ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Գնացքին հանգստաւէտ նստարանին հազիւ տեղաւորուած, կանաչ-կապոյտ շապիկ հագուած երիտասարդը դիմացի նստարանին բազմելով` ոտքերը տարածեց, յետոյ շիկնելով` ետ քաշեց զանոնք…
– Դուք հեռատեսիլի շատ յայտնի ժողովրդական հաղորդաշարին դերասանն էք, չէ՞, կը ներէք, բայց ձեր անունը չեմ կրնար յիշել,- արտասանեց:
– Ո՛չ, ես չեմ,- պատասխանեցի:
– Դուք իրեն շատ կը նմանիք. դուք չէ՞ք,- յետոյ յարեց:
– Ֆրանսացի՞ էք:
– Այո՛, եմ:
– Ասկէ առաջ ուրիշներ ալ ձեզի այս ըսածս ըսած կ՛ըլլան , չէ՞, դուք շա՛տ կը նմանիք:
– Այո՛, այդպէս ըսած են,- հաստատեցի` կարծելով, որ հոս ալ պիտի աւարտէր զրոյցը եւ ուրեմն հակաճառել պէտք չէր:
– Կը ներէք, մոռցեր եմ դերասանին անունը,- կրկնեց` յուսալով, որ ես պիտի տամ անունը:
– Չեմ յիշեր,- ըսի անճրկած:
– Դուք հեռատեսիլի հաղորդաշարերը կը դիտէ՞ք, չէ՞ք յիշեր դերասանին անունը:
– Ո՛չ, ձեզի պէս այս պահուն անոր անունը չեմ յիշեր,- ըսի. ինքզինքէս դժգոհ էի, հաղորդաշարի դերասանէն ալ, որովհետեւ չէինք կրնար իր անունը տալ:
Երեք երիտասարդ աղջիկներ մտան եւ մեր միւս շարքի նստարանին նստան դէմ դիմաց, ու ես զուր տեղը ուրախացայ` խորհելով, որ աղջիկները երիտասարդին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէին, եւ ես պիտի ազատէի, բայց պարոնին միտքը ինծի նմանող դերասանին քովն էր տակաւին, երբ աղջիկներուն ըսաւ.
– Կը ներէք, թերեւս դուք գիտէք, թէ այս պարոնը ո՛ր դերասանին կը նմանի:
Աղջիկները իրենց գլուխները շարժեցին զարմացած. հաղորդաշար ու դերասան` բան չէին ըսեր իրենց: Լա՛ւ, այս անգամ խարտիշահեր գեղադէմ աղջիկը գիւտ մը ըրաւ.
– Դերասանին կը նմանի թէ ոչ, չեմ գիտեր, բայց այս պարոնը յայտնի գրողի մը կը նմանի:
– Ա՛յ քեզ բան,- ըսի միտքէս, մէկը չէր բաւեր` հիմա այս օրիորդը զիս յայտնի գրողի մը կը նմանցնէ, բայց անունը չի յիշեր:
Ընկերուհիները առանց գրողին ով ըլլալը գիտնալու` համամիտ եղան գեղադէմ աղջկան:
– Դուք չէ՞ք գիտեր, ո՛ր դերասանին կը նմանիք,- շարունակեց պարոնը:
– Կը ցաւիմ, չե՛մ յիշեր ձեզի պէս,- ըսի եւ շատ զղջացի որ հաւանեցայ դերասանին ինծի նմանելուն: Ի՞նչ գիտնայի, որ այսքան պիտի երկարէր. երանի թէ ոեւէ ոչ յայտնի մէկու մը նմանէի:
Պարոնը զիս յայտնի դերասանի մը նմանցուցեր է, խարտիշահեր աղջիկն ալ յայտնի գրողի մը, առաւել` երկուքն ալ իրենց հերոսներուն անունները չեն յիշեր:
Խօսակցութեան երկարիլը զիս անհանգստացուց եւ մտածեցի, որ լաւ կ՛ըլլար, եթէ կանաչ-կապոյտ շապիկ հագած երիտասարդը իմ բաժինս չմտնէր, զիս չտեսնէր ու շիկնելով` իր ոտքերը ետ չքաշէր… Ի՛նչ կ՛ուզէր` թող ընէր, զիս մէկու մը թող չնմանցնէր, նախ եւ առաջ մենք իրարու` հազար օտարներ: Ինք չէր բաւեր` այս գեղադէմ աղջիկն ալ կը պնդէ, որ ես յայտնի գրողի մը կը նմանիմ: Բարեբախտաբար գեղադէմ աղջիկն ու ընկերուհիները իրարու հետ խօսելու ուրիշ նիւթեր ունէին:
Կայարանէն յայտարարեցին, որ գնացքը քանի մը վայրկեան Քաննի կայարանը պիտի կենար` ելլող- իջնողներուն համար: Պարոնը զգաց, որ պէտք էր ծխելու համար իջնէր, բայց ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ պէտք էր առնէր ինձմէ… Մեծ սիրով հաւանութիւնս տուի անշուշտ, ու ան իր ծխախոտը վառեց, բայց յետոյ միւս կառքը մտաւ. աւելի ուշ ալ մեր քովէն անցնելու ատեն` բարեւեց:
Այսպէս, անյուշ դերասանին ու գրողին հարցը փակուեցաւ: Խորհեցայ, որ երիտասարդը առտու կանուխ դերասանի մը ինծի նմանցնելէ զատ` ուրիշ բան կրնար ընել. թող իր տեղը նստէր եւ իր ոտքերը տարածէր` փոխանակ անծանօթ աղջիկներուն ըսելու, թէ ինծի նմանող դերասանին անունը չի յիշեր, եւ աղջիկներէն մէկն ալ ստիպուած ըլլար ինծի նմանող գրող մը յիշելու:
Այսպէս, երէկը լաւ վերջացաւ:
Այսօր Մարիին մանկութեան ընկերուհիներէն Տիանան զինք ու Պեթին, ամուսինը` Վիգէնն ու զիս ճաշի հրաւիրած էր: Մարին մեր միամեայ թոռան նկարները հետը տարեր էր, որ ցոյց տար: Պեթին ըսաւ, որ մեր թոռնիկը իր մօրը մանկութեան շատ կը նմանէր: Երէկուան գլխուս եկածը յիշեցի ու պատմեցի, թէ ինչպէս այդ պարոնն ու գեղադէմ աղջիկը չկրցան ինծի նմանող դերասանին եւ գրողին անունները յիշել: Պեթին ալ խանդավառուած` ըսաւ, որ ես իրապէս կը նմանիմ այդ յայտնի դերասանին… Լա՛ւ որ Պեթին այդ նշանաւոր անծանօթին` Ռոմեն Կարիին անունը յիշեց. Ստեփանը, Տիանան ու Մարին անտեղացի չեղան, սակայն Մարին ըսաւ, որ այս բաները չեմ պատմեր իրեն, երբ ճամբորդութեանս մասին հարցնէ:
Տունը «Կուկըլ»-ով որոնեցի Ռոմեն Կարին, բայց ճիշդը` չտպաւորուեցայ իր դիմանկարներէն. ան ուրիշ տիպար մըն էր, եւ լա՛ւ որ այդպէս էր` ինչպէս որ էր. աչքի զարնելիք նմանութեան պէս բան մը չտեսայ մեր երկուքին միջեւ: Կ՛ըսեն, թէ ամէն մարդ իրեն նմանող մէկը ունի. թող ըսեն. կարելի է իրաւունք ունին, բայց լա՛ւ որ ամէն մարդ իր յատուկ աչքերովը կը տեսնէ ուրիշները: Երէկ երիտասարդն ու գեղադէմ աղջիկը ու այսօր Պեթին ինծի առիթ տուին համոզուելու, որ ես ալ ամէն մարդու պէս յատուկ մէկն եմ. լա՛ւ որ ամէն մարդ յատուկ մէկն է (Unic), եւ եթէ պատահի, որ ինծի նմանող մէկը հայելիին առջեւ քովս կենայ ու ինծի նմանի, ատիկա անկասկած իմ հայրս` Սարգիսը պիտի ըլլայ, եւ` մայրս անշուշտ: Անտարակոյս մենք բոլորս կը նմանինք իրարու քիչ թէ շատ եւ կը նմանինք մեր արարիչ Աստուծոյն: Վերջին տասը տարիներուն, երբ հօրս երիտասարդութեան նկարներուն գիծերն ու իմիններս քով քովի կը դնեմ, կը գտնեմ հայրս եւ 52 տարի առաջ «աւելի լաւ տեղ մը= in a better place» մեկնած հոգելոյս մայրս եւ կը մխիթարուիմ անոնց նմանութեամբ, երբ հարազատօրէն անգամ մը եւս կը համոզուիմ, որ մենք բոլորս, առանց բացառութեան, կը նմանինք` ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ:
Նիս, 9 յունիս 2015


