Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Անմարդկայնութեան Անսահմանութիւնը

Սեպտեմբեր 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Hungary1_9-09-15hungary_9-09-15ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ  

Ամէն մարդ չէ, որ գիտէ ի՛նչ կը նշանակէ պատերազմ, ի՛նչ կը նշանակէ ահաւորութիւնը ռումբերու տարափին, ի՛նչ կը նշանակէ մահուան սպասումը եւ մինչ այդ տիրապետող անկարութեան ու անօգնականութեան զգացումը:

Բախտաւոր են անոնք, որոնք չեն գիտեր…

Նաեւ անոնք չեն գիտեր, թէ ինչքա՛ն ահաւոր է տուն ու սեփականութիւն ձգելով հեռանալը, ամբողջ կեանք մը կերտածիդ աւերակներու վերածուիլը տեսնելն ու դէպի անորոշ քալելը, գաղթական դառնալը, ապաստան մուրալը, մանաւանդ եթէ այդ անյայտ ուղին կը բռնես ընտանիքիդ հետ, մանկահասակներուդ հետ, որոնք ստիպուած չեն գիտակցելու, թէ պատերազմական վիճակ է, թէ զրկուածութիւնը բնական է, թէ պատերազմը բանիւ եւ գործով ապրողներուն կեանքերը որքան աժան են:

Բախտաւոր են անոնք, որոնք չեն գիտեր…

Սակայն այդ բախտաւորներուն մարդկային ո՛չ մէկ իրաւունք տրուած է անբախտներուն զգացնելու, թէ մարդկութիւնը եւս երես դարձուցած է իրենցմէ, անոնց ո՛չ մէկ արտօնութիւն տրուած է կեանքի դառն հարուածներուն տակ կքածներուն յաւելեալ հարուած տալու, հազիւ անոնք կը փորձեն ոտքի մնալ ու գոյատեւել, անոնց ո՛չ մէկ իրաւասութիւն տրուած է անմարդկայնութիւն կոչուածին իսկութիւնը լիովին ապրածներուն ապտակ մը եւս տալու եւ զանոնք կոխկռտելու:

7795

Պատերազմի պատկերները միշտ ալ ահաւոր եղած են, են ու պիտի շարունակուին ըլլալ: Այս պատկերները սովորաբար կը փոխանցուին լրագրողներու, վտանգը անտեսելով իրենց տեսախցիկը շալկած, երբեմն արցունքն իրենց աչքերուն արիւնոտ եւ ցաւագին պատկերը իբրեւ իրականութիւն ու պատգամ փոխանցող նկարիչներու ճամբով:

Բայց ասիկա ընդհանրականն է եւ ակնկալուածը, իսկ իրական կեանքին մէջ կայ նաեւ ասոր միւս երեսը` մարդոց ցաւով ու տանջանքով յագենալու կողքին, անոնց տառապանքը աւելցնելու միտումով օժտուածները:

Նման իրականութիւն մը աշխարհին երեսին գոռաց երէկ, երբ համացանցին վրայ շրջագայութեան դրուեցաւ հունգարական «Էն1. Թի. Վի.»-ի հունգարացի լրագրողուհի Փեթրա Լազլոյի անմարդկային վերաբերումը ներկայացնող կեցուածքը սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ:

Գերմանացի լրագրող Սթիվըն Ռեչըրի կողմէ հրապարակուած տեսերիզի մէջ կ՛երեւի հունգարական-սերպիական սահմանին վրայ գտնուող Ռոզքի գաղթակայանին մէջ ապաստանած սուրիացիներուն ահաւոր փախուստը ոստիկաններէն, որոնք գաւազաններով կը հալածեն զանոնք: Այս պատկերը հանրութեան ներկայացնելու կոչուած հունգարացի թղթակիցը ի՛նք պատկերի կը վերածուի, երբ պայուսակով, տոպրակներով ծանրաբեռնուած եւ իր զաւակը գրկած վազել փորձող մարդու մը ոտք կախելով զայն գետին կը փռէ… Տակաւին կայ աւելին, ան նոյն ձեւով կը վերաբերի նաեւ անմեղ մանուկներուն նկատմամբ` փորձելով կարելի եղածին չափ տառապանք պատճառել անոնց:

Մարդկային խիղճը որքա՛ն չքացած պիտի ըլլայ, որ մարդ կոչուածը նման արարքի մը դիմէ: Ո՜վ գիտէ պատերազմի որքան ահաւոր պահեր ապրած, իրենց ընտանեկան պարագաները կորսնցուցած եւ ինչ-ինչ պայմաններու մէջ հոն հասած մարդիկ են դէպի անորոշ վազողները, որոնք իրենք ալ չեն գիտեր դէպի ո՛ւր կը վազեն, ո՛ւր հասնելու համար: Այդ խեղճերը անգամ մը եւս խեղճացնելու եւ անոնց տանջանքը կրկնակի դարձնելու նման քայլ մը ոչ մէկ ձեւով արդարացուցիչ կրնայ ըլլալ:

«Էն1. Թի. Վի.» կայանը գործէ արձակեց Փեթրա Լազլոն, սակայն մարդկութիւնը եւս իր շարքերէն պիտի հեռացնէ՞ զայն…

Ճիշդ է, բախտաւոր են անոնք, որոնք չեն գիտեր ի՛նչ կը նշանակէ մահուան դէմ յաղթուած պայքար մղել ու պատերազմական ահաւորութիւնը ապրիլ, սակայն բախտաւոր չեն անոնք, եթէ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարդկայնութիւն եւ մարդասիրութիւն…

 

https://www.youtube.com/watch?v=vo1V2dvDMks

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Այնճարի Շեփորախումբի Նուագահանդէս

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

Մայիս 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 19, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Տիրական Ուժը ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններուն

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?