Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Յուլիս 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0707demo3

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

0707demo2«Ո՛չ թալանին» պոռթկացող բողոքի շարժումին երգն ալ անաւարտ պիտի մնայ… ըստ երեւոյթին եւ ըստ ամենայնի:

Ինչպէս որ յանկարծակի պոռթկաց, նոյնպէս անսպասելիօրէն շնչասպառ դարձաւ ու մարմրելու սկսաւ Բաղրամեան պողոտայի Բողոքի երգը:

Հայաստանի իշխանութիւնները եւ քաղաքական վերնախաւը թերեւս սկսած են արդէն հանգիստ շունչ քաշելու` մտածելով, որ անգամ մը եւս կրցան… ջուրին երեսը մնալ:

Անոնք հաւանաբար շուտով կը սկսին նաեւ յոխորտալու, որ կրցան մեր երկրին ու ժողովուրդին «խնայել», այսպէս ըսուած, քաղաքացիական ցնցումի եւ խռովարար բախումներու տագնապը:

Բայց կրցա՞ն իրապէս:

Միայն ժամանակը կրնայ պատասխանել:

Մինչ այդ պարզ ու յստակ է, որ Բաղրամեան պողոտային վրայ հնչած ԲՈՂՈՔԻ երգը տակաւին կը սպասէ… իր աւարտին:

Գոնէ «Ո՛չ թալանին» բացագանչողները շատ լաւ կը գիտակցին, թէ ելեկտրականութեան գինի բարձրացման որոշումը ոչ միայն չէ ջնջուած, այլեւ անպատիժ մնացած է:

Առ այդ, բողոքի շարժումը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատք ընծայել Հայաստանի նախագահին այն հաւաստիացումին, թէ փորձագիտական պատասխանատուութեամբ հարցի քննութենէն ետք կառավարութիւնը պարտն ու պատշաճը պիտի տնօրինէ:

Այդ հաւաստիացումին հաւանաբար հաւատք կրնան ընծայել բոլոր անոնք, որոնք արդէն յոգնեցան Բաղրամեան պողոտայէն հնչող երգէն եւ կ՛ուզեն, իրենց առօրեայ հոգերուն կամ հաճոյքներուն վերադառնալու համար, այլեւս չլսել մեր երկիրն ու ժողովուրդը ջլատող թալանին դէմ պայքարելու հրամայականին մասին:

Չէ՞ որ ամէն տեղ իշխանաւորները կը թալանեն եւ անպատիժ կը վայելեն իրենց յափշտակած աւարը:

Նոյնիսկ անոնք` ձեռնթափ եղողները, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, վստահաբար պիտի շարունակէին Բաղրամեանի մարտունակ երգով իմաստաւորել իրենց օրը, եթէ երաշխիքը տեսնէին, թէ այս անգամ չեն խաբուած եւ իրապէս հնչած է… թալանճիներուն դատաստանի ժամը:

Այլ խօսքով, «Ո՛չ թալանին» շարժումէն այսօր հիասթափ եղողները դեռ երէկ անոր ջերմ հաւատացողներն էին, որոնք կը կազմեն ինչպէս ամէնուր, նաեւ մեր հասարակութեան մէջ քաղաքացիական այն կարեւոր շերտը, որ անպայման յաղթողին կողմը կ՛ուզէ ըլլալ` ընկերային արդար պայքարի յաղթանակին բարիքները վայելելու բնական մղումով:

Ահա ա՛յդ շերտը, այլեւս ճարահատ ու ինքզինք մխիթարելու համար, կ՛ուզէ հաւատալ ու հաւատացնել, թէ Հայաստանի նախագահը վերջին հաշուով ընդառաջեց ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ ծաւալած բողոքի շարժումին եւ առկախեց… անընդունելի որոշումին գործադրութիւնը:

Անոնք թող ապրին ու տեսնեն, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է այսպէս, շարունակ խաբուելու գնով, հաւատք ընծայել թալանի վրայ հիմնուած իշխանութեան այս համակարգին, յուսալով, որ անիկա կրնայ ինքզինք սրբագրել…

Ի՞նչ է, 21-րդ դարուն Հայաստան պէտք է անցնի 20-րդ դարու առաջին կիսուն ժողովրդավար եւ իրաւական հասարակութեանց ապրած այն փուլէ՞ն, ուր ընկերային թալանճիները,  մաֆիական ու կանկըսթերական ոճով, անխնայ շարունակեցին իրենց չարաշահումները եւ օրինապահ դարձան միայն այն ատեն, երբ արդէն աւարտած էին իրենց միջեւ… գողօնին բաժանումը:

Երբ իրենք արդէն դրամատէր դարձած էին եւ օրէնքի ուժով կ՛ուզէին ոչ միայն պահպանել իրենց յափշտակածը, այլեւ` արգելք կանգնիլ նորընծայ թալանճիներու մրցակցութեան ու սպառնալիքին:

Եթէ յետխորհրդային Ռուսիոյ դրամատիրական վերամկրտութիւնը իմաստ մը ունի Հայաստանի համար, պէտք չէ զարմանալ, որ վայրագ հասարակափոխութեան խաղականոնները մեր աչքին առջեւ կը պարտադրուին նաեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին:

Ելեկտրականութեան գինը բարձրացնողը չի՞ կրկներ Մարի Անթուանեթի հեգնանքը. «Եթէ հաց չունիք, կարկանդակ կերէք…»:

Բայց տագնապը շատ անդին կ՛անցնի ելեկտրականութեան գինի բարձրացումէն:

Ամբողջ կառավարման համակարգի արմատական բարեկարգման օրակարգը կը դիմագրաւենք:

Ահա դարձեալ մեր ժողովուրդը իր մէջ գտած է ուժը, որպէսզի մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնի եւ վաղուան մեր օրը ձերբազատէ չարաշահող ցեցերու պատճառած աւերէն ու աղէտէն:

Ծանրակշիռը այն է, որ «Ո՛չ թալանին» բացագանչութեամբ փողոց իջած բողոքի շարժումը, խաղաղ ցոյցերով ժողովուրդին ձայնը լսելի եւ հանրապարտադիր դարձնելու իր ինքնավստահութեան մէջ անգամ մը եւս կը դիմագրաւէ ձախողութեան ուրուականը:

Ձախողութեան ուրուականը ծանր կը ճնշէ, որովհետեւ Բաղրամեան պողոտային վրայ իշխանափոխութեան քաղաքական պահանջ չներկայացնելով հանդերձ, զուտ ընկերային եւ կենցաղային արդար բողոքի շարժումը ի վիճակի չեղաւ ժողովուրդին կամքը պարտադրելու իշխանութեանց:

Անշուշտ որ քաղաքացիական եւ քաղաքական հասունութեան ցուցանիշ չէր գովազդային այն զեղուն յանկերգը, որ Բաղրամեան պողոտայի Բողոքի երգին սկզբնաւորութեան, հետեւողականօրէն, դրուատեց շարժումը քաղաքականացումէ հեռու պահելու եւ ընկերային պահանջատիրութեան հունով յառաջ մղելու ցուցարարներուն «ողջմտութիւն»-ը:

Հասարակական կեանքի մէջ ամէն օրէնք եւ կանոն անխուսափելիօրէն քաղաքական ակունք կամ անդրադարձ ունի, որովհետեւ ինչպէս որ Արիստոտել իրաւացիօրէն նկատած էր դարեր առաջ` մարդ էակը ի վերջոյ «քաղաքական կենդանի» մըն է:

Ու այդպիսին ալ կը մնայ մեր դարուն:

Բայց չէ՞ որ «մերն ուրիշ է» եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔԻ շարժումը կը զատորոշուի քաղաքականացած չըլլալու իր առանձնայատուկ հանգամանքով…

Սպասենք քիչ մըն ալ, մինչեւ որ իր աւարտը գտնէ Բաղրամեան պողոտայի երգը:

Ելեկտրականութեան գինը բարձրացնելու կառավարական որոշումը ջնջել տալով` Բաղրամեանի Բողոքի շարժումը անշուշտ որ վերջ տուած պիտի չըլլար մեր հասարակութիւնը հիւծող թալանին:

Բայց անպայման առաջին քարը պիտի նետէր «Պասթիյը քանդել»-ու երկար ու դժուարին ճամբուն վրայ:

Իշխանութիւնները կրնան, քաղաքական հազարումէկ խաղեր ի կատար ածելով, Բաղրամեանը պարպել… ցուցարարներէ: Բայց չեն կրնար, գլխագի՛ր ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ առաջքը առնել բողոքի եւ ցասումի անխուսափելի նորանոր պոռթկումներուն, այնքան ատեն որ քաղաքական իշխանութեան այսօրինակ խաթարուած համակարգին պահպանման հաւատարմագրուած են: Սեփական ժողովուրդի Բողոքին անսալու փոխարէն:

 

 

Նախորդը

Մեր Երազանք Բերող Տեսակը

Յաջորդը

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Կրօնական Ժողով

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?