Արաբական աշխարհին մէջ կարեւորագոյն ուսումնասիրական կեդրոններէն կը համարուի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց «Ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոն»-ը, որ լոյս կ՛ընծայէ «Ռազմավարական տեսութիւններ» (Ռուա իսթրաթիժիյա) արաբատառ պարբերաթերթը:
Սոյն կեդրոնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հրատապ իրադարձութեանց մօտէն հետեւելով` կ՛աշխատի արձագանգել անոնց եւ յարմար ռազմավարութիւնները գծել` արդիականացման հետ քայլ պահելու առաջադրանքով եւ իր կատարած այս աշխատանքով յառաջատար դիրք կը գրաւէ Միջին Արեւելքի մէջ:
Եռամսեայ դրութեամբ լոյս տեսնող մասնագիտական այս պարբերաթերթը կը հրատարակէ միայն 4 ուսումնասիրութիւններ, որոնք ընտրուած կ՛ըլլան գիտական յանձնախումբի մը կողմէ եւ կը համընկնին կեդրոնին ճշդած որակային շարք մը տուեալներու հետ:
Իր վերջին թիւով «Ռազմավարական տեսութիւններ» պարբերաթերթը լոյս ընծայած է դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի օգտաշատ ուսումնասիրութիւնը` «Դէպի տիեզերքի յաւելեալ կառավարում» խորագիրով: Ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ տիեզերքի ապահովութեան նիւթը` իբրեւ 21-րդ դարու առանցքային մարզերէն մին, որ այսօր կը հանդիսանայ յառաջադէմ գիտական, տնտեսական թէ զինուորական գործընթացներու բեմ, մանաւա՛նդ երբ տիեզերքի կապուած արհեստագիտութիւնները եւ գիտութիւնները իրենց մեծ ներդրումը կ՛ունենան հաղորդակցութեանց, կրթական, ծովային, արբանեակային, հրթիռներու գիտութեանց թէ այլ գիտութիւններու մարզերէն ներս. մէկ խօսքով, կ՛առնչուին մարդկութեան բարօրութեան:
Մանաւանդ նաե՛ւ երբ ապագայի կապուած անցեալի այն տեսութիւնները, թէ ապագայի պատերազմները տիեզերքի մակարդակի վրայ տեղի պիտի ունենան, այլեւս շօշափելի դարձած են:
Ուսումնասիրութիւնը առաջին բաժնով կը քննարկէ տիեզերքի կարգաւորման առնչուած ՄԱԿ-ի ուխտերն ու պայմանագրութիւնները, որոնցմէ կարելի է յիշել «Տիեզերքի խաղաղ օգտագործման» պայմանագիրը, ըստ որուն, պետութիւնները կը պարտաւորուին տիեզերքը օգտագործել խաղաղ նպատակներու, «Լուսնի եւ տիեզերական այլ մարմիններու հետ կապուած փրկութեան համաձայնագիրը», որով պետութիւնները կը պարտաւորուին համագործակցիլ տիեզերագնացներու փրկութեան, վերադարձի եւ տիեզերական տարածութեան արձակուած մարմիններու վերադարձի հարցերով, «Պատասխանատուութեան ուխտը», որ կը կարգաւորէ տիեզերական մարմիններու կողմէ հասցուած վնասներով պայմանաւորուած պատասխանատուութիւնը, «Գրանցման ուխտ»-ը, որ կը գրանցէ տիեզերք արձակուած մարմինները, «Լուսնի համաձայնագիր»-ը, որով կը կարգաւորուի Լուսնի եւ տիեզերական այլ մարմիններու վրայ պետութիւններուն գործունէութիւնը եւ այլն:
Աշխատասիրութեան երկրորդ բաժինը կը կեդրոնանայ 2012-ին Եւրոպական Միութեան կողմէ առաջարկուած «Տիեզերքի կառավարման համաձայնագիր»-ին, որ առաջին անգամ քննարկումի դրուեցաւ 2009-ին, Ապազինման խորհրդաժողովի ընթացքին, ու զայն կը համարէ կարեւոր ենթահող մը, որ կու գայ նոր հնարաւորութիւն մը հրամցնելու տիեզերքի տարածքին քաղաքականութեանց կազմակերպման, մանաւանդ երբ կարգ մը մեծ պետութիւններ վերջերս կը խուսափին պայմանագիրներ ստորագրելէ ու վաւերացնելէ եւ կը նախընտրեն ո՛չ պարտաւորիչ համաձայնագիրները:
Եւրոպական թուղթը կը նոյնանայ ՄԱԿ-ի ուխտերու նպատակներուն եւ առաջադրանքներուն հետ ու կը շեշտէ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան կարեւորութիւնը, եւ կու գայ նաեւ արծարծելու տիեզերական թափօններու հարցը, որ կը կազմէ իր առանձնայատկութիւնը: Այսպէս, օրինակ, GPS-ի եւ բջիջայիններու գործածութեան առընթեր, հարկ է գիտնալ, թէ մօտ 20 հազար թափօն կայ այսօր տիեզերքի տարածքին, արբանեակներու-մարմիններու միջեւ բախումներու պատճառով, որոնք կը պայմանաւորեն մեզ պաշտպանելու` տիեզերքի հողային, ծովային եւ օդային սահմանները:
Եւրոպական համաձայնագիրը կ՛առաջադրէ, որ պետութիւնները հրաժարին ամէն քայլէ, որ կրնայ վնասել տիեզերքի մէջ տեղադրուած արբանեակներուն, եւ անոնց բախումներու հաւանականութենէն եւ այս գծով կ՛առաջարկէ պետութիւններու միջեւ գործակցութիւն, տեղեկութիւններու փոխանակում, տիեզերքի կապուած քաղաքականութեանց, թէ ռազմավարութեանց համադրում…
Ուսումնասիրութեան մէջ արծարծուած հիմնական գաղափարներէն են` տիեզերքի բարիքներու օգտագործումը պէտք չէ մենաշնորհը մնայ յառաջատար պետութեանց, տիեզերքի ամէն կերպ օգտագործումները պէտք է ծառայեն մարդկութեան բարօրութեան, տիեզերքի կարիքներու հաւասար բաժնեկցումը, յատկապէս` նկատի ունենալով թերաճ երկիրներն ու անոնց կարիքները, երկիրներու միջեւ գիտական եւ օրինական մարզերէն ներս համագործակցութիւնը, առիթ ընձեռելով նախնական ծրագիրներ ունեցող երկիրներուն օգտուելու այս ոլորտի մէջ բարձր գիտական ներուժ ունեցող երկիրներու փորձառութիւններէն, թափանցիկ գործելաոճի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, արբանեակներու արձակման ընթացքին` վտանգները, պետութեանց ապահովական խիստ միջոցառումներն ու վնասներու հաստատումն (կենսոլորտին, օդանաւերուն վրայ…) ու պատասխանատուութեանց հաստատում…
Ուսումնասիրութեան վերջին բաժնով դոկտ. Պայրագտարեան կը հաստատէ, որ տիեզերքի կառավարման եւրոպական ուղեգիծը առիթ մըն է քաղաքական յանձնառութիւններ ճշդելու եւ վերցնելու, որոնք հետագային կարելի կ՛ըլլայ ներառել պարտաւորիչ պայմանագրութեանց մէջ: Ապա կ՛աւելցնէ, թէ «Տիեզերքի դէպի յաւելեալ կառավարման ձգտող ճիգերը կ՛իյնան միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան ճիգերու կարգին ու տիեզերքի ապահովութեան հաստատումը կ՛ենթադրէ միացեալ յայտարար մը գտնել խաղաղ նպատակներով տիեզերք ուղղուած մարմիններու ապահով շրջագայման, ինչպէս նաեւ երկիրներու ինքնապաշտպանութեան ազատ իրաւունքին միջեւ»:
Վերջապէս, ուսումնասիրութիւնը հրաւէր կ՛ուղղէ արաբական երկիրներուն` մշակելու իրենց յատուկ տիեզերական քաղաքականութիւնները եւ ապահովելու արաբական երկիրներու տիեզերական տարածքը: