի Հայաստան եւ Արցախ ուղարկուեցան ընդհանուր 3.297.500 տոլարի արժողութեամբ բեռներ, որոնք բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ եւ Արցախի քաղաքներու մէջ ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն: Բեռները կը պարունակէին` դեղորայք, վերարկուներ, հագուստներ, կօշիկներ, անկողինի պարագաներ, բժշկական իրեր, քնապարկեր, ուսապարկեր, մանկական ուտելիք, կաթ, սայլակներ, քայլակներ, սննդեղէն եւ այլ:

– ՀՕՄ-ի տարեկան «Ամանոր» ծրագիրը ընդլայնելով` Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուաւ յառաջացնելու «Յատուկ Ամանոր» ծրագիրը, ըստ որուն, 4034 մանուկներ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստացան նուէրներ, գրենական պիտոյքներ, դաստիարակչական խաղեր եւ բաճկոններ:

– Ի մտի ունենալով արցախահայ ընտանիքներուն զանազան պէտքերը` ՀՕՄ-ը յաջողութեամբ իրականացուց «Թիկունք կանգնինք արցախահայ ընտանիքին» բարեսիրական ծրագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընդհանուրը հազար ընտանիքներու իւրաքանչիւրին տրամադրուեցաւ 1000-ական տոլար` չորս ամսուան ընթացքին (ամսական 250 տոլար): Ընդհանուր 1 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուեցաւ այս ծրագիրին:

– Պատերազմի սկզբնական շրջանին, երբ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու պաշտօնեաները իրենց քաղաքներէն հեռացած ու ապաստան գտած էին Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ, ՀՕՄ-ի կողմէ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի յատկացուեցաւ նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի նոյնիսկ մասամբ կարելի ըլլայ հոգալ անոնց առօրեայ ծախսերը: Ընդհանուր 24.596 տոլար տրամադրուեցաւ պաշտօնէութեան օժանդակելու նպատակով:

– ՀՕՄ-ը կ՛աշխատի նաեւ Երեւանի «Հերացի թիւ 1» հիւանդանոցի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին օժանդակութիւն տրամադրելու գծով, որպէսզի յատուկ մասնագիտական ժամանակակից սարքեր տրամադրուին վիրաւոր զինուորներուն` անհրաժեշտ բուժման համար: Ցարդ ՀՕՄ-ի միաւորներուն յատուկ աշխատանքով եւ ՀՕՄ-ի նիւթական աջակցութեամբ, կեդրոնը օժտուած է anesthesia machine, orthopedic surgical table, arthrex arthroscopy tower եւ արհեստական շնչառութեան սարքերով: Ընդհանուր 184.000 տոլար յատկացուած է վերականգնողական կեդրոնին:

– Պատերազմի սկզբնական օրերուն ՀՕՄ-ին կողմէ անմիջական նիւթական յատկացումներ կատարուեցան 33 զոհուած եւ 41 վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն: Ընդհանուր` 52.400 տոլար:

–  Ընդհանուր 5123 տոլար յատկացուեցաւ Զուարթնոց շրջանին մէջ 165 ապաստանեալներու սնունդի ծախսերը մէկ ամիսով հոգալու համար:

–  «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» անուան տակ ՀՕՄ-ը կը շարունակէ որբերու խնամակալութեան ծրագիրը: Արցախի վերջին պատերազմին առաջին իսկ օրէն ՀՕՄ-ը աշխատանքի անցնելով` պատրաստեց անչափահաս մանուկներ ունեցող զոհուած զինուորներու նոր ցանկեր, որպէսզի հովանաւորներու աջակցութեամբ կարելի ըլլայ ծրագիրի նոր փուլի գործադրումը:  Այսօրուան տուեալներով, Հայաստանէն եւ Արցախէն առաւել քան 1600 անչափահաս մանուկներ արձանագրուած են ՀՕՄ-ին մօտ: Տարեկան 330 տոլար նուիրատուութեամբ կարելի է մէկ մանուկ հովանաւորել, մինչեւ որ ան լրացնէ 18 տարիքը:

– ՀՕՄ-ը չէր կրնար անտարբեր մնալ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք անհետ կորսուածներու հարցով: Արցախեան պատերազմին պատճառով անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակով ՀՕՄ-ը «Հոգատարութեան արկղներ»-ու (care packages) ծրագիրը կը նախաձեռնէ: Իւրաքանչիւր անհետ կորսուածի ընտանիքին պիտի յատկացուի արկղ` հոգալու համար անոնց ամէնօրեայ պէտքերը:

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՕՄ-ի համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ կ՛իրագործուին անմիջական օժանդակութեան ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:

«Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով ՀՕՄ-ի աշխատանքները կը շարունակուին նոյն թափով: Մարդասիրական ծրագիրներուն մասնակից դառնալու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը կատարել ՀՕՄ-ի Արցախի օժանդակութեան ֆոնտին (https://ars1910.org/give):

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

27 սեպտեմբեր

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պատերազմում Կրած Պարտութիւնն Ու Մեր Անելիքը

Յաջորդը

Վերամուտի Խոհեր

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?