Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ

June 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

«…Իսկ երիտասարդութեան մէջ ստեղծագործ մտքի բացակայութիւնը, երեւակայութեան պակասը, ծրագրելու մտածելակերպն ու գործելաձեւը դժբախտաբար կ՛արտացոլացնեն զիրենք կաղապարող կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան յար եւ նման մտածելակերպն ու գործելաձեւը: Ափսոս գեղեցիկ գարուններուն արդէն իսկ խամրած մտածելակերպին ու հոգեբանութեան…»:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի յօդուածէն, 24 ապրիլ 2015-ի «Ազդակ բացառիկ», էջ 31, 3-րդ պարբերութիւն:

Կը կռահենք, որ նորերս ապրուած շատ թարմ ու դառն փորձառութեան մը վրայ կատարուած պիտի ըլլայ այս մտատանջ հաստատումը: Յօդուածին բովանդակութենէն կը հասկցուի, որ յօդուածագիրը յանգած է իր այս եզրակացութեան` ի տես հատուածական նեղ հաշիւներով դրսեւորուած մօտեցումներուն ու կեցուածքներուն, երբ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու յայտագիրն ու մանրամասնութիւնները ճշդելու ընթացքին մէջն էր լիբանանահայութեան յանձնաժողովը, որուն գործօն ատենապետուհին է ինք` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան:

Գիտենք, որ գրեթէ ամէն տեղ գաղութներու ղեկավար տարրին պատկանողներ բեմերէն արտասանուած ճառերով ու յօդուածներու մէջ միշտ կը ներկայանան իբրեւ ախոյեանները երիտասարդացման գաղափարին: Կը ջատագովեն ապագայի յոյս-երիտասարդութեան ուժը: Կ՛ընդգծեն սերունդներու հերթափոխութեան անհրաժեշտութիւնը: Բայց…

Արդեօ՞ք շրթունքի ծառայութիւն է, որ կը կատարեն անոնք եւ անկեղծ չեն իրենց արտայայտութեանց մէջ:

Ես կը հաւատամ, որ անկե՛ղծ են: Բայց այդ անկեղծութիւնը իր պայմանը ունի. ինք կառչած պիտի մնայ իր աթոռին կամ աթոռակին, միւսները կը յանձնուին երիտասարդներու այն չափով, որ ցնցում չի ստեղծուիր: Արդէն ինք միշտ երիտասարդ է… գաղափարներով: Պիտի մնայ տեղը, որպէսզի սորվեցնէ, իր փորձառութիւնները փոխանցէ նորեկ երիտասարդներուն, առաջնորդէ եւ յօդուածագրին բառով` կաղապարէ զանոնք:

Ահա թէ ինչո՛ւ երիտասարդներէն շատեր չունին իրենց տարիքին յատուկ նորին ու նորարարութեան տեսիլքը: Ահա նաեւ թէ ինչո՛ւ յօդուածագրին` «ափսոս գեղեցիկ գարուններուն արդէն իսկ խամրած մտածելակերպին ու հոգեբանութեան»-ը:

Հոս կը ծագի աւելի մտատանջ խոշոր հարցումը. ո՞ւր է այն երիտասարդութիւնը, որ իր տարիքին դրոշմովը ինքզինք պիտի պարտադրէ եւ հաւատքով պիտի վճռէ, թէ ինքն է իր ժամանակին վերջին խօսքը:

Իսկ պատահի, որ ըստ իր պատկերին կաղապարող տարրը եթէ չըլլայ, որո՞ւ կողմէ եւ ինչպէ՞ս նորերուն պիտի փոխանցուի յաջորդութեան մատանին:

 

 

Նախորդը

Վազգէն Շուշանեան (1902-1941) Ամենայն Սրտով` Արարատի Հպարտութեամբ Եւ Վահագնի Ցասումով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.