Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Պէտք Է «Ամօթի Պատ» Կառուցեն` Ապրիլ 24-ին Կալիփոլի Գացողներուն Համար

Ապրիլ 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մինչ հայերը կը քննադատեն Թուրքիան` Ցեղասպանութեան ժխտման եւ մարդու իրաւունքներու այլ զանգուածային խախտումներու համար, նոյնքան կարեւոր է մեղադրել բոլոր ոչ թուրքերը, որոնք կը գործակցին Թուրքիոյ հետ, այդպիսով իսկ խրախուսելով թրքական իշխանութիւնները`           շարունակելու իրենց անարգալից վարքագիծը:

Օրինակ, այս պահուն, բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ անամօթաբար կը պատրաստուին ապրիլ 24-ին մեկնելու Կալիփոլի` տօնելու մէկդարեայ թրքական յաղթանակը, շատ լաւ գիտնալով, որ պիտի մասնակցին կեղծ ամսաթիւով արարողութեան մը, որ նախատեսուած է Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը խափանելու համար:

Հայ ժողովուրդը պէտք է «ամօթի պատ» կառուցէ եւ վրան արձանագրէ անունները աշխարհի բոլոր այն ղեկավարներուն, որոնք կը պատրաստուին ապրիլ 24-ին Կալիփոլի երթալու…  Իսկ ո՞վ է աւելի մեղաւոր: Նախագահ Էրտողա՞նը, որ երբեք խղճի խայթ չէ ունեցած մարդու իրաւունքներու խախտման համար, թէ՞ օտարերկրեայ պաշտօնեաները, որոնք պիտի մասնակցին անոր պատրաստած խեղկատակութեան:

Կը թուէր, թէ Էրտողանի դատապարտելի գործողութիւններէն ետք, ինչպէս` աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան», դրամի լուացումը, լրագրողներու բանտարկութիւնը, Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիին մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ կրակելու հրաման տալը եւ այլ բազմաթիւ խախտումներ, ան միջազգային հանրութեան կողմէն պիտի դիտուէր իբրեւ մերժելի եւ խորշելի անձնաւորութիւն…

Ցաւօք, կան օտարերկրեայ բազմաթիւ ղեկավարներ, որոնք ջերմ յարաբերութիւններ կը պահպանեն  Թուրքիոյ հետ եւ պատրաստ են անկողին մտնել «սատանայ»-ի հետ` հետամուտ ըլլալով իրենց խեղաթիւրուած շահերուն: Թէեւ բազմաթիւ երկիրներ իրենց մեղքի բաժինը ունին, սակայն ամէնէն զարմանալին Իսրայէլի ղեկավարներու վարքագիծն է Թուրքիոյ հանդէպ` նկատի առնելով Էրտողանի  հակասեմական թունաւոր յայտարարութիւններն ու հակաիսրայէլական գործողութիւնները… Այդուհանդերձ, հազիւ թէ Իսրայէլի համարձակ վարչապետ Պենճամին Նեթանեահուի կողմէ որեւէ քննադատական խօսք կը լսուի Թուրքիոյ ղեկավարին հասցէին: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Նեթանեահուն Կալիփոլի ուղարկէ Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը…

Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ Իսրայէլի ղեկավարները կը հանդուրժեն թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ առկայ ցեղապաշտական յայտարարութիւնները եւ նոյնիսկ կ’աջակցին Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ ժխտողականութեան` չուզելով թշնամանալ Թուրքիոյ հետ եւ վտանգել Պոլսոյ մէջ ապրող հրեաներուն կեանքը: Մեզի կ’ըսէին, թէ Իսրայէլը ստիպուած էր հանդուրժել Թուրքիոյ անվայել պահուածքը, քանի որ անիկա թոյլ կու տար հրեաներուն Իրանէն փախչելու ժամանակ հատելու իր սահմանը, իսկ մէկ հրեայի կեանքի փրկութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Մինչեւ մէկ տասնամեակ առաջ Իսրայէլի իշխանութիւնները զգուշ էին որեւէ քայլի ձեռնարկելու ատեն, որպէսզի չվնասեն Թուրքիոյ հետ իրենց երկրի ռազմավարական դաշինքին: Այժմ, երբ Թուրքիան դարձած է բացայայտ թշնամական երկիր, Իսրայէլի ղեկավարները ամբողջովին անտրամաբանական դիրքորոշում որդեգրած են` յանկարծ չընելու բան մը, որ աւելի պիտի վնասէ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի «փխրուն» յարաբերութիւններուն…

Անցեալ ամիս Լոս Անճելըսի «Ճըուիշ Ժուռնըլ»-ը Սիմոնէ Վիլսընը գործուղեց Թուրքիա` այնտեղ ապրող հրեաներու վիճակին մասին տեղեկագրելու համար: Ան երբեմնի ծաղկուն հրէական համայնքին մնացորդներուն վիճակը նկարագրեց իբրեւ անյոյս. «Հրեաները եւ միւս ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները շատ մեծ խտրականութեան կ՛ենթարկուին` գոյքային իրաւունքներու, լեզուի եւ կրթութեան ազատութեան, պաշտօններու բարձրացման եւ այլ առումներով»: Հրեայ բնակչութիւնը 500 հազարէն նուազած է մինչեւ 17 հազարի եւ կը շարունակէ նօսրանալ: 2003 թուականին մեծ թիւով հրեաներ հասկցան, որ այլեւս չեն կրնար մնալ Թուրքիոյ մէջ` Պոլսոյ «Նեւէ շալոմ» եւ «Պեթ Իսրայէլ» սինակոկներուն վրայ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, երբ սպաննուեցան 27 անձեր եւ վիրաւորուեցան հարիւրաւոր ուրիշներ: «Հանրային ոլորտին մէջ առկայ համատարած հակասեմականութիւնը եւս անժխտելի դեր խաղացած է հրեաներու արտագաղթին համար», կը հաղորդէ Ուիլսըն: «Ըստ Հակազրպարտչական լիկայի (ADL) հարցախոյզին, թուրքերուն գրեթէ 70 տոկոսը կը տածէ հակասեմական վերաբերմունք»:

Թուրքիոյ մէջ հրէական փոքրամասնութեան վիճակը օրէ օր աւելի անտանելի կը դառնայ: Անցեալ սեպտեմբերին «Պոլսոյ կեդրոնը գտնուող բջիջային հեռախօսներու խանութի ցուցափեղկին վրայ գրուած էր. «Հրեայ շուներուն մուտքը արգիլուած է», կը նշէ Ուիլսըն: Տեղական հրէական թերթի խմբագիր Մոիս Կապայը գրած է. «Մենք ամէն օր կ՛ենթարկուինք սպառնալիքներու, յարձակումներու եւ հետապնդումներու»: Անցեալ յուլիսին Էրտողան իր ծայրայեղ ատելութիւնը յայտնեց հրեաներուն հանդէպ` քարոզարշաւի ժամանակ թուրք հասարակութեան ըսելով. «Անոնք (հրեաները) օրն ի բուն կ՛անիծեն Հիթլերը, սակայն իրենց բարբարոսութեամբ գերազանցեցին Հիթլերը»: Անգարայի քաղաքապետ եւ Էրտողանի իշխող կուսակցութեան անդամ Մելիհ Կէօքչեքը գովաբանեց թուրք երգիչ մը, որ յայտարարած էր` «Թո՛ղ Աստուած օրհնէ Հիթլերը»: Յունուար 27-ին, Անգարայի մէջ Ողջակիզումի յիշատակութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ, որ  խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքը սաստած է Իսրայէլը` Կազայի մէջ ժամանակակից ողջակիզում կատարելուն համար:

Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային հանրութեան լռութիւնը թրքական անարգալից վարքագիծին դէմ, ստեղծած է վերահսկողութենէ դուրս գտնուող հրէշ մը: Բոլոր անոնք, որոնք շփացուցած են Էրտողանը, պարտաւոր են զսպել զայն` նախքան անոր իսկական չարիք դառնալը տարածաշրջանին եւ աշխարհին համար:

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Ըսինք` 100-Ամեակ. Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Յաջորդը

«Աթաթիւրք` Նացիներու Երեւակայութեան Մէջ». «Հայը Խոզ Մըն Է, Կաշառակեր, Ստոր, Անխիղճ, Ինչպէս Մուրացկանները` Հլու, Հաւատարիմ` Շան Մը Նման». Ատոլֆ Հիթլեր

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?