«Աշխէն» Մասնաճիւղ
Հետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան` այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը կազմակերպեց Մայրերու օրուան ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 26 մայիս 2015-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի հանդիսասրահին մէջ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, ապա վարչութեան ատենապետը կատարեց բացման խօսքը:
Օրուան յայտագիրը սկսաւ մայրութիւնը թեմայով դասախօսութեամբ մը, զոր ներկայացուց Քրիստին Սարգիսեան: Ան ըլլալով ընկերային ծառայող, շեշտը դրաւ իր ասպարէզէն ստացած փորձառութեան վրայ` օրինակներ տալով մայր ու զաւակ սիրալիր յարաբերութեան վերաբերեալ: Ան իր խօսքը աւարտեց մայր ու որդի յարաբերութեան յուզիչ դրուագ մը պատմելով:
Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանի եւ Մարալ Վարդապետեանի:
Իր սրտին խօսքը արտայայտելու հրաւիրուեցաւ գրագիտուհի Շահանդուխտ, որ անդրադարձաւ մայրութեան հեղինակութեան եւ ընտանիքի առողջ պահպանման: Ան յիշեց նաեւ մայիս 28-ի խորհուրդը` պատմական հակիրճ ակնարկ մը նետելով Հայաստանի Ա. անկախութեան ստեղծման, որ իրականացաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի միահամուռ զօրակցութեան, նոյն ատեն յիշեց հայ մօր նուիրումը, որ քաջալերեց իր զաւակները միանալու Արամ Մանուկեանի կոչին:
Հայ մօր զոհողութեան առնչուած դէպք մը պատմեց Պերճանուշ Պասմաճեան` յիշատակելով նշանաւոր պոլսահայ գրագէտ Մնձուրիի ծնունդը, որ պատահած է դաշտին մէջ, մօր աշխատանքի պահուն:
Օրուան յայտագիրը փակուեցաւ վիճակահանութեամբ:
«Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը մայիս 26-ին Զալքայի «Տիուան հաշեմ» ճաշարանին մէջ ձեռնարկով մը պատուեց շրջանի մայրերը:
Մուտքին մայրերը դիմաւորուեցան մէկական կարմիր թուագրուած մեխակներով:
Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան կատարեց ձեռնարկին բացումը: «Գարնան այս գեղեցիկ օրը կը շնորհաւորենք ձեզ` սիրոյ եւ նուիրումի խորհրդանիշ մայրեր, կը մաղթենք բոլորիդ քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք, վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր ներկայութեան համար, կը մաղթենք, որ յառաջիկայ տարիներուն մեր շարքերը աւելի խտանան նոր նուիրեալներով` շարունակելու համար ԼՕԽ-ի բարեգործ երթը»: Ապա հրաւիրեց Սօսէ Ճինպաշեանը, որ օրուան խորհուրդը փոխանցէ ներկաներուն:
Ս. Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն կ՛արժէ յիշեցնել, որ հայ մայրերը անապատի տաք աւազներուն վրայ մայրենի լեզուի այբուբենը սորվեցուցին իրենց զաւակներուն` փրկելու համար այլասերումի վտանգէն, սակայն այսօրուան հայ մայրը սփիւռքի մէջ յղփացած եւ այլամերժ կեանք մը կը վարէ… Հրանդ Տինքէն ետք իսլամացած հայեր խօսքի ազատութիւն ստացան եւ տարիներու լռութենէ ետք սկսան արտայայտուիլ իրենց սիրտը կրծող ցաւը, օրինակ` Ֆաթհիյէ Չեթին կրցաւ ըսել, թէ իր մեծ մայրը հայ էր… Անդին` մեծ մայր մը, որ պարտադրաբար իսլամացած էր, իր մահուան սնարին մէջ փափաք յայտնած էր, որ իր վրայ «Հայր Մեր» մը աղօթեն»: Ան թելադրեց հայ մայրերուն, որ իրենց զաւակներն ու թոռները հայօրէն մեծցնեն եւ սիրցնեն մեր հիասքանչ մայրենին:
Ապա յաջորդաբար Գոհար Յակոբեան մեներգեց եւ Ռուբինա Գարամինասեան ասմունքեց: Վիճակաձգութեամբ ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը:
«Հայաշէն» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը 14 մայիս 2015-ին նախաձեռնեց Մայրերու եւ Համբարձման զոյգ տօներու նշման:
Սրահի մուտքին ներկաներուն բաժնուեցան hամբարձման վիճակ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներ:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեանը, որ ըսաւ. «ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան ծրագիրին մէջ չէր կրնար անտեսել Մայրերու տօնը: Պարտք զգացինք նշել եւ համեստօրէն յարգել մեր մայրերը, որքան գովաբանենք, տակաւին բառեր կը պակսին` ամբողջացնելու մեր սրտագին գովասանքները, սակայն միշտ գիտցէք, որ չարն ու բարին իսկ կը խոնարհին ձեր հեզութեան առջեւ…»:
Ապա հրաւիրեց Մարալ Վարդապետեանը, որպէսզի ձեռնարկը վարէ հաճելի խաղերով եւ ասմունքներով:
Օրուան պատգամախօսն էր Սօսէ Ճինպաշեան, որ իր կարգին ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ հայ մօր դերակատարութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեր զաւակները այս արագ զարգացող արհեստագիտութեան դիմաց կարգ մը յոռի երեւոյթներէն զգուշացնենք, մղենք, որ ուսման բարձր մակարդակներու հասնին` ազգին օգտակար դառնալով… յիշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի կարգ մը գաւառներու մէջ, երբ կեանքը տակաւին հեզասահ չէր, մայրեր որքան դժուարութիւններու դիմաց գտնուելով, ոչ մէկ բան կը խնայէին, որպէսզի բարեկեցիկ կեանք պարգեւէին իրենց զաւակներուն…
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Սիլվա Մարտոյեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
«Սօսէ» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (Ժիպէյլ) վարչութեան կազմակերպած Մայրերու եւ Հայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ականներու, նաեւ` տեղացի հիւրերու եւ Պաթրունէն ժամանած հրաւիրեալներու:
Մուտքին վարչութիւնը մայրերը եւ մեծ մայրերը դիմաւորեց ծաղիկներու թաղարներով եւ անուշահոտերով, իսկ հայրերը` բանալիի կախիչներով, իսկ սեղանները զարդարուած էին անմոռուկ ծաղիկներով, որոնք կը կրէին հայկական գաւառներու անունները, ինչպէս` Ուրֆա, Վան, Սասուն…
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը հայերէնով արտասանեց Բեգա Երջանեան, իսկ արաբերէնով` Մունա Թանկուգեան:
Բ. Երջանեան անդրադարձաւ հօր եւ մօր առաքելութիւններուն: «Տունը առանց մօր` նման է անյատակ կառոյցի, իսկ առանց հօր` անղեկ նաւու», ըսաւ ան եւ թելադրեց, որ ներկաները հպարտ զգան հայ ըլլալնուն համար, շարունակեն մեր նախնիներուն սկսած ազնիւ եւ սրբազան գործը` պահել մեր մշակոյթը, պատմութիւնը եւ հայոց լեզուն:
Գեղարուեստական բաժինով պարմանուհի Աննա Պարսումեան ասմունքեց, իսկ հայկական նազպարով ելոյթ ունեցան Աննան եւ Լիլիանան:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
«Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան կազմակերպած Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ:
Սրահի մուտքին վարչութիւնը ներկաները դիմաւորեց կարմիր վարդերով եւ վարչական ընկերուհիներուն պատրաստած ԼՕԽ-ի նշանակը կրող նուռեր նուիրելով:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց եւ անդրադարձաւ հայ մօր սրբազան առաքելութեան` շնորհաւորելով մայրերու տօնը, առողջութիւն, համբերութիւն եւ երկար կեանք մաղթեց բոլոր մայրերուն:
Գէորգ Պաղտասարեանի ընտրած հայկական ճոխ երգերը խանդավառեցին մթնոլորտը:
Օրուան անակնկալը եղան վարչական Սիրուն Պեքարեանի ձեռային աշխատանքով պատրաստուած ծաղիկները, որոնք բաժնուեցան ներկաներուն:
Տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած վիճակաձգութիւնը եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղին կազմակերպած Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 մայիս 2015-ին, շրջանի ակումբի սրահին մէջ: Մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան կարմիր վարդերով:
Վարչութեան ատենապետ Մարօ Մանճիկեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Օրուան պատգամը փոխանցեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ հայերը Մայրերու օրը սկսած են տօնել Քրիստոսէ առաջ` հեթանոսական դարերէն, Անահիտ չաստուածուհի տօնով, ապա զայն փոխարինած են Մարիամ Աստուածածինով: Տարբեր ժողովուրդներ տարբեր թուականներու սկսած են տօնել Մայրերու օրը:
Ապա բացատրեց մայրանալու եւ մայրութեան տարբերութիւնը` յիշելով մայրութեան առաքելութիւնները, թելադրեց ներկաներուն, որ հայեցի դաստիարակութիւն տան իրենց զաւակներուն ու թոռներուն, մղեն զանոնք հայկական վարժարաններ եւ կազմակերպութիւններ, անոնց մէջ թուելով ԼՕԽ-ը, որպէսզի ծառայեն իրենց ազգին եւ, ինչո՞ւ չէ, տէր կանգնին Հայ դատին եւ շարունակեն սկսուած սուրբ աշխատանքը, որովհետեւ հայ մօր դերակատարութիւնը շատ մեծ է մեր ազգային կեանքին մէջ: Իսկ ծնողքի մը կենդանի օրինակ ըլլալու իրականութիւնը իր զաւակներուն համար ճիշդ եւ կարեւոր նկատեց:
Ձեռնարկը հայկական երգերով ճոխացուց երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:
Սիլվա Թագւորեան` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետը, որ հիւրաբար Լիբանան կը գտնուէր, մօր նուիրուած երգով մը հանդէս եկաւ:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
«Անահիտ» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի (Մար Եուսեֆ) կազմակերպած Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 մայիս 2015-ին, «Սարգիս եւ Արշօ Ներսէսեան» սրահին մէջ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց փոխատենապետ Շաքէ Դարբինեան, ապա կարդաց գեղեցիկ տողեր` մայրերու նուիրուած:
Օրուան մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:
Վարչութեան կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանք անմոռուկ ծաղիկ նուիրուեցաւ իւրաքանչիւր ներկայի:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
«Ռուբինա» Մասնաճիւղ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Նորաշէնի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Պոնիաքրապեանը եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք Մարլեն Տանակէօզեան խօսեցաւ մայրերու եւ Աստուածամօր նուիրուած ծաղիկներու մասին:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեան իր կարգին շնորհաւորեց մայրերը իրենց տօնին առիթով եւ մեծապէս գնահատեց մասնաճիւղի վարչութեան գործունէութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինով երգիչ Արարատ Ահարոնեան իր երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
Եղան նուիրատուութիւններ եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
«Այծեմնիկ» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) Մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 10 մայիս 2015, շրջանի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Էլիզ Չաթոյեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին համար:
Մուտքին իւրաքանչիւր ներկայի նուիրուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով փոքր թաղար մը. գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գոհար Կիւվլեքեան` ասմունքով, Սինթիա Սաֆալ` մենապարով, ապա տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններ խանդավառեցին մթնոլորտը հայկական երգերով:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
«Կարս» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի Համբարձման տօնի աւանդական պտոյտը այս տարի կազմակերպուեցաւ դէպի Այնճար:
80 հոգինոց խումբը առաջին հերթին այցելեց վերանորոգուած Ազգային բուժարան , ուր բժշկապետ Մկրտիչ Պետրոսեան լայնօրէն անդրադարձաւ բուժարանին ընձեռած բժշկական եւ ընկերային կարելիութիւններուն, որոնք եթէ չեն գերազանցեր, բայց հաւասար են եւրոպական թէ ամերիկեան տուեալներուն:
Մասնաճիւղին հրաւէրով Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Վարուժան արք. Հերկելեան օրհնեց մէկ օր առաջ պատրաստուած համբարձման վիճակը, ներկաներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդին իմաստը ու մեր իրականութեան մէջ անոր գործադրութեան եւ գործնականացման անհրաժեշտութիւնը, վերանորոգուելու Աստուածամօր լոյսով պահպանելու համար մեր հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը: Սրբազան հայրը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ մօր, հայ կնոջ ու մանաւանդ ԼՕԽ-ականի առաքելութեան, վեհութեան, անեղծ պահպանումին, շեշտելով, որ հայ մայրը, ըլլալով հայ ընտանիքին հաստատ պահպանումին գրաւականը, անհրաժեշտ է, որ մտքով ու հոգիով զինուի դիմակալելու համար իր առջեւ ցցուող ազգային, ընկերային եւ այլ մարտահրաւէրները:
Մասնակիցները ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալուեցան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ընկերուհիներուն կողմէ: Վարչութեան ատենապետ Ցօղիկ Հաւաթեան բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ մասնաճիւղի աշխատանքային մարզերուն եւ շրջանին մէջ գործող ԼՕԽ-ի դարմանատան գործունէութեան:
Ապա բոլորը այցելեցին Այնճարի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցան քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին հետ, որ ամբողջական ձեւով ներկայացուց հիւղաւանին պատմութիւնը` սկսելով Մուսա Տաղի հերոսական օրերէն մինչեւ այսօր, անդրադառնալով ներկայի իրագործումներուն, զարգացումներուն եւ մեծ ճիգին, որպէսզի աւանը չկորսնցնէ հայկական իր իւրայատուկ դիմագիծը:
«Արեւ» ճաշարանին մէջ հաւաքական ճաշի ընթացքին վիճակ քաշուեցաւ: Այս առիթով խօսք առաւ մասնաճիւղին մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեան, որ գնահատելէ ետք մասնաճիւղին միամեայ գործունէութիւնը, անհրաժեշտ նկատեց ԼՕԽ-ի շարքերը երիտասարդ ուժերով հարստացնելու անհրաժեշտութիւնը: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր:
«Կարինէ» Մասնաճիւղ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 15 մայիս 2015-ին տեղի ունեցաւ մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը` Ամանոսի «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ:
Սրահի մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան նուէրներով:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ եւ բարի ժամանց մաղթելով, անդրադարձաւ հայ մօր դերակատարութեան` ըսելով, թէ` «արդեօք մէկ օրը բաւարա՞ր է մօր մը նուիրելու, կամ պէտք է ամի՞ս մը ըլլայ, թէ՞ տարի մը: Որքան ալ օրեր ընծայենք, յարգանքի խօսքեր ուղղենք, երգեր հիւսենք, տաղեր յօրինենք, չենք կրնար մօր մը զոհողութեան փոխարժէքը տալ, լման կեանք մը նուիրելն իսկ քիչ է մօր մը զոհողութեան դիմաց»: Եզրափակելով` ան ըսաւ, որ բերկրանք ու ուրախութիւն է Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործել, անոր առաքելութիւնը քարոզել` ունենալու համար նոր փաղանգ մը երիտասարդ ուժերով, որպէսզի շարունակուի հայ մայրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու բարեգործ եւ հայանուէր գործունէութիւնը:
«ԼՕԽ եւ մայր կը նոյնանան: ԼՕԽ-ը եւս, մօր մը նման, հայ օճախի կանգուն պահպանման համար շատ աշխատանք տարած է ու կը տանի», հաստատեց ան:
Օրուան հիւրն էր Ատել Տաղըլեան` նահատակ Վաչէ Տաղըլեանին մայրը, որուն ուղղելով իր խօսքը` վարչութեան ատենապետը ըսաւ. «Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն, հայութեան ճրագը բոցավառ պահած ու զայն յաջորդող սերունդներուն փոխանցած ձեզ նման հայ մայրերուն, հպարտ եղէք Վաչէին մայրը ըլլալով»:
Մասնաճիւղի հիմնադիր Պերճուհի Տարագճեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ «Կարինէ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմականին:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
«Արազ» Մասնաճիւղ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 19 մայիս 2015-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի մայիս ամսուան ձեռնարկը «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, Պաուշրիէ:
Սրահի մուտքին հրաւիրեալները ստացան եռագոյն վզկապներ եւ նուէրներ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս խմբային երգեցողութենէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ եւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ մասնաճիւղին անդամուհիները, ապա կենսագրական հակիրճ կէտերով ներկայացուց օրուան դասախօսը` Սօսէ Ճինպաշեանը:
Դասախօսը իր խօսքին սկիզբը հայ ժողովուրդի գոյատեւումը պայմանաւորեց հայրենիքի պաշտպանութեամբ եւ մայրենի լեզուի պահպանութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ Շուշիի ազատագրումը իրականացան իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու շնորհիւ:
Իսկ մենք սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը կ՛երաշխաւորենք հեռու մնալով ձուլումի ու քաղքենիացման վտանգներէն, որոնք մեծապէս կը սպառնան մեր գոյութեան, եւ հրամայական պահանջ նկատեց մայրենի լեզուին, ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու բարոյական սկզբունքներուն անաղարտ պահպանումը, որովհետեւ, ըսաւ ան, «ազգի մը պատկանելիութեան անցագիրը իր սեփական լեզուն ու հայրենիքն է»:
Իր խօսքի աւարտին ան կարդաց Ժաք Յակոբեանի եւ Խրախունիի քերթուածներէն հատուած մը:
Ապա մասնաճիւղի երէց ընկհ. Մանուշակ Քէշիշեան յուզումով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» քերթուածը:
«Անի» Մասնաճիւղ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Ժըտէյտիի «Անի» մասնաճիւղին պրանչը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, «Աութտոր» ճաշարանին մէջ, Տըպպայյէ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներէն ետք վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաժիքեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած մեր նահատակներուն, նաեւ` նորոգ հանգուցեալ հիմնադիր ընկերուհի Պայծառ Գլըճեանի, Քնար Մինասեանի եւ Էլպիս Թորիկեանի խնկելի յիշատակները:
Բացման խօսքին մէջ ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արձագանգը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, իսկ ցեղասպանը իր նպատակին չհասաւ: ԼՕԽ-ականը «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» բնաբանով ձեռք երկարեց սպանդէն ազատած ազգակիցներուն, ստանալով բարեկեցիկ դասակարգէն` տուաւ կարիքաւորին:
Գեղարուեստական բաժնով Մակալի Թովմասեան ներկայացուց նազպար մը եւ արտասանեց բանաստեղծութիւն մը:
Սիրվարդ Ֆազլեան, դերասան եւ արուեստագէտ, խոր ապրումով արտասանեց բանաստեղծական կտորներ:
Դասախօսելու հրաւիրուած էր Մարալ Յովհաննէսեան, որ իբրեւ իր խօսքին վերնագիրը ընտրած էր «Կերտենք ապագայ սերունդ»: Ան ըսաւ. «2015-ի մեր պահանջատիրական երթը պէտք է շարունակել` մեր ուժերը համախմբելով եւ աշխատանքները համադրելով, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Հայ մօր պարտականութիւնն է կրթել ու թրծել հայկական պատկանելիութեամբ ազատատենչ հայորդիներ: Մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը կ՛ըլլան պարագլուխ առաջնորդները: Ջանալ մնալ հաւատարիմ մեր նախնիներու կտակին եւ ազգանպաստ սրբազան առաքելութեան, ԼՕԽ-ի օրինակով, կերտելու խոստումնալից ապագայ սերունդներ»:
Եղան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:
«Շուշանիկ» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Նոր Ատանա) կազմակերպած մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 5 մայիս 2015-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ:
Ներկաները մուտքին ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Ընգապապեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ասմունքեց Մարալ Վարդապետեան` հայրերու եւ մայրերու նուիրուած քերթուածներ: Ապա օրուան դասախօս երիցուհի Գայեանէ Մսըրլեան փոխանցեց օրուան պատգամը` շեշտեը դնելով մայրերու պարտականութիւններուն վրայ, ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդելու իրենց զաւակները, զգուշացուց շրջապատի վտանգներէն, որոնք կը սպառնան մեր զաւակներուն առողջ աճին, եւ վերջապէս ան ըսաւ. «Մեր զաւակները պէտք է տեսիլքներ ունենան իրենց կեանքի ընթացքին եւ ջանան իրագործել զանոնք մեր դրական մօտեցումի օգնութեամբ»:
Ձեռնարկը խանդավառեցին երիտասարդ երգիչ Նշան Հանէշեան եւ օրկանիստ, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտ` Լութֆիկ Զինեթեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն: