Անդրադարձ

Վահան Յովհաննիսեանի Գիրքերու Շնորհահանդէսին ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ Դիւանի Պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեանին Արտասանած Խօսքը

Վահան Յովհաննիսեանի Գիրքերու Շնորհահանդէսին ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ Դիւանի Պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեանին Արտասանած Խօսքը

Տարբեր առիթներով  խօսել  ենք մեզանից  հեռացած Վահան Յովհանիսեանի քաղաքական, ազգային ու կուսակցական գործունէութեան մասին: Այսօր, երբ պէտք է անդրադառնանք Վահան Յովհաննիսեան  մտաւորականին, գիտնականին, հրապարակախօսին  եւ գրողին, ցանկանում եմ  ասելիքս սկսել յիշելով մի զրոյց, որ ունեցել եմ  Վահանի հայրիկի, նոյնպէս անժամանակ մեզ լքած, երջանկայիշատակ Էդուարդ Յովհաննիսեանի հետ: Այդ զրոյցի ժամանակ ընկեր Էդիկը պատմում էր, որ պատանութեան շրջանում Վահանը յափշտակուած էր ընթերցանութեամբ:...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս եռոտանիին վրայ կը հանգչին պետութիւնները եւ կառավարութիւնները: Եթէ անոր ոտքերէն մին կոտրի կամ կաղայ, իշխանութիւնը կը տկարանայ, ծայր կու տան վէճեր եւ պայքարներ, կը խախտի վստահութիւնը, կը յառաջանայ անկառավարելիութիւն: Հետեւանքները կ’ըլլան բացասական: Սահմանադրութիւնը եւ ընդհանրապէս բոլոր գրուածները մարդիկ կը փորձեն հասկնալ եւ ընդունիլ ըստ իրենց հայեցակէտին: Ժողովրդավարութիւնը մեր նմանին մէջ մենք մեզ եւ մարդը տեսնելու սկզբունքային ցանկութիւն...

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան.   Կրօնական Ժողով

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Կրօնական Ժողով

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 8 յուլիս 2015-ին, Կրօնական ժողովին մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, որ իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Առաջին հերթին ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ «Ո՛չ թալանին» պոռթկացող բողոքի շարժումին երգն ալ անաւարտ պիտի մնայ... ըստ երեւոյթին եւ ըստ ամենայնի: Ինչպէս որ յանկարծակի պոռթկաց, նոյնպէս անսպասելիօրէն շնչասպառ դարձաւ ու մարմրելու սկսաւ Բաղրամեան պողոտայի Բողոքի երգը: Հայաստանի իշխանութիւնները եւ քաղաքական վերնախաւը թերեւս սկսած են արդէն հանգիստ շունչ քաշելու` մտածելով, որ անգամ մը եւս կրցան... ջուրին երեսը մնալ: Անոնք հաւանաբար շուտով կը սկսին նաեւ յոխորտալու,...

Մեր Երազանք Բերող Տեսակը

Մեր Երազանք Բերող Տեսակը

ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ Մօտ երկու շաբաթ առաջ, երբ ելեկտրականութեան հոսանքի թանկացման հեռանկարն այլեւս բացայայտ էր ու աննահանջ, խորհրդարանական ընդդիմադիր մի քանի ուժերի ներկայացուցիչներ փորձեցին խնդիրը օրակարգի հարց դարձնել: Հերթով բոլորի բերանը ծեփելով ու ձայնի իրաւունքից զրկելով` ԱԺ նախագահը հարցը փակուած համարեց, իր դերակատարութիւնը փայլուն կատարած ու երեւի հանգիստ շունչ քաշեց` համոզուած, որ խորհրդարանը մտաւ իր սովորական, տաղտկալի ու կանխատեսելի ընթացքի մէջ:...

Ակնարկ.  Իրաւական Պահանջատիրութեան Առաջին Քայլերը

Ակնարկ. Իրաւական Պահանջատիրութեան Առաջին Քայլերը

Անթիլիասի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած դասախօսական երեկոներն ու մամլոյ ասուլիսը ծառայեցին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցուած դատին հիմնական իրաւական ուղիները ըմբռնելու: Այսպէս. երկու թուրք անձնաւորութիւններու ներգրաւուածութիւնը այս հարցին` արխիւային եւ իրաւական խնդիրներու համակարգման անհրաժեշտութիւն կ՛ընդգծէ: Օսմանեան արխիւներու մասնագէտ Թաներ Աքչամը եւ Թուրքիոյ ու ընդհանրապէս միջազգային օրէնսգէտ Ճեմ Սոֆուօղլուն իրենց ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները կը փոխանակեն հիմնահարցին թէ՛...

Անդրադարձ.  Հնարամիտ Եւ Ապիկար Ժխտողականներ

Անդրադարձ. Հնարամիտ Եւ Ապիկար Ժխտողականներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ժխտողականութիւնը մերժելի երեւոյթ է, իսկ այդ ժխտական քաղաքականութեան կիրարկումը` դատապարտելի, սակայն, ինչպէս դրական քաղաքականութիւններու պարագային, ժխտական քաղաքականութիւնը եւս երկու տեսակի է` հնարամիտ եւ ապիկար: Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուսիչ յայտարարեց, որ Սերպիոյ կառավարութեան միաձայն որոշումին հիմամբ` ինք 11 յուլիսին պիտի մեկնի Սրեպրենիցա` մասնակցելու համար Պոսնիոյ սերպերուն կողմէ նշեալ քաղաքի իսլամներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան 20-ամեակին: Վուսիչ ծանօթ է իբրեւ եւրոպամէտ...

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի.   Առաջին Քայլը Արապեան Դպրոցի Բացումին Առթիւ

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Առաջին Քայլը Արապեան Դպրոցի Բացումին Առթիւ

4 յուլիս 2015 թուականը պատմական է ֆրանսահայութեան կրթական կեանքին մէջ: Նախ` որովհետեւ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին վերակառուցուած է դպրոց մը` «Գէորգ Արապեան» վերանուանումով, նախապէս` «Սուրբ Մեսրոպ» կրթարան, որ հաւանաբար գալ տարի դառնայ նաեւ միջնակարգ վարժարան` կրթական ծրագրի բնական շարունակականութիւնը ապահովելով նախակրթարանը աւարտող դպրոցականներուն: Այս դպրոցը փաստն է սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ հայութեան մշակութային վերականգնումին ու գոյատեւումին: Երկրորդ` առաջին անգամ ըլլալով երկու...

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908). Գեղեցկութեան, Բարութեան Եւ Սիրոյ Հանճարեղ Երգիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յուլիս 4-5 լուսցող գիշերը, 107 տարի առաջ, մեր աշխարհէն առյաւէտ բաժնուեցաւ հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը` Միսաք Մեծարենց: Գեղեցիկի պաշտամունքը կատարելութեան հասցնող բառերու, պատկերներու եւ զգայնութիւններու առինքնող աշխարհ մը արարեց Մեծարենց, որ ճակատագրուած էր ապրելու միայն 22 տարի... Որքան ժամանակը կ’անցնի, այնքան հայոց նորահաս սերունդներու կազմաւորման մէջ միտք ու հոգի ազնուացնող իր շունչն ու բաբախումը զգալի կը դարձնէ...

Անդրադարձ.  Վերարժեւորման Ողջունելի  Նախանշանները

Անդրադարձ. Վերարժեւորման Ողջունելի Նախանշանները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթը իր 2 յուլիսի թիւին մէջ թերթի ընթերցողներուն գրութիւններուն յատկացուած «Տեսակէտ» բաժինով հրատարակեց Եուսեֆ Մուաուատի մէկ յօդուածը, որ կը վերաբերէր 1916-1918-ին Լեռնալիբանանը սովի մատնելու Օսմանեան քաղաքականութեան: Յօդուածին հեղինակը հարց կու տայ, թէ այդ աղէտը ցեղասպանութի՞ւն է, թէ՞ մարդկութեան դէմ ոճիր: Ան իբրեւ օրինակ կը նշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն պարագային յայտնի են Միութիւն եւ...

Այլեւս… Այբ

Այլեւս… Այբ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Տեղեկատուութիւն .- «Ոսկէ ծիրան»  կազմակերպութիւնը, Հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին եւ մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպեց  շարժապատկերի ցուցադրութիւններ` շուրջ տասը երկիրներու մէջ: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ նաեւ ժապաւէններու մասին քննարկումներ եւ դասախօսութիւններ: Յանձնախումբը կ’ըսէ, թէ  (ուշադրութիւ՛ն) «ցուցադրութիւնները նկատի կ’առնեն տուեալ երկրի առանձնայատկութիւնները»: Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ փետրուար  24-ին,  հայագիտական «Անիւ» կազմակերպութեան աջակցութեամբ Պիելառուսիոյ պետական համալսարանի պատմութեան բաժինին մէջ, Մինսք:...

100-Ամեակէն Ետք` Ի՞նչ

Պռաւօ Եւ Շնորհակալութիւն

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Աննշան կատարումներն իսկ գովասանքով շողոքորթելու մէջ եղած ենք այնքան շռայլ, որ մարդ կը շուարի` երգարուեստի կատարեալ  մատուցում մը նկարագրելու համար ի՜նչ բառեր գործածէ, ինչպէ՞ս ներկայացնէ, որ չշփոթուի աժանօրէն բաշխուած գովասանական հասարակ արտայայտութիւններու հետ: Ահա այդ շուար վիճակին մատնուած եմ այս պահուս, համակարգիչիս առջեւ: Բայց կ՛ուզեմ   քանի մը տողով անպայման տպաւորութիւնս փոխանցել եւ անդրադառնալ Նունէ Եսայեանի երգարուեստի  տաղանդին եւ...

Հայ-Թուրքական Յարաբերութիւնների Արտացոլումն «Ազդակ»-ում Արձանագրութիւնների Կասեցումից Յետոյ (2010-2013 Թթ.)

ՆՈՒՇԵՐՎԱՆԵԱՆ ՆԱՐԻՆԷ 2010 թուականը նշանաւորուեց մի շարք կարեւոր իրադարձութիւններով, որոնք մեծ ազդեցութիւն թողեցին հայ-թուրքական յարաբերութիւնների վրայ: Նախ` յունուարի 12-ին, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի կողմից հայ-թուրքական արձանագրութիւնները ճանաչուելուց յետոյ, փետրուարի 12-ին ուղարկուեցին Ազգային ժողով` վաւերացման: Միեւնոյն ժամանակ շարունակւում էր միջազգային ճնշումը երկու կողմերի (յատկապէս Թուրքիայի) վրայ` հնարաւորինս արագացնելու կարգաւորման գործընթացը: Դրա վառ դրսեւորումը կարելի է համարել Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող երկու որոշումների ընդունումը...

Երիտասարդ Ցուցարարները «Ելեկտրականացուցած» Են Հայաստանը. Քաղուած Դասեր

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Երբ տասը օր առաջ խումբ մը երիտասարդներ ինքնաբուխ կերպով հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակ` դէմ արտայայտուելու ելեկտրականութեան սակի նախատեսուող բարձրացման, ոչ մէկի մտքէն չէր կրնար անցնիլ, որ անոնց բողոքի շարժումը բուռն արձագանգի պիտի արժանանայ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ի զարմանս բոլորի, փոքր հաւաքը սունկի պէս աճեցաւ քանի մը հազար, յատկապէս երիտասարդներու հաւաքի, որոնք երթով շարժեցան ու գրաւեցին մայրաքաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն...

Տեսակէտ.  Զօրակցիլը Չի Բաւեր

Տեսակէտ. Զօրակցիլը Չի Բաւեր

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Սփիւռքահայութիւնը նախորդ 15 օրերուն մօտէն հետեւեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդական անկախ, ոչ կուսակցական շարժումին: Հայաստանի իշխանութեան վերջին տարիներու աշխատելաոճը ընդհանրապէս եւ արտագաղթի, տնտեսական տագնապի, վստահելիներով աշխատելու ոճի, փտածութեան եւ կաշառակերութեան նպաստող քաղաքականութեան ընթացքը ուրիշ արդիւնք չէր կրնար տալ, եթէ ոչ` նման արդար, քաղաքակիրթ, երիտասարդական շարժում մը: Մեր պատմութիւնը վկայ է, որ  թալանով գործող, շինծու եւ մաշեցնող քաղաքական...

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Լռում Եւ Անտեսում Պրազիլի Յայտարարութիւնը

Մոսկուան Զինելու Է Ե՛ւ Հայաստանին, Ե՛ւ Ազրպէյճանին

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Յունիսի վերջերին Մոսկուայում Ռուսաստանի Կորչաքովի հիմնադրամը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ գործակցաբար կազմակերպել էր «ՀԱՊԿ-ը եւ անվտանգութեան համաշխարհային մարտահրաւէրները» խորագրով խորհրդաժողով, որտեղ Հայաստանից, որպէս հիմնական զեկուցող, հրաւիրել էին տողերիս հեղինակին: ՀԱՊԿ-ը ստեղծուել է 1992-ի մայիսին եւ Արեւմուտքում ընկալւում է հակակշիռ կազմակերպութիւն ՆԱԹՕ-ին: Այսօր ռազմաքաղաքական այս կազմակերպութեանը անդամակցում են` Ռուսաստանը, Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը եւ Տաճիկիստանը: Տարբեր ժամանակներում...

Մեր Մայրերուն Եւ Հայրերուն «Դուք Որո՞ւ Կը Նմանիք»

Մեր Մայրերուն Եւ Հայրերուն «Դուք Որո՞ւ Կը Նմանիք»

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Գնացքին հանգստաւէտ նստարանին հազիւ տեղաւորուած, կանաչ-կապոյտ շապիկ հագուած երիտասարդը դիմացի նստարանին բազմելով` ոտքերը տարածեց, յետոյ շիկնելով` ետ քաշեց զանոնք... - Դուք հեռատեսիլի շատ յայտնի ժողովրդական հաղորդաշարին դերասանն  էք, չէ՞, կը ներէք, բայց ձեր անունը չեմ կրնար յիշել,- արտասանեց: - Ո՛չ, ես չեմ,- պատասխանեցի: - Դուք իրեն շատ կը նմանիք. դուք չէ՞ք,- յետոյ յարեց: - Ֆրանսացի՞  էք:...

Խանասորայ Արշաւանք 2015. Հայոց Յեղափոխական Դաստիարակներու Ուղիին Ընդառաջ (Պատասխան` Ե-Նամակի Մը)

Եթէ երբեք պատմութեան իմաստասէրի ու տրամախոհի գործընթացով իսկ առաջնորդուինք, Եթէ ուզենք ըլլալ այնքան մը առարկայապաշտ եւ անհունօրէն ակօսել ու պեղել սեփական պատմութեան էջերը, Եթէ մարդկային ամէնէն յառաջադէմ ռազմավարի թէ մարտավարի ուսմունքներով իսկ մենք մեզ սպառազինենք, Եթէ պահ մը, տուեալ ժամանակի ճնշիչ պարտադրանքէն կամովին հեռանանք, Եթէ նոյնիսկ փորձենք պատմական դիպաշարերուն ամբողջ հոլովոյթը ըստ էութեան ուսումնասիրել, Եթէ ունենանք գաղափարական տարբեր հոսանքի, մօտեցումի...

Ակնարկ.  Չեթըմ Հաուզի Հրաւէրն Ու Պաքուի Ջղաձգութիւնը

Ակնարկ. Չեթըմ Հաուզի Հրաւէրն Ու Պաքուի Ջղաձգութիւնը

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու աւարտէն անմիջապէս ետք կ՛ակնկալուէին արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծին կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական վարքագիծին հարազատ դրսեւորումներ, արձակազէններու եւ ներթափանցման գործողութիւններ, կամ նմանատիպ ոտնձգութիւններ: Կարելի չէր աննկատ ձգել նաեւ այն կանխատեսումը, որ ներհայաստանեան լարուածութեան առընթեր պիտի աշխուժանայ հակառակորդը եւ անպայման պիտի թէժացնէ իրավիճակը շփման գիծին վրայ: Հետաքրքրական էր, որ խաղերու աւարտին զուգահեռ ազրպէյճանական...

Տեսակէտ.  Կրկնակի Կեղեքում

Տեսակէտ. Կրկնակի Կեղեքում

ՏՕՆԻԿ Տ. 26 յունիս 2015-ին, Երեւանի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համաձայնագիր` Հայաստանին 200 միլիոն տոլար վարկ տրամադրելու մասին: Վարկը պիտի օգտագործուի Ռուսիայէն Հայաստանին սպառազինման արտադրանք մատակարարելու: Նախանցեալ օր, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնած` Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ համաձայնագիրին վաւերացումը` Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութեան կողմէ: Նիւթի ծանօթացման կարճ նախաբանէն ետք եւ առանց մտնելու տնտեսական, քաղաքական թէ այլ...

Page 767 of 806 1 … 766 767 768 … 806

Արխիւներ