Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. Երեք Գիրք Մէկ Կողքի Տակ

June 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

6-15-15_yerekՀեղինակը այս գիրքին տոքթ. Թորոս Թորանեանն է: Ճիշդ հաշիւը չենք կրնար ըսել, թէ հեղինակին քանիերորդ գիրքն է այս: Անկասկած հարիւր անուն գիրքը անցած ըլլալու է… ծաւալուն հատոր մըն է, որ կը բովանդակէ անձնական կեանքէ վերցուած յուշեր, հանդիպումներ, երկրէ երկիր կատարած այցելութիւններ: Այս մարզին մէջ Թորոս Թորանեան մրցանիշ կտրելու չափ վաստակ ունի:

Ամբողջ աշխարհը իր հինգ ցամաքամասերով շրջած է, հոն, ուր հայ կայ, հանդիպած է անոնց, որոնց մասին գրած է պարզագոյն ձեւով:

Նկարագիրով մարդասէր եւ ընկերասէր է ան. խառնուածքով անմիջական, որուն հետ որ խօսած է, կարծես վաղուց իր ծանօթը եղած է ան. ճամբեզրի բարեւ մը, նոյնիսկ` անծանօթի մը հետ, կը վերածուի տաք զրոյցի: Օրինակ մը. երբ այցելած է Պուլկարիա. պտոյտի մէկ պահուն կը հանդիպի մարդու մը, որուն մէկ մայթէն միւսը կանչով` կը լսէ.

– Շուշանեան…

Մարդը կը պատասխանէ: Երկուքն ալ հայեր են: Թորոս Թորանեան կը հետաքրքրուի, կը մօտենայ անոր եւ կը հարցնէ.

– Վազգէն Շուշանեանը ձեր ի՞նչն է:

– Ազգականս էր, բայց մեղք եղաւ, որուն գերեզմանը անգամ ո՛ւր ըլլալը յայտնի չէ… ու զրոյցը կը շարունակուի ճամբեզրին, նոյն թեմայով:

Ամէն տեղ նոյնն է իր հանդիպած ծանօթ կամ անծանօթ անձին հետ.

– Հայրենակի՛ց…- եւ խօսքին թելը կ՛երկարի…

Այս հատորին առաջին էջերուն հեղինակը անդրադարձած է իր մանկութեան, որ եղած է որբի, հայրազուրկ, դժբախտ կեանք մը: Այս դժբախտութեան մասին կ՛անդրադառնայ հիւմորով, գուցէ ցաւ չպատճառելու համար ընթերցողին: Ան թեթեւի առած է որբութեան ցաւագին կեանքը: Կը յաջողի յուզել ընթերցողը` իր զգացումներուն ջերմութեամբ:

Յաջորդ էջերուն վրայ անդրադարձած է իր սիրելի կնոջ` Արմինէին, յիշելով անոր հետ անցուցած իր կեանքը հանդիպումին առաջին օրէն մինչեւ անոր մահը: Ան կը պատմէ երիտասարդութեան վաղ տարիքին Արմինէին հանդիպած ըլլալու մասին, որուն հանդէպ կ՛ունենայ սիրոյ ջերմ զգացում, որ կը փոխադարձուի:

Երանելի անձ մըն է Թորոս Թորանեան գրողը. շրջած է ամբողջ Եւրոպան եւ ամէն տեղ հանդիպած է հայերու` անոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ տալով. ո՛ւր որ գացած է, ինքզինք ծանօթացուցած է հին բարեկամներու նման. խանդավառ է ու եռանդուն ամէնուն հետ: Ինքն է միշտ զրոյցը սկսողը ինքնավստահութեամբ, զրոյցը կ՛ունենայ հետաքրքրական աւարտ մը:

Հատորին 168-րդ էջէն սկսեալ մինչեւ 222 գրած է բանաստեղծութիւններ քնարական ոճով: Արձակ էջերուն միջեւ տեղադրուած քերթուածները նոր ծանօթութիւն մը կը ստեղծեն հեղինակին եւ ընթերցողին միջեւ:

Թորոս Թորանեան «մրցակից» մը ունի գիրք հրատարակելու մարզին մէջ. պոլսահայ գրագէտ Ռոպեր Հատէճեանն է. երկուքին ալ կը մաղթենք առաւել եռանդ` նոյն խանդավառութեամբ շարունակելու նոր գիրքեր լոյսին բերելու համար:

Հատորին վերջին էջերուն մէջ արձանագրուած են այլազան թեմաներով տպաւորութիւններ, մասնաւորաբար եւրոպական քաղաքներ կատարած իր այցելութիւններէն:

Չենք ուզեր ակնարկել գրական ու լեզուական զանազան ձեւերուն, զորս օգտագործած է ան ընդհանրապէս, մասնաւորաբար` այս հատորին մէջ:

Էջեր կան, ուր կը հանդիպինք նուրբ զգացումներու, խորիմաստ բանաձեւումներու: Այս վերջին պարագային հիացումի զգացում մը կ՛ունենանք ու կը մտածենք. երանի՛ թէ ամբողջ գիրքը նման պատկերացումներով ստեղծուած ըլլար:

Գիրքը տպուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ:

Աւելորդ չենք նկատեր համաձայնելու իրեն հետ, թէ լոյս ընծայուած գիրքերը ինչպէս կը սպառին. անշուշտ` նուէր տալով բարեկամներու եւ ընթերցասէրներու: Այս իրողութիւնը մտահոգութիւն չի պատճառեր ընդհանրապէս գիրք լոյս ընծայող գրողներուն, մասնաւորաբար` Թորոս Թորանեանին:

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Աննախընթաց Եւ Իւրայատուկ Նախաձեռնութեամբ. Հայկի Եւ Րաֆֆիի Խտասալիկի Մակագրում «Պայքարը, Դարը , Աւանդը» Կարգախօսով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.