Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Վերարժեւորման Ողջունելի Նախանշանները

July 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

07-06-15_Patriarch-Elias-Hoayeck-offering-bread(1)Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթը իր 2 յուլիսի թիւին մէջ թերթի ընթերցողներուն գրութիւններուն յատկացուած «Տեսակէտ» բաժինով հրատարակեց Եուսեֆ Մուաուատի մէկ յօդուածը, որ կը վերաբերէր 1916-1918-ին Լեռնալիբանանը սովի մատնելու Օսմանեան քաղաքականութեան: Յօդուածին հեղինակը հարց կու տայ, թէ այդ աղէտը ցեղասպանութի՞ւն է, թէ՞ մարդկութեան դէմ ոճիր: Ան իբրեւ օրինակ կը նշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն պարագային յայտնի են Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի` հայ ժողովուրդը բնաջնջելու որոշումին որդեգրման թուականը 20-25 մարտ 1915-ին, Վանի շրջանի հայերը տեղահանելու նախարարաց խորհուրդի 13 մայիս 1915-ի որոշումը, ինչպէս նաեւ վերապրողները բնաջնջելու Թալէաթի 22 փետրուար 1916-ի հրամանագիրը` աւելցնելով, որ Լեռնալիբանանի սովին պարագային այդպիսի փաստաթուղթերու գոյութիւնը յայտնի չէ:

Լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը իր 19 յունիսի թիւին մէջ կը հաղորդէր, որ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ գործող Լիբանանեան ուսումնասիրութեանց «Ֆինիքս» կեդրոնի մէկ պատուիրակութիւնը այցելած է Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցած է վարչապետարանին վերահսկողութեան տակ գտնուող Օսմանեան արխիւի եւ Սուլէյմանիյէ մատենադարանի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ քննարկուած է Օսմանեան արխիւէն Լիբանանի պատմութեան վերաբերող փաստաթուղթերէն օգտուելու կարելիութիւնը: Կը մնայ տեսնել, թէ Օսմանեան արխիւը այս հարցով որքանո՞վ բաց է, եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով կիրարկուած հասանելիութեան սահմանափակման եւ փաստաթուղթերու «վնասազերծման» քաղաքականութիւնը այս պարագային եւս ի զօրո՞ւ է:

Պաշտօնական մակարդակի վրայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կախաղան բարձրացուած լիբանանցի նահատակներուն տօնը հետզհետէ արժեզրկուելով եւ աղաւաղուելով դադրած է պետական տօն ըլլալէ եւ վերածուած Մամուլի նահատակաց տօնի: Այս տարի այդ ժխտական հոլովոյթը շարունակեց իր ամօթալի նահանջը. Մամլոյ սենտիքային կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշեալ յիշատակի ոգեկոչման տօնի անունէն սղուեցաւ «նահատակաց» բառը եւ վերածուեցաւ «մամուլի տօն»-ի: Այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, որ այդ «ուրախ» առիթով պէտք էր խնճոյք կազմակերպէինք եւ զիրար շնորհաւորէինք, սակայն բարեբախտաբար թերացանք: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն ազդեցութեան տակ եւ Լեռնալիբանանի սովի 100-ամեակին նախօրեակին` առնուազն քրիստոնէական շրջանակներ սկսած են վերարժեւորել Լիբանանի պատմութեան մէջ օսմանեան տիրապետութեան  ժամանակաշրջանը: Յուսալի երեւոյթ մը, որ կարելի է միայն ողջունել:

 

 

 

Նախորդը

Սուրիահայ Աշակերտներու Ամառնային Դասընթացքը

Յաջորդը

Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Եպիսկոպոսական Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.