Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – (Սեպտեմբեր Ա.) Վառ Պահենք Մեր Պատմական Յիշողութիւնը

September 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատմական մեր արժէքներուն նկատմամբ առեւտրային հոգեբանութեան դրսեւորումը, հայրենակերտ մեր հերոսները յարգելու եւ մեծարելու փոխարէն, անոնց յիշատակը մոռացութեան մատնելու հեղգամտութիւնը, ազգային գիտակցութեան նահանջի ամենավտանգաւոր դրսեւորումներէն է, որ անընդունելի է, յատկապէս` հերոսածին ժողովուրդներու համար:

Անհասկնալի էր ու զարմանալի մշակոյթի մեր բնօրրանը հանդիսացող Երեւանի սրտին մէջ տարիներ առաջ տեսնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի պատմական կառոյցին վրայ պատուած նոր յարկերը` ոչ թէ լոկ ճարտարապետական ծայրաստիճան տգեղ երեւցող անոր պատկերին համար, այլեւ` պատմական այդ կառոյցը արժեզրկող անընդունելի վերաբերումին  համար: Այն շէնքին, որուն պատշգամէն առաջին անգամ կարդացուած էր Հայաստանի  անկախութեան  հռչակագիրը, եւ ուրկէ առաջին անգամ բարձրացուած էր անկախ Հայաստանի դրօշը:

Կառոյցին արտաքին աղաւաղումը բաւարար չէ՞ր միթէ, որ ի գործ կը դրուէր աւելին ու մեր առաջին հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը կը դառնար փիցցայի սպասարկման ճաշարան` արտաքին իր ճակատին զետեղուած մեծ ցուցանակով:

Յառաջադէմ ո՞ր երկրին մէջ նման պատեհապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերուի   պատմական արժէքներ կայացնող այսօրինակ ժառանգութեան նկատմամբ: Ազգեր պէտք է հպարտանան իրենց պատմութեամբ ու սերունդներուն փոխանցեն հպարտութեան այդ ապրումը զանազան միջոցներով, յատկապէս ազգային խորհրդանիշներու պահպանումով:

Ու տակաւին, օրեր առաջ լրատուական աղբիւրներէ կ’իմանանք, թէ Արամ Մանուկեանի տան հողատարածքը  վաճառուած է` իր լքուած բնակարանի կանգուն մնացած քանի մը պատերով: Այն վայրը, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչը ապրած էր 1917 թուականէն` Երեւան իր տեղափոխուած օրէն մինչեւ իր մահը:

Եթէ Արամ Մանուկեանի տունը թանգարանի վերածելու ծրագիր մը նախատեսուած է, ապա սա ողջունելի քայլ է: Մեր սերունդները շատ բան ունին սորվելու Արամին օրինակէն` հայրենիք պահելու,  հողին կառչելու, օտարամոլութեան ախտով  չտառապելու ու ազգային մեր արժէքները վառ պահելու համար:

Պատմական մեր կառոյցները պէտք է օգտագործել որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման ներշնչարան եւ ոչ թէ առեւտրական նպատակներու ծառայող սովորական շէնք կամ ճաշարան:

Պահ մը ձեր նայուածքը ուղղեցէ՛ք մեր ոսոխին, ու պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս ան վերջին տարիներուն ձեռնարկած է Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմական կարգ մը կոթողներու իբր թէ  «վերանորոգման» աշխատանքին` զբօսաշրջիկներ գրաւելու, լայիք ձեւանալու եւ այդ իսկ հանգամանքով մեր կերտած պատմութիւնը շահագործելու յստակ նենգամտութեամբ:

Տէր կանգնինք մեր արժէքներուն:

Զ. Պ.

Նախորդը

Պաթմանում (Սասուն) Իսլամացուած Մի Հայի Ինքնութեան Փնտռտուքը

Յաջորդը

Նահատակ Ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիեանի Ծննդեան 50-ամեակը Կը Նշուի

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.