Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 11. Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի 4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Սեպտեմբեր 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հաստատ իրողութիւն է, որ մամուլը երկրի մը 4-րդ իշխանութիւնն է: Ազատ խօսքի, կարծիքի, վերլուծութեան  եւ մեկնաբանութեան այս դաշտը իր անշրջանցելի դերակատարութիւնը ունի քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ստեղծման ու երկրի քաղաքական մշակոյթի հարստացման ու զարգացման հոլովոյթին մէջ:

Ընդունուած կարգ անցած է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ մամուլը այս օրերուն առանց պետական կամ քաղաքական կողմի մը հովանաւորութեան կամ աւելի՛ն` առանց խօսնակը հանդիսանալու կողմերէն մէկուն դժուար թէ կարենայ գոյատեւել ու շարունակել իր առաքելութիւնը: Այստեղ անշուշտ կան բացառութիւններ, որոնց թիւը օրէ օր կը նուազի` տրուած ըլլալով, որ նիւթական ծանր պարտաւորութիւնները կը դժուարացնեն այս մարզին հեզասահ ընթացքը: Տագնապը համընդհանուր եւ միջազգային տարողութիւն ունի եւ դժբախտաբար լուծումներն ալ մօտալուտ ապագային տեսանելի չեն թուիր:

Այս գնահատումներուն եւ հաստատումներուն կողքին սակայն պէտք է արձանագրել նաեւ, որ լրատուութեան եւ խմբագրութեան արժեչափերու պահպանումը, լուրի ճշգրիտ փոխանցումը, գրգռութիւններ չհրահրելը, այլամերժութիւններ չքաջալերելը մամուլին համար հրամայական պարտաւորութիւններ են, եւ մանաւանդ այս հանգրուանին փնտռուածը մի՛շտ կառուցողական եւ միաժամանակ հետաքրքրութիւն շարժող ու միտք զարգացնող մամուլը պէտք է ըլլայ անտարակո՛յս:

Այժմ անդրադառնանք Լիբանանին: Երկիրը կ՛ապրի ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական անկայուն հանգրուան մը: Հանրապետութեան նախագահի աթոռի թափուր մնալուն իրողութիւնը, կառավարութեան եւ խորհրդարանի գործունէութեան ամլութիւնը, պետական կառոյցներու անգործունեայ վիճակը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին բարդացող խնդիրները, բեւեռացումը,  քաղաքացիի առօրեայ կեանքին վրայ ճնշող ազդեցութիւն կ՛ունենան:

Այս բոլորին մէջ մամուլը իր կառուցողական դերակատարութեան փոխարէն կարծես կամայ թէ ակամայ կը փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել բեւեռացումը աւելի սրելու, մտահոգութիւնները աւելի բարդացնելու եւ երկրին նկատմամբ քաղաքացիին հաւատքն ու վստահութիւնը աւելի խախտելու: Եւ անշուշտ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան քաղաքացիական իրաւունքներու յարգումի, ժողովրդավարութեան լիակատար կիրարկման եւ քաղաքացիին արժանապատիւ կեանքը փրկելու ու պաշտպանելու քողին տակ: Մինչ այդ արդիւնքը ամբողջութեամբ հակառակն է, որ կը ստանանք:

Բոլոր ժամանակներէն աւելի, մամուլի ներկայացուցիչները եւ սպասարկուները կը գտնուին պատասխանատու խօսքի եւ մեկնաբանութեան փոխանցման անհրաժեշտութեան դիմաց: Այլապէս, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող նահանջին մամուլը իր այս վարքագիծով պիտի գայ տալու նոր թափ ու մղում եւ վայրէջքը պիտի շարունակուի անարգել:

Վերջին օրերուն երկրին մէջ ստեղծուած տագնապներուն եւ այդ առիթով քաղաքացիական շարժումներուն, ընդվզումներուն, բողոքի ցոյցերուն եւ աշխատանքներուն գծով բնական է, որ մամուլը ցուցաբերէ լայն աշխուժութիւն` նկատի ունենալով որ հիմնական ու առաջնահերթ օրակարգ է այսօր քաղաքացիի տարրական իրաւունքներուն ձեռքբերումն ու պաշտպանութիւնը: Սակայն մամուլը ինքզինքին իրաւունք չի կրնար տալ, ոչ ալ իր առաքելութեան յարիր է այն ուղեղալուացքի համազօր աժան քարոզչութիւնը, որուն օր ցերեկով ականատես կը դառնայ քաղաքացին եւ տեղ մը անշուշտ կ՛ապրի ամօթանքն ու հիասթափութիւնը, ի տես պարզուած անախորժ ու վարկաբեկիչ մթնոլորտին:

Այո՛, երբեմն լիբանանեան մամուլին մէջ լրատուութիւն համարեայ գոյութիւն չունի, մեկնաբանութիւնները վերածուած են ինքնանպատակ հրահրումներու, անհարկի բանսարկումներու, անհիմն ամբաստանութիւններու եւ ջուրը այնքան մը պղտորելու, որ ամէն մարդ դիւրութեամբ կարենայ իր ձուկը որսալ:

Իւրաքանչիւր առաջարկ, լուծում եւ տեսակէտ մերժելու այլեւս յայտնի դարձած այս հնամաշ վարքագիծը բնական է, որ այս երկրին ապագայով մտահոգ իւրաքանչիւր անհատի մտքին մէջ հարցականներ ստեղծէ մամուլի դերին ու առաքելութեան եւ այսօրուան անոր որդեգրած ուղղուածութեան եւ գործելաոճի դրդապատճառներուն մասին: Անշուշտ, այս վնասակար վարքագիծին յառաջատարը պատկերասփիւռի կայաններու խօսնակներու եւ լրատուութիւնը պատրաստող աշխատակիցներու բանակն է, որ ամէն վայրկեան «կ՛աւետէ» չարիքին գալուստը, կը ներկայացնէ միայն կացութիւններու «սեւ» կողմը, եւ ի յառաջագունէ կասկածի տակ կ՛առնէ լուծման որեւէ առաջարկ` շեփորելով մնայուն քանդում, այլամերժութիւն եւ թերահաւատութիւն:

Պարզուած այս իրողութեան հերթական մէկ խեղկատակութիւնն է նախորդ երեկոյեան պատկերասփիւռի կայանի մը կողմէ պատրաստուած լրատուութիւն մը, որ կ՛անդրադառնար Պուրճ Համուտի աղբերուն: Բոլոր լիբանանցիներուն համար յստակ է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն, նախանձախնդիր թաղամասերու մաքրութեան, նախաձեռնեց աղբերու հաւաքման աշխատանքին` զանոնք ամփոփելով համեմատաբար բնակչութենէ հեռու վայրի մը մէջ: Ըստ երեւոյթին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կացութեան այսքան արագ տէր կանգնելու վճռակամութիւնը վրդովեցուցած է տուեալ կայանի աշխատակիցները եւ ի զարմանս մեզի անոնք նկարահանելով այդ աղբակոյտի նոր վայրը կը զգուշացնեն, թէ այդ մէկը կրնայ վնասել Պէյրութի գետին եւ կրնայ ունենալ անկանխատեսելի հետեւանքներ: Ասկէ աւելի բեմականացում կարելի չէ ակնկալել: Փոխանակ մամուլը տագնապի փրկութեան մասին եղած կարծիքները լուսարձակի տակ բերելու, կը փորձէ ժամանակաւոր լուծումները նաեւ նսեմացնելով տագնապը աւելի խորացնել: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կ՛օգտագործէ իր կալուածը` բնակիչներէն հեռացնելով անոնց առողջութեան սպառնացող վտանգը: Պէտք է յստակ ըլլայ յարգելի լրագրողին, որ քաղաքապետութիւնը, նախ եւ առաջ ինք նախանձախնդիր է եւ բոլորէն աւելի յաւելեալ պատճառ ունի Պէյրութի գետին մաքրութեան մտահոգութեամբ ապրելու եւ դասեր քաղելու կարիքը չի զգար:

Այսպիսի լրատուական-մեկնաբանական զանազան դրսեւորումներ մեզի կը մղեն մտածելու, որ ժամանակն է, որ Լիբանանի 4-րդ իշխանութիւնը ինքզինք վերարժեւորէ, մասնակից դառնայ երկրի տագնապներու լուծման եւ անոնց սրումին մեղմացման, փորձէ քաղաքացիին մօտ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ իրաւունքներու լիիրաւ յարգումը ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել տագնապը եւ հասնիլ արմատական ու ամբողջական լուծումներու:

Այլապէս` այլոց շարքին ինքն ալ պիտի նկատուի մեղաւոր եւ պատասխանատու:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիոյ Համար Գլխաւոր Սպառնալիքը Ոչ Թէ ՏԱՀԵՇ-ն Է, Այլ` ՔԱԿ-ը»

Յաջորդը

Ազրպէյճան Սկսած Է Հայաստանի Հետ Բաժնող Պատի Շինարարութեան Աշխատանքները

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?