Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանկարծ, Թմրամոլ Եմ

Յունիս 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՔԱ

6-18_Rx-(bw)Ձեր յաջորդ դեղարան այցելութեան հարցուցէ՛ք դեղագործին, թէ մէկ ամսուան ընթացքին հանդարտեցուցիչ որքան դեղ կը ծախէ ամսուան մը ընթացքին:

Յետոյ հարցուցէ՛ք, թէ այս դեղերը գնողներուն քանի՛  տոկոսը կը գնէ աւելի քան երեք յաջորդական ամիսներէ ի վեր: Այսպիսով, պիտի գիտնաք, թէ անոնցմէ քանին ֆիզիքապէս կախեալ է (կամ մոլի է) հանդարտեցուցիչ դեղերու:

Հանդարտեցուցիչ դեղերը, որոնք Պենզոտիազեփին ընտանիքին կը պատկանին (ինչպէս` Զանաքս, Լեքզոթանիլ, Վալիում, Ռիվոթրիլ եւ Աթիվան), հաստատօրէն կախեալութիւն կը ստեղծեն, եթէ  երեք ամիսէ աւելի գործածուին, անկախ օգտագործուած դեղաչափէն:

Երեք ամիս ետք այս դեղերը գործածողը ոչ միայն հանդարտեցուցիչին  մոլին պիտի ըլլայ, այլ նաեւ անձին մարմինը սովորութիւն ձեռք պիտի ձգէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դեղաչափը պէտք է բարձրացնել նոյն նախկին ազդեցութիւնը ստանալու համար:

«Բայց ինչպէ՞ս մոլի կ՛ըլլամ Զանաքսի: Բժիշկը դեղագիր կու տայ եւ երկու տարիէ ի վեր ամիսը անգամ մը կը վերանորոգէ զայն», ըսաւ իգական սեռի  պատկանող հիւանդներէս մէկը, որուն պարագան կը հետապնդեմ իմ դարմանական հոգեբանական գործիս մէջ:

Մարդոց մեծամասնութեան կ՛ուրանայ այն իրողութիւնը, որ մոլութիւնը, ըլլայ ֆիզիքական, ըլլայ հոգեբանական կամ երկուքը միասին, զսպուելիք բան մը չէ: Անիկա կը պատահի անկախ անձ մը մոլի դարձնող նիւթի օգտագործման պատճառներէն եւ անկախ նիւթին օրինական ըլլալէն:

«Եթէ դեղահատերս չառնեմ ամբողջ օրը, իսկոյն կ՛անհանգստանամ: Չեմ կրնար քնանալ, կը քրտնիմ, ստամոքսս կը սեղմուի …» կ՛ըսէ ան, երբ կը բացատրէր իր դեղազուրկ վիճակի ախտանիշները, որոնք դրսեւորումներն են Զանաքսի եւ յաճախ` միւս բոլոր պենզոտիազեփիններուն:

Արտակարգ բազմաթիւ իրադարձութիւններու պատճառով մեծ ճնշումի ու տագնապի ենթակայ անձի մը համար ժամանակաւոր բուժում եւ օրինական մտային հանգստութիւն ըլլալու կոչուած ընթացք մը այսպիսով կը վերածուի թմրամոլութեան ծանր պարագայի մը: Այս չի նշանակեր, որ կարգ մը մարդիկ հանդարտեցուցիչի գործածութեան չեն դիմեր պարզապէս հաճոյքի համար… սակայն յօդուածը չի կեդրոնանար նման պարագաներու վրայ:

Հոգեկան հիւանդութիւններու բոլոր դեղերը, ներառեալ` հանդարտեցուցիչները, հիմնականին մէջ կը յանձնարարուին հոգեբուժներու կողմէ, եւ ոչ` ընդհանուր կամ ընտանեկան բժիշկներու կողմէ: Հոգեբանները հանդարտեցուցիչներու դեղագիր կու տան որոշ հոգեկան խանգարումներու համար (anxiety disorders, depressive disorders, trauma and stressor-related disorders, dissociative disorders, somatic disorders) եւ մինչեւ իսկ` որպէս երկրորդական միջնորդ մոլութիւններու բուժման համար, սակայն` ոչ երկարատեւ գործածութեան համար, ի՛նչ ալ ըլլայ հոգեկան հիւանդութեան պարագան: Երբ դեղի օգտագործութեան կարիքը կայ, անոր կողքին հոգեբուժութիւնը անհրաժեշտ է լաւագոյն արդիւնքներ ստանալու համար:

Ճանաչողական կենցաղական բուժման մօտեցման մէջ (Cognitive Behavioral Approach) գիտականօրէն փաստուած է  հոգեբուժութեան գործօն դերը վերոյիշեալ խանգարումներուն բուժման եւ ամբողջական ապաքինումին մէջ, եւ յաճախ` առանց  դեղերու օգտագործման:

Երբեմն, սակայն, հոգեբուժութիւնը առանձինն բաւարար չէ, եւ ժամանակաւոր դեղաբանութեան միջամտութիւնը յանձնարարելի է ամբողջացնելու համար մտաբուժման ընթացքը:

Ուրեմն պարզ հարցումը հետեւեալն է` ինչո՞ւ բոլոր հոգեբուժները եւ բժիշկները չեն դիմեր հոգեբուժութեան, երբ հիւանդներուն ներկայացուցած խնդիրը կը բնորոշեն որպէս հոգեբանական:

Այս հարցումին պատասխանը քիչ մը բարդ է… Ամէնէն պարզ պատճառը այն է, որ անոնք պէտք ունին հիւանդներուն հետ յաջորդական հանդիպումներու` յաջողելու համար իրենց գործին մէջ: Այլ իմաստով, նիւթական է պատճառը: Բարոյական առումով, այն հիւանդները, որոնք հոգեբանական բնոյթի խանգարումներ ունին, դեղով կը բուժուին միայն այն ատեն, երբ փաստուի, որ հոգեբուժութիւնը առանձինն բաւարար չէ զիրենք հոգեբանական տագնապէ ձերբազատելու համար:

Հոգեբուժներուն ու բժիշկներուն հոգեբուժութեան գործածութեան նուազ դիմելու ուրիշ նուազ բացայայտ պատճառ է այն, թէ Ճանաչողական կենցաղական բուժման մօտեցումը փաստերու վրայ հիմնուած մօտեցում է եւ ինքնաբերաբար` գիտական մօտեցում մը. համեմատաբար քիչ է թիւը այն հոգեբուժներուն, որոնք Ճանաչողական կենցաղական բուժման մօտեցումը կը նկատեն որպէս առաջնահերթութիւն, ուրեմն կը սահմանափակուի որակեալ մտաբուժներու թիւը, որոնց կրնան հոգեբուժներն ու բժիշկները ղրկել իրենց հիւանդները` ստանալու համար յատուկ հոգեբուժութիւն մը:

Հարկ է գիտնալ,  թէ որեւէ մտային հիւանդութեան համար Ճանաչողական կենցաղական բուժման հոգեբուժութեան միջին ժամանակամիջոցը կ՛երկարի 16 բուժման նիստերու վրայ (4 ամիս):

Կան հոգեբուժման այլ մօտեցումներ եւս, սակայն մեծամասնութիւնը գիտութեան վրայ հիմնուած միջոցներով չէ, այլ` վիպային փաստերու, զուգադիպութիւններու ու տեսութիւններու վրայ հիմնուած, եւ այս մօտեցումներուն հակող մտաբուժներու գործածած բուժման ձեւը տարիներ կը տեւէ, եւ ուրեմն ապարդիւն կը թուի անոնց, որոնք չեն կրնար այդքան երկար ժամանակ սպասել:

«Բժիշկը դեղագիր տուած է  երեք ամիսէն աւելի երկար ժամանակամիջոցի մը համար… բայց այդպէս պէտք չէր ըներ»: Այս է իմ դասական պատասխանս, երբ իմ հիւանդներս կ՛ըսեն, թէ հոգեբուժը կամ ընտանիքին բժիշկը իրենց հանդարտեցուցիչ յանձնարարեր է եւ անգիտակցաբար զանոնք վերածած է անոր մոլիներուն: Գրեթէ միշտ հանդարտեցուցիչներու երկարատեւ գործածութիւնը կը պատճառէ մտային առողջական  պարագայ մը, որ ծանօթ է որպէս Հանդարտեցուցիչի գործածութեան հիւանդութիւն:

Երբ հիւանդը կ՛ընդունի խնդիրի մը գոյութիւնը, եւ երբ կը ցուցաբերէ օգնութիւն ստանալու կամքը, Հանդարտեցուցիչի գործածութեան հիւանդութենէն բուժուելու ընթացքը տեղի կ՛ունենայ հիւանդանոցէ դուրս, եւ կը սկսի աստիճանաբար թեթեւցնելով գործածութիւնը այդ դեղերուն, ապա վերջնական դադրեցմամբ մօտաւոր երեք շաբթուան ընթացքին հոգեբուժի մը վերահսկողութեան տակ, ասոր զուգահեռ հիւանդը ունի կանոնաւոր շաբաթական նիստեր հոգեբանի հետ, որ նախընտրաբար մասնագիտացած է Նիւթերու գործածութեան հիւանդութիւններու մէջ: Երբ մարմինը մաքուր է եւ զերծ` մոլեցուցիչ նիւթէն, հոգեբուժումը կը շարունակուի երկուքէն չորս ամիս եւս, կախեալ` պարագայի բարդութենէն, վստահ ըլլալու համար, թէ հիւանդը կրնայ բնականօրէն ապրիլ առանց հանդարտեցուցիչի, ուստի կրնայ  արգիլել ապագային անոր վերագործածութիւնը:

Հարկ է նշել, թէ ճիշդ է, որ հանդարտեցուցիչները պէտք չէ երեք ամիսէն աւելի գործածուին, սակայն կան այլ տիպի բուժող դեղեր, որոնք պէտք է աւելի երկար ժամանակամիջոցի մը համար կամ ամբողջ կեանքի ընթացքին գործածուին… Այս բացառութիւնները միայն կը պատահին որակեալ եւ բարոյական հոգեբաններու որոշումով:

Թմրեցուցիչի գործածութեան նիւթը ոեւէ մէկու անծանօթ չէ այլեւս, մանաւանդ` վերջին տարիներուն, երբ թմրեցուցիչի առեւտուրի գայթակղութիւնները առօրեայ լուրերու վերնագիրները դարձած են, ինչպէս` Ֆենեթալինի (Քափթակոն) նորոյթը եւ անկէ առաջ կանեփը (մարիխուանայի) օրինաւոր կերպով ցանելու վէճը Լիբանանի մէջ, եւ ոչ շատ հեռու «խրախճանքի թմրեցուցիչները», ինչպէս` Էմ.Տի.Էմ.Էյ. (Էքսթըսի) կամ քոքային:

Նկատի ունենալով այս հակումները, մեր շրջապատը թմրամոլութիւնը կը վերագրէ երիտասարդութեան, այսինքն` 15-25 տարեկան պատանիներու եւ երիտասարդներու, ինչ որ ընդհանրապէս ճիշդ է, որովհետեւ վերոյիշեալ տարիքին կը սկսի  թմրեցուցիչներու ապօրինի գործածութիւնը, սակայն այս չի նշանակեր, որ բոլոր թմրեցուցիչները հաճոյքի համար կը գործածուին կամ թմրամոլութիւնը կը սկսի, կը վերջանայ կամ սահմանափակուած է պատանիներով ու երիտասարդներով, այնպէս` ինչպէս է հանդարտեցուցիչներու պարագան:

Իրականութեան մէջ հանդարտեցուցիչ գործածողներու եւ անոնց մոլին դարձողներու ազգագրական հատուածը գրեթէ հաստատ միջին տարիքի անհատներն են (մասնաւորապէս` իգական սեռի պատկանողներ), եւ ներկայիս տարիքի հատուածը կը մօտենայ երիտասարդներուն աւելի, քան` միջին տարիքի անհատներուն:

Յարատեւ ջանք ի գործ կը դրուի դպրոցներու, ընկերային հաստատութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական խմբակներու կողմէ` թմրամոլութեան նախազգուշացումէ, իսկ լիբանանեան կառավարութիւնը մնայուն կերպով կը փորձէ զսպել  թմրեցուցիչներու ապօրինի առեւտուրը Լիբանանի մէջ… Սակայն ոեւէ մէկը չի մատնանշեր այն օրինաւոր դեղերը, որոնց չարաչար գործածութիւնը կ՛աւելնայ սոսկալի ընթացքով մը, ընդհանրապէս անոնց մոլեցուցիչ եւ վնասող յատկութիւններուն մասին նուազ զգուշութիւն կայ, որովհետեւ` «բժիշկը կը թելադրէ զանոնք»:

Մինչ իրականութեան մէջ պենզոտիազեփինները աւելի մոլի դարձնող  ու աւելի վտանգաւոր (մարմինին վնաս պատճառող) են, քան` Պուփրենորֆինը (հերոյինի մոլութիւնը բուժելու գործածուող դեղ), կանեփը (հաշիշ, մարիխուանա), Մեթիլֆենիտէյթը  (մտագրգռիչ դեղ, ինչպէս` Ռիթալին եւ Քոնսերթա, որոնք կը գործածուին կարգ մը ջղաճման հիւանդութիւններու բուժման համար), Էլ.Էս.Տի. LSD դեղերը (զգայախաբութիւն պատճառռղ), էքսթըսի (Էմ.Տի.Էմ.Էյ.), Ճի.Էյչ.Պի GHB (Էքսթըսիի նման խրախճանային այլ թմրեցուցիչ), հալաջուրեր (solvants, ներշնչուող թունաւոր հեղուկներ), Քաթենի Khat (Եմէնի մէջ հանրածանօթ թմրեցուցիչ) եւ վերափոխական սթերոյիտներ` Anabolic steroids (մարզիկներու կողմէ գործածուած): Անոնք նաեւ աւելի մոլի դարձնող են (բայց` ոչ նոյնքան վտանգաւոր) քան ամֆեթամինը Amphentamine (ծանօթ որպէս սփիտ, մեթ կամ քրիսթըլ մեթ) եւ Քեթամինը (անզգայացնող, անասնաբուժութեան մէջ գործածուող)… Սակայն անոնց վտանգներէն զգուշացնող ոչ մէկ ծանուցման պաստառ կը գտնէք ճամբաներու վրայ, ոչ մէկ թղթիկ կը կարդաք թմրամոլութեան դէմ արշաւներու ընթացքին եւ ոչ ալ կը լսէք, որ երեք հազար հանդարտեցուցիչ դեղահատեր գտնուած ու գրաւուած են, որովհետեւ բացայայտօրէն, պենզոտիազեփինները օրինաւոր դեղեր են, կը ծախուին դեղարաններու մէջ, կառավարութեան կողմէ վերահսկուած բժշկական դեղագիրներով:

Պենզոտիազեփին խումբի հանդարտեցուցիչներէն ետք յաջորդ ամէնէն վտանգաւոր օրինաւոր մոլի դարձնող նիւթը ալքոլն է:

Նիւթերու ընդհանուր վնասակար ազդեցութիւններու մասին կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, ալքոլը միակ ամէնէն վնասակար նիւթն է մոլութիւն պատճառող նիւթերուն մէջ, գրեթէ մէկուկէս անգամ աւելի վնասակար, քան` հերոյինը:

Փաստուած է, որ ալքոլը  ունի բարձր աստիճանի իւրայատուկ մահացութիւն (ալքոլի անհաւասարակշիռ գործածութեան իբրեւ հետեւանք, սրտի տկարութենէ մահը` ալքոլի երկարատեւ գործածութեան պատճառով կամ խմիչքի պատճառով ինքնաշարժի արկածէ մահը), բարձր աստիճանի իւրայատուկ վնաս (ինչպէս` լեարդի նեարդացում կամ մտային անկարողութիւն փոքր տարիքէն` խմողներու մէջ), բարձր աստիճանի կախեալութիւն (ֆիզիքական եւ հոգեբանական մոլութիւն), բարձր աստիճանի վատթարացում մոլութեան պատճառով, նաեւ` մտային բնականոն ընթացքին խանգարում (ինչպէս` շարժումներու, հակազդելու դանդաղեցում կամ ճիշդ որոշումներ տալու անկարողութիւնը ալքոլի թունաւորման պատճառով), անոր գործածութեան հետեւանքներէն է` յարաբերութիւնները կորսնցնելու մեծ հաւանականութիւն (ինչպէս որ մարդիկ գինովներու հետ իրենց կապերը կը խզեն անոնց վարքին պատճառով), վիրաւորուելու մեծ հաւանականութիւն (ինչպէս իյնալ եւ գինովութեան ազդեցութեան տակ անզգուշաբար ինքզինք վիրաւորել, հաւասարակշռութիւն կորսնցնել), ոճիրներ եւ  ընտանեկան թշուառութիւններ (ինչպէս խնդիրներ ընտանիքի անդամներուն հետ` գինովութեան ընթացքի անախորժ վարքին պատճառով), նիւթական մեծ ծախս (ալքոլ գնելու համար ծախսուած դրամ կամ բուժման ծախսեր) եւ  հասարակութեան մէջ հարցեր (ինչպէս` անհատներ անուանել «խման»):

Ձեզի պիտի հրաւիրեմ ուղղելու հետեւեալ չորս պարզ հարցումները.

1.- Երբեք զգացա՞ծ էք, որ պէտք է կասեցնէք խմելու ընթացքը:

2.- Երբեք մարդիկ ձեզ նեղացուցա՞ծ են` քննադատելով ձեր խմելը:

3.- Երբեք զղջացա՞ծ էք խմելնուդ համար:

4.- Երբեք զգացա՞ծ էք, թէ առաւօտուն առաջին բանը, որուն կարիք ունիք, խմիչքն է` հանգստացնելու համար ձեր ջիղերը կամ խուսափելու համար գինովութեան յետազդեցութիւնէն:

Եթէ ձեր պատասխանը «այո» է այս հարցումներէն երկուքին կամ աւելիին, ուրեմն մեծ հաւանականութիւն կայ, որ դուք կը տառապիք ալքոլամոլութենէ կամ անոր գործածութեան ախտէն, եւ ձեր պարագան պէտք է քննուի որակեալ մտային առողջութեան մասնագէտի մը կողմէ:

«Բոլորը կը խմեն… խմիչքը կը ծախուի հանրախանութներուն մէջ: Եթէ ձեր ըսածին չափ վնասակար է, ուրեմն պէտք է ապօրինի ըլլար», ըսին շատեր, որոնք ունին ալքոլի գործածութեան ախտի փորձառութիւն, եւ միայն խիստ հոգեբուժութենէ եւ անոր գործածութենէն ազատելէն ետքն է, որ անոնք համոզուեցան, թէ որքան քանդիչ ուժ մըն էր ալքոլը իրենց կեանքին մէջ` ըլլայ բժշկականօրէն, մտային, ընկերային եւ մարդոց հետ յարաբերութիւն մշակելու իմաստով եւ երբեք չլսեցի մէկը, որ կ՛ըսէ` «կորսուած էի, սակայն հիմա գտնուեցայ, կոյր էի, սակայն հիմա կը տեսնեմ»: Այս բառերը այնպիսի իմաստալից ձեւով չէի լսած ու ընկալած, ինչպէս այն օրը, երբ բուժուող մոլի մը պիտի արտասանէր որպէս եզրակացութիւն իր հոգեբուժութեան վերջին նիստին:

Թարգմանութիւն` ՑՈԼԵՐ ԱՂՃԵԱՆ

6-18_lozounk-2

Նախորդը

Մայրերու Եւ Համբարձման Տօներու Նուիրուած Ձեռնարկներ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In