Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քրտական Գործօնի Գերաշխուժացումը Եւ Հայկական Տարածքային Իրաւունքներու Արծարծումը

Յունիս 18, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-17-15_Kurdish-fightersԹել Ապիատի գրաւումը քիւրտերուն կողմէ ուղենշային ազդեցութիւն ունեցած է իրադարձութիւնները վերլուծողներուն համար: Ռազմական գետնի վրայ ստացուած է այն, որ Սուրիոյ տարածքին քիւրտերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ արեւմտեան ուժերն ու սուրիական կառավարական բանակները ըստ էութեան պատերազմած են «Իսլամական պետութեան» դէմ:  Բայց այս պատկերը համընդհանուր բնոյթ չունի: Մօտաւորապէս պատճէնահանումն է իրաքեան տարբերակին, յատկապէս քրտական տարածքները «Իսլամական պետութեան» թափանցումներէ զերծ պահելու միտումով իրականացուած գործողութիւնները նկատի ունենալով:

Պատկերը աւելի կը խճճուի, եթէ միացեալ ճակատի տարբեր միջավայրերը դիտարկելով այդ ուժերու կողքին տեսնենք նաեւ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի ջոկատները, կամ ուղղակի Իրանի կողմէ շրջան գործուղուած բանակայինները:

Ռազմական իրադրութիւններու պարզած այս խճանկարը անմիջապէս կը հետեւցնէ, որ Արեւմուտքին կողմէ հեռակառավարուող այս պատերազմը մերթ սահմանափակ գործողութիւններով, պարագայաբար կառավարական ուժերուն անուղղակիօրէն սատարելով, փոխած է արդէն «Իսլամական պետութիւն»-ը իբրեւ գործիք ծառայեցնելու իր դասական վարքագիծը: Նպատակային խնդիրը ոչ թէ վարչակարգի տապալումն է, այլ փուլ առ փուլ թուլացումը, զուգահեռ` ժողովրդագրական համապատկերի հիմնովին շրջումով, ի գին տեղահանութիւններու պետութիւններ եւ նոր սահմաններ յառաջացնելով:

Քրտական գործօնի աշխարհաքաղաքականացումը անշուշտ սուրիական տարածքով չի սահմանափակուիր: Մուսուլի մէջ պատահածները, «Իսլամական պետութեան» կողմէ իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ փորձուած ոտնձգութիւններու կտրուկ կանխարգիլումը, Թուրքիոյ մէջ քրտական քաղաքական մտածողութեան զարթօնքը եւ նմանատիպ երեւոյթներ կու գան համալրուելու Թել Ապիատի քրտական ուժերուն կողմէ վերահսկումով:

Սուրիական պատերազմին առաջին իսկ օրէն Անգարան կը յանկերգէր մարդասիրական գօտի անուան տակ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը: Այդ առաջադրանքը պարզապէս արգելակման փորձ էր Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու աշխարհագրական միաւորման: Թել Ապիատը հզօր հարուած է այդ առումով. եւ ոչ միայն, որովհետեւ իր կարգին ռազմավարական որոշ յենակէտերու նկատառումով կ՛արգելակէ Թուրքիան եւՍուրիոյ տարածքին գործող իսլամական զինեալներն ու թիւրքմէնները կապող ցամաքային ճանապարհները:

Թել Ապիատի գործողութիւնը քիւրտերուն համար ճիշդ է, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ինքնավար երկրորդ Քիւրտիստանի սահմաններու իրողական կայացման առումով: Բայց արեւմտեան ուժերու ակներեւ օժանդակութիւնը եւ անոր նախորդող Եօթներու խմբակի հանդիպման աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահին զգուշացումը Անգարային` վերահսկելու իր սահմանները, որպէսզի իսլամ ահաբեկիչները չթափանցեն Սուրիա եւ Իրաք, արդէն պարզօրէն կը խօսի քրտական գործօնի աշխարհաքաղաքականացման մասին:

Արեւմուտքի դերակատարութիւնը սակայն եթէ այս հանգրուանին քիւրտերուն աջակցելով կը զսպէ «Իսլամական պետութեան» ախորժակները, անպայման նպաստած չ՛ըլլար պաշտօնական Դամասկոսին: Սուրիական այլ տարածքներու մէջ չմիջամտելը եւ «Իսլամական պետութեան» արշաւներուն չհակազդելը արդէն իսկ կը խօսի «Իսլամական պետութեան» նուաճումներուն անուղղակի քաջալերանքին մասին:

Եօթներու խմբակի հանդիպումը պարզապէս առիթ էր, որպէսզի պաշտօնական Ուաշինկթընը պահը հասած նկատէ յայտարարելու, որ «Իսլամական պետութեան»-ը  արգելք պէտք չէ հանդիսանայ իրաքեան Քիւրտիստանի կողքին սուրիական Քիւրտիստանի ստեղծումին: Այլապէս, երկրի բաժանման եւ այդ առաջադրանքի իրականացման եւ այդ նպատակին` կառավարական ուժերու թուլացան համար «Իսլամական պետութեան» դեռ իբրեւ գործիք ծառայելու ժամանակ ունի:

Քրտական գործօնը տակաւին գերաշխուժացման միտումներ կը դրսեւորէ: Յետադարձ ակնարկը կը վերյիշեցնէ առանց ուղղակի անուանարկելու քրտամէտ կուսակցութեան հասցէին Էրտողանի հնչեցուցած մեղադրանքները` Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու առումով:

Քրտական գործօնի գերաշխուժացումը կը խօսի նաեւ Թուրքիոյ վերապահուած նոր պատկերացումին աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուելու մասին: Եթէ Թուրքիան եւ Քիւրտիստանը աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած են, ապա այդքան ալ կանխահաս չէ հայկական տարածքային իրաւունքներու խնդիրի միջազգայնացման համար ռազմավարական ուղիներու մասին քննարկումներու նախաձեռնելը:

«Ա.»

Նախորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանին Մէջ Այսօր Պաշտօնապէս Պիտի Ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը

Յաջորդը

«Քոփա Ամերիքա». Ակուերոյի Կոլը Յաղթանակ Մը Ապահովեց Արժանթինի. Ժամայքայի Բերդապահին Աններելի Սխալը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In