Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ուշագրաւ Յօդուածի Մը Հետքերով

Ապրիլ 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

4-15-15_logoՄեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի «Հայրենիք»-ի փետրուար 20-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Կարօ Արմէնեանի «Փանթուրքական գրաւը եւ Արցախի հարցը» վերնագիրը կրող խորաթափանց յօդուածը, որ լայն ընդգրումով ու տարբեր տեսանկիւններէ կը վերլուծէր Արցախի հիմնահարցը` համաթուրանական դարաւոր ծրագիրի լոյսին տակ:

Առարկայական տուեալներուն հիման վրայ Կ. Արմէնեան ամենայն լրջութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը ներկայացնէ Հայաստանի գոյատեւման ու զարգացման համար հայանպաստ պայմաններով Արցախի հարցի վերջնական լուծման անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, կը մատնանշէ Արցախի ժողովուրդը անկախ ապրելու իրաւունքէն զրկելու Թուրքիոյ հետեւողական քաղաքականութիւնը` հակառակ թանկ արեամբ զայն նուաճած ըլլալու իրողութեան, որպէսզի նպաստաւոր հող պատրաստուի իր համաթուրանական ծաւալապաշտական ծրագիրները իրականացնելու համար:

Կը յուսամ, որ Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները ճակատագրական այս մարտահրաւէրին դիմաց, սխալ հաշուարկի կամ այլ նպատակներ հետապնդելու պատճառով ծանրագոյն պայմաններու առջեւ պիտի չդնեն այսօրուան ու, առաւել, վաղուան Արցախն ու Հայաստանը:

Հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն կ’ակնկալէ, որ Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու (Սարգսեան-Ծառուկեան հակամարտութիւն) լոյսին տակ, իշխող եւ իշխանութեան յաւակնող օլիկարխները վերջ պիտի դնեն ծայր աստիճանի հասնող կիրքեր բորբոքող մրցակցութեան ու փոխարէնը զուտ ազգային շահեր հետապնդելով` պիտի արդարացնեն իրենց  այժմու դիրքերը: Այս ուղղութեամբ, յուսադրիչ երեւոյթ էր յունուար 29-ին Եղեռնի 100-րդ տարելիցի շեմին Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումը, որ լուրջ պարտաւորութիւններ կը պարունակէ իւրաքանչիւր հայու համար:

Եթէ հայրենիքի ներկան ու ապագան լրջօրէն նկատի ունենային անկախացած Հայաստանի բոլոր նախագահներն ու զիրենք շրջապատող «պետական այրերը», վստահաբար մինչեւ հիմա արմատական, էական քայլեր առնուած պիտի ըլլային զանգուածային արտագաղթը գէթ մասամբ կասեցնելու ու նոյնիսկ ներգաղթի պայմաններ ստեղծելու համար:

Ոմանց կողմէ անձնական հարստութիւն դիզելու մղումով որդեգրուած անհակակշիռ քաղաքականութիւնը` ի վնաս երկրի անվտագութեան ու զարգացման, անթոյլատրելի ու միանգամայն դատապարտելի է, ասոր համար ալ բոլոր մեղսակիցները ի վերջոյ պիտի կանգնին համայն հայ ժողովուրդի դատաստանին առջեւ: Արցախեան հարցի լուծման ու Հայաստանի գոյութեան խնդիրները ուղղակիօրէն կապուած են ազգաբնակչութեան թիւին ու որակին հետ:

Թելադրելի է, որ Արմէնեանի յայտնած մտահոգութիւններուն լրջօրէն անդրադառնան պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող պետական պաշտօնեաներ, Հայաստանի ճակատագիրն տնօրինողներ, որպէսզի ազգովին դէմ յանդիման չգտնուինք անկանխատեսելի ու ծայր աստիճան մտահոգիչ ու վտանգաւոր կացութիւններու առջեւ։

Ապրիլ 8, 2015
Նիւ Եորք

Նախորդը

Որքան Հայ, Այնքա՛ն Ամէնաթողութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

Մարտ 23, 2023
Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են
Անդրադարձ

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Մարտ 23, 2023
«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In