ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ողջունեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ապրիլ 27-ին դատական հայց ներկայացնելուն համար` պահանջելով վերադարձը Սիսի իր պատմական նստավայրին, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ Ատանա նահանգի Գոզան (Սիս, Ա.) շրջանին մէջ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախկին աթոռանիստ կեդրոնը, որ հիմնադրուած է 1293 թուականին, բռնագրաւուած էր թրքական իշխանութեան կողմէ 1921 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, որ եթէ թրքական դատարանը մերժէ հայցը, կաթողիկոսութիւնը մտադիր է դատարանի որոշումը բողոքարկել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ, որ կը պահանջէ սպառել բոլոր ներքին դատական ատեանները` մինչեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու դէմ հայց յարուցելը: Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպական դատարանի որոշումները ընդունելուն թերահաւատօրէն վերաբերողները պէտք է գիտնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ենթարկուած է իրեն դէմ տրուած բոլոր վճիռներուն` Եւրոպական դատարանի իրաւասութիւնը 1990 թուականին ճանչնալէն ի վեր:
Կաթողիկոսութեան հայցը շրջադարձային դէպք է շարք մը պատճառներով.
– Անիկա նպատակ ունի մասնակիօրէն վերականգնելու Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած մարդկային, նիւթական եւ տարածքային վիթխարի կորուստները:
– Անիկա կը տեղափոխէ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած Հայ դատի ջանքերը դէպի դատաիրաւական ոլորտ», ինչպէս նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
– Անիկա կրնայ նախադէպ հանդիսանալ նմանատիպ իրաւական պահանջներու համար, ինչպէս Արամ Ա. կաթողիկոս տեղեկացուց «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին` անցեալ ամիս. «Հարիւր տարի անց, ես կը կարծեմ, ճիշդ ժամանակն է, որ շեշտը դնենք հատուցման վրայ…Ասիկա առաջին իրաւական քայլն է, որուն պէտք է հետեւի բոլոր եկեղեցիները, վանքերը եւ եկեղեցապատկան ունեցուածքը, եւ վերջապէս, մասնաւոր սեփականութիւնը վերադարձնելու պահանջը»:
Հակառակ դատական հայցով կաթողիկոսութեան հետապնդած վեհ նպատակներուն` անցեալ շաբաթ տարակարծութիւն յառաջացաւ հայկական համայնքին մէջ, երբ քանի մը կայք եւ թերթ հաղորդեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջած է «կա՛մ վերադարձնել Սիսի կաթողիկոսարանը, կա՛մ վճարել 100 միլիոն թրքական լիրայի (37 միլիոն տոլար) փոխհատուցում»: Ամերիկահայ հանրածանօթ ղեկավար դէմքերէն մէկը` Կարօ Արմենեան, նախազգուշացնող յօդուած գրեց` «Մեր սրբավայրերը սեփականութիւններ չեն» վերնագիրով: Ան ընդգծեց, որ կաթողիկոսութեան հայցը` «կը յարուցէ շարք մը հարցականներ, որոնք այսօրուընէ պէտք է անցնին մեր հաւաքական փորձաքննութեան բովով` անցանկալի նախադէպերը կանխելու խոհեմ նախանձախնդրութեամբ»: Ան նաեւ յորդորեց կաթողիկոսութիւնը` յստակացնելու փոխհատուցման գումարի հարցը, եթէ լուրերը ճիշդ կերպով չեն արտացոլացներ դատական հայցին բովանդակութիւնը:
Նման յստակացում ստանալու ակնկալիքով, անցեալ շաբաթ ես կապ հաստատեցի կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Նորին սրբութիւն Արամ Ա. կաթողիկոսի օգնական հայր Յուսիկ Մարտիրոսեան ելեկտրոնային նամակով ինծի հաւաստիացուց, որ` «կաթողիկոսութեան հայցը միայն մէկ յստակ նպատակ ունի` Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վերադարձը»:
Ի պատասխան դատական հայցին պատճէնը ինծի ուղարկելու խնդրանքին` յայտնի միջազգային իրաւաբան եւ կաթողիկոսարանի գլխաւոր փաստաբան Փայամ Ախաւան ըսաւ, որ` «հնարաւոր կամ նպատակայարմար չէ ամբողջ դիմումը փոխանցել այս փուլին, երբ անիկա դեռ կը գտնուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի վարոյթին մէջ»:
Իրաւաբան Ախաւան դրամական փոխհատուցման վերաբերող հարցերուն տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին առջեւ դրուած հիմնական պահանջն է` վերադարձնել Ս. Սոֆիայի վանքը եւ տաճարը` թէ՛ իբրեւ կաթողիկոսութեան սեփականութեան իրաւունք, թէ՛ նաեւ հայ ժողովուրդին համար կրօնական մեծ նշանակութեան պատճառով: Հայցով փոխհատուցում չի պահանջուիր, հաշուի առնելով, որ ասիկա անձնական սեփականութիւն չէ, այլ` կրօնական եւ պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող գոյք: Սակայն մեր թուրք փաստաբանը խորհուրդ տուաւ, որ, համաձայն թրքական օրէնքներու եւ ընթացակարգերու, գոյքային իրաւունքներու պահանջի (եւ ոչ թէ` կրօնական իրաւունքի պահանջի) հետ կապուած, անհրաժեշտ է կաթողիկոսութեան կողմէն վերապահել փոխհատուցում պահանջելու այլընտրանքային իրաւունքը` նախնական գումար նախատեսելու պայմանով…Սակայն կ՛ուզեմ ընդգծել, որ հայցը փոխհատուցման համար չէ, այլ` կալուածի վերադարձի համար, որ կրնայ օգտագործուիլ կրօնական պաշտամունքի եւ անոր հետ կապուած մշակութային նպատակներու համար»:
Ես կապուեցայ Պոլիս բնակող անկախ իրաւաբանի մը հետ, որ հաստատեց, թէ թրքական օրէնքը իսկապէս կը պահանջէ յստակ արժէք նշել սեփականութեան իրաւունքի հարցով դատական վէճերու պարագային:
Այժմ, երբ նիւթական հարցով յստակութիւն մտցուեցաւ, ա՛յլ կարեւոր խնդիրներ կը ծառանան կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդին առջեւ: Հնարաւոր է, որ որոշ հարցերու բարձրաձայնումը քիչ մը վաղաժամ է, սակայն հաւանաբար հայերը ուզեն անդրադառնալ անոնց, որպէսզի կանխատեսեն թրքական եւ եւրոպական դատարաններու կողմէ կայացուած որեւէ հնարաւոր որոշման հետեւանքները.
1.- Ի՞նչ պիտի ընէ կաթողիկոսարանը, եթէ թրքական դատարանը կամ կառավարութիւնը թոյլ տայ վերականգնելու Սիսի եկեղեցին եւ անոր օգտագործումը կրօնական պաշտամունքի համար` առանց սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի կաթողիկոսութեան: Նաեւ, ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը առաջարկէ դրամական փոխհատուցում եկեղեցական նստավայրի վերակառուցման համար` առանց փոխանցելու գոյքային իրաւունքը:
2.- Այն պարագային, եթէ թրքական դատարանը կամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վճիռ կայացնէ Սիսի եկեղեցւոյ ունեցուածքը վերադարձնելու մասին, արդեօք կաթողիկոսութիւնը պիտի տեղափոխուի՞ իր պատմական նստավայրը, թէ՞ պիտի շարունակէ տարագրութեան մէջ ապրիլ Անթիլիասի մէջ (Լիբանան):
Հաշուի առնելով թրքական կառավարութեան վերջերս կատարած առաջարկները ասորական եւ սուրիական եկեղեցիներու առաջնորդներուն` վերադառնալու Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց պատմական նստավայրերը, Սուրիոյ մէջ ժամանակաւոր տարագրութենէ ետք, Թուրքիոյ ղեկավարները կրնան հայկական դատական հայցը պատճառաբանելով` համոզել իրենց ներքին հակառակորդները եւ նման առաջարկ եւս ներկայացնել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Նախագահ Էրտողան կրնայ նման «ժեսթ» մը ընել հետեւեալ երեք պատճառներով.
1.- Կանխել Եւրոպական դատարանի վճիռը յօգուտ կաթողիկոսութեան եւ խուսափիլ իրաւական նախադէպ ստեղծելէ` հետագայ հայկական հայցերուն համար,
2.- «Փի.Ար»-ի յաղթանակ արձանագրել միջազգային շրջանակներու մէջ, յատկապէս` նախորդ կիրակի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան պարտութենէն ետք,
3,- Տնտեսական օգուտներ քաղել Սիսի մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի պատմական նստավայր ժամանող օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներէն եւ հայ այցելուներէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը