Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յետո՞յ

June 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Սուրիահայութեան զանգուածային գաղթը արտակարգ եւ պատմական իրավիճակ մըն է: Հաւանաբար նման իրավիճակներ քառասուն-յիսուն տարին անգամ մը կը պատահի:

Այսօրուանը սակայն տարբեր է Եգիպտոսի, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ գաղութներու արտագաղթի ալիքէն:

Տարբեր է այն իմաստով, որ այսօր մենք պետութիւն ունինք: Պետութիւնն ալ սփիւռքի նախարարութիւն ունի: Սակայն իրողութիւնը այն է, որ հայրենի պետական յստակ քաղաքականութիւն մը չկայ: Ո՛չ նախաձեռնելու, ո՛չ տիրութիւն ընելու, ո՛չ ալ կազմակերպուած հետեւողական աշխատանք կայ: Հաւանաբար պետութիւնը ինքն ալ ունի իր հարցերը: Հայաստանի տնտեսական եւ  քաղաքական ճգնաժամը, արտագաղթը, պատերազմական վիճակը, փտածութիւնը եւ այլն: Սակայն այս պայմաններուն մէջ մենք չորրորդ տարին ամբողջացնելու մէջ ենք, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛ւր կ՛երթանք, ի՞նչ կ՛ընենք կամ, ամէնէն կարեւորը, ի՞նչ պիտի ընենք:

Տուեալները հետեւեալներն են: 17,000 սուրիահայ Հայաստան կը գտնուի, 8000` Լիբանան, 1500` Թուրքիա, 25.000 Սուրիա եւ 10.000 Ամերիկաներ եւ Եւրոպա արտագաղթած: Եղածը պահելու ճիգը բնական եւ մեծ զոհողութեամբ կը կատարուի արդէն:

Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու մեծ խաւ մը արտագաղթելու փափաքով կը սպասէ: Լիբանան հաստատուած սուրիահայութեան կէսը դիմած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ պատասխանի կը սպասէ: Հալէպ գտնուող սուրիահայերու մեծ թիւ մը, միջոց մը եթէ գտնէ,  գլուխը պիտի ազատէ:

Ամէն բան ձգուած է երեսի վրայ: Ոչ ոք կը մտածէ այս թղթածրարը ստանձնել: Ճիշդ է, որ գաղութները դուրսէն չեն ղեկավարուիր: Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր առանձնայատուկ իրավիճակը: Գաղութին ղեկավարութիւնը պէտք է ճշդէ գաղութին ճակատագիրը: Սակայն այսօր ղեկավարութեան ալ հարց կայ: Այս իրավիճակը ձեւով մը յուսախաբ  կ՛ընէ բոլորը: Չենք գիտեր` ինչպէ՛ս պիտի վարուինք եւ ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւենք այս ճգնաժամը: Ձգուած է հովին: Սակայն պատմութիւնը ապագային պիտի դատապարտէ բոլորս: Գաղութի մը նօսրացման պարպումին ականատես եղանք եւ բացի ձեւական սահմանափակ օգնութիւններէն` աւելի բան չըրինք: Անհատներով ըլլալիք գործ չէ: Պետութիւնը մեծ դեր ունի կատարելիք եւ կը զլանայ: Միակ յոյսը կազմակերպուած եւ հետեւողական ծրագիրի մը մշակումն է: Սակայն գիտնանք` ի՞նչ կ՛ուզենք, գիտնանք` ի՛նչ պիտի ընենք: Գիտե՞նք վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ: Մէ՛կ բան գիտենք, որ ծրագիր չունինք: Հաւաքական միատեղ ծրագրի մը բացակայութիւնը շփոթի եւ խուճապի կը մատնէ բոլորս:

Արդ, ժամանակը մեր դէմ է եւ մենք ոչ մէկ ձեւով մենք մեզ արդարացնելու ձեւեր ունինք: Սփիւռքի ամէնէն ընտիր գաղութներէն մէկուն վիրաւոր եւ մահամերձ վիճակին դիմաց նստած ենք, հաւաքաբար մահուան բօթին կը սպասենք, փոխանակ վիրաւոր վիճակէն նոր յոյս մը ունենալու:

Ներելի չէ, անընդունելի եւ ընդվզեցուցիչ իրողութեան դիմաց կը գտնուինք, եւ պէտք է ամէն մարդ ստանձնէ իր պարտականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արտասահմանեան Անդամի Վկայագիրի Յանձնումն Ու Շքադրումը

Յաջորդը

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.