Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 12, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայաստան Եւ Եգիպտոս Քայլերու Կը Ձեռնարկեն Զբօսաշրջութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը Խորացնելու Նպատակով

30 դեկտեմբեր 2021-էն մինչեւ 6 յունուար 2022 ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուին եգիպտական զբօսաշրջային 60 գործարարներ:

Այս ծիրին մէջ Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնը, Հայ-եգիպտական գործարարներու միութիւնը եւ Միջազգային գործարար կապերու աջակցութեան խորհուրդը 5 յունուարին կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր: Այս առիթով կայացած հանդիպումին քննարկուեցաւ համագործակցութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը, գործարարները շեշտեցին Եգիպտոսի քաղաքացիներուն համար Հայաստան մուտքի արտօնագիրի գործընթացի դիւրացման անհրաժեշտութիւնը:

Զբօսաշրջութեան ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեանի համաձայն, յուշագիրին նպատակն էր ամրապնդել եւ նոր մակարդակի բարձրացնել զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ հայ-եգիպտական համագործակցութիւնը:

«Յուշագրի ստորագրումը մեզի կ՛օգնէ գործարարներուն հետ կապեր հաստատել: Մենք մեր կողմէ ամէն ինչ պիտի ընենք Հայաստանի մէջ Եգիպտոսը` իբրեւ զբօսաշրջային երկիր, լաւ կերպով ներկայացնելու ուղղութեամբ: Իրենք ալ, ըստ յուշագրի համաձայնութեան, նոյնը պիտի կատարեն», նշեց Ապրեսեան:

Միջազգային գործարար կապերու աջակցութեան խորհուրդի նախագահ Մարիամ Մանուկեան կարեւոր նկատեց արտագնայ զբօսաշրջութեան զարգացումը: Նշեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած է համաձայնութիւն` դիւրացնելու Եգիպտոսի քաղաքացիներուն մուտքը Հայաստան:

«Եգիպտոսը այն բացառիկ իսլամական երկիրն է, ուր տասը տոկոս քրիստոնեայ արաբ կ՛ապրի, եւ այս մէկը զգալի թիւ է: Հայաստանը` իբրեւ քրիստոնեայ երկիր, կրնայ դիտարկուիլ ուխտագնացութեան բացառիկ վայր, քրիստոնեայ արաբներու համար», ընդգծեց Մանուկեան:

Հայ-եգիպտական գործարարներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մանուկեան վստահեցուց, որ Եգիպտոսի քաղաքացիներուն համար Հայաստան այցելելու մուտքի արտօնագիր ստանալու գործընթացը դիւրացնելու կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին 2-3 ամիսէն:

Ամանորեայ Ձեռնարկ` Արցախի Աւելի Քան 200 Պատանիներու Համար

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուեցաւ ամանորեայ ձեռնարկ` Արցախի 4 շրջաններու աւելի քան 200 պատանիներու համար:

Ձեռնարկին ներկայ էր սուրիահայ յայտնի երգիչ Սուրէն Աճեմեան, որ իր ազգային, յեղափոխական եւ ժողովրդական երգերով մանուկներուն օրը դարձուց իսկական տօնի:

Ձեռնարկի ընթացքին Ձմեռ պապը եւ Ձիւնանուշիկը նուէրներ բաժնեցին մասնակից մանուկներուն:

Ընթացքին խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ բոլոր շրջաններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, որոնք այս մէկ տարուան ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցան Արցախի փոքրիկները երջանկացնելու աշխատանքին մէջ:

ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Նժդեհ Գարաքաւորեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ սփիւռքի մէջ ապրող բոլոր հայերը արցախցի փոքրիկներուն կողքին են, որպէսզի վերջիններս մէկ վայրկեան անգամ իրենք զիրենք միայնակ եւ անտեսուած չզգան:

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Ամանորեայ Նուէրներ Բաժնեց Աշանի Մէջ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները այցելեցին Մարտունի շրջանի Աշան գիւղ եւ ամանորեայ նուէրներ բաժնեցին գիւղի շուրջ 80 երեխաներուն:

Հաղորդենք, որ այս ծրագիրը հովանաւորեցին Քաթարի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները:

ՀՕՄ-ի Միջոցով Արցախ Հասած Տեղահանուածներուն Համար Նախատեսուած Գոյք

«Ալիւմթեք» ընկերութիւնը Արցախին նուիրեց 100 հատ մահճակալ` իրենց ներքնակներով եւ 50 պահարաններով: Յայտնենք, որ «Ալիւմթեք» ընկերութեան գլխաւոր բաժնետէրը իրանահայ բարերար Վահէ Ահարոնեանն է:

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան նշեց, որ գոյքը արդէն հասած է Արցախ եւ պիտի յանձնուի պատերազմի պատճառով տեղահանուած քաղաքացիներուն:

Լիլիթ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուութեան համար եւ տեղեկացուց, որ մահճակալներուն եւ պահարաններուն մէկ մասը յատկացուեցան Արցախի Մարտունի շրջանի Աւդուռ համայնքի մէջ հաստատուած տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներուն, իսկ միւս մասը նախատեսուած է տրամադրել յառաջիկային, Ստեփանակերտի մէջ շահագործման յանձնուելիք տեղահանուածներու համար նախատեսուած բնակարաններու կահաւորման համար:

Սահմանամերձ Բերդաւանի Մէջ Կայացաւ Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակին Նուիրուած Յուշահամալիրի Բացում

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղի բարձունքին բացումը կատարուեցաւ նահատակուած բերդաւանցի հերոսներու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրին, եւ օծուեցաւ խաչքարը:

Ըստ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի Դիմատետրի էջին, յուշահամալիրը կառուցուած է «Բերդաւան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Բացման հանդիսութեան կարմիր ժապաւէնը կտրեցին, իսկ խաչքարը ջուրով եւ գինիով լուացին մեր նահատակներու ընտանիքներուն անդամները:

Տիկնիկային Ներկայացումներ` Արցախի Փոքրիկներուն Համար

Յունուար 7-12 Արցախի Մարտունի շրջանի համայնքներու փոքրիկներուն համար կազմակերպուեցան տիկնիկային ներկայացումներ: Ծրագրի կազմակերպիչը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակն է, իսկ հովանաւորը` Արցախի Մարտունի շրջանի մէջ բնակող հայրենադարձ Շանթ Չարշաֆճեանը:

Ծրագրի շրջանակներուն մէջ յունուար 9-ին Շուշիի Մկրտիչ Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոնի դերասանները հանդէս եկան Խնուշինակ գիւղի եւ Ճարտար քաղաքի մէջ:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի խօսքով, տիկնիկային ներկայացումները կայացան այն համայնքներուն մէջ, ուր շէնքային համապատասխան պայմաններ կային: Այդ ներկայացումներուն միացան նաեւ դրացի գիւղերու երեխաները:

«Երեխաները գոհ էին, իսկ մենք վերստին հասկցանք, որ այսպիսի ծրագիրներու կարիքը մեծ է, յատկապէս` գիւղական համայնքներու մէջ, ու պէտք է շարունակենք գործել նոյն ուժգնութեամբ», շեշտեց Հերմինէ Աւագեան:

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակի Իրերայաջորդ Յաղթանակներ

Յաջորդը

Սփիւռք` Հայ Քրիստոնէական Ինքնութեան Ապահովագրումի Ահազանգ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?