Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանաստեղծ, Որ Մոլորակ Է Ստեղծել». Տեղի Ունեցաւ Ռազմիկ Դաւոյեանի Հոգեհանգիստը

Յունուար 17, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործընկերները, ընկերները, հարազատները եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի ստեղծած գրականութեան երկրպագուները 13 յունուարին համախմբուեցան մեծ բանաստեղծին հոգեհանգիստի արարողութեան` հրաժեշտ տալու մեր ժամանակներու ինքնատիպ մտածողներէն մէկուն:

13 յունուարին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի սրահին մէջ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը միշտ սիրով կարդացած է Դաւոյեանի ստեղծագործութիւնները եւ արդէն վաթսուն տարի ծանօթ է անոր բանաստեղծական աշխարհին, որ սկսած է «Իմ աշխարհը» ժողովածուով: «Դաւոյեանը հաստատուն ուղիով ամբողջ կեանքին իր բանաստեղծական հունը, ճանապարհը, աշխարհը ստեղծեց եւ` ոչ միայն բանաստեղծական. գրած է «Ստուերների միջով», «Ռեքուիեմ» եւ տասնեակէ աւելի բանաստեղծական հրաշալի գիրքեր, ինչպէս նաեւ` միջնադարեան մեծ նկարիչ Թորոս Ռոսլինի մասին արձակ երկը: Ռազմիկ Դաւոյեան գրած է տրամաներ, հրապարակախօսական յօդուածներ, հասարակական, քաղաքական գործունէութիւն ծաւալած է եւ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու ու շքանշաններու», շեշտեց Միլիտոնեան` աւելցնելով, որ Դաւոյեան հետաքրքրական մարդ էր ու նոյնիսկ վիճելու ատեն կը ժպտէր, երբեք դառնութիւն եւ մաղձ չկային անոր խօսքերուն մէջ:

Ըստ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանին, կան հրաժեշտներ, որոնք նաեւ սկիզբ են: «Ռազմիկ Դաւոյեան այն ստեղծագործողն է, որ մոլորակ ստեղծած է: Անիկա կայ, եւ ուզողը կրնայ հոն երթալ, ապրիլ այդ բանաստեղծութիւններով, շնչել անոնցմով, ուժեղանալ: Նման մարդը կու գայ ու կ՛ըսէ, որ ասիկա իմ երկիրս է: Դաւոյեանի նման մեծութիւններ կու գան հզօրացնելու մեր հայրենիքը: Վահագն Դաւթեան ըսած է` «Պոէտները շանթարգելներ են եւ չեն թողնում` որեւէ շանթ, որեւէ ուժ գայ ու մխրճուի մեր մէջ»: Ես համոզուած եմ, որ մեր յաղթանակներու գրաւականը նաեւ Ռազմիկ Դաւոյեանի գրականութիւնն է, անոր ապրած կեանքը», ընդգծեց Մանուկեան:

Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբայեան իր կարգին յայտնեց, որ Ռազմիկ Դաւոյեան իսկապէս մեծ բանաստեղծ էր: Բաբայեան բախտը ունեցած է անոր հետ յարաբերութիւն մշակելու տարիներ շարունակ, երբ Դաւոյեան Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի յանձնաժողովի նախագահն էր: «Այն մթնոլորտը, որ ան կը ստեղծէր իր ուսանողներու համար, նախանձելի էր: Ան այնքան լոյս ու ժպիտ կը սփռէր, միշտ լաւ տրամադրութիւն ունէր, հրաշալի ներուժ: Միշտ պիտի յիշեմ այդ օրերը: Ան կը սորվեցնէր, անկախ տարիքէն, գիտելիքներու քանակէն, յարգել մարդը: Մենք կորսնցուցինք մեծ մարդն ու մեծ բանաստեղծը», եզրափակեց Բաբայեան:

Նախորդը

Սփիւռքի Տարի` 2022

Յաջորդը

«Ռազմիկ Դաւոյեանն Ու Իր Նմանները Չեն Հանգիր. Չեն Վերջանար». Մկրտիչ Մկրտիչեան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?