Անդրադարձ

Մի Նամակի Հետքերով

Մի Նամակի Հետքերով

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր 2007-2008 թթ. Գրականութեան եւ արուեստի Ե. Չարենցի անուան թանգարանում ուսումնասիրում էի Արամ Հայկազի (Չէքեմեան, 1900-1986) արխիւում պահուող նամակները` գրքով հրատարակելու համար: Դրանցից մէկը (թուագրուած է` 29 օգոստոս, 1975) հասցէագրուած է Մարգարին եւ Էլիզին, որոնց գրողը շնորհաւորում է ամուսնութեան առիթով, բարեմաղթում. «Ձեր կեանքի բոլոր օրերուն պսակի այս օրուան չափ երջանիկ ըլլաք», եւ` ափսոսում, որ չի կարողանալու...

Հալէպի Խոնարհներէն. Պարոն Ժամագործեան, Հայ Թատրոն Եւ Ուրիշ Շատ Բաներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Չեմ փորձեր յուշագրութեան մը ճանկերուն մէջ իյնալ, որովհետեւ մարդիկ պիտի կարծեն, որ ես իսկապէս ծերացած եմ եւ սկսած եմ մէկ առ մէկ յուշերս գրի առնել: Պէտք է գիտնալ, որ անցեալը մարդուն անբաժան մասնիկն է: Անցեալ մը ունենալը կը նշանակէ, թէ ապրուած կեանք մը կայ: Բայց ինչ որ ալ ըսուի, լաւ բան է յիշելը եւ ծերութեան հետ ոչ մէկ...

Ի՞Նչ Արժէ Ներողութիւն Խնդրելը… (Անհաւատալի, Բայց Իրական Դէպք)

Ի՞Նչ Արժէ Ներողութիւն Խնդրելը… (Անհաւատալի, Բայց Իրական Դէպք)

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ Եւ իսկապէս, ի՞նչ արժէ «ներողութիւն» բառը: Մեր առօրեայ բառապաշարից գրեթէ վաղո՜ւց է դուրս եկել այն, թէեւ իւրաքանչիւր օր, աւելի կամ պակաս չափով, մենք պէտք ունենք ասելու այդ բառը` մեր գործած սխալների, մեր ստերի համար: Որքան էլ մենք չարժեւորենք այդ բառի իմաստը, միեւնոյնն է, պարզւում է, որ որոշ մարդկանց համար շատ մեծ արժէք ունի այդ մէկ հատիկ, չորս վանկանի...

«Ո՞վ Է Հայը»

«Ո՞վ Է Հայը»

Միացեալ Նահանգներ Արեւելեան շրջանէն Թամար Սամուէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած է Համազգայինի Ֆորումին, տպաւորուած «Ո՞վ է հայը» զրոյցէն` գրած է իր տպաւորութիւնը, որ հրատարակուած է այդ հաւաքին առթիւ պատրաստուած «Լրատու»-ին մէջ: Նիւ Ճըրզիի շաբաթօրեայ Սրբոց Վարդանանց «Նարեկ» դպրոցի շրջանաւարտ` Թամար ուսանած է անգլերէնի եւ մանկավարժութեան բնագաւառներէն ներս եւ այժմ կը դասաւանդէ շրջանի պետական դպրոցներէն մէկուն մէջ: «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Ո՞վ է հայը:...

Ակնարկ.  Ներազրպէյճանական «Բաղաձայներ»

Ակնարկ. Ներազրպէյճանական «Բաղաձայներ»

Ազրպէյճանի կողմէ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն - Ազրպէյճան պետական սահմանագօտիին եւ թէ՛ Արցախ - Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ իրականացուած յարձակողապաշտութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ներկայ պահու թելադրած քաղաքական շրջագիծերուն մէջ` ընդհանուր միտումները կարելիի սահմաններուն մէջ կարենալ ընկալելու համար: Նախքան դէպքերու թէժացումը, Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատարը կը յայտարարէր, որ Ազրպէյճանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ գերակայ առաջադրանքներէն է: Նման յայտարարութիւն, անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելէ առաջ դիպաշարին...

Պօղոս Սնապեան Մեծերուն Մէջ Մեծ Էր*

Պօղոս Սնապեան Մեծերուն Մէջ Մեծ Էր*

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Արտօնեցէք ինծի սիրելինե՛ր, որ մեր ընկերուհիին նշած տիտղոսներուն իրաւունքով չխօսիմ ձեզի, այլ խօսիմ իբրեւ պարզ անհատ, որ ճանչցաւ Պօղոս Սնապեանը, որ հպարտ եղաւ Պօղոս Սնապեանը ճանչցած ըլլալուն համար, եւ որ սորվեցաւ Պօղոս Սնապեանէն, առանց բախտը ունենալու անոր աշակերտը ըլլալու, բայց Պօղոս Սնապեան եղաւ մեր ուսուցիչը: Տակաւին 1972-1973 թուականին, երբ ընկեր Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ի տնօրէն էր, մղեց զիս, որ...

Անթիլիասի Անլռելի Ձայնը Պատմական Կիլիկիոյ Մէջ

Անթիլիասի Անլռելի Ձայնը Պատմական Կիլիկիոյ Մէջ

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ Կիլիկիա՜, մեր սրտի սէր ու սնունդ: Կիլիկիա՜, մեր հոգու շունչ ու շող: Կիլիկիա՜, մեր մտքի երգ ու երազ: Կիլիկիա՜, մեր կեանքի զարդ ու զատիկ: Հերոսական տեսիլքի, վիմածին կամքի ու ամրակուռ հաւատքի տէր, եւ արդարութեան ձայնի անխոնջ շեփորահար հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս բացառիկ մտայղացումը ունեցաւ միաբաններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը առաքելու Սիսի մեր դարաւոր կաթողիկոսարանը, հոնկէ՛ խօսելու...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Ճգնաժամերը Դիմակայելու Համար Անհրաժեշտ Է Համահայկական Համադրում

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Միջազգային կարեւորագոյն հարցերու առնչութեամբ առկայ է համակարգման լուրջ թերութիւն: Աշխարհասփիւռ հայերը բազմիցս վտանգի ենթարկուած են, սակայն Հայաստանը կամ սփիւռքը հազիւ թէ օգնութեան հասած են անոնց: 2003 թուականին Միացեալ Նահանգներու կողմէն Իրաքի գրաւումէն ետք հայերը, միլիոնաւոր այլ իրաքցիներու հետ միասին, մեծ կորուստներ կրեցին: Թէեւ շատ բան կարելի չէր ընել անոնց ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Հեռուստամարաթոն 2015-ը` Հալէպի Եւ Տաւուշի Համար

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սեպտեմբերի այս օրերին, երբ նշում ենք վերամուտը, մեր երեխաներին դպրոց ու մանկապարտէզ ուղարկում, վայելում Երեւանի հրաշալի եղանակն ու բաց սրճարանները, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուածում կրկին կրակում են: Հայկական շուրջ 20 գիւղերի երեխաներ դպրոց են յաճախում հակառակորդի ամէն պահ սպասելի գնդակոծութեան պայմաններում, նրանց ծնողները չեն կարողանում, բառիս բուն իմաստով չեն կարողանում հաւաքել դաշտերում մնացած բերքը, քանի որ մշակելի հողերի...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Հալէպի Բեթէլ Վարժարանի 90-Ամեակի Յուշամատեանը Տպագրութեան Կը Յանձնուի Ի Մօտոյ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Ճիշդ 50 տարի առաջ, 1965-ին, Հայ աւետարանական քրիստոնէական ջանից միութեան վարիչ-քարտուղար պատ. Պարգեւ Տարագճեան Հալէպ տուած իր մէկ այցելութեան վաղորդայնին, պատմելով իր տպաւորութիւնները մեր քաղաքէն, Բեթէլ եկեղեցւոյ մասին գրեր է. - Եկեղեցիին առջեւէն անցնող ճամբան բաւական իջած ըլլալով` եկեղեցին կարծես կանգնած է բլուրի մը վրայ(«Ջանասէր», յունուար 1966): Որքա՜ն ճշգրիտ բնորոշում` «Եկեղեցին կարծես կանգնած է բլուրի մը վրայ»… Միեւնոյն...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

3 Սեպտեմբեր 1895. Համիտեան Եաթաղանին Դէմ Զէյթունի Ապստամբութեան 120-Ամեակը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 3 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը արձանագրեց իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հերոսական դրուագներէն մէկը: 3 սեպտեմբեր 1895-ին արծուաբոյն, աւելի՛ն, անառիկ Զէյթունի հայութիւնը պարզեց ապստամբութեան դրօշ` Օսմանեան կայսրութեան արիւնարբու գահակալ Ապտիւլ Համիտի դէմ, ամիսներով հերոսական մարտեր մղեց համիտեան զօրքերուն դէմ, Զէյթունի անկախութիւնը հռչակեց եւ զէնքը վար դրաւ միայն այն ժամանակ, երբ Կարմիր սուլթանը տեղի տուաւ Զէյթունի հայութեան պահանջներուն...

Անդրադարձ.  Պատեհապաշտութեան  Դիպուկ Օրինակ Մը

Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միջերկրական ծովուն ճամբով դէպի Եւրոպա հասնող ապօրինի գաղթականներու երեւոյթը նորութիւն մը չէ: Միջերկրական ծովը կուլ տուած է այդ յուսահատ քայլին դիմողներէն շատեր: Այսօր, սակայն, ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը եւրոպական երկիրներուն համար վերածուած է ճգնաժամի մը: Աւելի լաւ եւ ապահով կեանքի պայմաններու արդար ձգտումի տէր մարդոց չդադրող հոսքը արդէն վերածուած է եւրոպական երկիրներուն մէջ եւ միջեւ լուրջ հարցի մը: Կարգ...

Չես Մեռնիր

Չես Մեռնիր

ԹՈՐԳՈՄ Մանկապարտէզին մէջ ուսուցչուհին կը հարցնէ, թէ ո՞վ գիտէ Մասիսը, ես անմիջապէս կը պոռամ. - Մասիսը քեռիս է: Աւելի ուշ կը գիտնամ, որ Մասիսը մեր սրբազան լեռն է եւ իմ մէջս հայկականութիւնը նաեւ քեռիիս միջոցով դրոշմուած է. չէ՞ որ ան Հայաստանի խորհրդանիշը եղող լերան անունը կը կրէր: Մենք Պէյրութ եկած էինք Պոլիսէն, աւելի ճշգրիտ` Սամաթիայէն, որուն բնակիչներէն Մասիսը, «Պտոյտ մը...

Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է

Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ո՛չ լուսանկար էին, ո՛չ ճառ, այլ` կեանքի արարում: Պարզ եւ համեստ այս հայը ամէն առիթով կ’ըսէր, որ հայրենիք պէտք է գալ, հաստատուիլ: Իր յաջողութեան բոլոր բարիքները կրնար վայելել Ատլանտեանի գեղածիծաղ ափի պերճ...

Մերձեցումի Կարելին Ու Անկարելին.  Լեզուաբանական- Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր

Մերձեցումի Կարելին Ու Անկարելին. Լեզուաբանական- Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր

Ստորեւ` լեզուաբան, մանկավարժ, դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի զեկոյցը, որ ընթերցուած է «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» նիւթով գիտաժողովին: Ներածութիւն Լեզուական Փոփոխութիւնները Կարելի` Միայն Բնական Հոլովոյթով Լեզուն` առհասարակ, հոգեմտաւոր եւ ընկերաբանական երեւոյթ, իր մշակուած-կարգաւորուած վիճակին մէջ յանգած է գիտական-տրամաբանական կառոյցներու, այնուամենայնիւ կը մնայ ենթակայ բնական, ինքնավար ընթացքի, հոլովոյթի: Խօսելով յատկապէս կենդանի լեզուներու մասին, անոնց այդ հոլովոյթն է, մասամբ ինքնաբեր ու «անկարգ»,...

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Դ. Զուգակշիռ Սպանդներ

Սուրիոյ մէջ կրօնական ծայրայեղական շարժումները չբաւարարուեցան պատմամշակութային կոթողներն ու սրբավայրերը օրը ցերեկով քանդելու պատերազմական ոճիրներով, այլեւ սկսան սպաննել մշակութային գործիչներ, գիտնականներ: Գլխատելով գիտնականը ահաբեկչական խմբաւորումները, դարարմատ կոթողները քանդելու կողքին, ի մտի ունէին սպաննել մշակութապահապան միտքը: Սպաննել պատմութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն ու ողջ աշխարհին փոխանցող մարդկային տարրը: Յար եւ նման 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ի գործ դրուած ոճիրներուն, երբ...

Դիլիջանի Միջազգային Քոլեճը Դռները Բացած Է 94 Նոր Ուսանողի Առջեւ

Դիլիջանի Միջազգային Քոլեճը Դռները Բացած Է 94 Նոր Ուսանողի Առջեւ

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»-ի (աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցին մաս կազմող Դիլիջանի միջազգային քոլեճը նոր ուսումնական տարին սկսած է իր դռները բանալով 94 նոր ուսանողի առջեւ, որոնք կը սկսին ուսումնառութիւն միջազգային պսակաւոր գիտութեանց (IB Diploma) երկամեայ ծրագիրով: 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին քոլեճը պիտի ունենայ արդէն երկու հոսք` ապահովելով զարգացման առաջին հանգրուանի համար նախատեսուած կրթական ծրագիրի ամբողջականութիւնը: Նոր ուսումնական տարեշրջանին քոլեճին մէջ պիտի ուսանի...

Ամուլ, Ստերջ, Չբեր…. Ջորի… «Տիւտիւկ»

Հայկական արուարձանի մը սրճարանը հանդիպեցայ Կեդրոնականցիին: Վարակուեր էր շուտով հարստանալու ախտէն, եւ կիրակի օրերը աւանակ կը վազցնէր կամ վիճակահանութեան տոմս կը գնէր: - Եթէ մեծ պարգեւը շահիմ, ազգային բարերար կը դառնամ: Երկու սենեակի կառուցման դրամ կու տամ, անունս կը գրեն մարմարի վրայ: - Արմենա՛կ, ո՛չ շահող ես, ո՛չ ալ մարմար փնտռող,- ըսի,- ի՞նչ պատահեր է: Արմենակ չես գիտեր ինչպէ՛ս, քանի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաժանում

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Նոյնիսկ եթէ մենք ամէն օր Չենք տեսնուիր, լուռ ենք, մոլոր: Նոյնիսկ եթէ սրտերը մեր Սիրոյ երգը չեն տրոփեր: Շրթները մեր պիտի մոռնա՛ն Համբոյրները մեր խօլական: Մատները մեր պիտի փնտռե՛ն Շոյանքները մեր անցեալէն: Նոյնիսկ եթէ մենք այս գիշեր Միասին չենք ու անտարբեր: Աստղերը վառ մեր երկնքին Փայլփլուն են, կարօտագին: Սիրոյ ուղին լուսնի լոյսին Լուսաւոր է, բայց ամայի: Երազները մեր...

Ակնարկ.  Գաղթականները Եւրոպա  Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Ակնարկ. Գաղթականները Եւրոպա Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Միջինարեւելեան թէ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու անօրինական մուտքը երկար ժամանակէ ի վեր երեւոյթի վերածուած էր: Յատկապէս սուրիացի գաղթականներու նոր եւ յանկարծակի հոսքը համաեւրոպական ճգնաժամի վերածուելու նախադրեալները կը պարզէ: Լուսաբանման մեծ լուսարձակներ բացուած են մարդկային աղէտի սահմանները անցած եւ կեանքի ու մահուան առանցքին վրայ մեծ վտանգներ աչք առնելով ճամբայ ելած գաղթականներու ոդիսականներուն վրայ: Ցնցիչ լուսանկարներ, ծովեզերքին մահացած մանուկի պատկեր, փշաթելերու...

Page 754 of 806 1 … 753 754 755 … 806

Արխիւներ