Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդ Ցուցարարները «Ելեկտրականացուցած» Են Հայաստանը. Քաղուած Դասեր

July 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10985875_1050570148288970_798253866198740521_n

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Երբ տասը օր առաջ խումբ մը երիտասարդներ ինքնաբուխ կերպով հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակ` դէմ արտայայտուելու ելեկտրականութեան սակի նախատեսուող բարձրացման, ոչ մէկի մտքէն չէր կրնար անցնիլ, որ անոնց բողոքի շարժումը բուռն արձագանգի պիտի արժանանայ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

11017697_1050570078288977_1171037756991509009_nԻ զարմանս բոլորի, փոքր հաւաքը սունկի պէս աճեցաւ քանի մը հազար, յատկապէս երիտասարդներու հաւաքի, որոնք երթով շարժեցան ու գրաւեցին մայրաքաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը` Մարշալ Բաղրամեան պողոտան, ուր կը գտնուին նախագահին նստավայրը, Ազգային ժողովն ու Սահմանադրական դատարանը, եւ ամբողջ գիշեր նստացոյց իրականացուցին այնտեղ: Բողոքի ցոյցերը արագօրէն տարածուեցան ամբողջ Հայաստանի մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ:

Քանի որ ցուցարարները հրաժարեցան ազատել պողոտան, ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներով ցրուեց զանոնք` վիրաւորելով տասնեակ մը ցուցարարներ եւ ձերբակալելով անոնցմէ 237-ը, որոնք նոյն գիշեր ազատ արձակուեցան: Ոստիկանատուն տարուեցան նաեւ քանի մը լրագրողներ` վնասելով կամ գրաւելով անոնց տեսախցիկներն ու ձայնագրիչները:

Քանի որ այս առճակատումը կը պատկերասփռուէր հասարակական լրատուամիջոցներու եւ տարբեր կայքերու միջոցով, յաջորդ օրը քանի մը հազարէն աւելի ցուցարարներ յայտնուեցան` գրեթէ անհնար դարձնելով ամբոխի վերահսկողութիւնը: Յունիս 29-ի երեկոյեան, երբ կը գրէի այս յօդուածը, Բաղրամեան պողոտայի որոշ հատուածներ դեռ գրաւուած էին ցուցարարներուն կողմէ:

Ո՞վ են այս երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները եւ ի՞նչ կ՛ուզեն: Անոնք կապ չունին որեւէ կուսակցութեան կամ արտաքին ուժերու հետ` հակառակ բոլոր անհիմն մեղադրանքներուն, եւ իրենց օրակարգին վրայ այլ խնդիր չունին, քան պահանջը Հայաստանի կառավարութենէն` չեղեալ համարելու օգոստոս 1-ին ուժի մէջ մտնող ելեկտրականութեան գինի 17 տոկոս բարձրացումը: Այս ցուցարարները կը կարծեն, որ իրենց կողմէն քաղաքի փողոցներու փակումը օրինական եւ բարոյական տեսանկիւնէն արդարացուած է, քանի որ բողոքի ցոյցը կը կրէ խաղաղ բնոյթ եւ ինքնաբուխ է: Անոնք իրենց շարժումը անուանած են` «Ո՛չ թալանին»:

Իշխանութիւնները քանի մը անգամ փորձեցին համոզել երիտասարդները` դադրեցնելու բողոքի ցոյցը: Երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկեց հանդիպիլ անոնց հետ, ցուցարարները մերժեցին այդ խնդրանքը` պահանջելով հանդիպման ուղիղ հեռարձակում հանրութեան համար: Կառավարութեան առաջարկը` ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դիմաց փոխհատուցում տալու 100 հազար անապահով ընտանիքներուն, եւս մերժուեցաւ: Վերջապէս, նախագահի որոշումը` սառեցնել սակի բարձրացումը մինչեւ միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութեան կողմէն ռուսական ուժանիւթի ընկերութեան «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» դուստր ձեռնարկութեան նիւթական հաշուետուութիւններուն ստուգումը` սակի բարձրացման հիմնաւորուած ըլլալուն հանգամանքը պարզելու համար, եւս մերժուեցաւ:

Լարուած դիմակայութեան առաջին թուլացումը եղաւ անցեալ կիրակի, երբ բողոքի շարժման կազմակերպիչները ընդունեցին ոստիկանութեան առաջարկը եւ վերադարձան Ազատութեան հրապարակ` երկրորդ բախումէն խուսափելու համար: Երկուշաբթի գիշեր անոնք յայտարարեցին, որ կը դադրեցնեն բողոքի ցոյցը եւ շուտով կ’որոշեն իրենց հետագայ ընելիքները: Սակայն ցուցարարներու մեծ մասը հրաժարեցաւ հետեւիլ նախաձեռնութեան ղեկավարներուն` շարունակելով գիշերները անցընել Բաղրամեան պողոտայի մէջտեղը` վանկարկելով «Մենք ենք տէրը մեր երկրի» կարգախօսը:

Երիտասարդ տղաներու եւ աղջիկներու այս նոր սերունդը խիստ հիասթափուած է թէ՛ իշխանութիւններէն, թէ՛ ընդդիմութենէն: Սակայն բողոքի շարժման կազմակերպիչները, յուսահատելու եւ շատ շատերու նման երկիրը լքելու փոխարէն, փողոց ելած են պաշտպանելու ժողովուրդին իրաւունքները: Այս ցուցարարները ցոյց կու տան, որ թէեւ իրենք չունին իշխանութիւն, հարստութիւն եւ պաշտօնական դիրքեր, սակայն ի զօրու են անհրաժեշտութեան պարագային ոտքի ելլել եւ իրենց շուրջ համախմբել զանգուածները` ստիպելով իշխանութիւններուն հաշուի նստիլ իրենց հետ… Կարելի է չհամաձայնիլ ցուցարարներու մարտավարութեան, սակայն հնարաւոր չէ չհիանալ անոնց անկեղծութեան եւ յանձնառութեան վրայ` իրենց հայրենակիցներու բարօրութեան հանդէպ…

Ահա այն երեք կարեւոր դասերը, որոնք պէտք է քաղել վերջին զարգացումներէն.

1) Հայաստանի ապագան յուսալի ձեռքերու մէջ պիտի ըլլայ, քանի դեռ գալիք սերունդին մէջ կան երիտասարդներ, նման` այն տղաներուն եւ աղջիկներուն, որոնք անցեալ շաբաթ ինքնաբուխ կերպով Երեւանի փողոցներ ելան:

2) Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մօտ ապագային իշխանութեան գալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունին, քանի դեռ լիովին չեն վերանայած իրենց քաղաքականութիւնը` իրենց շարքերը ներգրաւելով խելացի, նուիրուած եւ նախաձեռնող երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ, եւ` թոյլ տալով անոնց ղեկավար դիրքեր զբաղեցնելու:

3) Հայաստանի ժողովուրդին մօտ խոր հիասթափութիւն կայ իրարու յաջորդող  կառավարութիւններու նկատմամբ, անկախացումէն առաջ եւ յետոյ: Իշխանութեան ղեկավարներուն առջեւ ծառացած են շատ աւելի լուրջ խնդիրներ, քան` ելեկտրականութեան գինի բարձրացումը: Հայաստանի համար գոյատեւման հրամայական դարձած է արդար եւ ժողովրդավարական հասարակարգի ստեղծումը, ուր քաղաքացիները կրնան ապրիլ արժանապատիւ, բարեկեցիկ եւ խաղաղ կեանքով: Հայ ժողովուրդը կարիք չ՛ունենար բողոքելու Երեւանի փողոցներուն մէջ, եթէ գոյութիւն ունենան արդիւնաւէտ եւ վստահելի մեքենականութիւններ, որոնց միջոցով մարդիկ կրնան պաշտպանել իրենց հիմնական քաղաքացիական իրաւունքները եւ ապահովել իրենց բարեկեցութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Տեսակէտ. Զօրակցիլը Չի Բաւեր

Յաջորդը

Հայ-Թուրքական Յարաբերութիւնների Արտացոլումն «Ազդակ»-ում Արձանագրութիւնների Կասեցումից Յետոյ (2010-2013 Թթ.)

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.