Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Կրօնական Ժողով

Յուլիս 10, 2015
| Անդրադարձ, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150708-WA0001Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 8 յուլիս 2015-ին, Կրօնական ժողովին մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, որ իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Առաջին հերթին ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս հաղորդաշարը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իսկապէս գնահատելի է. ասկէ առաջ մեր ժողովուրդը առիթ չէր ունեցած մանրամասնութիւններով ծանօթանալու մեր Ազգային առաջնորդարանին:

Հ.- Կրօնական ժողովին սահմանում մը կրնա՞ք տալ:

Պ.- Ազգային երեսփոխանական ժողովը ինք կ՛ընտրէ Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը: Կրօնականը կ՛ընտրուի երկու տարուան համար եւ կը բաղկանայ հինգ կամ 7 անդամներէ: Կրօնական ժողովը կը մշակէ երկամեայ ծրագիր, որ կը ներկայացուի Երեսփոխանական ժողովին` առ ի վաւերացում: Կ՛ունենանք յանձնախումբեր, որպէսզի ճիւղաւորուած աշխատանքը հեզասահ ընթանայ: Ունինք կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, Ազգային ծերանոցի եւ Ազունիէի բուժարանի յանձնախումբեր: Մեր քահանայ հայրերը մնայուն հերթականութեամբ կ՛այցելեն ծերերուն` հոգեւոր մատակարարում կատարելով: Նաեւ, Ազգային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին հետ գործակցաբար, կը զբաղինք բանտերու օրակարգով. քահանայ հայր մը բանտերուն մէջ հոգեւոր արարողութիւններ կը կատարէ:

Հ.- Կրօնական ժողովի անդամ բոլոր քահանաներն ալ Կրօնական ժողովին անդամ ընտրուելու իրաւունքը ունի՞ն:

Պ.- Բոլորն ալ թեկնածու են, բոլորն ալ իրաւունք ունին մաս կազմելու: Յայտնեմ, որ Կրօնական ժողովի նախագահը սրբազան առաջնորդն է, ինչպէս միւս ժողովներուն պարագային է: Կրօնական ժողովը առաջնորդ սրբազան հօր հետ խորհրդակցաբար կը կատարէ իր աշխատանքները:

Հ.- Եկեղեցիներ-Կրօնական ժողով յարաբերութիւնները ի՞նչ կարգով կ՛ընթանան:

Պ.- Կրօնական ժողովը անմիջական կապ ունի եկեղեցիներուն եւ քահանայ հայրերուն հետ: Կը հսկէ աշխատանքներուն, ծիսական արարողութիւններուն, Ս. պատարագի խորհուրդներուն, քահանայ հայրերու, թաղական խորհուրդներու եւ տիկնանց յանձնախումբերու գործունէութեան: Կը կազմակերպենք թաղական խորհուրդներու համագումարներ` բիւրեղացնելու ծրագիրները եւ սահմանելու պարտականութիւնները:

Հ.- Որո՞նք են ծուխերու քահանայ հայրերուն եւ թաղական խորհուրդներուն պարտականութիւնները:

Պ.- Քահանայ հայրերը կը կատարեն ծխական այցելութիւններ, տնօրհնէք, արարողութիւններ, ժողովուրդին հետ կապ, ձեռնարկներ, ծառայութիւններ… Մենք` քահանայ հայրերս, մնայուն կերպով կը հաւաքուինք, կը քննարկենք, հոգեւոր սերտողութիւն կը կատարենք, որպէսզի մնայուն կերպով փոփոխութեան ենթարկուինք:

Հ.- Երիտասարդներու հետ կապուած ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք:

Պ.- Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին հետ գործակցաբար անցնող տարի կազմակերպեցինք ազգային վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն սեմինարներ, որոնց նիւթն էր երիտասարդ-եկեղեցի կապը, ակնկալութիւնները եւ մտահոգութիւնները: Միասնաբար քննարկումներ կատարեցինք, ու վստահ եմ, որ յառաջիկային աշխատանքը առաւել եւս պիտի զարգանայ: Մենք նաեւ կը կատարենք երիտասարդներու յատուկ ուրբաթօրեայ Աստուածաշունչի սերտողութիւն: Այս ծրագիրը սկիզբը ունեցաւ փոքր թիւով մասնակիցներ, սակայն ժամանակի ընթացքին թիւը անցաւ 50-ը: Գործակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, մենք ամսական դրութեամբ կը մատուցենք երիտասարդներու յատուկ Ս. պատարագ: Երիտասարդները պէտք է մասնակից դառնան այս աշխատանքներուն եւ արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները պէտք է գործածենք` ստեղծելու համապատասխան խանդավառութիւն եւ հոգեւոր մթնոլորտ:

Հ.- Նորահաս սերունդներու հոգեւոր պատրաստութեան մէջ ի՞նչ դեր ունին կիրակնօրեայ դպրոցները:

Պ.- Այսօր կիրակնօրեայ դպրոցները կարեւոր են եւ անհրաժեշտ: Մեր հայկական դպրոցներուն մէջ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը բաւարար չէ: Մենք հոն դժուարութիւն ունինք: Մեր ժողովուրդին մէջ անպատասխանատու վիճակ կայ, եւ այսօր մեր մանուկները կիրակի օրերը տուներու մէջ են, փոխանական եկեղեցի յաճախեն: Լիբանանի մէջ ունինք 11 կիրակնօրեայ դպրոցներ, իսկ ընդհանուր աշակերտութեան թիւն է շուրջ 550: Կամաւոր ուսուցիչներու ճամբով կը փորձենք դաստիարակութիւնը փոխանցել արդի լսատեսողական միջոցներով, խաղերու ճամբով: Ցոյց կու տանք Աստուածաշունչին համարները, կը ծանօթացնենք մեր սուրբերը եւ մեր տօները: Այսօր մանուկը կը նախընտրէ համակարգիչը, «Այփէտ»-ը, փոխանակ հետեւի հոգեւոր դաստիարակութեան: Այս առնչութեամբ դժբախտաբար ծնողներու կողմէ քաջալերանքը շատ քիչ է: Այն տունը, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնն ու խօսքը կայ, Աստուածաշունչը կայ, այդ տունը ամուր է ու ապահով…

Հ.- Կիրակնօրեայ վարժարանները ո՞ւր կը գործեն, ուսուցիչները ովքե՞ր են…

Պ.- Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողքին կիրակնօրեայ դպրոց կայ: Կը գործեն 70-80 ուսուցիչներ. այդ  երիտասարդները հետեւած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան երկամեայ մանկավարժական-հոգեւոր ծրագիրին: Մենք նաեւ կը կազմակերպենք սեմինարներ, որպէսզի խօսինք տարեկան ծրագիրներուն, աշխատելաոճին եւ գործերուն մասին:

Հ.- Կրօնական ժողովը ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

Պ.- Միշտ ալ դժուարութիւններ կան եւ առանց դժուարութիւններու` յաջողութիւններ չկան: Երբ ժողովուրդ-եկեղեցի կապը ամուր ըլլայ, բոլոր արգելքները կը յաղթահարուին:

Հ.- Ուրեմն, մտահոգ էք պատանիներով եւ երիտասարդներով…

Պ.- Վստահաբար. անոնք մեր ապագան են, մեր ապագայի ընտանիքներն են: Երիտասարդները այսօր հեռու են ու տարբեր աշխարհի մէջ են: Երիտասարդութիւնը երբ առողջ ըլլայ, ապա Եկեղեցին ալ առողջ կ՛ըլլայ: Մեր կատարածը մեծ գործին մէջ փոքր բաժին մըն է: Պէտք է աւելի մեծ ծաւալով աշխատանք տանիլ` տարածուելու եւ բոլորին հասնելու համար:

Հ.- Այլ ըսելիք ունի՞ք:

Պ.- Մեր ազգայինները եթէ մտահոգութիւններ ունին, պէտք է գան ու ներկայացնեն: Կրօնական ժողովը, վստահաբար նաեւ Ազգային առաջնորդարանի բոլոր կառոյցները պատրաստ են լսելու, մտիկ ընելու: Միասնաբար պէտք է խօսինք, քննարկենք ու լուծենք խնդիրները: Ազգային առաջնորդարանը ժողովուրդին տունն է, հետեւաբար ժողովուրդը դեր ունի այս աշխատանքին մէջ, ինք պիտի օգնէ, որպէսզի միասին այս նաւը առաջնորդենք ապահով նաւահանգիստ:

Նախորդը

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց Ընթացիկ Շրջանի Իր Դ. Նիստը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?