Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Թումանեանի Բնակարանը Յանձնուեցաւ Վիրահայոց Թեմին

June 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0610Toumanian3Այսուհետեւ Թիֆլիսի մէջ գտնուող հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի բնակարանին պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը: Բնակարանին փոխանցումը կատարած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:

Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանին համաձայն, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը եւ վիրահայոց թեմի առաջնորդը, թիֆլիսահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան հետ ուղղուած են Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի բնակարան, ուր անոնց միացած են Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեանը, Վրաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Մաղուալա Քոնաշվիլին:

0610Toumanian10610Toumanian2Տունը ասկէ ետք պիտի կոչուի «Մշակոյթի եւ արուեստի թումանեանական վերնատուն» եւ անոր գործունէութիւնը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ երկու քրիստոնեայ ազգերու համագործակցութեան, բարեկամական յարաբերութիւններու եւ ստեղծագործական կապերու զարգացման ու խորացման: Տեղի պիտի ունենան գիրքերու քննարկումներ եւ շնորհահանդէսներ, հայ եւ վրացի ստեղծագործական, մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ: Շէնքին մէջ պիտի ըլլայ դահլիճ, պիտի գործեն քառալեզու գրադարան, ՀԲԸՄ Վըրչուըլ համալսարանը, իսկ սենեակներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանին անունը: Յովհաննէս Թումանեանի տան մէկ մասը` գրադարանի վերածուած 150 քառակուսի մեթր տարածքը, 2012 թուականին, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի ջանքերով կարելի եղած է ձեռք բերել Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հովանաւորութեամբ: Ամբողջ բնակարանին վերադարձը ապահովելու հարցը փոխանցուած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տանէր նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Եւ միայն վերջերս` 2015 թուականին, վիրահայոց թեմի առաջնորդին դիմումով, «Ս. Գէորգ եկեղեցու հիմնադրամ»-ը գնած է նաեւ շէնքին մնացած մասը եւ նախօրօք ձեռք բերուած հատուածին հետ ամբողջութեամբ նուիրած է թեմին` որպէս սեփականութիւն:

0610ToumanianՀայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի տունը կը գտնուի Ամաղլեպա (նախկին Դաւիթաշվիլի) փողոցի 18 հասցէին վրայ, Թումանեան հոն ապրած է 1909-1923 թուականներուն, իսկ 1952-ին տան իրերը տեղափոխուած են Երեւան: 6 սենեակէն 4-ը վերածուած էին գրադարանի, իսկ միւս 2-ը մնացած էին գրողին ժառանգորդներուն: Անկախացումէն ետք Թիֆլիսի քաղաքապետարանը որոշ հանգամանքներու բերումով գրադարանային մասը փոխանցած էր Վրաստանի քաղաքացիի մը, որմէ կարելի եղած է ձեռք բերել բնակարանը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

«Ազդակ» Կը Շարունակէ Իր Անխափան Երթը` Նորութիւններուն Հետ Քայլ Պահելու Մնայուն Ճիգով
Անդրադարձ

«Ազդակ» Կը Շարունակէ Իր Անխափան Երթը` Նորութիւններուն Հետ Քայլ Պահելու Մնայուն Ճիգով

January 3, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր

December 31, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայոց Աշխարհէն Հրաւէր` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

December 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.