Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլեւս… Այբ

Յուլիս 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

7-07-15_Never-Again6a351cd99a74b860dd1492be4790b7c7

Տեղեկատուութիւն .- «Ոսկէ ծիրան»  կազմակերպութիւնը, Հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին եւ մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպեց  շարժապատկերի ցուցադրութիւններ` շուրջ տասը երկիրներու մէջ: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ նաեւ ժապաւէններու մասին քննարկումներ եւ դասախօսութիւններ: Յանձնախումբը կ’ըսէ, թէ  (ուշադրութիւ՛ն) «ցուցադրութիւնները նկատի կ’առնեն տուեալ երկրի առանձնայատկութիւնները»: Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ փետրուար  24-ին,  հայագիտական «Անիւ» կազմակերպութեան աջակցութեամբ Պիելառուսիոյ պետական համալսարանի պատմութեան բաժինին մէջ, Մինսք: Ընտրուած էր «Ճչացողները»` բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանի ներկայութեամբ: Այս տողերը գրուած պահուն ծրագիրը տեղի կ’ունենար Մոսկուայի մէջ: Ըստ Հ1-ի, ծրագիրը ցարդ գործադրուած է եօթը երկիրներու մէջ: Երկրորդ հանգրուանը պիտի մեկնարկէ «Ոսկէ  ծիրան» փառատօնի աւարտէն ետք:

Ցուցադրութիւններ տեղի կ’ունենան նաեւ` Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Լիթուանիոյ, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Իրանի  եւ Թուրքիոյ մէջ: Ծրագիրը ունի չորս հիմնական բներգ. «Մենք կանք», «Ճիչ», «Երախտիքի տուրք», եւ «Այլեւս երբեք»: Ժապաւէնները գլխաւորաբար ներկայացուցած են` «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, ծրագիրի ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան եւ գեղարուեստական ղեկավար եւ աւագ տեսաբան Րաֆֆի Մովսիսեան (կողքի նկարին մէջ ձախին): Ներկայ եղած են պետական այրեր, ակադեմականներ եւ կարգ մը ժապաւէններու բեմադրիչներ:

Թուրքիոյ մէջ ձեռնարկը իրականացաւ   շարժապատկերի փառատօնի նախաձեռնութեամբ: Խորագիրն էր  «Հարիւր տարուան ցաւը»: Ցուցադրուեցան նաեւ հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակի միջոցով արտադրուած Հաճի Օրմանի «Homo Politicus» եւ Guillaume Clere-ի «Լռութեան աւանդը» (SESSIZLIGIN MIRASI) ժապաւէնները: Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը (1) ծրագիրին գործօն մասնակցութիւն բերած է: Քննարկումները եղած են հրապարակային:

Րաֆֆի Մովսիսեան կ’ըսէ. «Այն, որ միջազգային հեղինակութիւն վայելող փառատօներն իրենց արտամրցութային պաշտօնական ծրագրերում հիւրընկալել են «Այլեւս երբեք»-ը, արդէն իսկ մեծ յաղթանակ է համարւում»:

Ծրագիրի ընդունելութիւնը առնչուած է այն հանգամանքին, որ ներառուած են նաեւ Հրէական ողջակիզման վերաբերող ժապաւէններ: Այս յստակօրէն  ցոյց կու տայ ընտրուած խորագիրը` «Never Again», որ հրէական փաթենթի ենթակայ է: Յիշենք, որ Իսրայէլ չ՛ընդունիր Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Տէօնմէ»-ներու մասին խօսի՞նք: «Այլեւս երբեք» սիոնալիցք հանրաճանաչ լոզունգը ցաւօք գործածուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ: Կարելի էր մտայղանալ աւելի յարիր այլընտրանք: Այս (բարեբախտաբար) միակողմանի յափշտակութիւնը անխորհուրդ է մանաւանդ` արաբական երկիրներու մէջ, մանաւանդ արիւնոտ այս աշնան:

Ծրագիրը .- Րաֆֆի Մովսիսեան կ’ըսէ, թէ ընտրուած են աւելի քան երեսուն ժապաւէններ: Ցարդ հրատարակուած ծրագիրներու մէջ կարելի է տեսնել 25 հայկական անուն, առաւել` համշէնցի Էօզճան Ալփեր, քրտուհի Տեւրիմ Աքքայա (2), գերմանաբնակ (հէք) Ֆաթիհ Աքըն, «Արտոյտներու ագարակ»-ի Թավիանի եղբայրները եւ «Յօշոտուած Հայաստան»-ի բեմադրիչ Օսքար Ափֆել:

Ծրագիրին մէջ տեղ գտած են առնուազն 8 «դասական» ժապաւէններ` Ֆրունզէ Դովլաթեան («Կարօտ»), Ներսէս Յովհաննիսեան («Հանդիպում ցուցահանդէսում»), Հենրիկ Մալեան («Մենք ենք մեր սարերը», «Նահապետ»), Հանրի Վեռնոյ («Մայրիկ»), Փարաջանով («Յակոբ Յովնաթանեան», «Նռան գոյնը»), եւ սակաւաթիւ մարդոց  ծանօթ վաղամեռիկ Բագրատ Յովհաննիսեանի «Հնձան»-ը: Տեղական յանձնախումբերը որդեգրած են պահպանողական, շուկայական եւ նոյնիսկ ստուերոտ  քաղաքականութիւն:

Հասկնալի է, որ կարելի չէ 30-է աւելի ժապաւէններուն անդրադառնալ մանրամասնօրէն: Ոչ գոյ է ցուցադրութիւններու համապարփակ տեղեկագիր: Համացանցին վրայ տանջալի պրպտումներէ ետք կազմեցի առաւել յաճախականութեամբ  (երեք կամ աւելի) ցուցադրուած ժապաւէններու «կարճ ցանկ»: Այս կրնայ ցոյց տալ համակարգող յանձնախումբերուն նախապատուութիւնները: Յիշել, որ ցուցադրութիւնները ցարդ տեղի ունեցած են 7 երկիրներու մէջ: Այսպէս եօթնական անգամ ցուցադրուած են` «Շների կղզին» (Սերժ Աւետիքեան) եւ «Խաւարում» (Արա  Երնջակեան), չորս` «Պոլիս» (Էրիկ Նազարեան),  «Սպին» (Ֆաթիհ Աքըն) եւ «Ապրիլ» (Վիգէն Չալդրանեան),  երեք` «Արարատ» (Ատոմ Էկոյեան), «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» (Յարութիւն Խաչատրեան) եւ «Ճչացողները» (Քարլա Կարապետեան): Կարելի է որոշ տեղեկութիւններ գտնել «Ոսկէ ծիրան»-ի կայքին վրայ:  Տեղի սղութեան պատճառով պարտ եմ «կարճ ցանկ»-ն իսկ կրճատել:

«Շների կղզին»  (Chienne d’histoire) Սերժ Աւետիքեան,  2010, 15վ:

7-07-15_Serj-Avedikian

Արտակարգ գեղագիտական ըմբռնումի արգասիք այս ժապաւէնը միաժամանակ գերազանցօրէն քաղաքական է, բայց` ոչ պոռոտ` քարոզչական: Ժաք Ռանսիեր կ’ըսէ, թէ «մարտաշունչ» (militant) ժապաւէններ կը ներգրաւեն միայն զանոնք, որոնք արդէն իսկ ներգրաւուած են: (2) Այսինքն բացայայտօրէն «քարոզչական» ժապաւէնները  անատակ են քարոզչութեան: Այս նրբութիւնը խուսափած է հարիւրամեակի առիթով հրապարակ նետուած բախտախնդիր բեմադրիչներու մեծամասնութեան նկատողութենէն: Ցաւօք կարելի չէ գունաւոր պատկերներ տպելու զեխութիւնը ֆինանսաւորել: Այլապէս կարելի պիտի ըլլար տեսնել, թէ ինչպէս երիտասարդ նկարիչ Թովմաս Ազիւէլոզ վայրագութիւնը եւ սարսափը հակադրած է գեղեցկութեան: Այո՛, թերեւս նախընտրելի էր առիթ տալ հա՛յ նկարիչի մը: Այսուհանդերձ…

7fedc7_79fd474e9daaeb9f41e3e77cb181b7a2.jpg_srz_939_400_85_22_0.50_1.20_07-07-15_chienne-9f1997-07-15_Chienne_d_histoire-300x182Երիտթուրքերու կառավարութիւնը 1910 թուականին կ’որոշէ ձերբազատիլ զինք անհանգստացնող Պոլսոյ մօտ 30 հազար շուներէն: Այս նպատակով կը դիմեն եւրոպացի գիտնականներու: Փարիզի «Փասթէօր» հաստատութիւնը, օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը կը պատրաստէ: Կ’առաջարկէ պատրաստել շարժուն «սենեակներ», որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար թունաւոր կազով սպաննել շուները, ապա շահարկել անոնց կաշին եւ միսը: Կային նաեւ այլ առաջարկներ: Ամէնէն նպատակայարմար տարբերակը կը նկատուի շուները «տարհանել» Վոսփորի ծովափէն ոչ շատ հեռու ամայի կղզիներէն մէկը: Երիտթուրքերը անհանգստացնող շուները կ’աքսորուին դէպի լերկ կղզի մը, ուր ոչինչ կը բուսնի: Տէր Զօրի հետ զուգահեռը աւելի քան ակնյայտ է:

Դիպաշար.- Կը մթնի: Շուն մը կը կերակրէ իր ձագերը: Կը տեսնուի ոստիկանի մը սուր ուրուագիծը: Շունը կ’ոռնայ: Սեղանի մը շուրջ մարդիկ կը քննեն հարց մը: Օրաթերթեր կառավարութենէն կը խնդրեն Պոլիսը փրկել անոր փողոցները գրաւած աւելի քան 60 հազար շուներէն: (Դիտաւորեալ չափազանցում):  Շուներ կը զգան վտանգը: Կը յաջորդեն կալանելու «գունագեղ» ցնցող պատկերներ: Կիզիչ արեւուն տակ նաւ մը կը փոխադրէ շուները: Կրկին կ՛իջնէ մութը: Թուրք պաշտօնատարներ հանգիստ նստած են ընթրիքի սեղանին շուրջ: Ծովահայեաց պատուհանէն կը լսուին շուներուն ոռնոցները: Թուրք սպայ մը պատուհանը կը փակէ: Ամբողջ ժապաւէնին ընթացքին ոչ մէկ մարդկային ձայն կը լսուի: Իմաստալից: Նաւ մը կը մօտենայ կղզիին: Շուներ կը լողան դէպի անցորդները: Զբօսաշրջիկներ կը նկարեն շուներու օրհասական պայքարը: (Յստակ ակնարկ:) Նաւը կը շարունակէ պտոյտը: «Աքսորուած» շուն մը կը շարունակէ ոռնալ:

«Ես այդ շունն եմ» որ տակաւին կ’ոռնամ:

Ս. Աւետիքեան ըսած է.  «Բոլոր անոնք, որոնք կը մերժեն ազգայնական պետութեան իշխանութիւնը, կ’ենթարկուին նման կալանքի (répresision)»: (5) Աւետիքեան հեղինակն է գծագրային (animation) «Մշոյ Ճառընտիր»  ժապաւէնին (2015): Այժմ կ’աշխատի տարագրութեան հետեւանքներուն անդրադարձող նոյնպէս գծագրային ժապաւէնի մը վրայ, որ պիտի կոչուի «Վերջին ռաունտը Իսթանպուլում»: Ժապաւէնը կը վերաբերի վերապրած հայ որբի մը, որ կը դառնայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ: Խորագիրը պերճախօս է:

Խաւարում– Արա Երնջակեան սեւ-սպիտակ կարճամեթրաժ (13 վ):

7-07-15_ara

7-07-15_057-07-15_eclipse-yernjakyan

Պիւտճէ` շուրջ եօթը միլիոն դրամ: Ֆինանսաւորուած է «Ոսկէ ծիրան»-ի եւ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Շարժապատկերի աշխարհի թղթակից Նայիրի Փայտեանի հակիրճ լրատուութիւնը կու տայ դիպաշարը: Միսիոնարական ճամբարի մը մէջ մանուկ մը կու լայ: Կորսնցուցած է փամփուշտներու երկու դատարկ պարկուճներ, այն փամփուշտներու, որոնցմով սպաննուած են իր ծնողները: Պատասխանատու միսիոնարուհին կը հրահանգէ պարպել գրպանները: Բոլոր որբերու ափերուն մէջ կը յայտնուին դատարկ պարկուճներ:

Երնջակեան խուսափած է սպանդի զգայացունց աժան պատկերներէ: Շա՛տ բարի: Փորձած է արհաւիրքը ցոյց տալ մանուկներու աչքերուն ընդմէջէն: Բարի՛: Կ՛իմանանք, որ բեմադրիչը «ուղղակի  հիացած է» Աշտարակի դպրոցականներու խաղարկութեամբ: Շա՛տ բարի: Սեւ ու սպիտակը, սակայն, կրնայ անմեղ ընտրանք չըլլալ: Բոլորին ծանօթ այդ «հնարքը» վաւերագրական ժապաւէնի խաբկանք ստեղծել կը փորձէ: Յաճախ կը գործածուի քարոզչական նպատակներով: Վաւերագրական ժապաւէններ «կը ճոխացուին» խաղարկային տեսարաններով: Առնուած, օրինակ, հոլիվուտեան «Յօշոտուած Հայաստան»-էն: Պէտք է ամէն կերպ խուսափիլ խաղարկայինի խցկումէն, որովհետեւ ատիկա կ’ականահարէ վաւերականի հաւաստիութիւնը:

Ժապաւէնը վերջին հաշուով զգացապաշտ պատկեր մըն է: Բոլոր վերապրողներու սրտերուն մէջ կան «պարկուճներ»:

«Սպին» (The Cut)- Ֆաթիհ Աքըն, 2014, 138 վ.:

7-07-15_fatiah-akinԲնագրի հեղինակներն են Ֆաթիհ Աքին եւ Մարտիկ Մարտին: Մարտին եղած է Martin Scorsese-ի առաջին բեմագիրներէն մէկը: Ժապաւէնը կը սկսի Մարտին աւանին մէջ (Երրորդ Մարտինը, չշփոթէ՛ք): Գլխաւոր դերակատարն է ալճերիացի Թահար Ռահիմ` «A Prophet» (2009) ժապաւէնին հերոսը (տե՛ս կողքի նկարը): Կողմնակի դերեր վերցուցած են` Արսինէ Խանջեան, Սիմոն Աբգարեան եւ Վիգէն Ստեփանեան (հապա ովքե՞ր):

Պիւտճէն եղած է 15.5 միլիոն եւրօ: Համեմատաբար փոքր` քանի մը երկիրներու մէջ նկարուած «լայն պաստառի» ժապաւէնի մը համար:

Մանկատին հայրիկը իր զաւակները կը փնտռէ
Մանկատին հայրիկը իր զաւակները կը փնտռէ
Կը փնտռէ ամէնուրեք
Կը փնտռէ ամէնուրեք

«Սպին» Մեծ եղեռնի բներգով թուրքի մը կողմէ պատրաստուած առաջին ժապաւէնն է, թէեւ Աքըն այդպէս չի բնութագրեր զայն: «Սինեուրոփա»-ի (Cineuropa) թղթակցին ըսած է, թէ ժապաւէնը նկատի ունի որպէս «սիրոյ, մահուան եւ սատանայի» եռագրութեան մը (trilogy) աւարտական օղակը: Առաջին երկու ժապաւէններն էին` «The Edge of Heaven» («Եդեմի եզրին», 2007), որ կը վերաբերի ոճիրի եւ պոռնկութեան, 2-րդը` «Head-on» («Գլխով պատին», 2009), որ կը վերաբերի ոճիրի եւ թմրամոլութեան: Մեծ ոճիրը աւարտական օղակն է:

Վերնագիրը թարգմանուած է նաեւ որպէս «Հատում», բաժանումի իմաստով: Թրքերէն վերնագիրը` «Քեսիք», կը նշանակէ կտրուածը, մորթուածը, խաթարուածը եւ այլն:  (Կիլիկեցիներ կ’ըսեն, օրինակ, թէ կաթը «կտրուած» է):

Սամարացի թուրքը
Սամարացի թուրքը

Կարճ ցանկի «երկրորդ կարգի» ժապաւէններէն ընտրեցի «Սպին», որովհետեւ անոր շուրջ աղմուկ բարձրացաւ: Հակառակ անոր որ ժապաւէնը կը պարունակէ մօտ 40 վայրկեան տեւող նախճիրի, բռնաբարութեան եւ դէպի մահ քալող կարաւանի տեսարաններ, ազդեցիկ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի թղթակից Ահմեթ Հաքան կ’ըսէ (1 սեպտ. 2014), թէ ինք արգելք չի տեսներ ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու, որովհետեւ (ուշադրութի՛ւն) «ցոյց տրուած դէպքերը  համակարգուած (systematic) եւ զանգուածային բնոյթ չունին»: Պատերազմական վիճակի մէջ կան «պաշիպոզուք» ոճրագործներ, ինչպէս եւ կան դասալիք բարի զինուորներ, որոնք կը փրկեն «կտրուած» հայը: Կը թուի, թէ Հաքան իմաստուն մարդ է: Եւրոպացի քննադատ մը կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը բարի նպատակով կատարուած վատ ծառայութիւն մըն է (disservice): Հեռատեսիլի բարբառով (jargon) ժապաւէնը որակած են որպէս «narm» այսինքն` ողբերգական կացութիւն մը զաւեշտական դարձնող ապիկարութիւն:  Գնահատականն է` մեծամիտ, ինքնագոհ, ձանձրացուցիչ, պարզամիտ, եւ «գրեթէ աղէտ»: Արեւմտեան հանդիսատեսը կը խրտչի նման մօտեցումէ: Հայրենի քննադատներ ունին աւելի կծու խօսքեր, ինչպէս` կեղծ, բութ, ճռճռան, հազար անգամ ծեծուած: Ահա թէ ինչո՛ւ Աքըն հրաժարած է Քաննի մրցանքէն:

Հանդիպած եմ երկու դրական արտայայտութիւններու: «Կռունկ» տեղեկատուական կայքէջի թղթակից Պետրոս Աֆէեան (26 մայիս 2015) օգտակար կը նկատէ խժդժութիւններու եւ բարբարոսութիւններու յատկացուած քառասուն վայրկեանները: Ժապաւէնը կ՛որակէ «գերազանց եւ ցնցող»: Աֆէեան լուռ կ՛անցնի ժապաւէնին գեղարուեստական եւ գաղափարական կողմերու վրայէն: Կը լսեմ, որ Ռաքէլ Տինք հեկեկած է ամբողջ ժապաւէնի ընթացքին: «Սան փարոլ»:

Երազային Մարտին
Երազային Մարտին

Աքըն կ’ըսէ, թէ ուզած է, որ իր ժապաւէնը ըլլայ «տեղեկատուական» (informative): Եութիւպի վրայ կարելի է գտնել տեսարաններու նմուշներ (trailer):

Դիպաշարը.- Մարտինի մէջ կ’ապրի երիտասարդ դարբին Նազարէթ Մանուկեանի երջանիկ ընտանիքը: (Նկատել անունը` «Նազովրեցի Մանուկ», Այսուհետեւ Ն.): Մարտինի հայերը պարկեշտ եւ բարեպաշտ կարծրատիպեր են: Առանց աղօթելու` չեն ճաշեր: Ն-ի երկուորեակ չքնաղ աղջիկները իրեն կը նուիրեն իրենց գործած սեւ վզնոցը: (Ծրագրուած` որպէս խորհրդանիշ): Մարտինի ոստիկանութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին կը ձերբակալէ բոլոր հայ տղամարդիկը: Խումբը կը քշեն դէպի տաժանակիր աշխատանք, «ամելիէ թապուրը», որոնց ենթադրեալ ճակատագիրը յստակ է: Բայց կը յայտնուի առաջին բարի թուրքը, որ փոխանակ մորթելու` ոչ մահացու կերպով կը խոցէ Ն-ի վիզը (մասնագիտական  հմտութիւն): Ն կը կորսնցնէ խօսելու կարողութիւնը: Միաժամանակ` ե՛ւ տխուր խորհրդանիշ, ե՛ւ ձեռնտու հնարք մը: Այլապէս հէգ դերասանը պիտի պարտադրուէր իր հայերէն տողերը անգիր ընել: Չարամիտ քննադատ մը դիտել տուած է, որ պարզամիտ եւ անյիշատակելի հերոսը այնպէս ալ «ըսելիք չունէր»: Կը յայտնուի դասալիք թուրք զինուորներու խումբ մը, որ կը փրկէ վիրաւորը: Ն. կը յայտնուի գաղթականներու դժոխային ճամբարի մը մէջ, ուր իր կնոջ քոյրը իր գրկին մէջ հոգին կ’աւանդէ: Նազովրեցիի եւ տանջամահ կնոջ պատկերը շրջուած «pieta» մըն է: (4) Հալէպի մէջ, ուր կը դիտէ Չարլի Չափլինի «Որբուկը» (The Kid, 1921): Այս հնարքը ունի

երկու նպատակ: Նախ այն, որ կը նշէ թուականը: Ապա այն, որ Աքըն համեստօրէն ցոյց կու տայ իր համր հերոսի շարժուձեւերու ներշնչման աղբիւրը` Չափլինի համր ժապաւէնները: Տարօրինակ, բայց իրա՛ւ: Ն կը յայտնուի օճառագործի մը մօտ: Յստակ չէ, թէ խորհրդանշական օճառը ի՞նչն է, որ պիտի մաքրէ: Ցաւօք, կը թուի, թէ Թալէաթի ձեռքերը: Ն-ի անյիշատակելի, տաղտկալի ճանապարհորդութիւնը կը տեւէ շատ երկար: Այդ ոչ մէկ իմաստով «Ոդիսական» մըն է: Աքըն կ’ըսէ, թէ ներշնչուած է Էլիա Քազանի «America, America» ժապաւէնէն (1963): (5) Ն-ի յամառ պայքարը կ’աւարտի Ֆլորիտայի մէջ: Երկուորեակները 1923-ին երիտասարդուհիներ են (մինչ անոնց հայրը պատանի մըն է, որուն մազերուն փչած են բեմական սպիտակ սփրէյ):

Արհեստագիտական.- Ժապաւէնին մէջ կան գեղեցիկ եւ «մարդկային» պատկերներ: Մեծ պաստառի տեսարանները խեղճուկ են փոքր պիւտճէի պատճառով: Աքըն պէտք էր խուսափէր անոնցմէ: Կը լսուին հայկական օրօր եւ անշուշտ` «Տէր Ողորմեա»-ն: Կը լսուի նաեւ հանրածանօթ «Jesus Christ Superstar» ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Այդտեղ Նազովրեցին մահկանացու մըն է, այլ` ոչ մարդացեալ Աստուած: Ինչո՞ւ նկարել Նազովրեցիի սրբապատկերը եւ ապա ջարդել զայն (iconoclasm):

Կը թուի, թէ Աքըն կը հաւատայ բարիի եւ չարի պայքարին, բայց` ոչ հոգիի փրկութեան:

Հայեր եւ այլ դրական կերպարներ կը խօսին անգլերէն: Մինչ միւսները կը խօսին իրենց ազգային լեզուներով: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս մոլորութեան առկայութիւնը: Թարգմանութիւնը այնքան վատ է, որ կը թուի կատարուած ըլլալ Google թարգմանիչի միջոցով: Իմա` անբոյր եւ անհամ: Այս զաւեշտական է ասացուածքներու պարագային:

Քաղաքական.– Աքըն կը հաւատայ, որ չարութիւնը գոյ է մեր բոլորին մէջ մեր ծննդեան առաջին օրէն իսկ: Այդ իր կրօնն է: Դժբախտաբար այդ «կրօնը» արտադրած է ժապաւէն մը, որ կը վերացնէ թրքական պետութեան պատասխանատուութիւնը: Մենք կը տեսնենք, որ «չարութիւնը» ամէնուրեք է: Մարտին, Հալէպ, Պէյրութ, Քուպա թէ Ֆլորիտա: Նոյնինքն երբեմնի բարեպաշտ հայ Նազովրեցին  Քուպայի մէջ անմեղ մարդ մը կը կողոպտէ, որովհետեւ գումարի պէտք ունի: Չկան անմեղներ: Ո՞վ կրնայ «նետել առաջին քարը»: Աւելի՛ն. թուրքեր ունին հիանալի պատրուակ մը: Երկրին մէջ կը տիրէ պատերազմական վիճակ, քաոս եւ սով: Զարմանալի՞ է, որ գտնուին կարգ մը պաշիպոզուքներ, որոնք սպաննած եւ կողոպտած են կարգ մը ունեւոր հայեր: Պատերազմը աղէտ է բոլորին համար: Միթէ այդ չէ՞ր Էրտողանի յուզական ճառի միտք բանին: Ո՛չ, «Հիւրրիյէթ»-ի թղթակից  Ահմեթ Հաքան յիմար մը չէ՛:

Աքըն կ’ըսէ, որ Թուրքիոյ ժողովուրդը զտարիւն թուրք չէ: Յաւելեալ արդարացո՞ւմ: Այդ ո՞ր ազգն է զտարիւն (6):

Պե-խապեր (7) օտար հանդիսատեսը ոչ մէկ կերպ կ՛իմանայ, որ ջարդերը եւ գաւառներու հայաթափումը սկսած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմէն տասնամեակներ առաջ: Ոչ մէկ կերպ կ՛իմանայ, թէ ինչո՛ւ կը սպաննուին հայեր: Քարոզչական ի՞նչ նպաստ կրնայ բերել նման ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնի քաղաքական լիցքին մասին կծու խօսքեր արտասանած է ծրագիրի գեղարուեստական ղեկավար նոյնինքն Րաֆֆի Մովսիսեանը: Ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ ուրեմն ժապաւէնին կրկնուող ցուցադրութիւնը: Միթէ ա՞յդ կը նշանակէ «ցուցադրութիւնները նկատի կ’առնեն տուեալ երկրի առանձնայատկութիւնները» ականուած արտայայտութիւնը: Միթէ ա՞յդ կը պահանջէր «Ողջակիզման հաստատութեան» հետ գործակցութիւնը, որ Հ1-ի ալիքներով այսօր կը ջատագովէր հայ ակադեմիկոս մը: Եթէ այդպէս է, լիաթոք կը գոչեմ` «նման գործակցութիւններ`այլեւս երբե՛ք»:

«Կարճ ցանկ»-ի մնացեալ ժապաւէններուն մասին յաջորդիւ:

29 յունիս 2015

 

  1. Տե՛ս «Ազդակ»-ի 16, 23, եւ 30 հոկտեմբեր 2014-ի թիւերը
  2. Jacques Rancier, The Intervals of Cinema, (թարգմ. John Howe), 2014, էջ 4
  3. Տեսակցութիւն, Counter Punch 16-30 նոյեմբեր, 2010:
  4. «Խաչեալ Յիսուսը Տիրամօր գրկին մէջ» (pieta) ներշնչած է բազմաթիւ արուեստագէտներ:
  5. Էլիա Քազան օժանդակութիւն բերած է Մաքարթիի արշաւին:
  6. Պարթեւներ կու գային Պարսկաստանի Parthia շրջանէն: Խորենացին կ’ըսէ, թէ Մամիկոնեաններ «Ճենացի» էին: Րաֆֆի այդ շփոթած է «չինացի»-ի հետ եւ Սամուէլի դէմքին տուած` դեղնաւուն գոյն: Կը լսենք, որ Բագրատունիներ սերած են այն հրեաներէն զոր Տիգրան Բ. գերեվարած էր: Պար-Սաում արամայերէն է…
  7. Պարսկերէն, անտեղեակ:
Նախորդը

Պռաւօ Եւ Շնորհակալութիւն

Յաջորդը

Քրտերը Տեղ Չունեն Թուրքիայի Ակադեմական Ոլորտում

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?