Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հերթական Հարուածը

June 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

6-16-15_vaho

Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Արաբ Բունար (Քոպանի) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ինքնապաշտպանութեան յաղթական կռիւներէն ետք, քիւրտերը այժմ ազատագրած են Թուրքիոյ սահմանակից Թել Ապիատը: Այսպիսով,  քրտական ուժերը յաջողեցան Արաբ Բունարը Գամիշլիին եւ Հասաքէին կապելով` մինչեւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզ երկարող քրտական միացեալ տարածք մը ստեղծել, ինչ որ կարելի կը դարձնէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «մայրաքաղաք» Ռաքքայիի դէմ հետագայ յարձակումի մը շղթայազերծումը:

Թել Ապիատի անկումով խզուեցաւ Թուրքիա-Ռաքքա ամէնէն կարճ ճամբան, որ ՏԱՀԵՇ-ի մարդուժի եւ զէնք-զինամթերքի մատակարարման գլխաւոր շնչերակն էր:

Յատկանշական է, որ քիւրտ զինեալները Արաբ Բունարէն մինչեւ օրս արձանագրած իրենց բոլոր յաղթանակները իրագործեցին ամերիկեան աջակցութեամբ (օդային հարուածներ, զէնք-զինամթերքի մատակարարում): Ուստի, զուգադիպութիւն մը չէ, որ Թել Ապիատի ազատագրումը կը յաջորդէ հինգ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն Սուրիա մուտքը չկանխարգիլելու համար Թուրքիոյ ուղղած քննադատութեան: Ուաշինկթըն ի զուր փորձեց Անգարան համոզել դէպի Սուրիա օտար զինեալներու ներթափանցումն ու զէնքերու ներհոսքը սանձելու: Էրտողան այնքան տարուած է Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու նպատակով, որ հեռատես չգտնուեցաւ. գերտէրութեան կամքը կատարել դժկամելով առիթ ընծայեց, որ այդ նպատակին իրագործումը վստահուի մէկ ուրիշին` այդ ալ` քիւրտերուն: Իբրեւ հետեւանք ստեղծուեցաւ Իրաքի քրտական շրջաններէն մինչեւ Արաբ Բունար երկարող քրտական միացեալ տարածք մը եւ հաւատադրժողական դաշնակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու Անգարայի գլխաւոր ճամբան փակուեցաւ:

Որոշ ատենէ մը ի վեր շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ուաշինկթըն-Անգարա անուղղակի ճակատում մը, որուն մէջ թրքական կողմը կը կրէ իրերայաջորդ հարուածներ եւ ձախողութիւններ,  երէկ` Արաբ Բունարի եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ, իսկ այսօր` Թել Ապիատի: Ներկայ դրութեամբ Թուրքիա կը գտնուի ամէն ինչ կորսնցնելու եւ ոչինչ շահելու հաստատ ընթացքի մէջ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչները Մասնակից Դարձան Ասորիներու Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Արարողութեանց

Յաջորդը

Զիմպապուէ Սկսած Է Շրջանառութենէ Դուրս Բերել Իր Ազգային Դրամանիշը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.