Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց «Թուֆէնքեան» Հիմնարկի Տնօրէնը
Վերջերս ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց «Թուֆէնքեան» բարեսիրական հիմնարկի տնօրէն Կրեկ Պետեանը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ «Արցախֆոնտ»-ի Արցախի մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեանը:
Հաղորդենք, որ հանդիպումին քննարկուեցան յետպատերազմ Արցախի մէջ ի յայտ եկած հարցերու լուծման, ապագայ ծրագիրներու եւ համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին միասնական ջանքերով արցախահայութեան դիմաց ծառացած հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Արցախի Երիտասարդներու Զբաղուածութեան Հարցը` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Ուշադրութեան Կեդրոնին
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, 2020 թուականի մարտին սկսած էին Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման դասընթացքները եւ «Վերելք» առեւտրական ճամբարին եզրափակիչ փուլը: Դասընթացքներէն` առեւտուրի նրբութիւններուն երիտասարդութեան ծանօթացնելէ ետք եզրափակիչ փուլ անցած էին 13 լաւագոյն խումբեր, որոնք դատական կազմին ներկայացուցած էին իրենց առեւտրական նախագիծները, որոնց մշակման համար մասնակիցները մօտաւորապէս 4 ամիս մասնակցած էին տարաբնոյթ դասընթացքներու:
Յիշեցնենք, որ յունիս 18-ին այդ նախագիծներէն երեքը արժանացած էին դատական կազմի հաւանութեան, իսկ երեքը որոշակի շտկումներէ ետք միայն հաստատուած էին: Հոկտեմբեր 22-ին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հաւաքուած էին կազմակերպիչները եւ յաջողած նախագիծներու հեղինակները` կողմերուն միջեւ պայմանագիրներ կնքելու նպատակով:
Ծրագրին բոլոր փուլերուն մասնակիցներուն հետ աշխատած «Riviera Capital» ընկերութեան աւագ վերլուծաբան Հրայր Պարսումեանը մասնակցած է մշտադիտարկման փուլին: Ան սկիզբը` իբրեւ դասախօս, մասնակիցներուն ֆինանսական հմտութիւններ փոխանցած է, որպէսզի կարենան իրենց ծրագիրները կառուցել ճիշդ հիմերու վրայ` ծախսերը, ներդրումային ակնկալիք գումարները հաշուարկել, նաեւ` հասկնալ ծրագրին եկամտաբերութիւնը եւ իրատեսութիւնը: «Մշտադիտարկման փուլը եւս կարեւոր է, որովհետեւ անհատ ձեռներէցները երիտասարդներ են, եւ հաւանական է, որ այս քայլը առեւտուրի իրենց առաջին փորձն է: Մենք իրենց հետ զուգահեռ պիտի քալենք ամբողջ գործընթացի տեւողութեան, հարցը միայն ֆինանսաւորումը չէ: Պայմանագրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք պիտի սկսի իրագործումը: Ֆինանսական միջոցները պիտի տրամադրուին փուլային տարբերակով` ըստ նախագիծներու», նշած է Հ. Պարսումեան:
«Վերելք» ծրագրի համակարգող, «REvolve consulting» գործակալութեան հիմնադիր Տաթեւ Պետրոսեանի խօսքով, ծրագրին երրորդ փուլին ներառուած խորհրդատուական ընկերութիւնները նախաձեռնող խումբին հետ պիտի օգնեն մասնակիցներուն` հասնելու շուկայ: Իսկ Արցախի մէջ ամիսներ առաջ սկսած ծրագիրը հիմա կը նախատեսեն իրագործել նաեւ Սիւնիքի մէջ: «Երեք օր առաջ Սիւնիքի մէջ սկսաւ առաջին փորձառական փուլը, որուն իրագործման ընթացքին ծրագիրը խտացուած է, հինգ շաբթուան տեւողութեան վրայ մարզումներ պիտի ըլլան, եւ լաւագոյնները պիտի զտուին առեւտուրի ծրագիրներու միջոցով», ըսած է Տաթեւ Պետրոսեան` աւելցնելով, որ նախատեսուած են այս տարուան ընթացքին իրագործել նաեւ Սիւնիքի ծրագիրը:
Լաւագոյն նախագիծներու ընտրութեան մասնակցած «Riviera Capital» ներդրումային հիմնարկի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտչեանի խօսքով, մշտադիտարկումը անհրաժեշտ է, որպէսզի ծրագիրները ֆինանսական ճիշդ ձեւով ընթանան, եռամսեակային, տարեկան հաշուետուութիւնները կազմուին, նաեւ խորհրդատուական կամ մասնագիտական օգնութիւն ցուցաբերուի: «Մշտական կապի մեջ պիտի ըլլանք ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ: Մշտադիտարկումը կրնայ 2-5 տարի տեւել, իսկ ֆինանսաւորումները անտոկոս փոխատուութեան հիմքով պիտի կայանան, իսկ գումարները վերադարձուելէ ետք պիտի ուղեգծուին այլ ծրագիրներ», յայտնած է Մկրտչեան:
Կարէն Մկրտչեանի կարծիքով, ֆինանսաւորման համար ընտրուած բոլոր նախագիծներն ալ հետաքրքրական եւ խոստմնալից են, իսկ խումբերը սորվելու եւ աշխատելու փափաքը ունին: «Եթէ մենք ճիշդ ձեւով մօտենանք ներդրումային նախագիծներուն, ընտրենք անոնք, որոնք իրական ներուժ ունին եւ ուժեղ խումբեր են, հետեւաբար կարելիութիւնը կ՛ունենանք Արցախի արտադրութիւնները ներկայացնելու հայաստանեան եւ արտերկրի շուկաներ», նշած է ան:
Հաղորդենք, որ դատական կազմի հաւանութեան արժանացած են` արքայամորի, մոմերու, հագուստի արտադրութեան, մեղուաբուծութեան, թէյարանի հիմնադրութեան, արցախեան արտադրութիւններով նուէրի տուփերու ստեղծման նախագիծները:
Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի մագիստրոսի Ագրոբիզնես բաժինի առաջին տարուան ուսանող Վահէ Մարտիրոսեանի առեւտուրի նախագիծը արքայամորի այգիի հիմնադրութիւնն է: Ան արքայամորիի մշակութեամբ կը զբաղի Մարտակերտի շրջանի Գառնաքար համայնքին մէջ եւ նպատակադրած է ընդլայնել զայն:
«Ծրագրին մասին լսած եմ ընկերներէս, մասնակցած եմ բոլոր փուլերուն: Այս ծրագրին ընթացքին շատ նորութիւններ լսած եմ: Տարբեր ոլորտներ ուսումնասիրած եմ, եւ որովհետեւ արքայամորի շատ կը սիրեմ, եւ Արցախի մէջ մեծ այգիներ չկան, ուստի որոշեցի արքայամորիի մշակութեամբ զբաղիլ: Հիմա կը մշակեմ փոքր տարածքներու վրայ, գիտեմ նրբութիւնները եւ կը փափաքիմ ընդլայնել տարածքը: Բերած եմ նոր եւ այլազան տեսակներ, որոնց վաճառքէն կախեալ է արտադրութիւնը ընդլայնելու նպատակս», նշած է նախագիծի յաջողած հեղինակներէն մէկը:
Տեղեկացնենք, որ պայմանագիրներու ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուած են` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Դադամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի անդամ Ցողիկ Աշըգեանը, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ, «Վերելք» ծրագիրի դասընթացավարները:
«Ինչո՞ւ Պիտի Խեղճանանք, Եթէ Մենք Մեր Հողին Վրայ Ենք». Անդրանիկ Չաւուշեան
Աղաւնոն Ազրպէյճանին յանձնուած Քաշաթաղի շրջանի 54 համայնքներէն մէկն է, որ դեռ չէ հայաթափուած: Կարմիր կտուրներով գիւղին մէջ կ՛ապրի 170 մարդ, բնակեցուած է 47 տուն: Ազրպէյճանցիներով շրջապատուած գիւղին մէջ ապրիլը դիւրին չէ, աւելի՛ն, հերոսութիւն է: Կտոր մը հաց վաստակելէն մինչեւ անվտանգութիւն` պայքար է բառին ամենալայն իմաստով:
«Սովորական իրավիճակ չէ, Աղաւնոն արդէն կղզիացած է, շրջապատուած ենք թշնամիի դիրքերով: Ասիկա սովորական երեւոյթ չէ: Առաջ գիտէինք, թէ գիւղին վարչական տարածքը մինչեւ ուր է, ո՛ւր մեր անասունը ազատ կ՛արածէր, հիմա կը պարզուի, որ ուրիշ տեսակի անասուններով շրջապատուած ենք: Արօտավայրերը այնքան փոքրացած են, որ խոշոր եղջերաւորներ պահելը դարձած է անհնար», լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեան:
Անասնագողութիւնը դարձած է ազրպէյճանցիներու զբաղումներէն մէկը: Չաւուշեանի խօսքով, տարուած անասունը չի վերադարձուիր: «Երեւի անօթի կը մեռնին. կենդանին կը մորթեն, թափօններն ալ ցուցադրական կը նետեն գետը, որ տեսնենք»:
Իշխանութիւններէն անտեսուած եւ օտարացած Աղաւնոյի մէջ կ՛ապրինք սրտացաւ, անհատներու օժանդակութիւններով: Խօսքը միայն նիւթական օժանդակութեան մասին չէ: Մէջբերելով չինական իմաստութիւնը` Չաւուշեան կ՛ըսէ` «Ոչ թէ ձուկ կու տանք, այլ` կարթ»:
«Լաւաշի փուռ ստեղծած ենք, որպէսզի կիները աշխատին: Յառաջիկային ալ արհեստանոց պիտի հիմնենք: Պատրաստ արտադրանքը իրացնելու տեղեր ունինք, պէտք է ինքնակազմակերպուինք, որպէսզի ապրինք»: Աղաւնոյի պիւտճէն, ըստ Չաւուշեանի, ազնիւ հայերն են: Նաեւ անոնց շնորհիւ է, որ գիւղը դեռ կը շնչէ: Եթէ մղումները ազնիւ են, պարզուած ձեռքը օդը չի մնար: «Մագնիսը չի նայիր, թէ մետաղը ի՛նչ գոյնի է, կը քաշէ: Մենք ալ եթէ զգանք, որ նպատակը արդար է, կուսակցական պատկանելիութեան չենք նայիր»:
Աղաւնոյի շնչառութիւնը բացուած է դպրոցին շնորհիւ: Կրթօճախի շէնքը վերանորոգած, կարգի բերած են, եւ մօտաւորապէս 50 աշակերտ արդէն դպրոց կը յաճախէ: Ծրագիրներուն մէջ կարեւորագոյնը մանկապարտէզի շինարարութիւնն է եւ գիւղին ջուր հասցնելը: «Պէտք է կարենանք ինքնաբաւ ըլլալ, որպէսզի այլեւս չսպասենք օգնութեան: Մենք մուրացկան չենք, ոչ ալ` ծնկած ապրող: Եւ ինչո՞ւ պէտք է խեղճանանք, եթէ մենք մեր հողին վրայ ենք»:
Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած Անդրանիկ Չաւուշեանը Եւրոպա հաստատուելու կարելիութիւն ունի, բայց չ՛երթար: «Սկիզբէն ալ գիտակցած եմ, որ պատերազմող գօտի կու գամ, եւ պատրաստ եղած եմ հաւանական վտանգներուն: Ձգտումս Արցախի մէջ ապրիլն ու այս հողը շէնցնելն է: Այսքանէն ետք չեմ կրնար մեր զինուորներուն արեամբ շաղախուած հողը ձգել ու երթալ: Չէ՞ որ հողը ո՛չ միայն արիւնով կը պահեն, այլեւ` ապրելով»:
Ալբերտ Յովհաննիսեանին Յետմահու «Արցախի Հերոս» Կոչումը Տրուեցաւ
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Ալբերտ Յովհաննիսեանին յետմահու շնորհուեցաւ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումը: Այս մասին յայտնեց Ալբերտ Յովհաննիսեանին հայրը` Արտակ Յովհաննիսեաը:
«Ալբե՛րտս, տղա՛ս, իբրեւ հայրդ` քու տեսակովդ եւ քեզմով հպարտանալու հազար առիթ ունեցած եմ: Այժմ քեզի շնորհուեցաւ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումը եւ այդ փաստող «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը յանձնուեցաւ ինծի: Կրկին անգամ հպարտ եւ շնորհակալ եմ, որ հայրդ ըլլալով` եղած եմ օրհնուած, բայց միեւնոյն ժամանակ պատժուած եմ` քու ֆիզիքական ներկայութենէդ զրկուած ապրելով: Շնորհաւո՛ր, իմ հերոս ու հրետանաւոր որդի», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արտակ Յովհաննիսեան:
Պատերազմի Պատճառով Տեղահանուածներուն 80 Տոկոսը Պատրաստ Է Վերադառնալու Արցախ
«Ընկերային աշխատողներու միութիւն»-ը կատարեց հետազօտութիւն մը, որուն նպատակն է գիտնալ, թէ ի՛նչ շեշտադրումներով պէտք է օգնութիւն ցուցաբերուի այն արցախցիներուն, որոնք պատերազմին պատճառով զրկուած են իրենց տուներէն եւ բնականոն կեանքէն:
21 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ քննարկուեցան «Հայաստանի ընկերային աշխատողներու միութեան» կողմէ` «Աննա Աստուածատրեան» հիմնադրամի, «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ ԱՔԹԵԴ միջազգային կազմակերպութեան ֆինանսական եւ այլ աջակցութեամբ կատարուած «Արցախեան պատերազմ 2020. կորուստներ, մարտահրաւէրներ եւ դիմակայութեան զարգացման կարելիութիւններ» հետազօտութեան արդիւնքները:
«Հետազօտութեան արդիւնքները փաստեցին, որ 44-օրեայ պատերազմը նշանակալի ազդեցութիւն ունեցած է արցախցիներուն վրայ թէ՛ ընկերային-տնտեսական, թէ՛ հոգեբանական առումով` խախտելով կեանքի բնականոն ընթացքն ու փոխելով կենսական ռազմավարութիւնները», յայտնեց վերոյիշեալ միութեան նախագահ Միրա Անտոնեանը:
Քննարկման ընթացքին գործադրուած հարցում-պատասխան բաժինէն յստակացաւ, որ առաջնահերթ կերպով պէտք է ձեռք մեկնել այն արցախցի ընտանիքներուն, որոնց մէջ կան քրոնիք հիւանդութիւններ ունեցող անձեր: Անտոնեանի համաձայն, նուազ կարեւոր չեն նաեւ արցախցի երեխաները:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Արցախէն տեղահանուած բնակչութեան 80 տոկոսը պատրաստ է վերադառնալու իր բնակավայրը` իրենց տուն ապահովելու եւ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու պարագային:
«Արցախը վերաբնակեցնելը եւ շէնցնելը արցախեան հարցը սեղանին վրայ պիտի պահեն, իսկ ծրագիրը չէ աւարտած, եւ մենք պիտի շարունակենք հետագայ քայլեր ձեռնարկել եւ հարցերուն մասին բարձրաձայնել արդէն միջազգային հարթակներու վրայ», յայտնեց Անտոնեան:
«Հայ Դիւցազնավէպի Քոչարեան Պատկերապատումը» Ցուցահանդէսը` Երուանդ Քոչարի Թանգարանին Մէջ
Կարեւոր համարելով արուեստի զօրութիւնը եւ դերակատարութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ եւ գիտակցելով, որ ազգապահպանումը կրնայ իրականանալ միայն ազգային ինքնութեան արժէքներու միջսերնդական փոխանցման միջոցով, Երուանդ Քոչարի թանգարանը նախաձեռնած է «Հայ դիւցազնավէպի քոչարեան պատկերապատումը» խորագրով ցուցահանդէսը:
1939-ին, երբ կը նշուէր մեր դիւցազնավէպին պայմանական 1000-ամեայ յոբելեանը, Քոչար կը ստեղծէ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին նկարազարդումներուն շարքը: Նկարազարդումներուն բնօրինակները տրամադրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, որուն շնորհիւ ալ կարելի դարձաւ այս ցուցադրութեան կազմակերպումը:
«Երուանդ Քոչարի թանգարանը անցած է ցուցադրութիւններու կազմակերպման հայեցակարգային նորատիպ, յղացման ձեւի, որ այսօր կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Այս ցուցադրութիւնը ո՛չ միայն պիտի ներկայացնէ քոչարեան նկարազարդումները, այլեւ նորարարական լուծումներու, ինքնատիպ գաղափարներու կիրարկումով թանգարանին մէջ փորձած ենք ստանալ դիւցազներգական առասպելական միջավայրը եւ փոխանցել այն հիմնական ազդակները, որոնցմէ ներշնչուելով` Քոչարը ստեղծած է իր կրաֆիքական էջերը», այս մասին տեղեկացուցած են Երուանդ Քոչարի թանգարանէն:
«Դադիվանքի Մէջ Ապրող Հոգեւորականները 6 Ամիս Է Փակուած Են Այնտեղ» Բագրատ Սրբազան
«Մեր ժողովուրդը կ՛ապրի թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեւոր ծանր, դժուար իրավիճակի մէջ, բայց ամբողջ ժողովուրդը կամ ազգը չէ, որ այդպէս կ՛ապրի, ես չեմ ուզեր, որ մենք մեզ խաբենք: Մեր ազգին մէկ մասն է, որ այդպէս է` գիտակցութիւն ունեցող հատուածը»: Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Սուրբ Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տուած քարոզի ընթացքին:
«Այս մասը` քիչն է, բայց ճիշդ այդ քիչն է, որ պիտի յաղթէ: Քիչն է ճշմարտութիւնը, եւ քիչն է յաղթողը: Պատերազմի օրերուն ամէն վայրկեան ապրեցանք ո՛չ միայն ցաւի, այլ նաեւ յաղթանակի տեսիլքով: Այս վիճակը վերջ պիտի չունենայ: ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ տեսիլքը պիտի ՉԱՒԱՐՏԻ, անկախ անկէ, թէ մենք ո՛ր փուլին մէջ կը գտնուինք այսօր: Մեր ՄԱՅՐԸ հիւանդ է այսօր, խոցուած է, բայց մեռած չէ: Մենք իրաւունք չունինք սպաննելու զինք: Այցելեցէ՛ք, վերադարձէ՛ք տուն: Կը խնդրեմ ձեզմէ ու կը յորդորեմ, որ այսօր է ժամը, եթէ ոչ ամբողջութեամբ, ապա գոնէ` աւելի յաճախ վերադառնալու Հայաստան, վերադառնալու Արցախ», շեշտեց Բագրատ եպիսկոպոսը:
Տաւուշի թեմի առաջնորդը իր քարոզին մէջ նաեւ խօսեցաւ Դադիվանքի մէջ ապրող հոգեւորականներուն մասին, որոնք 6 ամիսէ ի վեր փակուած են այնտեղ: «6 ամիս է, որ դուրս չեն եկած այնտեղէն, փակուած են, արգիլուած է ելքն ու մուտքը: Այսպիսի հերոսական ճակատամարտի մէջ են մեր հոգեւոր եղբայրները` գտնուելով գերեվարուած Դադիվանքի մէջ», հաղորդեց Բագրատ եպս. Գալստանեանը: