Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պռաւօ Եւ Շնորհակալութիւն

Յուլիս 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Աննշան կատարումներն իսկ գովասանքով շողոքորթելու մէջ եղած ենք այնքան շռայլ, որ մարդ կը շուարի` երգարուեստի կատարեալ  մատուցում մը նկարագրելու համար ի՜նչ բառեր գործածէ, ինչպէ՞ս ներկայացնէ, որ չշփոթուի աժանօրէն բաշխուած գովասանական հասարակ արտայայտութիւններու հետ:

Ահա այդ շուար վիճակին մատնուած եմ այս պահուս, համակարգիչիս առջեւ: Բայց կ՛ուզեմ   քանի մը տողով անպայման տպաւորութիւնս փոխանցել եւ անդրադառնալ Նունէ Եսայեանի երգարուեստի  տաղանդին եւ անոր իւրայատուկ մեկնաբանութեան մասին, որուն շնորհիւ ինծի պէս բազմահարիւր հայեր ունեցան հայերգի եզակի վայելքը,  երգերու ընդմէջէն վերյիշեցին  հայրենական պատկերներ եւ Նունէի անզուգական ձայնին ստեղծած ալիքներուն վրայ  ապրեցան խռովքը` մերթ ընդ մերթ սիրոյ, հայրենասիրութեան, յաղթանակի հպարտութեան, յուսավառ ապագայի: Կարճ` Նունէ Եսայեանի կատարումով ազգային նոր ներարկումով գօտեպնդուեցանք ներկաներս  եւ  հայ երգի կախարդանքն ու փառքը վեհապետեցին հոն, «Տորա Սթրաթու» ամփիթատրոնին մէջ, երկուշաբթի, 15 յունիսի երեկոյեան:

Զեղումներս  զսպել փորձելով` պարզապէս կ՛արձանագրեմ  որ`

1. Առաջին անգամն ըլլալով վկայ դարձանք երգչուհիի մը, որ 90 վայրկեան անընդմէջ, առանց դադարի, շուրջ 25 երգեր մեկնաբանէ, առանց որ ձայնին թարմութիւնն ու կենդանութիւնը եւ երգարուեստին ներգործութիւնը նուազագոյն ընկրկումն ունենան: Ընդհակառա՛կն, յաջորդ երգը կը գերազանցէր նախորդը` գերազանց դարձնելով միաժամանակ ունկնդիրներուս խանդավառութիւնն ու հիացմունքի բացագանչութիւնները: Այն աստիճան, որ աւարտին, ոմանց մօտ անտեղի կասկած  արթնցաւ, թէ նուագին պէս երգե՞րն ալ փլէյ պեք էին արդեօք:

2. Երգացանկը կը ներկայացնէր կոմիտասեան ու տոհմիկ, սիրային ու պարային, Սայաթ Նովայի, հայրենասիրական ու մարտական երգերէն հատընտիրներ: Իրարմէ տարբեր շեշտ ու ալիք եւ զգացմունք պարունակող երգերուն մէկէն միւսին անցումը վարպետօրէն կը կատարուէր հեշտ ու բնական եւ այնպիսի ներազդող մեկնաբանութեամբ, որ նոյնպէս հեշտ ու բնական կը դարձնէր մէկը միւսէն տարբեր խռովքներու փոխանցումը` ունկնդիրներուս:

3. Զանազան առիթներով մեր լսածը այդ երեկոյ կենդանի փաստով հաստատուեցաւ, որ Նունէ Եսայեան հայ երգի գերազանց, իսկ Սայաթ Նովայի անմրցելի մեկնաբան երգչուհին է:

4. Այն իրողութիւնը, որ իւրաքանչիւր երգի մենակատարութիւնը կ՛աւարտէր ներկաներու գոհունակ բացագանչութիւններով ու «պռաւօ»-ներով եւ նորը կը դիմաւորուէր խանդավառ ծափողջոյններով, կը հաստատէ արդէն վերի նշումներուն իրաւութիւնը: Ուրեմն, կրկին  բացագանչենք. պռաւօ՜…

Պռաւօ նաեւ Համազգայինի պարախումբին, որ երկու-երեք օրերու մէջ կրցաւ ընտելանալ նուագներուն եւ անոնց  կշռոյթին համեմատ` յաջողեցաւ պարային շարժումներով  երգերուն   ընկերակցիլ:

«Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք Ու Դեռ Շատանա՛նք»:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շրջագծին մէջն է ահա, որ տաղանդաւոր երգչուհին դիմած է Հայաստանի  սփիւռքի նախարարութեան եւ ապահովելէ ետք անոր հովանաւորութիւնը, այս կարգախօսով նախաձեռնած է  կարգ մը գաղութներ շրջապտոյտի` տեղի հայերը մեր երգերու թովչանքով պարուրելու եւ կարգախօսին արձագանգովը  յուզելու-հոգեպնդելու համար. Կիպրոս, Աթէնք, Վիեննա եւ գերմանական կարգ մը քաղաքներ: Գաղութներ, որոնք փոքրաթիւ ըլլալնուն կամ  տնտեսական շատ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւելնուն` ի վիճակի չեն սեփական միջոցներով հիւրընկալելու-կազմակերպելու համերգային նման  երեկոյ:

Կ՛արժէ ըսել նաեւ, որ  երգչուհին միեւնոյն լոզունգով պատրաստած է նորագոյն cd եւ dvd, որոնց  վաճառքէն գոյացած գումարը  որոշած է  տրամադրել սուրիահայութեան օժանդակութեան  ֆոնտին:

Շնորհակալութի՛ւն Նունէ Եսայեանին` համերգային շրջապտոյտը նախաձեռնելու-իրագործելու  իր սքանչելի գաղափարին համար,

Շնորհակալութի՛ւն Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, որ հովանաւորելով շրջապտոյտը եւ նուիրատուներ ապահովելով` մեզի ընծայեց եզակի երեկոյի մը հոգեթով վայելքը:

Վարձքը կատար երգչուհիի գործակիցներուն եւ վարագոյրի առջեւ թէ ետեւ աշխատող Համազգայինի անդամ-անդամուհիներուն:

Մարգարէական վճիռի ուժ ունի իմաստունին խօսքը, թէ` «Ով  երգ  չունի,  պիտի  մեռնի…»:

Այդ երեկոյ Նունէ  Եսայեանի անզուգական ձայնով հայ երգը իր փայլքովն  ու փառքով կենդանացաւ ու արձագանգեց ներկաներու հոգիներուն մէջ:

Այո՛.

Կա՛նք, քանի որ երգ ունինք,

Պիտի լինե՛նք, քանի որ պիտի շարունակենք երգել,

Ու դեռ շատանա՛նք, քանի որ մենք երգերով  կը սնանինք…

Յաւերժութեան ուղին ցոյց կու տայ Սիամանթոյին արձակած կանչը. «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»:

Երգիչները կը փոխուին, երգը  կը  մնայ…

Ափսո՜ս,  բացակաները զրկուեցան: Եւ քիչ չէին բացակաները:

 

 

 

Աթէնք, 17 յունիս 2015

 

Նախորդը

27 Ծաղիկներ Իրենց Առաջին Վկայականը Ստացան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Մանկապարտէզէն

Յաջորդը

Այլեւս… Այբ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?