Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի Մէջ

Սեպտեմբեր 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարթին Վիտալի եւ Հայ դատի յանձնախումբին անդամներուն հետ
Մարթին Վիտալի եւ Հայ դատի յանձնախումբին անդամներուն հետ

«ԼՂՀ-ի հարցը ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ մարդու իրաւունքի հարց է» անգամ մը եւս կը հաստատեն Ուրուկուէյի քաղաքական շրջանակները:

Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին, Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութները այցելած Աղուան Վարդանեան գտնուեցաւ Մոնթեվիտէօ եւ ընկերներու հետ տեսնուելէ առաջ, կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ մեր երկրի քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ:

Առաջին հանդիպումը կայացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Մարթին Վիտալի հետ, որուն ընթացքին Աղուան Վարդանեան ողջունեց Ուրուկուէյի ազնիւ կեցուածքը Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի հարցով, նաեւ յոյս յայտնելով, որ Հայաստան-Ուրուկուէյ արդէն ջերմ յարաբերութիւնները աւելի խորանան եւ հասնին բարձրագոյն մակարդակի:

Մարթին Վիտալն ալ իր կարգին ողջունելով մեր ընկերոջ այցելութիւնը` անգամ մը եւս հաստատեց, թէ Հայաստան-Ուրուկուէյ երկկողմ կապերը ոչ միայն կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ, այլեւ անոնք աւանդական են եւ կու գան տարիներու հեռաւորութենէն: Իսկ Արցախի հարցով Վիտալ կրկին վստահեցուց, թէ Ուրուկուէյի կառավարութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է, եւ մենք սկզբունքային դիրք որդեգրած ենք, որուն հիմքը մարդու իրաւունքներու, արդարութեան, մարդկային հիմնարար արժէքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հարցերն են, եւ այս կապակցութեամբ, մեր այս դիրքէն ոչ մէկ ետքայլ, այլեւ դէպի յառաջ քայլեր առնելն է, հաւաստիացուց Մարթին Վիտալը, որ շատ երիտասարդ դիւանագէտ մըն է, եւ անոր խօսքերէն ի յայտ եկաւ, որ ան խորապէս ծանօթ է եւ կը տիրապետէ Արցախի տագնապի մանրամասներուն:

Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամական խումբի անդամներուն հետ
Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամական խումբի անդամներուն հետ

Արտաքին գործոց նախարարութենէ ետք Աղուան Վարդանեանի յաջորդ հանդիպումը խորհրդարանի մէջ էր, ուր ան ընդունուեցաւ Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամութեան յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ միջազգային հարցերով քաղաքական յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներու կողմէ:

Ծերակուտական Ռուպէն Մարթինես Ուէլմոյի հետ
Ծերակուտական Ռուպէն Մարթինես Ուէլմոյի հետ

Հանդիպումը գլխաւորեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ եւ Հայ դատի զօրակիցներէն ծերակոյտի անդամ, Ռուպէն Մարթինես Ուէլմօ, որ ըսաւ, թէ մեծ պատիւ մըն է ընդունիլ Հայաստանի ԱԺ-ի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները: Խօսելով Հայաստանի եւ Արցախի մասին` Ուէլմօ շեշտեց, որ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք ներկայացուած են օրէնսդիր երկու պալատներուն մէջ, միատեսակ դիրքորոշում ունին, յատկապէս մեզի համար, ըսաւ ան, Արցախի կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդի մարդու հիմնարար իրաւունքները, ինչպէս նաեւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը չեն կրնար փոխարինուիլ զուտ շահաբեր յարաբերութիւններով: Ծերակոյտի անդամը նաեւ յիշեց տարաբախտ Վահան Յովհաննէսեանը, որ իրենց պատգամաւորական խումբին երկու տարի առաջ ընկերակցած էր Արցախ այցելութեան ընթացքին:

Խօսք առին նաեւ մնացեալ պատգամաւորները, որոնք գրէթէ կրկնեցին իրենց պաշտօնակիցներուն կեցուածքները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ յատկապէս Արցախի իրենց զօրակցութեան նկատմամբ, նոյնիսկ անոնցմէ մին` պատգամաւոր Տանիէլ Ռատիոն, հաստատեց` ըսելով, թէ Արցախը անբաժանելի մասն է Հայաստանին, եւ մենք իբրեւ քաղաքական գործիչներ` մեր կարելի միջոցներով պիտի աշխատինք միջազգային գետնի վրայ, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին ի խնդիր:

Աղուան Վարդանեանի այս կարեւոր հանդիպումները անգամ մը եւս եկան հաստատելու, որ Ուրուկուէյը, թէ՛ պետական եւ թէ՛ օրէնսդրական մակարդակներով, հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ ի մասնաւորի Արցախի հարցին:

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

09/09/2015

 

Նախորդը

Նահատակ Ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիեանի Ծննդեան 50-ամեակը Կը Նշուի

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշի՛, Պիտի Մնաս Մեր Երազներուն Թագուհին (9 Մայիս 1992)

Մայիս 9, 2025
Քարին Վրայ
Անդրադարձ

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

Մայիս 9, 2025
Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն
Անդրադարձ

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?