Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 20, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգայինը Լոյս Ընծայեց «Վասպուրականի Արծիւը Հայ Գրականութեան Անդաստանում» Խորագրով Գիրքը` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Ծննդեան 200-Ամեակին

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ Հայ եկեղեցւոյ 125-րդ կաթողիկոս, հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական եւ գրող Խրիմեան Հայրիկի մասին «Վասպուրականի Արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» խորագրով գիրքը, որուն հեղինակը բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեանն է:

Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակը լաւագոյն առիթն է անդրադառնալու Հայոց պատմութեան մեծերէն Խրիմեան Հայրիկի ազգային ու եկեղեցական գործունէութեան: Գիրքին հեղինակը, ընդհանրացնելով, այսպէս բնութագրած է անոր ապրած կեանքը.  «Խրիմեանը Վանի թաղամասերէն մէկուն մէջ ծնաւ` իբրեւ Մկրտիչ, ապրեցաւ` իբրեւ Վասպուրականի Արծիւ եւ հայ ժողովուրդին համար դարձաւ Հայոց Հայրիկ»:

Նշենք, որ Խրիմեան Հայրիկի պատգամ-խրատները այսօր ալ նոյնքան ճշմարտացի են, որքան` հարիւրաւոր տարիներ առաջ. ինչպէս` «Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ հայրենիքը կորստեան կը մատնէ, քան` եկած թշնամին»:

Պատերազմի Ընթացքին Արցախէն Տարհանուած Են Մշակութային Արժէքներ

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան ներկայացուց, թէ նախորդ տարի Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին մշակութային ժառանգութեան ի՛նչ նմուշներ կարելի եղած է տարհանել: Ան այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ «Արցախի Հանրապետութեան` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած շրջաններու մէջ հայկական պատմական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւն» նիւթով աշխատանքային քննարկման ընթացքին:

«Շատ կը ցաւիմ, որ մենք այսօր ունինք 2000 յուշարձան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ` 122 եկեղեցի, 13 վանական համալիր, 52 ամրոց, 536 խաչքար: Ազրպէյճանցիներուն մօտ մնացած է ընդհանուրը 20 հազար 885 ցուցանմուշ, 617 հազար գիրք, այլ գրականութիւն», յայտնեց նախարարը` դիտել տալով,

որ կորսուածները միայն հայկական պատմաճարտարապետական եւ պատմամշակութային յուշարձաններ չեն, այդ մարդկութեան ժառանգութիւնն են, բռնագրաւուած է քաղաքակրթական ժառանգութիւն` Ազոխի քարանձաւը, որ` Տիգրանակերտը եւ ընդհանրապէս Արցախը քաղաքակրթութեան ժառանգութեան տարածք են:

Նախարարը նշեց, որ Ազրպէյճան չ՛արժեւորեր իր մշակութային ժառանգութիւնները, որովհետեւ հայկական կողմը առաջարկած է արցախեան առաջին պատերազմէն իր մօտ մնացած ազրպէյճանցի նկարիչներուն նկարները վերադարձնել` հայկական մշակութային արժէքներուն փոխարէն, սակայն Ազրպէյճան մերժած է:

Խօսելով փրկուած արժէքներուն մասին` Ղարախանեան ըսաւ. «Հոկտեմբեր 19-ին տարհանած ենք Ստեփանակերտի պատմական երկրագիտական թանգարանի ամէնէն արժէքաւոր ֆոնտը, որովհետեւ շէնքը վթարային էր, եթէ մօտ տարածքի վրայ որեւէ հրթիռ իյնար, ապա այդ շէնքը ամբողջութեամբ կը փլուզուէր: Այդ պահուն նախապատուութիւնը տուած էինք այդ թանգարանին, որովհետեւ շէնքը վթարային էր», շեշտեց նախարարը:

Ղարախանեան այդ օրը հեռախօսով զրուցած է նաեւ Շուշիի Գորգերու թանգարանի տնօրէնին եւ Շուշիի Պատմութեան թանգարանի տնօրէնին հետ ու յայտնած է, որ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպած են տարհանում: Նախարարին խօսքով, Գորգերու թանգարանին տնօրէնը սկիզբը չէ համաձայնած եւ յայտնած է, որ Շուշիի մէջ ապահով է, սակայն հետագային տարհանուած է գորգերու ցուցանմուշները. հոկտեմբեր 30-ին Շուշիի Գորգերու թանգարանին տնօրէնը հեռաձայնած է եւ ուզած է տարհանել թանգարանը: Տարհանուած են նաեւ Քաշաթաղի շրջանի Գերենի դամբարանադաշտի ցուցանմուշները եւ Տիգրանակերտի թանգարանը:

Ղարախանեան շեշտեց, որ ոչ ոք թող խօսի արժէքներ նուիրելու մասին, ընդունելով սակայն, որ թերացում եւ խուճապ եղած է: Ան միեւնոյն ժամանակ վստահեցուց, որ Շուշիի թանգարաններու տնօրէնը խնամքով փաթեթաւորած եւ ապաստարաններու մէջ պահած է ամէնէն արժէքաւոր ցուցանմուշները:

«Բայց հոկտեմբեր 30-ին, երբ մտածեցինք, որ իրական վտանգ կայ, շատ վտանգաւոր էր հոն մարդ ուղարկելը: Այսինքն կրնայինք ունենալ մարդկային զոհեր, բայց եւ այնպէս այդ պայմաններու մէջ տարհանեցինք գորգերը, ապա`  Բերձորի պատմական երկրագիտական թանգարանը ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւ` Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջանի յիշատակութեան արժանի խաչքարերը», նշեց նախարարը:

Ըստ նախարարին, պատերազմէն ի վեր սերտօրէն կը համագործակցին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ հետ, յղած են կարեւոր նամակներ միջազգային անուանի, հեղինակաւոր կառոյցներու: «Կը կարծեմ, թէ վերջերս ԵԽԽՎ-ի բանաձեւին մէջ յստակացաւ ալպանացման վերագրումը` Դադիվանքի, Նախիջեւանի մասին, խաչքարերու յիշատակութիւնը նաեւ յաջողութիւն է: Ի հարկէ բանաձեւին մէջ, իբրեւ վրիպում, կայ «Ղզնչի» եւ «Շուշա» բառերը: Մենք քայլերու ձեռնարկած ենք, որ այդ վրիպումները ուղղուին բանաձեւին մէջ», նշեց Ղարախանեան:

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը արձանագրուած է: Հայկական կողմը այդ ամէնը ունի տեսերիզներու, լուսանկարներու տարբերակով: «Մեր բոլոր յուշարձանները անձնագրաւորուած ունինք: Եւ մենք պիտի պայքարինք», վստահեցուց նախարարը:

«Վերածնուածը» Խորագրով Արցախի Բեմադրիչը Նոր Ժապաւէնով Աշխարհին Պիտի Պատմէ 44-Օրեայ Պատերազմին Մասին

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մասին պատմող նոր ժապաւէն պիտի պատրաստուի` «Վերածնուածը» խորագրով: Նշենք, որ ժապաւէնին բեմադրիչն է արմատներով արցախցի Ջիւան Աւետիսեանը:

«Վերածնուածը» ժապաւէնին բեմադրիչը բացատրեց, որ  ժապաւէնին նկարահանման համար պիտի իրականացուին տարբեր աշխատանքներ: «Մենք կը յղկենք բեմագրութիւնը, կը մշակենք կերպարներուն հագուստը, զուգահեռաբար` կը փնտռենք ֆինանսաւորում ժապաւէնին արտադրական փուլին համար:

Ժապաւէնին բեմադրիչը լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ մենք պէտք է ներկայացնենք աշխարհին իրականութիւնը. այս է նոր աշխատանքին հիմքն ու նպատակը: «Արցախը մեր Երուսաղէմն է, Արցախը մեր հպարտութիւնն է, եւ այն մեր կեանքի կարեւորագոյն մասն է, ինչպէս, բնականաբար, մեր հայրենիքին միւս հատուածները: Եւ մենք, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա պիտի շարունակենք խօսիլ Արցախի մասին: Ես այդ սկսած եմ ուսանողական տարիներէս եւ ցարդ 2012-2013 թուականին ստեղծած եմ «Թեւանիկը»` իմ առաջին խաղարկային ժապաւէնս:

Ես կը գտնեմ, որ իւրաքանչիւր մարդ իր աշխատանքով պէտք է պայքարի, ես ալ ժապաւէններու միջոցով իմ ներդրումս կ՛ունենամ այդ պայքարին: Ցաւօք այսօր մեր սահմանները կը գծուին բռնապետներու կողմէ, եւ ճիշդ այդ պատճառով մենք պէտք չէ ձգենք, որ մեր պատմութիւնը պատմեն ուրիշները: Մեր նոր ժապաւէնին նիւթին առանցքն ալ մարդկային ճակատագիրներն են, որոնք իրենց վրայ կը կրեն պատերազմին հետքերը` նաեւ այն պարագային, որ պատերազմական իրադարձութիւններուն ոչ մէկ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են: Այս է այն հիմնական գաղափարը, որուն շուրջ կը ծաւալին դէպքերը եւ կը փորձեն հանդիսատեսին մտածելու առիթ տալ», ըսաւ Ջ. Աւետիսեան:

Ըստ բեմադրիչին, «Վերածնուածը» ժապաւէնը նախ եւ առաջ ինքնութեան փնտռտուքի մասին է: «Բոլորիս համար անհրաժեշտ է վերածնիլ, հասկնալ, թէ ո՛վ ենք մենք, ի՛նչ կ՛ընենք, ի՛նչ կը սպասենք ապագայէն: Ժապաւէնը հայ հանդիսատեսին համար պէտք է նպաստող ըլլայ, որպէսզի գտնէ իր ինքնութիւնն ու էութիւնը, իսկ օտարին պիտի շարունակենք պատմել Արցախի մասին, պիտի յիշեցնենք, որ անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրիս, ի՛նչ ազգութիւն ունիս, եթէ մոլորակի որեւէ հատուածին վրայ պատերազմ է, անիկա կրնայ թիթեռնիկի ազդեցութեամբ իր ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ կեանքիդ վրայ:

Մեր նախկին ժապաւէններուն մէջ մենք շատ խօսած ենք Արցախի մասին, եւ այժմ, զուգահեռաբար` «Վերածնուածը» ժապաւէնին ստեղծմանը, ես պիտի ճամբորդեմ, որպէսզի իմ նախորդ ժապաւէնս` «Դրախտի դարպասը»-ը ներկայացնեմ նաեւ արտաքին աշխարհին` առայժմ հիմնականօրէն հայաշատ համայնքներու մէջ: Ուստի անհրաժեշտ է, որ ապագային նոյնպէս «Վերածնուածը» ժապաւէնը ցուցադրենք նոյնպէս աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ եւ պատմենք Արցախի մասին` այս անգամ նոր կողմէ, իւրովի», եզրափակեց Ջ. Աւետիսեան:

«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնին Բարձրակարգ Ժապաւէններու Արդիւնքները Ամփոփուեցան

Երեւանի մէջ հոկտեմբեր 3-10-ին կայացաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ աւելի քան 60 շարժանկար: Փառատօնը իր յարկին տակ համախմբեց աւելի քան 50 հիւր:

Հոկտեմբեր 10-ին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին փառատօնի դատական կազմի անդամները նշեցին, որ գոհ են ներկայացուած ժապաւէններէն եւ փառատօնին լաւ կազմակերպուածութենէն, շեշտեցին նաեւ, որ իրենց համար շատ դժուար եղած է ընտրութիւն կատարելը, որովհետեւ բոլոր շարժանկարները բարձրորակ էին: Անոնք խոստովանեցան` մեծ բաւականութիւն ստացած են ոչ միայն «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին մաս կազմելէն, այլեւ` Երեւանի մէջ հիւրընկալուելէն, որովհետեւ քաղաքը ուրախ եւ ջերմ է:

Երկարատեւ ժապաւէններու միջազգային մրցոյթի դատական կազմի անդամ, Քրաքովի միջազգային կինոփառատօնի տնօրէն Քշիշտոֆ Կերաթի համոզումով, ծրագիրը ուժեղ էր: «Կար տասը ժապաւէն, որոնցմէ առնուազն հինգը կրնային յաղթել: Առաջին մրցանակին արժանացաւ Հնդկաստանի ժապաւէնը, իսկ երկրորդ մրցանակը շահեցաւ վաւերագրական շարժանկարը: Մրցութային ժապաւէնները լուրջ պատմութիւններ էին եւ կարեւոր ընկերային հարցեր կը բարձրաձայնէին», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ «Ոսկէ ծիրան»-էն հետաքրքրական եւ գեղեցիկ գաղափարներ կարելի է շահիլ:

«Կորիզ» կարճատեւ տարածաշրջանային ժապաւէններու մրցութային դատական կազմի անդամ Ֆիլիփ Ժալալտոն առաջին անգամն է, որ իբրեւ դատական կազմի անդամ կը գնահատէ կարճատեւ շարժանկարներ: Ան վստահ է` կարճատեւ շարժանկարը մեր ապագան է, որովհետեւ ճիշդ այդ ժապաւէններուն մէջ երիտասարդ բեմադրիչները հետագային խաղարկային եւ այլ շարժանկարներ կը նկարահանեն:

Անդրադառնալով «Ոսկէ» եւ «Արծաթէ» ծիրանի արժանացած մրցանակակիրներուն` ան ըսաւ, որ անոնք հիանալի, տարբերուող շարժանկարներ էին թէ՛ բեմագրութեան, թէ՛  այլ առումներով:

«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 18-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը մրցութային արդիւնքները ամփոփուեցան հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի քոնեաքի գործարանի «Արարատ» թանգարանին մէջ:

Երկարատեւ ժապաւէններու միջազգային մրցոյթին «Ոսկէ ծիրանի» արժանացաւ «Քարեր» (բեմադրիչ` Վինոթրաճ Պ. Ս., Հնդկաստանէն), իսկ «Արծաթէ ծիրանի»` «Հոսանքն ի վար` դէպի Քինշասա» (Տեստօ Համատիի, Քոնկօ/ Ֆրանսա/ Պելճիքա) ժապաւէնը: Յատուկ յիշատակութեան արժանացաւ «Նոր հին ներկայացում» (բեմադրիչ` Ցիւ Ծիւնծիւն, Հոնկ Քոնկ/ Ֆրանսա) շարժանկարը:

Փետեր վան Պիւրենի անուան FIPRESCI մրցանակ ստացաւ «Սանձում» (բեմադրիչ` Սալոմէ Ճաշի, Զուիցերիա / Գերմանիա/ Վրաստան) ժապաւէնը: «Կորիզ» մրցոյթին «Ոսկէ ծիրանի» արժանացաւ «Աշխարհ»-ը (բեմադրիչ` Քրիսթինէ Յարութիւնեան, Միացեալ Նահանգներ / Հայաստան), «Արծաթէ ծիրան»-ին` «Ստորգետնեայ»-ն (բեմադրիչ` Յովիկ Յակոբեան, Ֆրանսա/ Հայաստան): Իսկ Կենատի Մելքոյանի անուան յատուկ մրցանակը տրուած է «Գլխիվայր» ժապաւէնին (բեմադրիչ` Ովսաննա Շէկոյեանին, Հայաստանէն):

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժափառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամէնէն մեծ մշակութային իրադարձութիւններէն է: Հիմնուած է 2004 թուականին` «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի զարգացման հիմնադրամի, Կինոգէտներու եւ կինոլրագրողներու հայկական միութեան կողմէ: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիրներն են` բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանը, շարժապատկերի քննադատներ Միքայէլ Ստամպոլցեանը եւ Սուսաննա Յարութիւնեանը:

Հաղորդենք, որ փառատօնը իրականացուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայացուեցաւ Գէորգ Բաբախանեանի Եւ Վաչագան Ալոյեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը

Հոկտեմբեր 15-ին Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարիչներ Գէորգ Ընծայ Բաբախանեանի եւ Վաչագան Տոն Ալոյեանի ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսի բացումը:

Ցուցահանդէսը կը կրէր «Վրձնի զարկ» խորագիրը: Ներկայացումին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ստեփանակերտի պատկերասրահի տնօրէն Ելենա Դադայեանը, որ ողջունեց եւ շնորհաւորեց նկարիչները Արցախի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին գծով:

Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լուսանկարիչ Գէորգ Ընծայ Բաբախանեան նշեց, որ մեծ ուրախութիւն կ՛ապրի առաջին անգամ Արցախի մէջ այսպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս գալուն համար:

«Մօտաւորապէս աշխարհի 30 երկիրներու մէջ կազմակերպուած է նկարներուս ցուցահանդէսը: Բայց ես չէի կրնար չգալ Արցախ եւ անոր ժողովուրդին չներկայացնել իմ աշխատանքներս: Ես բոլոր թելերով կապուած եմ այս երկրին հետ, յատկապէս` Հադրութին: Իմ քովս միշտ արցախեան բան մը պէտք է ըլլայ», նշեց Գ. Բաբախաեան:

Լուսանկարիչ Վաչագան Տոն Ալոյեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բացատրած է, որ իր Դոն գրական կեղծանունը Տոն Քիշոթի անուան մասն է եւ այդ մասը իրեն ստեղծագործելու շունչ կու տայ:

«Իմ բոլոր նկարներս ունին իրենց առանձնայատուկ պատմութիւնները: Ես մէկ նկարի մէջ կը ներկայացնեմ քանի մը տարբեր պատմութիւններ: Ինծի համար մեծ պատիւ է այսօր գտնուիլ Արցախի մէջ, յատկապէս` այս ծանր օրերուն: Փափաքս է, որ մարդիկ օրուան մէջ հինգ վայրկեանով անջատուին իրականութենէն եւ շրջին արուեստի աշխարհի մէջ», յայտնեց Վ. Ալոյեան:

Հանդիսութեան աւարտին պատկերասրահի տնօրէն Ելենա Դադայեան լուսանկարիչները պարգեւատրեց պատուոյ գիրերով` Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման, տարածման եւ պատկերասրահի ֆոնտը արժէքաւոր աշխատանքներով համալրելնուն համար:

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Նուիրուած Յուշադրամ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը 13 հոկտեմբերին շրջանառութեան մէջ դրաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակ» արծաթէ յուշադրամը:

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928) հայ մեծանուն երաժշտահան, խմբավար, մանկավարժ, երաժշտական-հասարակական գործիչ, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ էր:

1892-1894-ին ան Մոսկուայի մէջ ուսումնասիրած է յօրինումի տեսութիւն` Ն. Քլենովսքիի մօտ, իսկ 1896-1900-ին` Ն. Ռիմսքի Քորսաքովի մօտ, Փեթերսպուրկի մէջ: Ան ապրած է Խրիմի մէջ, ունեցած է խմբավարական եւ երաժշտական-հասարակական գործունէութիւն եւ իբրեւ երաժշտահան` կազմաւորուած է ռուսական եւ հայկական մշակոյթներու ազդեցութեամբ:

1924-էն սկսեալ Սպենդիարեան ապրած է Երեւանի մէջ: Այդ շրջանին ան ստեղծած է «Երեւանեան Էտիւդներ»-ը եւ աւարտին հասցուցած է հայկական երաժշտական թատրոնի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը` «Ալմաստ» օփերան (Յ. Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» թատրոնին հիման վրայ):

Սպենդիարեան մեծ դեր ունեցած է հայկական ազգային երաժշտահանութեան դպրոցի ձեւաւորման գործին մէջ, հարստացուցած է հայկական երաժշտութիւնը նոր նիւթերով, ընդարձակած է տեսակները, հիմք դրած է հայկական ազգային «սիմֆոնիզմ»-ին: Անոր «Խրիմի էսքիզները», «Երեք արմաւենի», «Երեւանեան էտիւդները» եւ այլ սիմֆոնիք գործեր հայկական սիմֆոնիք երաժշտութեան դասական նմուշներ են:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ հիմնուած է Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը: Իսկ երաժշտահանին անունը կը կրեն Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը (1933) եւ թիւ 1 երաժշտական դպրոցը:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը Ռուսական Նուաճողական Եւ Հայերու Հաշուոյն Գործարք Կատարելու Ծրագիրներուն Նկատմամբ

Յաջորդը

Եթէ Դու Մտահոգ Ես…

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?