Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանասորայ Արշաւանք 2015. Հայոց Յեղափոխական Դաստիարակներու Ուղիին Ընդառաջ (Պատասխան` Ե-Նամակի Մը)

Յուլիս 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ երբեք պատմութեան իմաստասէրի ու տրամախոհի գործընթացով իսկ առաջնորդուինք,

Եթէ ուզենք ըլլալ այնքան մը առարկայապաշտ եւ անհունօրէն ակօսել ու պեղել սեփական պատմութեան էջերը,

Եթէ մարդկային ամէնէն յառաջադէմ ռազմավարի թէ մարտավարի ուսմունքներով իսկ մենք մեզ սպառազինենք,

Եթէ պահ մը, տուեալ ժամանակի ճնշիչ պարտադրանքէն կամովին հեռանանք,

Եթէ նոյնիսկ փորձենք պատմական դիպաշարերուն ամբողջ հոլովոյթը ըստ էութեան ուսումնասիրել,

Եթէ ունենանք գաղափարական տարբեր հոսանքի, մօտեցումի եւ կեցուածքի տարբերակումներ,

Պահ մը, բոլորիս աչքերը պիտի յարին հիմնական մէկ ու անսեթեւեթ ճշմարտութեան մը, թէ նախախնամութեան եւ կեանքի պատմակշիռ դասաւորումներու իբրեւ հետեւանք, հայոց լեռնաշխարհը եւ այդ սուրբ հողին վրայ ապրող հայութիւնը ունեցած է դժբախտութիւն մը անպարագծելի, թէ ան հարեւանութեան մէջ է եղած գազանաբարոյի եւ հայատեացութեան մոլուցքէ տառապող (մինչեւ օրս) ժողովուրդի մը, որ թրքութեամբ կ՛ապրի ու փանթուրանականութիւն կը շնչէ դարերէ ի վեր, եւ որուն իբրեւ հետեւանք հայութիւնը ցարդ կը շարունակէ վճարել անգնահատելի կորուստներ:

Անկեղծ ասաց, այս ու նման մտորումներու յորձանուտին յանձնուեցանք, երբ տարի մը առաջ կը կարդայինք մեզի ուղարկուած ե-նամակ մը, որ էապէս կ՛առնչուէր երկու յիշարժան դէպքերու` Խանասորի արշաւանքին եւ Պանք Օթոմանին:

Արդ, սրտցաւ գրիչ, հմուտ բանասէր, իրաւ մտաւորական, բժիշկ ու գրականագէտ հեղինակի մը կը պատկանէր տուեալ նամակը, ուր ան ի միջի այլոց կ՛ըսէր. «Պանք Օթոմանը եւ Խանասորը, որոնք մարդկային եւ ազգային ամենաազնիւ խոյանքներու արտայայտութիւններ են (ինչպէս օրին եղած է Վարդանանցը), բազմաթիւ առումներով երկու կաթիլ ջուրի պէս կը նմանին իրարու. նոյն յուշադրամին երկու երեսակները կը ներկայացնեն անոնք` դիմերեսը եւ դարձերեսը. երկուքն ալ այսուհանդերձ եղան ռազմավարական մեծ ձախողութիւններ եւ տեղի տուին ահաւոր կոտորածներու»:

Աւելի՛ն. յաջորդող տողերուն մէջ ե-նամակին հեղինակը լոյսին կը բերէր նաեւ տուեալ դէպքերու մասին գրականութիւն եւ պատմական անժխտելի արձանագրութիւններ, որոնք, թէեւ կը պատկանին անցեալին, այդուամենայնիւ կը շարունակեն կրծել մեր հոգիներն ու ցաւցնել հայու ներաշխարհը, որովհետեւ անառարկելի ճշմարտութիւն են եւ ցարդ կը պահեն իրենց թելադրականութիւնը:

Եւ սակայն, նշեալ թելադրականութիւնն էր, որ մեզ մղեց վերստին ընթերցելու, աւելի կեդրոնանալու եւ մատուցելու մտածումի եղանակ մը, զարտուղի մօտեցում մը, ոչ թէ անպայման զոյգ արարքներուն մասին պաշտպանողի դիրքէ մղուած, այլեւ կողմնորոշուելու եւ ի հարկին յստակացնելու, թէ արդեօք հայութիւնը տուեալ ժամանակին ունէ՞ր այլընտրանքային ճանապարհներ, եւ կամ ատենի անկրկնելի հայդուկապետեր, հրաշք ու քաջարի ֆետայիներ, թէ ընդհանրապէս ազգային ազատագրական պայքար մղող տարբեր խմբաւորումներ, ազգային ու աշխարհաքաղաքական նման կացութիւններու ընթացքին ու դէմ յանդիման կրնայի՞ն այլ ձեւերու մասին մտածել ու գործել:

Եւ կամ միթէ անաչառութիւնը մեզ չի՞ յուշեր, թէկուզ զգացական պրիսմակէ դիտուած, նկատի ունենալու նաեւ այն, թէ հարկ է ամէն րոպէ լոյսին բերել, գէթ հայութեան պարագային, թէ պատճառի եւ հետեւանքի միջեւ եթէ կայ բարակ թելի հասակցողութիւն մը, ապա նաեւ կան ազգային բնոյթի բարոյահոգեբանական լուրջ ցաւեր, մորմոքներ, ներքին անհասկացողութիւններ, իրար չէզոքացնելու դատապարտելի գործեր, միասնականութենէ հեռու կողմնորոշումներ (նոյնիսկ` թուրքի եաթաղանին տակ), աղայական եւ ամիրայական տխուր երեւոյթներ, գաւառի եւ քաղաքի տեղայնամիտ մտմտուքներ, անհեռատեսի  ամօթալի տրամադրութիւններ եւ մասամբ նորին:

Առաջին հերթին յստակացնել է պէտք, որ ե-նամակին հեղինակին ազգային առողջ եւ հմուտ պատմաբանասէրի մօտեցումներուն, զգացումներուն եւ մտասեւեռումներուն քաջածանօթ ըլլալու հանգամանքն է, որ մեզ մղեց լոյսին բերելու անոր յարգելի մտածումը, եւ մեր կարգին յայտնելու մեր պատկերացումն ու համոզումը:

Ուստի, առանձնացնելով Խանասորայ արշաւանքին դիպաշարը, յայտնենք, թէ նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ երբեք վերյիշենք, թէ անիկա վրէժխնդրական ու պատժական արարք մըն էր ըստ ամենայնի, այսինքն` պահու թելադրութենէն եւ թիրախային յստակ մօտեցումէ ծնունդ առած մտայղացում եւ որոշում էր, տուեալ ժամանակին ու ահաւոր ջարդերուն դէմ ելլելու կտրուկ եւ անմիջական մարտական կողմնորոշում եւ, ինչու չէ, ռազմավարական դիպուկ աքթ, որ կը բխի ազգային բարոյահոգեբանական եւ պատմական ակունքներէ:

Այլ խօսքով, Վանի թէ ամբողջ Վասպուրական աշխարհի դէմ սանձազերծուած (1896թ.) համիտեան յորդաններու յարձակումներուն դէմ դնող բուռ մը կտրիճներու յանձին` Արմենական Աւետիսեանի, Դաշնակցական Պետոյի եւ Հնչակեան Մարտիկի եւ աւելի քան ութ հարիւր հայ կռուող երիտասարդներու բնաջնջումին վրէժը, ինչպէ՞ս կարելի էր լուծել, եւ քիւրտ մազրիկ ցեղախումբին հայու բազուկին հզօրութիւնը ցոյց տալ:

Աւելի՛ն. ի տես թուրքի համատարած ջարդերուն արհաւիրքը ապրող հայութիւնը, եւ միւս կողմէ ամբողջ ժողովուրդի մը բարոյալքումի ենթակայ ըլլալու իրողութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք շրջանցել այս տիպի աղէտը, առանց նոյնքան հոգեփոխիչ, սաստիչ ու զսպիչ արարքի մը, մանաւանդ երբ նորաստեղծ հայ յեղափոխութիւնը, արդէն իր առաջին քայլերու ընթացքին ցոյց կու տար խարխափումի եւ կողմորոշումի դժուարին պահեր:

Արդեօք ճիշդ պիտի ըլլա՞ր աւելի կքիլ ահաւոր հարուածներու տակ, եւ մտածել յարմար պահու թելադրութեան, ինչպէս, օրին, կը մտածէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բազմաթիւ ֆետայիներ:

Յայտնապէս ոչ ոք կ՛ուզէր յաւելեալ արեան հեղում, երբ արդէն ազգը մը ամբողջ կ՛ենթարկուէր բարբարոսային ջարդերու եւ թուրք զազրութեան հալածանքներու:

Այլապէս ալ ինչպէ՛ս պէտք է հասկնալ աննման հայդուկապետի, անկրկնելի ֆետայիի, հոգեբան ռազմավարի եւ իւրայատուկ ռազմագէտի` Նիկոլ Դումանի մտայղացումն ու աներեր կամքի հզօրութիւնը, եթէ ոչ այն խոր գիտակցութեամբ, որ, մեկնելով ստեղծուած ահաւոր կացութենէն, եւ արդէն իսկ շարունակուող անասելի ջարդերու եւ սպանդի իրականութենէ, թշնամիին սանձելու եւ նուազագոյն վնասով դուրս գալու ճիշդ այլընտրանքն էր` հակայարձակումի մարտավարութիւնը, լաւապէս  կազմակերպուած ու ծրագրուած ընդհանուր խորապատկերի ներքեւ:

Եւ այս ռազմավարական մտածողութեան շնորհիւ չէ՞ր որ հետագայ տարիներուն տարտղնուած եւ անզէն հայութիւնը կրցաւ որոշ չափի ապահովութիւն ունենալ եւ նուազագոյնի իջեցնել կորուստը Պաքուի, Ղարաբաղի, Նախիջեւանի, Երեւանի, Վանի, Սասունի եւ բազում այլ  վայրերու մէջ:

Միւս կողմէ, ո՞վ ըսաւ, թէ արիւնառուշտ ու գազանաբարոյ թուրքը նման յեղափոխական կամքի ու որոշումի դէմ պիտի մնար ձեռնածալ, ընդհակառակը տուեալ գործողութիւնները իբրեւ պատրուակ ծառայեցին աւելիով սաստկացնելու իր ջարդի ու սարսափի քաղաքականութիւնը:

Այո՛, հայու վրիժառու բազուկը շնորհիւ հերոսածին ֆետայիներու, Առաուլ լերան լանջին, Խանասորայ դաշտին վրայ կրցաւ հրաշքներ գործել եւ ծունկի բերել քիւրտ մազրիկ ցեղախումբը, եւ ցոյց տալ դաշնակցական հայդուկի ռազմավարի յաջողութիւնը: Փաստօրէն, այս գործողութիւնը շարաչիւն ապտակ մը եղաւ քրտական ցեղախումբերուն, որոնք կը նկրտէին ամէն առիթի կողոպտել եւ սպաննել գիւղացի հայը:

25 յուլիս 1897-ին ամբողջ շրջապատ մը եւս (օտար պետութիւններու) լաւապէս հասկցան, որ հայութիւնը գիտէ տէր կանգնիլ իր նահատակ հերոսներուն կտակին եւ ազգային արժանապատուութեան:

Իսկ երբեւէ կարելի՞ է մոռացութեան տալ արշաւանքի մասին եղած ՀՅԴ 1896-1897-ի Կովկասեան Ռայոնական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած ներքին բուռն քննարկումները, ապա տուեալ ժողովին կողմէ որդեգրումն ու նախապատրաստական հսկայ աշխատանքի ծաւալը, որուն յաջողութեան իր անգնահատելի ներդրումը ունեցաւ Նիկոլ Դուման:

Հաւանաբար ընդգծելին այն է, որ հայութիւնը իր ճակատագիրի տնօրինման մէջ, նամանաւանդ 20-րդ դարու աւարտին նախաձեռնած ազգային ազատագրական պայքարի ամբողջ խորապատկերին լոյսին տակ, այդքան ալ պատրաստ, կազմակերպուած եւ կամ ընդունակ չէր համահայկական մասշտապով զէնք վերցնելու, ինքզինք պաշտպանելու  եւ ազատութեան գաղափարին համար զոհուելու, եւ որուն իբրեւ հետեւանք ունեցաւ կրկնակի կորուստներ Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքին:

Կը կարծենք, թէ նման թանկագին կորուստներու տարողութիւնը պէտք չէ վերագրել առհասարակ յեղափոխական կուսակցութիւններու սխալ ռազմավարութեան, եւ կամ բարդել անոնց ճիտին, որովհետեւ անոնց ծնունդով ընթացք առաւ ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը:

Այդուհանդերձ, հաւատացողն ենք, որ պատմական դիպաշարերու մասին ամէն գնահատանք, համոզում ու տեսակէտ` բոլոր առումներով,  եթէ երբեք կ՛ընդգրկէ փաստացի ու անառարկելի տուեալներ, ինչպէս էր` Խանասորի արշաւանքէն ետք կոտորածին վերաբերեալ ապա ազգը պարտաւոր է ականջալուր մնալու անոր, եթէ կ՛ուզէ յառաջդիմել, զարգանալ եւ իր ազգային պատմութենէն դասեր քաղելու հրամայական թելադրանքը փոխանցել հետագայ սերունդներու:

Յայտնապէս այս էր ե-նամակի հայաշունչ հեղինակի միտք բանին:

Հ. Պ.

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Փաթրիք Ասսաֆի Յիշատակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 228 Երկսեռ Մարզիկներ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?