Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Զօրակցիլը Չի Բաւեր

July 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

11207366_987397707961712_5406875600835997071_nՍփիւռքահայութիւնը նախորդ 15 օրերուն մօտէն հետեւեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդական անկախ, ոչ կուսակցական շարժումին:

Հայաստանի իշխանութեան վերջին տարիներու աշխատելաոճը ընդհանրապէս եւ արտագաղթի, տնտեսական տագնապի, վստահելիներով աշխատելու ոճի, փտածութեան եւ կաշառակերութեան նպաստող քաղաքականութեան ընթացքը ուրիշ արդիւնք չէր կրնար տալ, եթէ ոչ` նման արդար, քաղաքակիրթ, երիտասարդական շարժում մը:

Մեր պատմութիւնը վկայ է, որ  թալանով գործող, շինծու եւ մաշեցնող քաղաքական ղեկավարները վերջաւորութեան ժողովուրդին հաշուետու են:

Այսօրուան Բաղրամեան պողոտայի վրայ պատահածը նոր յոյս եւ շունչ կու տայ բոլորիս:

Չյանձնուելու եւ պայքարելու այս որոշումն ու աքթը զօրակցութենէն անդին պէտք է անցնին:

Փաստօրէն Ամերիկաներու, Ուքրանիոյ, Մոսկուայի գաղութները գործնապէս կ՛արձագանգեն երիտասարդական այս շարժումին: Մենք ալ ձեւով մը մեր զօրակցութիւնը պէտք է յայտնենք` իբրեւ սփիւռքի ամէնէն կարեւոր գաղութներէն մէկը:

Դիտել, լաւատես ըլլալ, «զօրակցիլ»` չեն բաւեր:

Հայաստանի մամուլը անհասկնալի ձեւով վերապահութիւններ եւ կասկածներ կ՛արթնցնէ ժողովուրդին մտքին մէջ, մանաւանդ` ղեկավարման եւ բանակցային գործընթացի իմաստով: Այս բոլորին մէջ կարեւորը այն է, որ երիտասարդութիւնը իր հայրենիքի բարգաւաճման, հզօրացման եւ տեսլականին համար շարժումի մը սկսաւ: Ուրեմն զգօն է մեր երիտասարդութիւնը: Ուրեմն հպարտ պէտք է ըլլանք անոնց` հայրենիքին կապուածութեան եւ հեռանկարային իրենց տեսիլքին հանդէպ:

Պէտք է լսել, խօսիլ, հասկնալ եւ հասկցուիլ: Յուսախաբ ընելը, բռնի ուժով ցրուելը, սարսափ եւ սպառնալիքներ ստեղծելը ո՛չ մեր հայրենիքի դիմագիծին, ո՛չ ալ մեր երիտասարդութեան ոգիին կը նպաստեն:

Այսօր Հայաստանի մէջ անկուսակցական բողոքի ալիքը նոր յոյս եւ շունչ կու տայ բոլորիս:

Երանի թէ Լիբանանի երիտասարդութիւնը օր մը սթափի եւ 8 կամ 14 մարտի հոսանքներէն դուրս` Լիբանանի համար փողոց իջնէ, եւ ունենանք նախագահ, նախարարութիւններ, զօրաւոր բանակ եւ ապահով մայրիներու երկիր:

 

 

Նախորդը

«Արուեստը Եղած Է Իմ Կեանքիս Մէկ Մասնիկը 30 Տարիներէ Ի Վեր: Ես Կը Փափաքիմ Հոն Գտնուիլ, Ան Ուժ Կու Տայ Ինծի» Կ՛ըսէ Ժան Պօղոսեան

Յաջորդը

Երիտասարդ Ցուցարարները «Ելեկտրականացուցած» Են Հայաստանը. Քաղուած Դասեր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.