Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճաշ Պատրաստելու Դասընթացք

Ապրիլ 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

20150408_101653-(1)Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 8 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան սկսաւ  իր աւանդական «Ճաշ պատրաստելու արուեստը» դասընթացքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 2015-ի վերջը, շաբաթը մէկ դասի դրութեամբ:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Կարինէ Պալեանի  գործակցութեամբ եւ ընտրութեամբ, 14 հայուհիներ կը մասնակցին դասընթացքին, որոնք դասերու աւարտին պիտի ստանան համապատասխան վկայագիրներ: Դասատուները, ընդհանրապէս հանրածանօթ  խոհարարներ, ոմանք հրատարակութիւններու  կամ  միջազգային  համբաւի տէր   տիկիններ եւ ընկերուհիներ են,  որոնք կամաւոր կերպով կը ստանձնեն դասատուութիւնը եւ իրենց միջանկեալ խորհուրդներով եւ թելադրանքներով կը զարգացնեն  մասնակիցներուն խոհանոցային գիտութիւնը:

Դասընթացքը սկսաւ բարի գալուստի խօսքերով եւ առողջապահական գիտելիքներու փոխանցումով, սննդականոնի, մաքրութեան, սնունդի անվնասութիւնը ապահովող  միջոցներու թելադրական  բաժինով մը, որ ստանձնած էր «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Վերժին Խորշիտեանը:

Դասընթացքը ծնունդ առած էր տարիներ  առաջ,  երբ Շրջանային վարչութիւնը մտածեց հայուհիները   ինքնաբաւ դարձնելու եւ իրենց ընտանիքներուն նիւթական եկամուտ ապահովելու մտահոգութեամբ  միջոցներ ստեղծել եւ  յղացաւ ճաշի  դասընթացքի գաղափարը: Ծրագիրը իր նպատակին հասած  կարելի է նկատել, որովհետեւ այդ դասերուն հետեւող հայուհիներէն շատեր ինքնավստահութիւն  ձեռք բերելով, ոմանք կը գործեն յայտնի պանդոկներու մէջ, ոմանք ալ իրենց տան մէջ ճաշեր կը պատրաստեն եւ կը վաճառեն` որոշ չափով  թեթեւցնելով ընտանիքին նիւթական պարտաւորութիւնները:

Յաջողութիւն դասընթացքի հետեւողներուն եւ ծրագիրը կազմակերպողներուն:  Բարի երթ:

ԼՕԽ-Ի «Վ. ՏԵԿԻՐՄԵՆՃԵԱՆ»
ԽՈՀԱՆՈՑԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Նախորդը

ԵՊՀ Հրատարակչութիւնը Լոյս Է Ընծայել Մարիամ Յովսէփեանի «Արեւմտահայ Մամուլի Պատմութիւն (1832-1915 Թթ.)» Դասախօսութիւնների Ժողովածուն

Յաջորդը

Որքան Հայ, Այնքա՛ն Ամէնաթողութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?