Մակար, ի Գաղիա
– Համացանց, թերթ, բեմ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ` դարձած են ոսկեղինիկը մորթելու եւ մորթազերծ ընելու զոհասեղան …
Այս բառերով պարտէզ մտաւ Կեդրոնականցի Արմենակ, երբ արդէն յոգնած էի հողը մոլախոտերէն ազատագրելու պայքարէս: Մոլախոտը խնամքի պէտք չունի, կ՛աճի, կը խուժէ, ինչպէս` բոլոր մոլութիւնները: Այդպէս է ողբերգութիւնը ոսկեղինիկին, որ ամէն օր քիչ մը աւելի դաժան ներխուժման կ՛ենթարկուի:
Գիտէի Արմենակի սրտի ցաւը: Բայց ի՛նչ նոր ժահրեր կային, այդ չէի գիտեր: Եկած էր ինքզինք չարչարելէ ետք զիս ալ խոցելու:
Արմենակ իր ըսելիքէն աւելի երկար ներածականներ չ՛ըներ: Աշխատանքս դադրեցուցի, պարտիզպանի ձեռնոցներս հանեցի: Արմենակ նայեցաւ անոնց եւ…
– Որքա՜ն լաւ կ’ըլլար, որ հրապարակը աղմկողներէն շատեր իրենց լեզուին եւ գրիչին ձեռնոց դնեն երբ հայերէն կը խօսին եւ կը գրեն, որ չապականեն…
– Ի՞նչ պատահած է նորէն, որ չես գիտեր եւ քեզ յուզած է:
– Հայապաշտպան Նեմեսիսէն ետք այսօր հայերէնապաշտպան Նեմեսիսի հրամայական պահանջ կայ, որպէսզի փրկուածները պաշտպանուին ներքին թշնամիներու դէմ, որոնք մասնակից եւ մեղսակից են մեղմ թմրեցուցիչներով հայասպանութեան, որուն համար ալ ինչո՞ւ խորհրդաժողով եւ գիտաժողով չեն գումարեր:
– Հիչքոք եղա՞ր: Ըսելիքդ ըսէ:
– Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Երեւանի «Մարշալ Բաղրամեան» փողոցի վրայ գտնուող հասցէէ մը ել-նամակ ստացայ: Համացանցը հայրենասիրական եւ քաղաքական զեղումներու անպարագիծ դաշտ է: Մեղքս չէ, յիշեցի Վարուժանի «Սերմնացան»-ի թեւին շարժումը: Մէկ էջ յայտարարութիւն յղուած է ինծի եւ ինծի պէս շատերուն: Շատեր զամբիւղ կը դնեն հայերէն գրուած էջերը: Հաճոյքով եւ երբեմն ալ ցաւով կը կարդամ այդ էջերը, ուր կը գտնեմ թթու խօսքեր, ինքնագովութիւններ, ընկեր-բարեկամի մասին գովերգութիւններ, հայհոյանքներ, մարտակոչեր եւ ժառանգութիւն «սեւացրէ՛ք»-ը:
– Չհասկցա՞ր, Արմենա՛կ, համաշխարհայնացած ազատութեան օրերն են:
– Հայերէնը գերեզմանելո՞վ համաշխարհայնացում պիտի ապրինք: Որպէսզի սփիւռքահայերը հասկնան, ճիգ եղած է մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գրելու, չգրուէր բարով: Կը կարդանք` արիւնաՅեղութիւն, ինչո՞ւ Յ, փոխան Հի, սովետի ուղղագրութեան բոլոր Հ տառերը անպայման Յ չեն, ի՞նչ բան է սա ՉԸ ՊԻՏԻ ՅԱՆԴՈՒՐԺԻն, կրկին Հ տառը վերածուած է Յ-ի, հաճոյք պատճառե՞լու համար, ՉԸ ՊԻՏԻն` փոխան ՊԻՏԻ ՉՀԱՆԴՈՒՐԺԷ-ի, նոյն էջին վրայ ԱՆՅԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ, փոխան` ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ-ի:
– Ինչե՜ր կը փնտռես:
– Ինչպէ՞ս հանդուրժել խօսնակի մը բարբաջանքը, երբ կ’ըսէ, թէ «Արշակ տէօ օպերան» գրուել է…»: Հայերէն թուական ածականնե՞րն ալ պիտի «մոդեռնացնենք»: Եթէ Արշակ Երկրորդ ըսենք, օփերան լաւ չ’ըլլա՞ր: Ուրիշ մը կը խօսի «պետական քաղաքակրթութեան» մասին` փոխան «քաղաքականութեան»: Քաղաքակիրթ մարդիկ քաղաքակիրթ քաղաքաքականութիւն կը վարեն, իսկ անքաղաքակիրթներ ազգի լեզուն մորթազերծ կ’ընեն: Եւ կրկին, սռիւռքեան լրատուամիջոցը, առանց յոգնելու եւ խպնելու, կաչաղակի պէս ճուալով կ’ըսէ` «պլանտացիա»…
– Արմենա՛կ, ինչո՞ւ կը յոգնիս, նախարարն ալ կ՛ըսէ «պլանտացիա»… Կրկին բարի յիշենք Ռաֆայէլ Իշխանեանը, որ կ’ըսէր` «առանց լեզուի ի՞նչ ազգ», կամ բարի Մուշեղ Իշխան կը հաւատար, որ «հայ լեզուն տունն է հայուն»…
– Ճիշդ է, պատեր կան, բայց ո՞ւր են հայու տուները, ո՞ւր պիտի փնտռենք այդ տուները,- գլուխը կախեց եւ լռեց Արմենակ:
9 Ապրիլ 2015, Նուազի-լը-Կրան