Անդրադարձ

Խաչվերացն Ու  Մուսա Լերան Հերոսամարտը

Խաչվերացն Ու Մուսա Լերան Հերոսամարտը

ԱՅՆՃԱՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ «Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է» (Առակաց 3.18): Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Խաչվերացը: Ունի ութօրեայ նաւակատիք եւ մեռելոց: Խաչվերացը Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները սկսած են տօնակատարել չորրորդ դարէն ի վեր: Սակայն սկզբնական եկեղեցին, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս Տեառնեղբայրը հանդիսաւորապէս ժողովրդեան ներկայութեան Քրիստոսի սուրբ խաչը կը բարձրացնէր (վերացնել) հաւատացեալներու պահպանութեան համար: Բիւզանդիոնի Սուրբ...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Անկրկնելի Հալէպը. Մեր Կրթօճախները… Լոյսի Փարոսները

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Մեր պատմութեան հզօրագոյն կայսրութիւնը եւ մեծագոյն գանձը մեսրոպեան այբուբենի երեսունութ տառերն են, որոնք շրջուն հայրենիք մըն են Հայաստանէն դուրս: Սփիւռքի տարածքին մեր հայկական վարժարանները Արշակ Բ. թագաւորի հայրենիքէն բերուած հողի ուժը ունին, որոնք հարիւրամեակ մը հայրենազուրկ հայորդիներուն հայ դպրութեան աւանդը փոխանցեցին ու տակաւին կը շարունակեն փոխանցել: Ցեղասպանութենէ փրկուած հայ ժողովուրդի մնացորդացին համար  Սուրիան, որպէս առաջին կայան, գաղթաշխարհի հիմնաքարը...

Մտորումներ` Դպրոցական Վերամուտի Առթիւ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Իրողութիւն է, որ ուսում, կրթութիւն եւ կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքան որ անոնք բարդանան, արդիականանան եւ այժմէականանան. վերեւ նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորի կեանքի ուշադրութեան կիզակէտերը: Ինչո՞ւ  սակայն նման մտածման արծարծում մը` իբրեւ նախաբան:...

Լիբանանի Աղբերու Հարցը Գիտական Ու Տրամաբանական Լուծում Կրնա՞յ Ունենալ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Աղբերու հարցը բնականաբար իր տրամաբանական եւ գիտական լուծումը ունի, միայն թէ պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ պատկան մարմիններ պէտք է յաղթահարեն ենթակայական պատրուակները: Իրարմէ անջատելով աղբերը` ժողովուրդը կը հանդիսանայ առաջին օղակը վերամշակման շղթային եւ կը նպաստէ կայուն զարգացման: Հակառակ Լիբանանի մէջ վերամշակման վերաբերեալ անձնական կարգ մը յաջողութիւններու` այդ մարզը կարելի չէ եղած անհրաժեշտ մակարդակի հասցնել հաւաքական ձեւով: Մետաղէ աղբերը...

Ակնարկ.  Քննադատութիւն, Առաջարկ  Եւ Սպառնալիք

Ակնարկ. Քննադատութիւն, Առաջարկ Եւ Սպառնալիք

Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ-բանաձեւի բովանդակութիւնը առաջին հայեացքով առաւելաբար կը կեդրոնանայ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման երեւոյթներուն վրայ: Բանաձեւի կէտերուն տարբաղադրումը կու տայ հետեւեալ պատկերը, որ խորքին մէջ կը կազմէ որդեգրուած բանաձեւին հիմնաւորումները: Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է  աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն: Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է քննարկէ պաշտօնատար անձերու դէմ հասցէական...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 12. Գաղութային Օրակարգեր

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անցնող շաբաթներուն նախաձեռնեց գաղութի տարբեր շրջանակներէ եւ ասպարէզներէ ազգայիններու հետ խորհրդակցական հանդիպումներու շարքի մը` հիմնական առաջադրանք ունենալով գաղութային օրակարգերու քննարկման նոր դաշտ մը ստեղծել եւ միասնական աշխատանքի նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորել: Հանդիպումներու շարքը տակաւին պիտի շարունակուի, սակայն առաջին երկու հանդիպումները արդէն բաւարար հիմք կը ծառայեն, որ նախնական արժեւորում մը կատարենք, որովհետեւ հրաւիրեալներու ամբողջական ընդառաջումը...

Անդրադարձ.  Սարսափի Մթնոլորտ Եւ Տեղահանութիւն

Անդրադարձ. Սարսափի Մթնոլորտ Եւ Տեղահանութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մինչ ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ փոխադարձ յարձակումները կը շարունակուին, Անգարայի եւ Այնթապի մէջ թուրք ազգայնականներ յարձակումներ գործեցին նշեալ քաղաքներուն մէջ բնակող քիւրտ քաղաքայիններուն դէմ: Կը հաղորդուի, որ արդէն 600-700 քիւրտ ընտանիքներ հեռացած են Թուրքիոյ մայրաքաղաքէն, եւ իշխող կուսակցութեան քիւրտ անդամներ եւս կը մտածեն նոյն քայլին դիմելու մասին: Հեռացողներուն թիւն ու հեռացման պայմանները յստակօրէն ցոյց կու տան,...

Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի Մէջ

Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի Մէջ

Մարթին Վիտալի եւ Հայ դատի յանձնախումբին անդամներուն հետ «ԼՂՀ-ի հարցը ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ մարդու իրաւունքի հարց է» անգամ մը եւս կը հաստատեն Ուրուկուէյի քաղաքական շրջանակները: Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին, Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութները այցելած Աղուան Վարդանեան գտնուեցաւ Մոնթեվիտէօ եւ ընկերներու հետ տեսնուելէ առաջ, կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ մեր երկրի քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ: Առաջին հանդիպումը կայացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական...

Նահատակ Ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիեանի Ծննդեան 50-ամեակը Կը Նշուի

Նահատակ Ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիեանի Ծննդեան 50-ամեակը Կը Նշուի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Մարտունիի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ 7 սեպտեմբերին Մարտունիի մշակոյթի տան մէջ կայացաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած արցախեան շարժման ու պատերազմի առաջամարտիկ, Մարտունիի 26-րդ հրաձգային գումարտակի հրամանատար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարակիր Մերուժան Մոսիեանի ծննդեան 50-ամեակին: Նախաձեռնութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Կեդրոնական կոմիտէի...

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – (Սեպտեմբեր Ա.) Վառ Պահենք Մեր Պատմական Յիշողութիւնը

Պատմական մեր արժէքներուն նկատմամբ առեւտրային հոգեբանութեան դրսեւորումը, հայրենակերտ մեր հերոսները յարգելու եւ մեծարելու փոխարէն, անոնց յիշատակը մոռացութեան մատնելու հեղգամտութիւնը, ազգային գիտակցութեան նահանջի ամենավտանգաւոր դրսեւորումներէն է, որ անընդունելի է, յատկապէս` հերոսածին ժողովուրդներու համար: Անհասկնալի էր ու զարմանալի մշակոյթի մեր բնօրրանը հանդիսացող Երեւանի սրտին մէջ տարիներ առաջ տեսնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի պատմական կառոյցին վրայ պատուած նոր յարկերը` ոչ թէ լոկ...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972). Հայ Երգիծանքի Սփիւռքեան Շնչաւորումը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Սեպտեմբեր 7-8 լուսցող գիշերը, 43 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժութեան արժանի է իբրեւ հայկական երգիծանքի սփիւռքեան շնչաւորման տաղանդաւոր վարպետը: Միայն երգիծագիր չեղաւ Նշան Պէշիկթաշլեան: Նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ դարձաւ: Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ` հայ գրականութեան...

Կոչ Հայրենական

Կոչ Հայրենական

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ Սփիւռքի երիտասարդութեան,                                                                                                                ...

Խաբուսիկ Չուանը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Տիկին Անուշ կը պտտի իր շնիկին հետ` շատ սիրունիկ, բարակ չուան մը կապելով անասունին վիզէն ըմբոստ, որ կը ստիպէ  Անուշը երբեմն  երկարել այդ անխիղճ չուանը: Անասունը կարծելով, թէ ինք այլեւս ազատ, անկախ է, կը հեռանայ իր տիրոջմէ, կը  մտնէ ազատութեան  մեծ դռնէն ներս ու կը ծրագրէ գլխէ վեր ծրագիրներ, կ՛երազէ մեծ երազներ ազատութեան աշխարհին մէջ: Ի՜նչ լաւ բան...

Ակնարկ.  Խաւարման-Լուսաւորման Միջանցքին

Ակնարկ. Խաւարման-Լուսաւորման Միջանցքին

Աւազամրրիկին ստեղծած անպատեհութիւնները դիմակայելու անպատրաստ կացութենէն մինչեւ նախագահական թափուր մնացած բարձրագոյն (ան) պատասխանատուութիւն կամ աղբահանման հիմնահարցէն մինչեւ ազգային երկխօսութեան նիստերու արդիւնքներուն շուրջ տիրող անորոշութիւն, անցնելով ելեկտրականութեան անլոյծ մնալէն, հասնելու համար երկրի կառոյցներուն եւ ենթակառոյցներուն կաթուածահարութեան, լիբանանցին կը տուայտի իրավիճակի անհեռանկարայնութեան պատճառով յառաջացած հետեւանքներու անյստակութեան մէջ: Բացակայողը ազգ ու պետութիւն դառնալու կամքն է, առկայ են հատուածականն ու անձնականը գերադասելու մղումին գերակայութիւնը,...

Նշմար.  Անմարդկայնութեան Անսահմանութիւնը

Նշմար. Անմարդկայնութեան Անսահմանութիւնը

  ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ   Ամէն մարդ չէ, որ գիտէ ի՛նչ կը նշանակէ պատերազմ, ի՛նչ կը նշանակէ ահաւորութիւնը ռումբերու տարափին, ի՛նչ կը նշանակէ մահուան սպասումը եւ մինչ այդ տիրապետող անկարութեան ու անօգնականութեան զգացումը: Բախտաւոր են անոնք, որոնք չեն գիտեր... Նաեւ անոնք չեն գիտեր, թէ ինչքա՛ն ահաւոր է տուն ու սեփականութիւն ձգելով հեռանալը, ամբողջ կեանք մը կերտածիդ աւերակներու վերածուիլը տեսնելն ու դէպի անորոշ...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները

Նամակ Երկրէն. Իսկական Հերոսները

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Սեպտեմբեր մէկը օրհնեալ օր է Հայաստանի տարեգրութեան մէջ: Այդ օր հազարաւոր աշակերտներ, ամառնային արձակուրդներուն կամայ-ակամայ ցտեսութիւն ըսելով, կ՛ուղղուին դպրոց եւ ամէն բանէ առաջ ջերմ ու կարօտագին կ՛ողջագուրուին իրենց դասընկեր¬դասընկերուհիներուն հետ: Ամառնային տօթէն տաքցած դասարանները կեանքով ու լոյսով կը լեցուին: Այս տարի, սակայն, վերամուտը, որ Հայաստանի մէջ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ «Գիտելիքի օր», զերծ չմնաց վիճայարոյց իրադարձութիւններէ եւ երեւոյթներէ:...

Անդրադարձ.  Հայաստան Եւ Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը Այսօր

Անդրադարձ. Հայաստան Եւ Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը Այսօր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ այս տարի Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը յաւելում արձանագրած է: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն յայտնած են, որ այս տարուան երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256 հազար 917 զբօսաշրջիկ: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` այս թիւը աւելցած է 1,8 առ հարիւրով («Ազդակ», 19 օգոստոս 2015): Վստահ եմ, որ վերեւ յիշուած զբօսաշրջիկներէն շատեր երկրորդ, երրորդ եւ աւելի...

Տեսակէտ.  Մրցավա՞զք Փակուող-Բացուող Հայ Վարժարաններու Եւ Կամ Ո՛վ Պիտի Տնօրինէ Հայ Աշակերտին Ճակատագիրը  (Գաղութահայ Հակոտնեայ Պատկերներ)

Տեսակէտ. Մրցավա՞զք Փակուող-Բացուող Հայ Վարժարաններու Եւ Կամ Ո՛վ Պիտի Տնօրինէ Հայ Աշակերտին Ճակատագիրը (Գաղութահայ Հակոտնեայ Պատկերներ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  Այո՛, հայ վարժարանի, կրթական օճախի եւ հայաբոյր կառոյցի մասին է մեր խօսքը: Իր բովանդակութեամբ անփոխարինելի, էութեամբ եզակի եւ առաքելութեամբ անժամանցելի հաստատութեան մասին է մեր ընդգծումը: Բոլոր ժամանակներու հայ ազգային մտածողութեան, ապրումներու եւ հաւատամքի պահպանման եւ ջրդեղման կայմին մասին է մեր երէկուան ու այսօրուան մտահոգութիւնը: Եւ առհասարակ, հայոց անաղարտ դիմագիծի եւ անխառն արեան սնուցանման մասին է մեր ակնկալութիւններու ամբողջ...

Սուրիական Օրագրութիւն 70 *

Տոկա՛, Սուրիա՛…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Տոկա՛, Սուրիա՛, Դուն` առաջին մարդուն խանձարուր եղած ստեղծարա՛ր հող, Դուն` մարդկութեան լոյսի հնագո՛յն ակունք, Հազարամեայ ճանապարհիդ փորձութիւններէն իմաստնացած ազնուազա՛րմ Տիկին: Տոկա՛, թէեւ գիշակեր ագռաւներ կը թռչին հնագոյն փառքեր անթեղած անապատներուդ ու նոր խոստումով ծաղկող բարեբեր դաշտերուդ վրայէն, Թէեւ աւարառու յելուզակները, հրեշտակներու դիմակներ հագուած, իրենց ծարաւը քու արիւնովդ կը յագեցնեն, Թէեւ խաղաղութեան ու բարիքի խորհրդանիշ` մայրացած ձիթաստաններէդ ոսկի ձիթաիւղի...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 11. Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի 4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հաստատ իրողութիւն է, որ մամուլը երկրի մը 4-րդ իշխանութիւնն է: Ազատ խօսքի, կարծիքի, վերլուծութեան  եւ մեկնաբանութեան այս դաշտը իր անշրջանցելի դերակատարութիւնը ունի քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ստեղծման ու երկրի քաղաքական մշակոյթի հարստացման ու զարգացման հոլովոյթին մէջ: Ընդունուած կարգ անցած է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ մամուլը այս օրերուն առանց պետական կամ քաղաքական կողմի մը հովանաւորութեան կամ աւելի՛ն` առանց խօսնակը հանդիսանալու...

Page 753 of 806 1 … 752 753 754 … 806

Արխիւներ