Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 29, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Երեք Թենոր» Համերգով Օփերայի Լաւագոյն Երգիչները Սենեկային Նուագակցութեամբ  Կատարեցին Յայտնի Արիաներ

24 դեկտեմբերին «Արամ Խաչատուրեան» սրահին մէջ Հայաստանի ազգային սենեկային նուագախումբը «Երեք թենոր»  խորագրով համերգային ծրագրով ամանորեան տօնական երեկոյ նուիրեց երաժշտասէրներուն` կարելիութիւն ընծայելով անոնց, լաւագոյն թենորներու կատարմամբ, վայելելու սիրուած օփերային արիաներ, երգեր եւ օփերային նախերգանքներ:

Երեկոյին ելոյթ ունեցան  միջազգային ճանաչում ունեցող հայազգի օփերային երգիչներ` Լիպարիտ Աւետիսեան, Արսէն Սողոմոնեան եւ նոր բարձունքներ նուաճող երիտասարդ թենոր Տիգրան Յակոբեան:

Արսէն Սողոմոնեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յիշեցուց, որ համերգային կատարումով սենեկային նուագախումբին հետ արդէն իսկ ներկայացուցած են «Պայացներ»-ը, «Օթելլօ»-ն, եւ Էդուարդ Թօփչեանի հետ նախատեսած էին համերգային տարբերակով բեմադրել նաեւ «Պիկովայայ դամա» օփերան, սակայն ծրագիրները փոխուեցան, եւ ծնաւ «Երէք թենոր» համերգը:

«Դասական երաժշտութիւնը ուրախ ժամանակ անցընելու համար չէ, այլ կ՛օգնէ յաղթահարելու որոշակի դժուարութիւններ, զգացումներ, վերապրելով գեղեցիկը` կը հանգստանաս: Այս է մեր նպատակը», նշեց արուեստագէտը:

Սողոմոնեան աշխատելով շարք մը անուանի նուագախումբերու հետ` շեշտեց, որ մեծ բաւականութիւն կը ստանայ, երբ կը համագործակցի սենեկային նուագախումբին հետ: «Այն ստեղծագործութիւնները, որոնք կատարած ենք Էդուարդ Թօփչեանի հետ, լաւագոյն խմբավարներու եւ նուագախումբերու  ամէնէն բարձր գնահատանքին արժանացանք: Մայեսթրոյին գիտելիքներն ու կարողութիւնը անփոխարինելի են», ընդգծեց Արսէն Սողոմոնեան եւ անդրադարձաւ հայ հանդիսատեսին` նշելով, որ անոր քաջալերանքը ստանալը շատ բարդ է, որովհետեւ արտերկրի մէջ կ՛երգես, կը լսես ծափահարութիւններ եւ հաճոյախօսութիւններ ու կը հեռանաս, իսկ քննադատութիւնը չի հասնիր: Մինչ հայ հանդիսատեսի պարագային, անոր  ազդեցութիւնը կը մնայ քեզի հետ, եւ դուն կը լսես անոր քննադատութիւնը: «Այս մէկը հրաշալի է, որովհետեւ կը ստիպէ մեզի շատ աշխատիլ եւ կատարելագործուիլ», եզրափակեց Սողոմոնեան:

Լիպարիտ Աւետիսեանի կ՛ոգեւորէ այն, որ ամավերջի այսպիսի համերգները կարծես աւանդոյթի վերածուեցան: Աւետիսեան շեշտեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններով եւս մէկ անգամ կ՛ընդգծուի դասական երաժշտութեան անհրաժեշտութեան մասին, որ լուրջ ուղերձներ ունի: «Դասական երաժշտութիւնը կը բուժէ, եւ կը կարծեմ, որ ասկէ աւելի լաւ ուղերձ չի կրնար ըլլալ», յայտնեց թենորը եւ ուրախալի համարեց այն իրականութիւնը, որ դասական համերգներուն աւելցած է երիտասարդ ունկնդիրներուն ներկայութիւնը:

Տիգրան Յակոբեան առաջին անգամը չէ, որ հանդէս կու գայ սենեկային նուագախմբին հետ, սակայն առաջին անգամն է, որ բեմը կը կիսէ Արսէն Սողոմոնեանի եւ Լիպարիտ Աւետիսեանի հետ: Ըստ անոր, այս մեծ պատասխանատուութիւն է: «Այս ելոյթին մասնակցութիւնս շատ լաւ փորձառութիւն մըն է. ե՛ւ նուագախումբէն, ե՛ւ թենորներէն կարելի է շատ բան սորվիլ: Կը փափաքիմ, որ կարենամ բեմէն իմ յոյզերս փոխանցել ունկնդիրին եւ յորդորել աւելի սիրել օփերային արուեստը», տեղեկացուց Տ. Յակոբեան:

Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան, որ ղեկավարեց համերգային ծրագիրը,  անդրադարձաւ, որ որոշած են նոյնանման համերգով ներկայանալ, որովհետեւ հանգամանքներու բերումով ե՛ւ Արսէն Սողոմոնեան ե՛ւ Լիպարիտ Աւետիսեան կը գտնուին Հայաստան, անոնց միացած է Տիգրան Յակոբեանը, որ ըստ Թօփչեանի, համաշխարհային յաջողութեան պիտի հասնի:

«Տարիներ շարունակ համագործակցած ենք Արսէնին եւ Լիպարիտին հետ, որոնք առաջին իսկ քայլերէն մեր կողքին եղած են եւ այսօր համաշխարհային ճանաչում ունին ու տակաւին մեր կողքին են, իսկ Տիգրանին կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ», նշեց խմբավարը:

Անդրադառնալով 2021-ին նուագախումբին կատարած աշխատանքին եւ 2022-ի ծրագիրներուն`  Էդուարդ Թօփչեան խոստովանեցաւ, որ 2021-ը բարդ տարի էր, սակայն` համերգառատ: Մայեսթրոն նշանակալի իրադարձութիւն կը համարէ այն, որ 2021-ին, Պեթհովենի 250-ամեակին առիթով, յաջողեցան ձայնագրել եւ տեսագրել երգահանին սիմֆոնիաներէն վեցը: Յառաջիկային կը նախատեսեն ամբողջացնել մնացածը: Խմբավարը նշեց նաեւ, որ յառաջիկայ տարուան համար հիւրախաղերով պիտի ներկայանան Եւրոպայի մէջ եւ պիտի իրականացնեն այլ կարեւոր իրադարձութիւններ եւս:

Ամանորի Նուէրներ` Արցախի Սահմանամերձ Գիւղերու 1200 Երեխաներու Համար

Դեկտեմբեր 20-24, Հայ օգնութեան միութեան Քանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, թշնամիին անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող 19 գիւղերու երեխաներ ստացան Ամանորի նուէրներ, իսկ անոնց ընտանիքները` նիւթական օժանդակութիւն:

Հայ օգնութեան միութեան Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեան եւ վարչութեան անդամ Սիւզի Պոյամեան անձնապէս ներկայ գտնուեցան նուէրներու յանձնման ընթացքին: Յայտնենք, որ ծրագիրի կազմակերպական հարցերը լուծուեցան Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորին միջոցով:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան նշեց, որ ծրագիրը իրականացաւ Արցախի հսկողութեան տակ մնացած բոլոր շրջաններուն մէջ, Մարտակերտի Կիչան, Ճանկաթաղ, Վարդաձոր, Վարանգաթաղ, Մաղաւուզ, Ասկերանի Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Խրամորթ, Մարտունիի Մաճկալաշէն, Թաղավարդ-կալեր, Կարմիր Շուկայ, Նորշէն, Աւդուռ, Միւրիշէն, Հացի եւ Շուշիի Լիսագոր, Եղծահող, Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերու 972 աշակերտներ եւ մանկապարտէզներու սաներ ստացան նուէրներ: «Իւրաքանչիւր տարիքային խումբի եւ սեռի համար տարբեր նուէրներ նախատեսած ենք` փափուկ խաղալիքներ, խաղալիքէ ինքնաշարժներ, մարզական հագուստ, ժամացոյց, արծաթեայ զարդեր», նշեց Լ. Մարտիրոսեան` աւելցնելով, որ ծրագրին մէջ ընդգրկած են քանի մը գիւղ եւս: Այս պարագային Ամանորի նուէրներ ստացող երեխաներուն թիւը հասած է 1200-ի` ընդգրկելով Շոշ, Մխիթարաշէն եւ Հարաւ գիւղերը: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան` համագործակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու հարցերուն գծով աջակցութեան համար:

ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ Արցախի մանուկներուն Ամանորի նուէրներու գաղափարը յառաջացեր էր նախորդ տարուան պատերազմի օրերուն:

«Հայ օգնութեան միութեան Քանատայի շրջանը մտածեց որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ տեղահանուածներուն եւ Արցախի ժողովուրդին: Մենք մասնակցեցանք տեղահանուածներուն նիւթական աջակցութեան աշխատանքին, իսկ երիտասարդները փափաքեցան ժպիտ պարգեւել Արցախի մանուկներուն եւ մտածեցին երեխաներուն խաղալիքներ տալ, իսկ ծնողներուն որոշ գումար` Ամանորի առիթով որեւէ բան գնելու համար», նշեց Անի Օհանեան:

Այսպիսով, անոնք կատարեցին առցանց հանգանակութիւն եւ հաւաքեցին մօտաւորապէս 1500 երեխայի համար նախատեսուած գումար: Անցեալ տարուան նոյեմբերի վերջաւորութեան արդէն հանգանակութիւնը աւարտեցաւ, սակայն «Քորոնա»-ին եւ պատերազմին պատճառով միայն 270 նուէրներ բաժնուեցան Երեւանի եւ սահմանամերձ շրջաններու մէջ բնակութիւն հաստատած տեղահանուած ընտանիքներու երեխաներուն:

Երկրորդ փուլը սկսաւ դեկտեմբեր 12-16-ին, երբ Անի Օհանեան եւ Սիւզի Պոյամեան Հայաստան հասան եւ Նոր տարուան առիթով նուէրներ բաժնեցին Շենգաւիթի եւ մերձակայ արուարձաններուն մէջ հաստատուած 100 ընտանիքներու երեխաներուն: Այնուհետեւ նուէրներ ստացան Եղէգնաձորի եւ Սիսիանի մէջ հաստատուած 100 ընտանիքներու երեխաներ: Ծրագրին վերջին փուլը իրագործուեցաւ Արցախի մէջ:

Անի Օհանեան 5-րդ անգամն էր, որ կ՛այցելէր Արցախ, բայց եւ այնպէս յաջողած էր գտնուիլ միայն Հադրութ, Շուշի եւ Ստեփանակերտ: Անոր խօսքով, մինչայդ ունեցած պատկերացումները տարբեր էին: «Մեր կատարածը կաթիլ մը ջուր է ովկիանոսի մէջ: Երանի շատ աւելի գումարներ ունենայինք բոլորին հասնելու համար, որովհետեւ ամէն երեխայի ժպիտը անգին է, եւ մեծ գոհունակութիւն է այս օրերուն երեխաներուն դէմքին ժպիտ տեսնելը», նշեց ան:

Խօսելով Արցախի հետ կապուած այլ ծրագիրներու մասին` Անի Օհանեան ըսաւ, որ ՀՕՄ-ի Քանատայի միաւորը ունի 10 մասնաճիւղ եւ 1200 անդամ, եւ բոլորը պատրաստակամութեամբ ու սիրով կ՛ընդառաջեն ծրագիրներուն, մանաւանդ եթէ հերթը հասնի Արցախին: «Մեր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի Արցախը: Մենք ամէն օր, ամէն ժամ ձեզի հետ կ`ապրինք բոլոր դժուարութիւնները: Մեր ժողովուրդը միշտ Արցախի կողքին է», շեշտեց Հայ օգնութեան միութեան Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին:

«Մատենադարանի Ղաճարական Արուեստի Նմուշները» Գիրք–Ալպոմ Շնորհահանդէս

23 դեկտեմբերին Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի մէջ տեղի ունեցաւ արեւելագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Իվեթ Թաջարեանի «Մատենադարանի ղաճարական արուեստի նմուշները» գիրք-ալպոմին շնորհահանդէսը:

Սոյն աշխատանքին միջոցով փորձ կատարուեցաւ առաջին անգամ արուեստաբանական տեսանկիւնէ անդրադառնալ Մատենադարանի ղաճարական ժամանակաշրջանի նկարազարդ ձեռագիրներուն եւ խէժապատ կազմերուն: Աշխատանքին մէջ ընդգրկուած են թիւով 20 ձեռագիրէն մօտ 100 մանրանկարներ եւ խէժապատ ստեղծագործութիւններ: Արուեստի ներկայացուած նմուշները լիովին կ՛ընդգրկեն եւ լաւագոյնս կը պատկերեն ղաճարական ժամանակաշրջանի իրանական մանրանկարչութեան ինքնատպութիւնը:

Գիտական շրջանակներու մէջ մեծ մասամբ տակաւին անյայտ ձեռագիրներու հաւաքածոյի հրատարակումը նոր խթան կը հանդիսանայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու եւ միջմշակութային նոր յարաբերութիւններու համար:

Հրատարակուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի գիտական խորհուրդներու որոշմամբ:

Տպագրութիւնը կատարուեցաւ «Վիկտորիա» միջազգային բարեգործական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ:

Մեծ Աշխատանքներ Իրագործուեցան Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Մշակութային Ժառանգութեան Մշտադիտարկման, Պահպանման Ուղղութեամբ

Ընթացիկ տարուան ընթացքին մեծ աշխատանքներ կատարուեցան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկման, պահպանման ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդեց լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը:

«Մշակոյթի ոլորտին մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներով աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ Մարտունիի, Ճարտարի, Ասկերանի, Աստղաշէնի, Մարտակերտի արուեստի դպրոցներուն` ազգային նուագարաններու եւ ժողովրդական երգի հանրապետական մրցոյթին դպրոցներու սաներու մասնակցութեան ապահովման համար: Յաջողեցանք որոշ գոյքային համալրումներ կատարել մշակոյթի տարբեր համոյթներու մէջ եւ 2022 թուականին պիտի շարունակենք:

«Իսկ «Հայաստանի եւ արտերկրի հետ համագործակցութիւն» ծրագրի շրջանակներուն մէջ կազմակերպեցինք արուեստի դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ: Յաջողեցանք պահել Շուշիի Մկրտիչ Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոնը, որ թէպէտ տակաւին շրջիկ է եւ անհասցէ, բայց կը շարունակէ իր աշխատանքը լիարժէք կատարել: Թանգարանային գործի զարգացման շրջանակներուն մէջ եւս աշխատանքներ իրականացուցինք: Երիտասարդութեան իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացման ծրագիրներով, ո՛չ պաշտօնական կրթութեան շրջանակներու մէջ, զգալի աշխատանքներ կը տարուին, յատկապէս` ազգային արժէքներու կողմնորոշման, ամրապնդման առումով: Կ՛արժեւորեմ նաեւ գորգերու ցուցահանդէս-մրցոյթը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հադրութի արուեստի դպրոցի աշակերտները», հաղորդեց Լ. Ղարախանեան:

Ստեփանակերտի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արցախցի Ժամանակակից Գեղանկարիչներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէսին

Ստեփանակերտի Պոլ Էլիվարի տան` ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ արցախցի ժամանակակից գեղանկարիչներու` Գայիանէ Շուշեցիի, Զօրիկ Գալստեանի, Հրանդ Մնացականեանի, Ռաֆայէլ Պետրոսեանի, Մերի Մուսայէլեանի, Սերգէյ Առուստամեանի, Օնիկ Գասպարեանի, Լիանա Քոչարեանի, Դաւիթ Առստամեանի եւ Սամուէլ Թաւադեանի ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսին` «Հայրենիքը տժգոյն չի լինում» խորագրով:

Բացման հանդիսութեան նախ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներուն յիշատակին:

«Շուշի քաղաքի թանգարաններ» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանի խօսքով, ցուցահանդէսին ներկայացուած գրեթէ բոլոր նկարիչներուն բոլոր գործերուն մէջ հայրենիքը բարձրագոյն հանգամանք է, ա՛յն հայրենիքը, որ մենք պէտք է շէնցնենք:

Քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեան բարձր գնահատեց նկարիչներուն աշխատանքները` նշելով, որ նկարներուն գունային երանգները ապրեցնող են: Երիտասարդ նկարչուհի Մերի Մուսայէլեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անկեղծութեամբ նշեց, որ պատերազմէն ետք ցուցահանդէսին մասնակցիլը կը նմանի վերածնունդի: «Պատերազմէ ետք շատ դժուար է ծանր հոգեվիճակով ստեղծագործելը: Բայց մենք` նկարիչներս, մեր վրձինով պէտք է ապացուցենք, որ Արցախը միշտ վառ է ու տաք», նշեց Մ. Մուսայէլեան:

Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 15 օր եւ կազմակերպուած է Արցախի նկարիչներու միութեան ու Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի նախաձեռնութեամբ:

Ամփոփուեցաւ «Մէկ Ամիս Իրանական Ժամանակակից Գրականութեան Հետ» Գրական Նախագիծը

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ ամիս իրանական ժամանակակից գրականութեան հետ» գրական նախագիծին ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ Վարդան Ոսկանեանը, Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնի խորհրդական Սէյետ Հոսէյն Թապաթապային, Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօսներ, ուսանողներ:

Վ. Ոսկանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի իրանագիտութեան ամպիոնը այն վայրն է, ուր պէտք է ամփոփուի նմանատիպ կարեւորագոյն գիտական-գրական ձեռնարկ. «Ես պարբերաբար կը շեշտեմ, որ մշակութային գիտական համագործակցութեան դաշտը կը ստեղծէ պատեհ կարելիութիւն` զարգացնելու Հայաստանի եւ Իրանի հազարամեայ պատմութիւն ունեցող քաղաքական յարաբերութիւնները, եւ ըստ էութեան, մեր ամպիոնը կ՛ապահովէ այն մթնոլորտը, որ կարելի կը դարձնէ այդ յարաբերութիւններու շատ աւելի զարգացումը»:

Իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչը աւելցուց, որ զեկուցումներով հանդէս  եկան ամպիոնի դասախօսներ, ինչպէս նաեւ ուսանողներ` անդրադառնալով Իրանի ժամանակակից գրականութեան այնպիսի ներկայացուցիչներու, ինչպիսիք են` Նիմա Իւշիճն ու անոր հիմնած գրական աւանդոյթներու լաւագոյն շարունակող Ահմատ Շամլուն:

Վ. Ոսկանեան նշեց նաեւ, որ ուշագրաւ է այն փաստը, թէ այս երկու հեղինակներն ալ յաճախ կ՛անդրադառնան Իրանի մէջ ապրող հայերուն եւ անոնց վարած հայկական կեանքին, որ շատ կարեւոր է նաեւ հայաստանցի ունկնդիրին համար:

Սէյետ Հոսէյն Թապաթապային շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն` փաստեց, որ իւրաքանչիւր երկրի ժամանակակից գրականութիւնը տուեալ հասարակութեան հայելին է, եւ կարդալով այդ գործերը` մարդիկ կը ծանօթանան տեղի ունեցող գործընթացներուն. «Անձամբ զիս շատ կ՛ոգեւորէ այն, որ հայ հասարակութիւնը քաջատեղեակ է ժամանակակից իրանական գրականութեան, յատկապէս` բանաստեղծութեան»:

Խորհրդականը շեշտեց, որ «Մէկ ամիս իրանական ժամանակակից գրականութեան հետ» գրական նախագիծի շրջանակին մէջ կազմակերպուեցան եւ իրականացուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ, շնորհահանդէսներ եւ գրական քննարկումներ, ամենայն հաւանականութեամբ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները շարունակական բնոյթ ունին:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնին կողմէ իրականացուող ասմունքի մրցոյթին ամփոփման արարողութիւնը, եւ մասնակիցներուն տրուեցան պատուոգրեր:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքները Եւ Անոնց Հպատակները Գանձակի Մէջ

Յաջորդը

Որպէսզի Հայու Զաւակները Չհարցնեն` Ինչո՞ւ Կ’ապրիմ Ես….

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?