Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռազմիկ Դաւոյեանն Ու Իր Նմանները Չեն Հանգիր. Չեն Վերջանար». Մկրտիչ Մկրտիչեան

Յունուար 17, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան հետեւեալ յիշատակի խօսքը յղեց մեծանուն գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանի մահուան առիթով: Հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին խօսքը կարդաց ՀՅԴ-ի անդամ Արտաշէս Շահբազեան:

Իննսունական թուականներու սկիզբը, հայրենիքի պետական անկախութիւնը հազիւ հռչակուած, խումբ մը մտաւորականներ Երեւանի մէջ դիմաւորեցին Համազգայինը. անոնք փաստօրէն դարձան Հայաստանի Համազգայինի մէջ առաջին վարչականները: Անոնցմէ էին Սօս Սարգսեանը, Ռուբէն Յովսէփեանը, որոնք քանի մը տարիներէ ի վեր արդէն մեզի հետ չեն. իսկ այսօր մենք հրաժեշտ կու տանք այդ վարչութեան նախագահ Ռազմիկ Դաւոյեանին, որուն գրականութիւնը վկայ, իր գաղափարներով ու նկարագրով, փաստօրէն շատոնց, նոյնպէս մաս կը կազմէր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին: Մեր ընկերը իր գաղափարները յայտնած է իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն, բայց զանոնք յստակօրէն բացայայտած է հայկական Կիլիկիոյ պետական կեանքը նկարագրող Թորոս Ռոսլինի անունը կրող արձակ հատորին մէջ: Այստեղ բառացիօրէն կ՛երեւի, որ միացեալ հայութիւնը եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարները մաս կը կազմեն Ռազմիկ Դաւոյեանի էութեան: Թորոս Ռոսլինի մէջ Ռազմիկ Դաւոյեանի ընտրած տիպարները, անոնց մտայնութիւնը, գործելաձեւն ու նկարագիրը ցոյց կու տան, որ հեղինակը լաւ սերտած է հայկական ու միջազգային պատմութեան քաղաքական անձնաւորութիւններու ու դիւանագէտներու աշխատանքն ու աշխատելաձեւը: Իր կեանքին մէջ սերտօրէն գործակցած ըլլալով Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէին հետ` Ռազմիկ Դաւոյեան լաւապէս ծանօթացած է սփիւռքահայութեան եւ անոր հարցերուն. այս ձեւով, արդէն խորհրդային օրերուն, Ռ. Դաւոյեան վերածուած էր համահայկական ներկայացուցչական տիպարի: Հայկական բազմաթիւ շրջանակներու իր խորքային գիտութիւնը իր առջեւ բացած էր լայն հորիզոններ: Զարմանալի չէ, որ քաղաքականութեան հետ, գէթ` սկզբնական շրջանին, այնքան ալ կապ չունեցող մարդը հետագային, անկախութեան շրջանին, դարձաւ ՀՀ նախագահի խորհրդական եւ պետական հեռատեսիլի տնօրէնի խորհրդատու: Պատահական չէ նաեւ, որ «Թորոս Ռոսլին»¬ը տպուեցաւ սփիւռքի մէջ: Սփիւռքի հետ իր անմիջական շփումը զինք ակնբախօրէն կապեց Հայաստանի անկախութեան ծրագրին հաւատացող, քարոզող ու այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնող անհատներուն ու շրջանակներուն: Անոնցմէ էր Համազգայինը, որուն հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Համօ Օհանջանեան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր կորիզին պատկանած եւ պետական բարձրագոյն պաշտօններու գլուխը անցած պետութիւն ու պետական հաստատութիւններ կազմակերպած ու ղեկավարած էին: Ժամանակի թաւալումով Ռազմիկ Դաւոյեանի կեանքի գործօն շրջանը խոչընդոտուեցաւ դժուար բուժելի հիւանդութեան մը հետեւանքներով: Ամէն մարդու նման նախատեսելով իր կեանքի վերջին օրը` ան գրած էր.

Արօրով ինձ հողից հանեցին
Ինձ հողում ինչո՞վ են թաղելու…
Յոգնել է իմ կեանքի նժոյգ ձին`
Չի՜ թռչում, չի՜ գնում, չի՜ թռչում
Հողմերից երազներ քաղելու:

Բայց պեգասը սխալած էր: Մեռնիլը այնքան ալ դիւրին բան չէ, ինչպէս համոզուած էր գործընկեր Մուշեղ Իշխան: Ռազմիկ Դաւոյեան դեռ ընելիք ունէր. վտանգուած ազգային պետութիւնը զինք կը կանչէր: Եւ ինք, նոյնիսկ իր անկեալ վիճակին մէջ, չէր կրնար մերժել: Ո՞վ չի յիշեր զինք 2020-ի դեկտեմբերին, համավարակի աշխուժացման մէկ հանգրուանին, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի բանաստեղծի 80-ամեակի առիթով կազմակերպած հանդիսութեան վերջաւորութեան: Ռազմիկ Դաւոյեան աջ ու ձախ ժպիտներ բաժնելով վերագտեր էր իր կորովը, իր երբեմնի ուժը. ան իր եզրափակիչ խօսքի կենսունակութեամբ ցոյց տուաւ, որ ինք ու իր նմանները չեն հանգիր, չեն վերջանար: Ատկէ քանի մը օր ետք զինք տեսանք քաղաքական հաւաքի մը հարթակին վրայ, ուրկէ կը հնչեցնէր իր պահանջատիրական խօսքը` արհամարհելով համավարակ ու սառնամանիք: Իսկ այսօր իր մահուան գոյժը մեզ անակնկալի բերաւ: Գնաց` բոլորիս յանձնելով իր հարուստ գրական արգասիքը եւ իր անմոռանալի ժպիտին յիշատակը:

Վար՛ձքդ կատար, ընկեր Ռազմիկ: Պատիւն արժանաւորաց:

 

 

Նախորդը

«Բանաստեղծ, Որ Մոլորակ Է Ստեղծել». Տեղի Ունեցաւ Ռազմիկ Դաւոյեանի Հոգեհանգիստը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?