Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արտակարգ օր մը: Ընթացիկ թղթակցութիւն մը գրելու համար չեմ նստած սեղանիս առջեւ, Հռոմի այս արեւոտ կիրակին, Մոնթէ Վերտի բլրան մեր փոքրիկ բնակարանը, հիւրանոց` առանց դրացիի, ընդունելութեան սրահի, վերելակի: Հասած էինք ուրբաթ յետմիջօրէին, եւ պատմութեամբ յագեցած քաղաքը վերստին աչքով յափշտակելու համար, չափած էինք փողոցները, քանի մը եկեղեցի, նաեւ Վիլլա Պորկեզը, արուեստի եւ յիշատակներու բաց գիրքը, իր արձաններով, նկարիչներու գործերով, սրահներով, որոնք արդէն առանձին արուեստի պաստառներ էին, իրենց պատերով եւ առաստաղով:
Պաշտպանուած հարուստ անցեալ մը, որուն մէջ ժողովուրդ մը ինքզինք կը տեսնէ, քանի որ վանտալներ չէին անցած այստեղէն: Ուրիշներ գացին նաեւ Պանթէոն եւ Քոլիզէ: Նաեւ անվերջանալի փողոցներ` իրենց վաճառատուներով, հրապարակներ` ազգի մեծերու կամ սուրբերու արձաններով: Մայթերու վրայ հանդիպեցանք հայերու: Ծանօթներ` եկած Պէյրութէն, Հալէպէն, Անգլիայէն, Փարիզէն, Լիոնէն, Մարսէյէն, Պոսթընէն, Հայաստանէն, Ռուսիայէն: Եկած էին ներկայ ըլլալու դրական կարեւոր իրադարձութեան մը, սպասումով: Մեր պատմութիւնը մեզի յաճախ չի հրամցներ դրական պահեր:
Հռոմի «հիւմանիստ» քահանայապետը, առանց դիւանագիտական ճապկումներու, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, պիտի պատարագէր, մեծ «աստուածաբան եւ վարդապետ» պիտի հռչակէր միջնադարու մեծ բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացին:
Շաբաթ գիշեր համացանցին դիմեցի` աւելի ծանօթանալու համար այս եկեղեցականին: Ժողովուրդէն եկած եկեղեցիի ծառայ մը, որ աշխատած է` կարենալ ուսանելու համար, աւազակներու կողմէ սպառնալիքի ենթարկուած եկեղեցականի մը քով մնացած է` զայն պաշտպանելու համար: Գիտէին, որ իշխանի պէս չէր ուզեր ապրիլ եւ վերջ տուած էր իր պաշտօնին բերումով ունեցած մենաշնորհներուն եւ այդ պատճառով ալ մեծցած էր հաւատացեալներու աչքին:
Կիրակի. «Խուռներամ» Բառը
Անբաւարար Թուեցաւ
Արեւածագէն շատ առաջ, արդէն հանրակառքին մէջ էինք` Ս. Պետրոսի Մայր տաճարը երթալու համար: Յատուկ տոմսեր տրուած էին ներկայ ըլլալու համար եկեղեցիին մէջ: Այդ տոմսերու արդարացումը հասկցայ, երբ եկեղեցիէն դուրս եկանք կէսօրին: Ընդարձակ շրջափակին մէջ հազարաւորներ խռնուած նստած էին,- կարծէք գորգ հիւսուած էր,- որոնք կրնային ցանկալ սրբազան քահանայապետի պատարագին ներկայ ըլլալ:
Հասանք Ս. Պետրոս եկեղեցիին առջեւ: Եկեղեցի մտնելու շնորհին արժանացածներու շարանը հետզհետէ աճեցաւ, երկարեցաւ: Կճող ցուրտ մը «ուխտաւորները» կը մղէր կոճկուելու: Ժամ մը, եւ դեռ կը սպասէինք, երկու ժամ: Վատիկանի պաշտօնեաներ մեր կողքով կ’երթային, կու գային, կը հսկէին: Մեզի հետ շարքի կանգնած էին տարբեր լեզուներ խօսող եւ տարբեր մորթի գոյնով մարդիկ, երկրագունդի հեռու եւ մօտ տեղերէն եկած «ուխտաւորներ»:
Վերջապէս մարդկային շարանի առաջին մասը սկսաւ շարժիլ` տեղքայլ ընելու պէս: Մօտեցանք մուտքին: Մէկ առ մէկ քննութեան ենթարկուեցանք, ինչպէս այդ կ’ընեն օդակայանները: Եկեղեցին արդէն կիսով լեցուած էր, աջ եւ ձախ կեդրոն: Խորանին առջեւի շարքերը վերապահուած էին պաշտօնական անձերու եւ դիւանագիտական կազմերու անդամներուն: Խումբերով եկած հայերը կը խօսէին, կը մեկնաբանէին: Ապահովաբար շատեր առաջին անգամն ըլլալով մուտք գործած էին այդ սրբավայրը:
Անցքերուն մէջ կանգնած էին «զուիցերիացի պահակագունդ»-ի զինուորները, դարերու մէջէն մեր օրերը հասած իրենց տարազով, կարծէք պատմական ժապաւէնի մը պատրաստութեան դեր կը կատարէին: Զանազան տարիքի եւ տարբեր հանդերձանքով եկեղեցականներ կ’արտօրային դէպի խորան անցքերէն եւ դէպի գլխաւոր դարպասը: Ժամը իննին խումբ առ խումբ եկեղեցականներ սկսան հասնիլ` տարբեր գոյնի շուրջառներով, խոյրերով, բակեղներով, երիտասարդներ եւ սպիտակահերներ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայ կրօնաւորուհիներ կային, իմացայ, որ եկած էին նաեւ Ջաւախքէն: Ոմանք իբրեւ փողկապ ունէին եռագոյն դրօշներ:
Եկեղեցին խցուած էր:
Սկսան ժամանել հիւրեր: Բարձրախօսէն յայտարարեցին ժամանումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Ծափեր: Հայոց զոյգ հայրապետները, կողք կողքի, խորանի կողմէն դէպի դարպաս յառաջացան:
Անվերջանալի թափօրով եկեղեցի մուտք գործեցին երիտասարդ եւ երէց կրօնաւորներ: Մինչ այդ երգեցողութիւնները սկսած էին: Թափօրի վերջաւորութեան հանդիսաւորութեամբ դէպի խորան յառաջացաւ սրբազան քահանայապետը` իր կողքին ունենալով հայ առաքելական եկեղեցիի զոյգ կաթողիկոսները եւ հայ կաթողիկէ կաթողիկոս- պատրիարքը:
Ոչինչ ձգուած էր պատահականութեան:
Ս. Պապը Պատարագեց Հայոց Ցեղասպանութեան
Զոհերուն Համար Եւ Քարոզեց
Արարողութիւնը` հոգեպարար: Նոյնիսկ երբ բառերը անհասկնալի էին:
Սրբազան քահանայապետը կը պատարագէր:
Եթէ բոլոր ներկաները նուազ զբօսաշրջիկ- լուսանկարիչ եղած ըլլային, աւելի կրնայինք թափանցուիլ խորհուրդով: Ամէն անգամ, որ կը լսուէին «ժենոսիտ» կամ «սան Կրեկորիօ տի Նարեկ» բառերը, կը խորհէի, որ խորանէն կը ճառագայթէր սպիտակազգեստ եւ սպիտակ գդակով «Պապ»-ը, որ կարծէք ասպարէզ կը կարդար շահախնդիրներու լռութեան աշխարհին: Ան աւելին կ’ընէր մեզ խանդավառող «ճանաչումներէն»: Աշխարհատարած բարոյական-ոգեկան հեղինակութեան մը կողմէ ճանաչում էր, որ կ’ուղղուէր մարդկութեան, «իւրպի եւ օրպի»:
Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենար ճկոյթի ետին թաքնուելու, «գիտաժողովներ»-ու մշուշներու բիւզանդական վէճերը կրկին եւ կրկին կրկնելու:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, կրօնական արարողութեան վերջաւորութեան, խօսեցաւ Նարեկացիի մասին, ապա հանդէս եկաւ ազգային եւ քաղաքական ճառով, անդրադարձաւ ցեղասպանութեան, հայոց հողերու բռնագրաւման, Արցախի ազատագրական պայքարին:
Ապա, ինչպէս Հռոմի Ծերակոյտի տրիբուն (tribun), իր խօսքը ըսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Իր կարգին, ան անդրադարձաւ Գրիգոր Նարեկացիի հաւատքին եւ հանճարին, ապա խօսեցաւ իբրեւ իրաւազրկուած հայ ժողովուրդի պատգամախօս` ընդգծելով իրաւունքի վերականգնման պահանջը: Ապա, լսուելու համար ներկայ մեծ թիւով դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն, իր խօսքը շարունակեց անգլերէնով: Պետութիւններ պիտի չկարենան ըսել, որ չէին գիտեր, որ չլսեցին: Դեսպանները կը տեղեկագրեն:
Ս. Պետրոս Մայր տաճարի կամարներուն տակ, երբեք այսքան կարեւորութեամբ չէր հնչած հայուն պահանջատիրական կամքը: Զանազան վայրերու մէջ հնչած «ցեղասպանութեան ճանաչման» մսկոտ տարազներու գերանցումն էր սրբազան քահանայապետի աշխարհին ուղղուած կիրակի, 12 ապրիլին այս հանդիսաւոր աստուածաշնչական տարողութիւն ունեցող պատգամը, որ երկնաւոր կեանքէն չանջատեց հայուն երկրաւոր կեանքի իրաւունքը:
Այս խիստ կարեւոր ՏՕՆի ժապաւէնը կարելի չէ՞ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայացնել, որպէսզի երկիրներու քաղաքականութիւնը առաջնորդող ճապկումներու մասնագէտներ որձեւէգ աճպարարութիւններէ տարբեր իմաստութիւն լսեն եւ իմանան, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար եւ այդ բռնագրաւուած հողը պէտք է վերադառնայ իր տիրոջ:
Ս. պապը մտածեց եւ գործեց ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ռընէ լը Սենի պայծառութեամբ. «Ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Եթէ ականջները խցած Թուրքիան ալ ներշնչուէր Ս. պապի եւ Ռընէ լէ Սենի իմաստութեամբ, պատմութիւնը օղակ կը փոխէր եւ կը դառնար նուազ չար:
Բայց արդէն Թուրքիա իր սովորական անհանդուրժողութիւնը կը դրսեւորէ եւ Վատիկանի ներկայացուցիչը կը հրաւիրէ` հաւանօրէն դաս տալու համար բանակ չունեցող սրբազան քահանայապետին… Բարոյականութիւնը անգամ անհանգստութիւն պատճառած է, որպէսզի ոչ ոք ինքն իրեն թոյլ տայ «պատմութիւնը վերստին գրելու փորձութիւն», քանի որ ոճիրի եւ յափշտակութեան վրայ հիմնուած ներկան «անվերադարձ» է, պարտուողականութեան ասպետներ կ’ըսեն` «irreversible»:
12-13 ապրիլ 2013, Հռոմ