Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Դրօշը Դարձեալ Տեղադրուեցաւ Ամարասի Վրայ
Արցախի Ամարասի վանական համալիրին վրայ դարձեալ տեղադրուեցաւ Արցախի դրօշը: Այս մասին յայտնեց Մարտունիի աւագանիի անդամ Արտակ Մկրտչեան:
Նշենք, որ վերջերս տեղեկութիւն մը տարածուեցաւ այն մասին, թէ ազրպէյճանցի զինուորներ 21 սեպտեմբերին իրենց դիրքերը առջեւ բերած են Արցախի Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղին ուղղութեամբ եւ փորձած են խրամատ փորել չէզոք տարածքի մէջ: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեամբ բանակցութիւններէ ետք ազրպէյճանցիները ետ քաշուած են, սակայն պահանջած են Արցախի դրօշը հանել Ամարասի վանքին վրայէն եւ դիրքերէն: Մաճկալաշէնի համայնքապետը ըսած էր, որ ռուս զինուորականները դրօշը իջեցուցած են:
Արտակ Մկրտչեան դիտել տուաւ, որ 23 սեպտեմբերին դրօշը դարձեալ տեղադրուեցաւ վանական համալիրին վրայ: Ըստ Մկրտչեանի, Արցախի այդ տարածքները հայկական վերահսկողութեան տակ են, հետեւաբար դրօշներ հանելու պահանջներ կարելի չէ ներկայացնել: «Մենք կ՛ապրինք մեր տան մէջ, մեր հողին վրայ, եւ պէտք չէ ուրիշները մեզի ըսեն, թէ` ինչ ընենք: Մենք կ՛որոշենք մեր տան մէջ, ինչպէ՛ս ապրիլ եւ ինչպէ՛ս կահաւորել զայն», շեշտեց Մկրտչեան:
Ժամանակաւոր Ցուցահանդէս` «Հայոց Պահանջատիրութեան Հետքերով» Խորագիրով
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց պահանջատիրութեան հետքերով. հայերու մասնաւոր եւ համայնքապատկան գոյքի սեփականութեան վկայագիրները» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Փարսամեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ցուցադրութիւնը նիւթի առումով առաջինն է եւ ունի նպատակային ուղղուածութիւն:
«Այստեղ ներկայացուած են շուրջ երկու տասնեակ օսմաներէն բնօրինակ փաստաթուղթեր, որոնք սեփականութիւն հաստատող փաստաթուղթեր են եւ առաջին անգամն է, որ կը դրուին շրջանառութեան մէջ: Այս կալուածագիրներուն մէկ մասը օսմանահպատակ հայ քաղաքացիներու մասնաւոր ունեցուածքի` տունի, այգիի, արտի, ջրաղացի, լուսանկարչատան եւ այլ տարածքներու սեփականութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր են: Կան նաեւ ազգապատկան եւ համայնքապատկան կառոյցներու, կալուածներու սեփականութեան փաստաթուղթեր` եկեղեցիներ, վանական համալիրներ: Վերջիններուն մեծ մասը գոյութիւն չունին` հաւասարած են հողին, սակայն այս փաստաթուղթերը կը հաւաստեն այդ տարածքներուն հայկական պատկանելիութեան մասին», նշեց Փարսամեան:
Ըստ անոր, բոլոր կալուածագիրները հայոց պահանջատիրութեան առումով բաւական արժէքաւոր են, որովհետեւ անոնք պետականօրէն հաստատուած փաստաթուղթեր են` տրուած Օսմանեան կայսրութեան վարչութեան կողմէ, եւ բոլոր փաստաթուղթերուն վրայ կան տարբեր սուլթաններու անձնական կնիքներ:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ ապրիլ 2022:
Մահացաւ Ռումանիոյ Ու Մոնթենեկրոյի Մէջ Հայաստանի Նախկին Դեսպան Համլետ Գասպարեանը
Մահացաւ թարգմանիչ, դիւանագէտ, «Ազգ» թերթի հիմնադիրներէն Համլետ Գասպարեանը:
Համլետ Գասպարեան խորհրդային տարիներուն Երեւանի հրատարակչութիւններուն մէջ եղած է սրբագրիչ եւ խմբագիր, մասնակցած է «Ազգ» թերթի հիմնադրութեան: Աշխատանքի անցնելով արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` Ֆրանսայի մէջ եղած է արտակարգ դեսպանորդ, Ռումանիոյ ու Մոնթենեկրոյի մէջ` դեսպան: Համլետ Գասպարեան 2020-ին պարգեւատրուած է Մխիթար Գոշի մետալով:
Թարգմանած է Շարլ Ազնաւուրի «Վերջին դուռը» գիրքը, խմբագրած է «Կեանքից կառչած», «Հայրս` այդ հսկան», «Քանի սիրտս բաբախում է», «Մեղմ շշուկով» գործերը: Շուտով լոյս պիտի տեսնէ անոր թարգմանած Ազնաւուրի «Լա Պոեմ. անցած օրեր» գիրքը: Անոր թարգմանած ու խմբագրած գիրքերը ուշադրութիւն կը գրաւեն գեղեցիկ, նրբաճաշակ եւ յղկուած հայերէնով:
«Սողոմոնի Երգերը» Ժապաւէնին Առաջնախաղը` Ստեփանակերտի Մէջ
Սեպտեմբեր 17-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Արման Նշանեանի «Սողոմոնի երգերը» ժապաւէնին առաջնախաղը:
Յայտնենք, որ ժապաւէնը կը պատմէ Կոմիտասի մանկութեան մասին` անդրադառնալով անոր կեանքին այն ժամանակաշրջանին, որ կը համընկնի Համիտեան սարսափելի ջարդերու տարիներուն` 1894-1896 թուականներուն, սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի իշխանութեան ժամանակաշրջանին: Ժապաւէնի հերոսներէն մէկը թուրք կին է, որ կը վտանգէ իր ու իր ընտանիքին կեանքը` կրօնական դրդապատճառներով հետապնդուող լաւագոյն ընկերուհին փրկելու համար: Ժապաւէնը կ՛աւարտի Կոմիտասի վերջին համերգով: Հեղինակները վստահ են, որ Կոմիտաս խելագար չէր, ան նուրբ հոգի ունէր, ամէն ինչի մէջ գեղեցկութիւն ու երաժշտութիւն կը տեսնէր եւ չէր հասկնար, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կրնան այդքան դաժան ըլլալ: Այդ իսկ պատճառով ան հեռացաւ աշխարհէն եւ զրկեց աշխարհը իր հանճարէն:
Հաղորդենք, որ ժապաւէնին նկարահանումները կատարուեցան 2018 թուականին, տեսարանները նկարահանուեցան Արցախի տարբեր վայրերու մէջ, որոնց մէկ մասը ներկայիս բռնազաւթուած է թշնամիին կողմէ:
Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արման Նշանեան նշեց, որ ներկայիս ալ կը շարունակուին 1890-ական թուականներու իրադարձութիւնները: «Այստեղ կրկնուեցաւ 100 տարի ու աւելի առաջ կատարուածը, եւ աշխարհը նորէն երես թեքեց: Այն ժամանակ տեղեկատուութիւնը դանդաղ կը տարածուէր, իսկ հիմա` արագ է, եւ ամէն ինչ արագ կը փոխանցուի, բայց միեւնոյնն է, նոյն բանը վերստին կատարուեցաւ: Ո՛չ մէկը, ո՛չ մէկ բանի համար պատասխան չտուաւ», ըսաւ Ա. Նշանեան: Ան շեշտեց, որ այդ տարածքները սուրբ են եւ այսպիսի նկարահանումներով անմահացան:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ամբողջութեամբ զգացուած եւ փոխանցուած է նկարագրուող ժամանակաշրջանի ոգին: «Նոյն ապրումները ես ունեցայ, երբ Էրտողանը եկաւ Շուշի եւ տրորեց մեր հոգին: Ժապաւէնէն մէկ պատգամ մնաց մէջս` վրէժ: Մենք պիտի վերադառնանք, հաւատացէ՛ք», շեշտեց Լ. Ղարախանեան:
Ազրպէյճան Համակարգուած Պայքար Կը Տանի Արցախի Հայկական Մշակութային Արժէքներուն Դէմ
Արցախի պետական խորհրդանիշներուն դէմ ծաւալած մոլեգին պայքարը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ զինուած ուժերուն կողմէ հայերուն նկատմամբ ատելութեան վարքագիծի դրսեւորումն է: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Ան կը յիշեցնէ, որ Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ անչափահասներ տեղափոխող փոխադրակառքին վրայէն սուիններով Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մաքրելու դէպքը, Արցախի զանազան բնակավայրերէ եւ շինութիւններէ Արցախի դրօշը հեռացնելու պահանջները Արցախի մէջ ապրող հայերուն նկատմամբ ազրպէյճանցիներուն հանդուրժողականութեան ի սպառ բացակայութեան վառ օրինակներ են:
«Պէտք է նկատի ունենալ, որ Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մեր մշակութային արժէքներու անբաժանելի մասը կը կազմեն, ուստի անոնց նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը եւս ապացոյց է, որ Ազրպէյճանը համակարգուած պայքար կը մղէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային արժէքներոու դէմ: Պետականութեան խորհրդանիշները Արցախի ժողովուրդին` սեփական հայրենիքի մէջ ապրելու, ինքնութիւնը պահպանելու եւ ինքնորոշման իրաւունքի խորհրդանիշներն են, որոնց նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն ինքնին ուղղուած է մեր ժողովուրդին արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու ընդհանուր համակարգին դէմ», ըսած է Գեղամ Ստեփանեան:
Երկու Նամականիշներ` «Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Ռմբակոծում» Նիւթով
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանին մէջ հրապարակուեցան եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցան երկու նամականիշներով գեղաթերթիկ «Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ռմբակոծում» նիւթով:
Հրապարակումը կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան նամակատան բաժինի նախագահ Ծովինար Գալստեան, «Հայ փոստ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, Հայաստանի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմաթուղթերու հաւաքածոներու հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:
940 դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, իսկ 950 դրամ արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ` Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին` ռմբակոծուած ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերուն կողմէ:
Գեղաթերթիկի ձախ կողմը պատկերուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին մինչեւ ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հրեշտակի քանդակներէն մէկը: Աջ կողմը կայ ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով ռմբակոծուող Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարք մը:
Մարտունիի Մէջ Տուն Վերանորոգուեցաւ «Թուֆէնքեան»-ի Առցանց Նուիրահաւաքին Շնորհիւ
«Թուֆէնքեան» բարեսիրական հիմնադրամը կը շարունակէ իր ծրագիրները իրականացնել Արցախի մէջ: Այս անգամ հիմնադրամը վերանորոգեց Մարտունի քաղաքի բնակիչ, զինուոր, արցախեան 3-րդ պատերազմին վիրաւորուած Հայկ Յակոբեանի` պատերազմի ընթացքին վնասուած տունը:
«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կրէկ Պետեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մարտունիի մէջ արդէն հինգերորդ վիրաւոր զինուորին տունը վերանորոգեցինք: Շրջանին մէջ նմանատիպ ծրագիրներ շատ էին, մասնաւորապէս Հերհեր գիւղէն մինչեւ Մաճկալաշէնի ինկած հատուածին մէջ տեղակայուած գիւղերուն մէջ վերանորոգեցինք վիրաւորուած զինուորներու բնակարանները: Յառաջիկային նախատեսած ենք վերանորոգել Ծովատեղի համայնքապետարանը: Մենք կը փորձենք մեր ունեցածով օգնել սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող մարդոց, որպէսզի անոնք գիտնան, որ մինակ չեն, այլ ամբողջ հայութիւնը իրենց կողքին է»:
Յակոբեաններու տան վերանորոգումն ու կահաւորումը կարելի դարձաւ առցանց նուիրահաւաքի շնորհիւ, զոր կազմակերպած էր հիմնադրամը եւ աւարտած էր յուլիսի վերջաւորութեան: «Մեր ընկերներուն եւ աջակիցներուն առատաձեռն ներդրումներուն շնորհիւ մենք գերազանցեցինք մեր թիրախը եւ հանգանակեցինք աւելի քան 43 հազար տոլար», հաղորդեց «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը:
Նուիրահաւաքին միջոցով ապահովուած գումարով ֆինանսաւորուեցաւ նաեւ այլ վիրաւոր վեթերանի մը ընտանիքի տան վերակառուցումը: Երկրորդ տունը, որ կը նախատեսուի յանձնել հոկտեմբերին, կը պատկանի 27 տարեկան Հայկ Հայիրեանին:
Յակոբեաններու ընտանիքին մայրը` Նինել Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին` իր որդիին նուիրումը գնահատելուն եւ զիրենք բնակարանային բարւոք պայմաններով ապահովելուն համար:
Յայտնենք, որ Յակոբեաններու տունը Մարտունի շրջանի 16 տուներէն վեցերորդն է, զոր «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը վերանորոգած է` 2020-ի պատերազմէն ետք:
«Թուֆէնքեան»-ը ունի մեծ փորձառութիւն. տարիներէ ի վեր կ՛օգնենք վիրաւոր հայ զինուորներու եւ մեր նահատակ հերոսներուն ընտանիքներուն: Մեր «Վիրաւոր զինծառայողներուն աջակցութիւն» եւ «Վնասուած տան վերակառուցման եւ վերանորոգում» նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին` օգնելու համար այլ ընտանիքներու այս տարածաշրջանին մէջ», եզրափակած է Ճանպազեան: