Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շահումեանի Նորայայտ Դամբարանէն Ներկայացուեցան Հնագիտական Բացառիկ Նմուշներ
Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ ցուցադրուեցան կանուխ պրոնզէ դարու Կուր-արաքսեան մշակոյթը ներկայացնող նմուշներ` Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն եւ Արմաւիրի մարզի Շահումեան համայնքին մէջ այս տարի յայտնաբերուած դամբարանէն, որ իր տեսակով առաջինն է Հայաստանի տարածքին:
Շահումեանի դամբարանը յայտնաբերած է Մուշեղ Յարութիւնեան` իր պարտէզին մէջ ծառատունկի ժամանակ: Յուշարձանին եւ տարածքին ուսումնասիրութիւնը սկսած է այս տարուան օգոստոսին: Մուշեղ Յարութիւնեանի խօսքով, եթէ յստականայ, որ մօտակայ տարածքները եւս հնագիտական նշանակութիւն ունին, ուստի զանոնք պիտի տրամադրեն այդ նպատակներով եւս: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Հնագիտական արշաւախումբը աշխատանքներուն առաջին իսկ օրերուն յայտնած է, որ կը պեղուի Քրիստոսէ առաջ 3-րդ հազարամեակի առաջին քառորդով ժամանակագրուող խիստ ուշագրաւ դամբարան մը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Պատալեանի խօսքով, պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած է դամբարան, որ դեռ ամբողջութեամբ ուսումնասիրուած չէ: «Անսպասելի կերպով պարզուեցաւ, որ անիկա հսկայական տարածք է եւ ունի աւելի քան 30 հանգուցեալի կմախք եւ իրենց ուղեկցող իրեր` աւելի քան 60 կաւէ եւ մօտ 100 պրոնզէ իր, հազարաւոր ուլունքներ` տարբեր նիւթերէ պատրաստուած եւ այլն»: Պատալեան շեշտեց, որ միանշանակ պիտի շարունակեն աշխատանքները եւ յոյս ունին, որ պիտի աւարտեն ամբողջ ուսումնասիրութիւնը, որովհետեւ անիկա արտասովոր յուշարձան-դամբարան է:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան շնորհաւորեց բոլորը` նմանատիպ բարձրարժէք գտածոներուն առնչութեամբ: Փոխնախարարը նշեց, որ կառավարութեան հետ ունեցած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք` որոշուած է այսուհետեւ Հայաստանի ընդերքի գանձերը դարձնել հանրային սեփականութիւն եւ ջանք չխնայել` իրականացնելու միջոցառումներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան մեր արժէքներու հանրայնացման:
Ցուցահանդէսը, որ կ՛իրականացուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի ու Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ համագործակցութեամբ, բաց պիտի մնայ մինչեւ դեկտեմբեր 30:
Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Ժողովածուներուն Շնորհահանդէսը` Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ժողովածուներուն շնորհահանդէսը, զոր կազմակերպած էին Հայկազեան համալսարանը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը: Շնորհահանդէսին ներկայացուեցան Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին հրատարակած «Լիբանանի հայերը» (Պէյրութ, 2017 թուական), «Սուրիոյ հայերը» (Պէյրութ, 2018 թուական), «Յորդանանի հայերը» (Պէյրութ, 2019 թուական) եւ «Իրաքի հայերը» (Պէյրութ, 2021 թուական) ժողովածուները:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայկազեան համալսարանին անգնահատելի դերը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի, դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան ըսաւ, որ հակառակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հասարակական-քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամային իրավիճակին` Հայկազեան համալսարանը մտադիր է շարունակել իր առաքելութիւնը կրթական եւ գիտական ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ` հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան: Ան նշեց, որ ժողովածուներուն մէջ անդրադարձած են ո՛չ միայն հայ համայնքներուն, այլ նաեւ հիւրընկալող երկիրներու պատմութեան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան անդրադարձաւ վերջին շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան նահանջի եւ այլ հարցերու պատճառով հայ համայնքներու համար ի յայտ եկած բացասական իրողութիւններուն: Ան կարեւոր նկատեց առկայ ուսումնասիրութիւններուն նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան համալսարանին եւ Արեւելագիտութեան հիմնարկին միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի արաբական երկիրներու բաժինի վարիչ Լիլիթ Յարութիւնեան նշեց, որ նկատի ունենալով ներկայիս Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները` շատ կարեւոր է տարածաշրջանի հայ համայնքներու ուսումնասիրութիւնը` առկայ հարցերուն կարելի լուծումներ գտնելու նպատակով:
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի գլխաւոր խմբագիր Անդրանիկ Տաքեսեան ներկայացուց կեդրոնի վերջին 10 տարուան գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ 2014 թուականէն սկսեալ Հայկազեան համալսարանը նախաձեռնած է գիտաժողովներու շարք, որ նուիրուած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի հայ համայնքներուն: Այս գիտաժողովին մասնակցած են հարիւրաւոր հետազօտողներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
Միացեալ Նահանգներու Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն, գրող, հասարակական գործիչ Զաւէն Խանճեան ներկայացուց Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան դերը սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան համալսարանի կողմէ հայ համայնքներու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները: «Հակառակ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին` Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքները պիտի շարունակեն իրենց պատմական դերն ու ներկայութիւնը», ըսաւ Զաւէն Խանճեան:
«Արաբական երկիրներու հայ համայնքներու հիմնական հարցերը Հայկազեան համալսարանի օրակարգին մէջ» նիւթով զեկուցում մը կարդաց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի արաբական երկիրներու բաժինի առաջատար գիտաշխատող Արաքս Փաշայեանը: «Հայկազեան համալսարանի ժողովածուները ո՛չ միայն գիտելիք կը փոխանցեն Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի հայ համայնքներուն մասին, այլ նաեւ լայն կարելիութիւն կ՛ընձեռեն առկայ հիմնահարցերուն լուծումներ առաջարկելու եւ գործիքակազմեր մշակելու ուղղութեամբ», յայտնեց Արաքս Փաշայեան:
Շնորհահանդէսին խօսքեր արտասանեցին նաեւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանը, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին կից սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչ, պատմաբան Յովհաննէս Ալեքսանեանը, հրապարակախօս Սագօ Արեանը: Իրենց փորձառութիւնը ներկայացուցին իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչներ` պատմաբաններ Սեդա Օհանիսեանը, Պետրոս Թովմասեանը եւ Արա Աշճեանը:
Հայկազեան համալսարանին հրատարակած ժողովածուներուն մէջ զետեղուած են հայ համայնքներու պատմութեան տարբեր շրջափուլերուն եւ գաղթօճախներուն կեանքին վերաբերող հարիւրաւոր փաստական նիւթեր, որոնք ունին բացառիկ վաւերական նշանակութիւն: Անոնցմէ շատերը հիմնուած են արխիւային նիւթերու, գետնի վրայ կատարուած հետազօտութիւններու, սեփական ընտանիքներու եւ անձնական պատմութիւններու վրայ: Ժողովածուներուն մէջ քննարկուած են դէպի Սուրիա, Յորդանան, Իրաք, Լիբանան հայերուն գաղթի ուղիները, առաջին գաղթակայանները, հայ աղջիկներուն` պետեւիներուն հետ ամուսնանալու պատմութիւնները, նշուած երկիրներուն մէջ հայ համայնքներուն հաստատութիւններ եւ կառոյցներու ստեղծման հայաշատ բնակավայրերու ստեղծման ու զարգացման պատմութիւնները: Ներկայացուած է նշանաւոր հայերու գործունէութիւնը, անոնց ներդրումը` Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի հասարակական, տնտեսական, մշակութային կեանքին մէջ: Լուսաբանման առարկայ դարձած են նաեւ համայնք-պետութիւն յարաբերութիւններուն, փոքրամասնութիւններու կարգավիճակին, հայկական ինքնութեան հարցերուն, հայ համայնքներու անցեալի եւ ներկայի մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցերը: Կան առանձին ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը քննարկեն հայ համայնքներուն դերը Հայաստան-արաբական աշխարհ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ խորհրդային եւ յետխորհրդային Հայաստանի դերը` հայապահպանութեան աջակցելու հարցին մէջ: Հատորները ունին բացառիկ կարեւոր աղբիւրագիտական եւ հանրագիտարանային նշանակութիւն:
Մայրաքաղաքի Պատկերասրահին Մէջ Հայազգի Աշխարհահռչակ Ծովանկարիչ Այվազովսկիին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Կիսանդրիի Բացում
Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կրթական-մշակութային ծրագրի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած է հայազգի հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կենսագրութեան եւ ստեղծագործական ուղիին, անոր ձգած ժառանգութեան մասին պատմող ժապաւէնի դիտում եւ մտային խաղ, որուն մասնակցեցան Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի ուսանողները:
Պատկերասրահի ուղեցոյց-պատասխանատու Նոնա Գրիգորեան նշեց, որ համաշխարհային համբաւ վայելող նկարիչ Այվազովսկին ամէնէն աւելի յայտնի է իր ծովանկարներով, որոնք արուեստագէտին ժառանգութեան զգալի մասը կը կազմեն:
«Այս օրերուն Այվազովսկիին նուիրուած ձեռնարկներ կը նախաձեռնենք` մեր կարգին այս ձեւով անգամ մը եւս արժեւորելով անոր նման մեծութեան գործունէութիւնը: Ողջունելի է Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի ուսանողներուն ցուցաբերած աշխուժութիւնը` հասարակական, մշակութային տարբեր ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ: Այսօր մասնակիցները խորապէս ծանօթացան Այվազովսկիի կերպարին, նկարիչի կեանքին հետ կապուած հետաքրքրական դրուագներուն եւ ամէնէն աւելի յայտնի կտաւներուն», նշեց Ն. Գրիգորեան:
Նշենք, որ նախօրէին Ստեփանակերտի Յովհաննէս Այվազովսկի անունը կրող փողոցին մէջ տեղի ունեցած է անուանի ծովանկարիչի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը, որ իրականացած է ռուսական «Փառքի ծառուղի» նախագիծի շրջանակներուն մէջ:
Կիսանդրիին հեղինակն է ռուս քանդակագործ Միխայիլ Սերձիւկովը: Յուշարձանի բացման պատիւը տրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի սպայ, հազարապետ Սերգէյ Լազեւին եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Գայիանէ Գրիգորեանին:
Ս. Լազեւը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են կիսանդրիի բացման գործին մէջ:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան նշած է, որ հայը կը մնայ աշխարհի մշակութային գանձարանին ամէնէն շատ արժէքներ տուած ազգը:
«Այվազովսկիի կտաւներուն մէջ կ՛արտացոլան Հայկական հարցը, հայ ցեղի, ազգային յիշողութեան ցաւերը, տառապանքներն ու ցասումը: Եւ անոր կտաւներուն մեծամասնութիւնը կ՛արտայայտեն այսօրուան մեր իրականութիւնը», ընդգծեց Լ. Ղարախանեան:
«Շուշի քաղաքի թանգարաններ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանի խօսքով, աշխարհահռչակ Յովհաննէս Այվազովսկիին անունը իրապէս կը համարուի հայ ժողովուրդին իւրօրինակ այցեքարտը:
«Ծովանկարիչը հայ-ռուսական բարեկամութեան խորհրդանիշն է, իսկ անոր արուեստը միաւորող է, մնայուն եւ համամարդկային: Ան հայ ժողովուրդին համար մեծագոյն պարծանքը եւ հպարտութիւն է: Այվազովսկիի կիսանդրիին տեղադրումը Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ` մեր սիրոյ եւ երախտագիտութեան առհաւատչեան է, մեր յարգանքի եւ անկեղծ բարեկամութեան վկայութիւնը` Ռուսիոյ եւ ռուս ժողովուրդի նկատմամբ, որուն աջակցութիւնը զգացած ենք բազմիցս», շեշտած է Լ. Գասպարեան:
Ստեփանակերտի Մէջ Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Տեղահանուածներուն Համար Համակարգիչներու Կեդրոն Հաստատեց
Հայ կրթական հիմնարկութենէն տեղեկացուցին, որ 20 հազար տոլարի նուիրատուութեամբ եւ Շուշիի Արհեստագիտութեան համալսարանին հետ համագործակցութեամբ, կարելի եղած է 44-օրեայ պատերազմին պատճառով տեղահանուածներուն համար համակարգիչներու կեդրոն մը հաստատել այժմ Ստեփանակերտի մէջ գործող համալսարանին մէջ` գիտակցելով, որ երիտասարդութիւնը արդի արհեստագիտութեան կապելու աշխատանքը յոյժ կարեւոր է յատկապէս այս փուլին:
Տարիներէ ի վեր Հայ կրթական հիմնարկութիւնը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արդի արհեստագիտութեան տարածումը դիւրացնելու ջանքերուն: Օրինակի համար, 2013-ին հիմնարկութիւնը 100 հազար տոլար նուիրած է Ստեփանակերտի պետական համալսարանի համակարգիչներու քառամեայ մասնագիտութիւն հաստատելու ծրագրին եւ 200 հազար տոլար` նոյն համալսարանին մէջ ուսանողուհիներու յատուկ հանրակացարան մը հաստատելու ծրագիրին, ինչպէս նաեւ ցարդ Արցախի գիւղերուն մէջ ճարտարագիտութեան դասաւանդման նուիրուած 8 կեդրոններու համար տրամադրած է (80 հազար տոլար), շարք մը այլ նախաձեռնութիւններու կողքին:
Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ ուրախութիւն յայտնեց, որ հիմնարկութիւնը կրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել Շուշիի համալսարանին համար նոր տուն մը գտնելու ջանքերուն` զայն հայութեան գոյատեւման կամքին ցուցանիշներէն մէկը համարելով:
Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Մահուան 850-ամեակը Եւ Հայաստանի Ազգային Շարժապատկերի Կեդրոնի Հիմնադրութեան 100-Ամեակը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Օրացոյցին Մէջ
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին մահուան 850-ամեակը եւ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի հիմնադրութեան 100-ամեակը ընդգրկուեցան կազմակերպութեան Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու տարեդարձներու օրացոյցին մէջ` 2022-2023 երկամեակին համար:
Հաղորդենք, որ միջնադարու հայ մեծ մտաւորական, բանաստեղծ, աստուածաբան, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուած Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մահուան 850-ամեակը օրացոյցին մաս դարձնելու Հայաստանի դիմումին աջակցած են` Կիպրոսը, Իտալիան, Յունաստանը եւ Սուրիան, իսկ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի (որ ապագային դարձաւ «Հայֆիլմ») հիմնադրութեան 100-ամեակի դիմումնագիրին` Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Վրաստանը: