Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հանդիպում ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակին Մէջ
Սեպտեմբեր 27-ին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, անդամներ Արա Պուլուզեան եւ Ալեոնա Դադամեան հանդիպեցան Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզաննա Առաքելեանի եւ Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի կրթական մշակութային կեանքին վերաբերող եւ ապագան նախատեսող շարք մը մշակութային միջոցառումներ:
Երկուստեք շեշտուեցաւ մշակութային կեանքի աշխուժացումը` յատկապէս յետպատերազմեան ժամանակահատուածին մէջ:
Պատերազմի Վաւերագրութիւնը Դաւիթ Ղահրամանեանի Լուսանկարներուն Մէջ. Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ
Սեպտեմբեր 27-ին Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Պատերազմի աչքերը» խորագրով ցուցահանդէսը:
Լուսանկարիչը արցախեան 44-օրեայ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ վերջին օրը եղած է իրադարձութիւններու կենդրոններուն մէջ, հասած է առաջնագիծ, թշնամիի պատճառած աւերներու վայր, անմահացուցած է կռուող հերոսները, որոնց մէկ մասին համար այս լուսանկարները անոնց վերջին լուսանկարները եղան: Սակայն, ինչպէս իրաւամբ նշած է ԱՀ ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, «Լուսանկարներուն մէջ պարտութիւն չկայ: Սա Դաւիթի մտածողութեան, հոգեբանութեան եւ անոր էութեան արդիւնքն է: Դաւիթը յաջողած է արտայայտել իր ազգային աշխարհընկալումը եւ աշխարհըմբռնումը: Սա բանի մը սկիզբ է, եւ Դաւիթը այս ցուցահանդէսով ոչ միայն պատերազմի գիրք կը դնէ մեր սեղանին, այլ կ՛ըսէ, որ սա չի կրնար աւարտ ըլլալ, սա սկիզբ է»:
Ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ: Ըստ գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանին, լուսանկարներու ցուցահանդէսի գաղափարը յղացուած է պատերազմի օրերուն: Ըստ անոր Դ. Ղահրամանեան մեծ ըսելիք ունի ինչպէս հայրենիքի մէջ, այնպէս ալ արտերկրի մէջ:
«Նախաձեռնութիւնը մերն է, բայց այս ցուցահանդէսը բոլորինն է, որովհետեւ այստեղ ներկայացուած լուսանկարները կ’արծարծեն մեր բոլորիս կեանքի պատմութեան կարեւոր ու անջնջելի ժամանակահատուած մը, որուն մէջ շատ է ցաւը, կորուստը, շատ են խորտակուած երազանքները, բայց որուն մէջ շատ է նաեւ մեր տեսակը, մեր ապրելու, վերընձիւղուելու կամքը, ապրելու վճռակամութիւնը: Այս նկարներէն ամէն մէկը իւրօրինակ դաս է բոլորիս համար, այս նկարներուն առջեւէն անցնելով` պէտք է խորհիլ, մտածել ու վերածնիլ», իր խօսքին մէջ նշած է Հ. Աւագեան:
Դաւիթ Ղահրամանեան սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան, ուրիշներու նման, կը պատրաստուէր մեկնելու առաջնագիծ, սակայն կառավարութիւնը անոր յանձնարարած է ըլլալ դէպքերու վաւերագիրը, եւ այդ մէկը ան մեծ պատասխանատուութեամբ ու պատուով կատարած է: «Խիղճս կը տանջէր, որ ընկերներուս մօտ չեմ, բայց յետոյ հասկցայ, որ իմ գործն ալ շատ կարեւոր է: Այս լուսանկարները վկայութիւնն են այն բանի, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը յանցագործութիւն գործեցին Արցախի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ», իր խօսքին մէջ յուզմունքը հազիւ զսպելով նշած է լուսանկարիչը:
Ան համոզմունք յայտնած է, որ մեր հողերը ետ պիտի բերենք, եւ ինքը արդէն պիտի անմահացնէ Շուշիի ազատագրման պատկերները:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ Դաւիթին երկրորդ լուսանկարչական տեսախցիկը: Առաջինով նկարած է ապրիլեան պատերազմը, երկրորդով` 44-օրեայ պատերազմը: «Տեսախցիկս փոխելու ժամանակն է, երրորդը պէտք է առնեմ, որպէսզի Շուշիի ետ բերելը նկարեմ», ըսած է լուսանկարիչը:
Ան ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Մեխակ Արզումանեանին նուիրած է ԱԻՊԾ աշխատանքները պատկերող լուսանկար մը, որ «Վայրագութիւններ մարդկութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմից» մրցոյթին մէջ մրցանակի արժանացած է: Լուսանկարին մէջ ԱԻՊԾ-ի այն ժամանակուան փոխտնօրէն Մեխակ Արզումանեանը աշխատակիցներու հետ աւերուած տունէն դուրս կը բերէր վիրաւորները:
ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը նշած է, որ Դաւիթին շարք մը լուսանկարները տեղ գտած են ԱՀ ՄԻՊ զեկուցագրերուն մէջ, որոնք ուղարկուած են միջազգային ատեաններ:
Ապրիլեան եւ վերջին պատերազմի ժամանակ զոյգ որդիները կորսնցուցած Միքայէլ Հաճեանն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Դաւիթի լուսանկարներուն մէջ իւրաքանչիւրը կը փնտռէ իր հարազատը` անկախ անկէ` հարազատները կա՞ն, թէ՞ ոչ: «Այս պատկերասրահը դարձած է իւրօրինակ հայելասրահ: Հայելիի մէջ մենք սովորաբար մեզի կը նայինք: Կը նայինք այս լուսանկարներուն եւ կը փորձենք մեզ գտնել անոնց մէջ», նշած է Մ. Հաճեանը` կոչ ընելով իշխանութիւններուն Դ. Ղահրամանեանի լուսանկարները տարածել այլ լեզուներով:
Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են մօտ 100 լուսանկարներ:
Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ հոկտեմբեր 12:
«Հնչող Ձայներ» Եւ «Պատերազմի Դուռը» Գիրքերը Ներկայացուեցան Արցախի Ընթերցողին
Վերջերս Արցախի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հնչող ձայներ» եւ «Պատերազմի դուռը» գիրքերուն շնորհահանդէսը: «Հնչող ձայներ»-ը կը ներկայացնէ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հերոս տղաներուն ստեղծագործութիւններու ժողովածուն, որ տպագրուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին կողմէ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան տնօրէն Հերմինէ Աւագեան նշեց, որ գիրքին մէջ լոյս տեսած են ստեղծագործութիւնները Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին անմահացած հերոսներուն, որոնք գացին ճակատ մէկ ձեռքերնին զէնքը, իսկ միւսին` գրիչը:
«Արցախէն ներկայացուած են երիտասարդ գրող Հայասէր Յովսէփեանի բանաստեղծութիւնները եւ արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին նահատակուած շնորհալի գրող Կոմիտաս Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները: «Հնչող ձայներ»-ը այն տղաներուն ձայներն են, որոնք պէտք է յաւերժ հնչեն մեր բոլորին հոգիին, մտքին ու սրտին մէջ, եւ պէտք է սերունդներուն փոխանցուի այդ ձայնը, որպէսզի առաջին հերթին ըլլայ սթափութեան, ներկայէն, անցեալէն դասեր քաղելու ձայն», իր խօսքին մէջ ըսաւ Հերմինէ Աւագեան:
Հաղորդենք, որ «Հնչող ձայներ»-ուն գաղափարը Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզաննա Առաքելեանին է, իսկ մտայղացումը յառաջացած է պատերազմի օրերուն: Խօսելով գիրքին ստեղծման մասին` Առաքելեան յայտնեց, որ նահատակուած տղաները երբեք լուռ չեն. «Եռաբլուրին մէջ լռութիւն չկայ: Տղաները կը խօսին մեզի հետ, անոնց բոլոր պատգամները հայրենիքի մասին են: Այս հերոսները մեզի կը փոխանցեն արժանապատուութիւն եւ ապրելու իրաւունք: Չեմ կարծեր, թէ որեւէ մէկը կրնայ մոռնալ այս հերոսները, անոնց թափած արիւնով մեր հողը աւելի սրբացաւ, մեր հայրենիքին այս հատուածը աւելի սիրելի դարձաւ», շեշտեց Առաքելեան:
Հադրութցի Վիթալի Պետրոսեանի «Պատերազմի դուռը» գիրքը հեղինակին 5-րդ գիրքն է: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած գիրքը խտացուած գոյներով կը ներկայացնէ պատերազմին նախորդող ժամանակահատուածին եւ յաջորդող իրողութիւններուն տրամադրութիւնները:
«Նախորդ գիրքերուս օրինակները մնացին Հադրութ, այս գիրքին հիմնական ստեղծագործութիւնները պահպանուեցան Դիմատետրի միջոցով, ձեռագիրները չկան», նշեց հեղինակը` աւելցնելով, որ զինք կ՛ոգեշնչէ բառը, տողը, բանաստեղծութիւնը, իսկ ստեղծագործել «կը ստիպէ» ներկայ իրավիճակը:
Գիրքին մէջ հրատարակուած քանի մը բանաստեղծութիւններու մէջ նկարագրուած են բուն պատերազմական գործողութիւնները, որուն յաջորդած են` պատերազմին ձգած աւերածութիւնները, բազմաթիւ զոհերը, սեփական երկրի մէջ գաղթական դարձած արցախցիներուն մէկ մասը, քաղաքական իրավիճակը:
Հաղորդենք, որ նախքան արցախեան շնորհահանդէսը` «Հնչող ձայներ» եւ «Պատերազմի դուռը» խորագիրներով գիրքերը ներկայացուեցան Հայաստանի ընթերցողներուն:
Վահրամ Դումանեան Եունեսքօ–ի Գլխաւոր Տնօրէնին Եւ Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարին Հետ Քննարկեց Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութեան Համար Համագործակցութեան Հարցեր
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի նախարար Վահրամ Դումանեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ:
Հանդիպումին անդրադարձան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ Արցախ ու յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի թեքնիք առաքելութեան գործուղման: Վահրամ Դումանեան վերահաստատեց Հայաստանի լիարժէք աջակցութիւնը` առաքելութեան իրականացման եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հարցին պատշաճ ուշադրութիւն դարձնելնուն համար:
Հանդիպումին քննարկուեցաւ նաեւ «Վերակենդանացնելով Մուսուլի ոգին» նախաձեռնութեան համար համագործակցութիւնը, եւ կարեւոր նկատուեցաւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը, մասնաւորապէս` հակամարտութենէն տուժած գօտիներուն մէջ: Նախարարը նշեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Հայաստան գտնուած է Մուսուլի հին ձեռագիրներու վերականգնման աշխատանքներով զբաղող փորձագէտներու պատուիրակութիւնը` Քաղդէական եկեղեցւոյ Արեւելեան ձեռագիրներու հրապարակման կեդրոնի տնօրէն, Նաճիպ արք. Միխայիլի գլխաւորութեամբ, եւ յոյս հայտնեց, որ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական, եւ Հայաստանը կրնայ լաւագոյն փորձի փոխանակման միջոցով իր նպաստը բերել համաշխարհային մշակոյթի պահպանման կարեւոր գործին:
Նախարար Վահրամ Դումանեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարին` Ռոզելին Պաշլոյի հետ: Նախարար Դումանեան շեշտեց երկու բարեկամական երկիրներու համագործակցութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները պիտի նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման` ստեղծելով նոր կարելիութիւններ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ընդլայնելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախարարները անդրադարձան Արցախի Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան: Վահրամ Դումանեան շնորհակալութիւն յայտնեց 2020 թուականին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերող մտահոգութիւնը կիսելուն եւ այդ հարցին մէջ աջակցելու պատրաստակամութեան համար:
Քննարկուեցան նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ժամանակակից արուեստի ոլորտին մէջ համագործակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու, մշակոյթի ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստման, մշակութային միատեղ ձեռնարկներու կազմակերպման կարելիութիւնները: Նախարարները խօսեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ մշակութային համագործակցութեան փաստաթուղթի մշակման եւ ստորագրման մասին:
«Թուֆէնքեան» Հիմնադրամը Մարտունիի Դպրոցներուն Տարրալուծարանային Սարքեր Նուիրեց
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը իր ծրագիրներու ծիրէն ներս Արցախի Մարտունի քաղաքի եւ շրջանի դպրոցներուն նուիրեց տարրալուծարանային սարքեր: Ծրագիրէն օգտուեցան շրջանի մօտաւորապէս 29 դպրոցներ: Ընդհանուր առմամբ նուիրուեցաւ 33 սարք:
Հաւաքածուները, որոնք նախագծուած եւ կառուցուած են հայ անուանի գրող Զապէլ Եսայեանի թոռ Ալեքսանդր եւ ծոռ Տիգրան Եսայեաններու կողմէ, առատաձեռնօրէն նուիրուեցան Մասաչուսեց նահանգի ամուսիններու` Ճուտի Սարեանի եւ Վիքթոր Ծառուկեանի կողմէ:
«Մենք Ալեքսանդրի տարրալուծարան այցելեցինք 2019-ին: Ալեքսանդրը եւ Տիգրանը մեզի ցոյց տուին այն սարքերը, որոնք պատրաստած էին, եւ այդ իսկ օրը որոշեցինք զանոնք նուիրել Արցախի աշակերտութեան: Փորձնական ուսուցումը չափազանց կարեւոր է գիտութիւններու մէջ», բացատրեց «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի երկարամեայ աջակից` Ճուտի Սարեանը:
«Այս փոքր քայլով կ՛ուզենք նպաստել, որպէսզի դպրոցներու աշակերտները լաւ սորվին եւ ապագային լաւ մասնագէտներ դառնան, մանաւանդ` դառնան ուսուցիչներ Արցախ աշխարհի համար», շեշտեց «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կրեկ Պետեանը:
Արցախի Մարտունի շրջանի Սօս գիւղի դպրոցի տնօրէն Մանուշակ Վանեան դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին իր աջակցութեան համար:
«Մենք մեր ուժերուն ներածած չափով պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի դպրոցի աշակերտները ստանան կայուն գիտելիքներ, ապագային դառնան լաւ մասնագէտներ եւ պիտանի մարդիկ Արցախի համար», եզրափակեց Արցախի Մարտունի շրջանի Սօս գիւղի դպրոցի տնօրէն Մանուշակ Վանեան:
Գիւմրիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Ազգային Խորհրդանիշներու Թանգարանին
Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայկական ազգային խորհրդանիշներու թանգարանին եւ պատմական ճարտարապետական «Ակումբ 1887»-ին: Թանգարանը եւ ակումբը կազմակերպուած են 1887 թուականին կառուցուած ալեքսանդրապոլեան շէնքերէն մէկուն մէջ` երկու տարի տեւած վերականգնողական աշխատանքներէ ետք:
Հայկական ազգային խորհրդանշաններու թանգարանին բացումը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 30-ամեակին: Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են հայկական զինանշանային համակարգի նմուշներ, հայկական պետական եւ ազգային խորհրդանշաններու առնչուող եզակի ցուցանմուշներ` պաստառներ, բացիկներ, կարասի եւ այլն: Անոնք հիմնականօրէն կը ներկայացնեն եւրոպական եւ ռուսական պատկերագրութեան մէջ հայկական արքայական ընտանիքներու վերաբերող բացառիկ նիւթեր, տարբեր հրատարակութիւններու կազմերուն հայկական զինանշաններու եւ դրօշներու յօրինուածքներ:
Առանձին սրահի մէջ ցուցադրուեցաւ Մայր Հայաստանի պատկերագրութեան եւ Ա. հանրապետութեան խորհրդանշաններուն վերաբերող բացառիկ բնօրինակ նիւթեր:
Յայտնենք, որ թանգարանին ցուցադրութիւնը պարբերաբար պիտի համալրուի նորանոր նիւթերով: Հաւաքածոն ամբողջութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախկին տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի անձնական հաւաքածոն է: «Տարիներ շարունակ ես տարբեր աճուրդներու եւ տարբեր ճամբորդութիւններու ժամանակ ձեռք բերած եմ այս ցուցանմուշները», նշած է Հայկ Դեմոյեան:
«Ակումբ 1887»-ը ալեքսանդրապոլեան ոճի ներքին յարդարանքով կազմակերպուած պատմական միջավայր է, ուր պիտի կազմակերպուին տարատեսակ ձեռնարկներ` ցերեկոյթներ, շնորհահանդէսներ, հարցազրոյցներ, լուսանկարչական շարքեր եւ շարժապատկերներու նկարահանումներ: